Մովսէս Ծիրանի, Մոնթրէալ, 13 Օգոստոս 2016
Մասնագիտութեամբ բժիշկ, սակայն էութեամբ արուեստագէտի խառնուածքի տէր, քանդակագործ՝ Մկրտիչ Տարագճեանի մէկ յատկանշական ցուցահանդէսի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ Յուլիս 28ի երեկոյեան, Mont-Royal քաղաքապետարանի Reginald Dawson հանրային գրադարանի արուեստի ցուցադրահին մէջ, ներկայութեամբ՝ Mont-Royal տարածաշրջանի Գանատական խորհրդարանի անդամ՝ Anthony Housefatherի:

Ցուցադրութեան դրուած են շուրջ քառասուն ստեղծագործութիւններ, որոնք ընդհանուր գաղափար մը կուտան մեզի անոր ստեղծագործական անցած ուղիի մասին:

Տարագճեան թէև գերիրապաշտ մըն է սակայն այս մէկը չի խանգարեր զինք, որպէսզի իրագործէ նաև իրապաշտական բնոյթի դիմաքանդակներ, որոնք կը դրսեւորեն անոր ծեփակերտելու հմտութիւնն ու կատարողական մակարդակը: Իսկ անոր յղացքները (որոնք երեսունէ աւելի են) գրաւականն են իր հզօր երեւակայութեան և տաղանդին: Անոր գլխաւոր կերպարը Մարդն է՝ Գլխագիր մարդը, տարօրինակ, երբեմն նոյնիսկ՝ արտակեդրոն միջավայրի մէջ,ուր տեղի կ՝ունենայ գոյատեւման պայքարն ու մարդու մարդկայնացման տագնապահար գործընթացը: Ան կ՝աշխատի մարդու մարմնի մասերու հանման սգզբունքով, որուն նախակարապետներէն են Օկիւստ Ռոտէնն ու Արշիլ Կորքին:
Մեր օրերուն բազմաթիւ են այն կերպարուստագէտները, որոնք ազատօրէն կը վարուին մարդու մարմնի հետ, սակայն քիչ են յաջողածները: Այդ քիչերէն կարելի է համարել Տարագճեանը ևս, որուն «Crossing the Wall» ստեղծագոծութիւնը այս առումով լաւագոյն օրինակը կրնայ հանդիսանալ: Ան այն յանձնառու արուստակէտներէն է, որոնց ստեղծագոծութիւններէն իւրաքանչիւրը պատգամ մը կը պարունակէ իր մէջ: Այս պատճառով ալ անոր արուեստը առաւելագոյնս բացայայտելու համար կարիքը կը զգացուի համապատասխան վելուծումներու և մեկնաբանութեան:
Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչև Օգոստոս 25
Հասցէ Reginald Dawson Library, 1967 Graham Boulevard, Mont Royal