Յարգանք՝ «Մանկութիւն Չունեցող …..» Բարերարներուն

Տիգրան Աբրահամեան, Գանատա, 5 Օգոստոս 2018

Անտարակոյս սփիւռքահայ երէց սերունդի բարեգործ ներդրումը մեր ազգային կեանքի բազմապիսի բնագաւառներուն մէջ անզուգական երեւոյթ է, երբ նկատի առնենք, որ ջախջախիչ մեծամասնութիւնը այդ սերունդի ներկայացուցիչներուն «Մանկութիւն Չունեցող Մարդիկ» էին: Մեծապէս իրեց անշահախնդիր հայանուէր վերաբերումին կը պարտինք մեր ազգային կառոյցներու նիւթական ապահովութեան առաքելութիւնը: Յարգանք՝ բոլորին անխտիր անկախ անոնց դաւանական կամ քաղաքական հաւատամքէն:

Արդ՝ ներկայ գործարար սերունդը պիտի յաջողի՞ ինքզինք արժեւորել՝ ցուցաբերելով նախկինին պատրաստակամութիւնն ու նուիրաբերումը:Արմէն Յարութիւնեանը մէկն էր այդ բարերարներէն: Ստորագրեալս անմիջական կապ չեմ ունեցած իր հետ, սակայն համացանցային մամուլի շնորհիւ տեղեկացած եմ իր վաստակին մասին: Երբ Keghart.com գործունեայ էր որպէս գաղափարներու փոխանակման պարբերաթերթ, ան հարցազրոյցով մը հարստացուց կայքէջը: Յատկանշական են իր այս խօսքերը. «Գործունէութիւնս բաւական համեստ բան մըն է եւ ինչ որ ըրած եմ, համոզմամբ եղած է, բարի նախանձ արթնցնելու ուրիշներու մօտ եւ քաջալերելու որ նեցուկ կանգնին հայ գիր ու գրականութեան ջահակիրներուն: Սակայն նշմարած եմ որ այն տեղի չ'ունենար դժբախտաբար: Օրինակ, երբ հիմնեցի հայերէնի եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչներու հիմնադրամը՝ Հ.Բ.Ը.Միութեան կառոյցէն ներս, ակնկալեցի որ մեր միւս ժողովական ընկերները նոյնպէս այսպիսի դրական քայլեր առնեն: Սակայն չեղաւ ու երեւի թէ այս մեր Ազգին առաւելութիւններէն է…:»

Յարութիւնեան աւարտեց իր առաքելութիւնն ու կեանքը բաց ճակատով ու պարծանքով:

Յարգելով իր յիշատակը, ստորեւ հրատարակուած է իր հարազատներէն՝  Հուրի Իսկահատեան Յարութիւնեանի «Մահագրական»ը, այնուհետեւ իր ծննդավայր Հալէպի Բերիոյ Հայոց թեմի ազգային առաջնորդարանի պաշտօնաթերթ «Գանձասար»ի խօսքը: Այն ընթերցողները, որոնք կը փափաքին համապարփակ տեղեկութիւն ունենալ բարերարի կեանքին ու գործունէութեան մասին, կրնան թղթատել համացանցը, ուր բազմաթիւ արձանագրութիւններ տեղադրուած են:

ՄԱՀԱԳՐԱԿԱՆ

Հօրեղբայր Արմէն Յարութիւնեանի Յիշատակին

Շաբաթ մը առաջ մահուան մակոյկը մեզմէ ֆիզիքապէս հեռացուց հօրեղբայր Արմէն Յարութիւնեանը, որ իր ետին թողուց պարապութիւն մը: Այս օրերուն շատեր կ’ըսեն թէ անփոխարինելի մարդ չկայ: Անոր ֆիզիքական մահով դադրեցան եղբայրասիրութիւնը, բարութիւնը, վեհանձնութիւնը, հոգեկան արժէքներու կարեւորութիւնն ու նուիրումը որոնցմով Արմէն  Յարութիւնեան արժեւորեց իր ապրած կեանքը: Հայ Ազգին հոգերով ու ցաւերով տառապեցաւ  ան եւ հայրենիքին յաղթանակներով ու յաջողութիւններով հրճուեցաւ անոր լայն սիրտը: Ան սիրեց իր հայրենիքը, ազգն ու մարդիկը ճիշդ այնպէս ինչպէս՝ իր եղբայրներն ու քոյրերը: Արմէն Յարութիւնեան բնաւ զանազանութիւն չէր դնէր նիւթականով հարուստ կամ աղքատին միջեւ: Անոր համար կարեւորը  մա՛րդն էր: Բոլորն ալ Աստուծոյ ստեղծածներն են կ’ըսէր ան: Անոր ազնիւ նկարագիրն ու հայրենասիրական բարերար գործերը բնաւ չազդուեցան ապականացու ագահութենէ եւ նիւթական ոյժերէ: Ան իր հարստութիւնը բաշխեց հայ ազգին ու աւելի հարստացաւ հոգիով եւ մարդկային արժէքներով:

Այո՛, ահա այս պատճառներով ան կը մնայ անփոխարինելի:

Յիսունէ աւելի հայերէն գիրքերու հրատարակութեամբ ան ապրեցաւ հեղինակներուն հետ: Ինքն ալ դարձաւ լաւ հեղինակ  ու գրող մը: Ան իր «նամակ»ներով փաստեց որ ըսելիք մը ունի: Ըսաւ ու անցաւ վիթխարի մարդու մը նման: Այսօր երբ ան չկայ մեր մէջ, կը մնան անոր գործերը՝ յաւերժ: Կը մնայ անոր անթառամ յիշատակն ու ազնիւ հոգին:

Խորին ցաւակցութիւններս՝ Տիկ. Սալբիին (Միմի), Մայտային, Ռաֆֆիին, Մուրատին ու համայն մեր գերդաստանին եւ անշո՛ւշտ հայ ազգին:

Աստուածաշունչը Յայտնութիւն Յովհաննու ԺԴ 13-ի մէջ կ’ըսէ.

«Երանելի են այն մեռելները, որոնք Տէրոջմով կը ննջեն»:

Քեզ երբե՛ք չենք մոռնար, բարի ու իմաստուն հօրեղբա՛յր:

Հուրի Իսկահատեան Յարութիւնեան

Նիւ Ճըրսի, ԱՄՆ

ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ԲԱՐԵՐԱՐ ԱՐՄԷՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Գանձասար, 3 Օգոստոս 2018

Չորեքշաբթի, 25 Յուլիս 2018-ին, Լիբանանի մէջ իր մահկանացուն կնքեց մտաւորական եւ բարերար Արմէն Յարութիւնեան: Կրթասիրաց Մշակութային Միութիւնը, Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. վարժարանի Հոգաբարձութիւնն ու Տնօրէնութիւնը եւ Կրթասիրաց Յարութիւնեան մանկապարտէզի Տնօրէնութիւնն ու ողջ անձնակազմը յարգելով իր յիշատակը՝  Կիրակի, 29 Յուլիս 2018-ին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յետ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարեցին, հանգուցեալ տիար Արմէնի հոգիին, որմէ ետք Կրթասիրացի մեծ ընտանիքը համախմբուեցաւ Կրթասիրաց Մշակութային Միութեան «Փիւնիկ» սրահէն ներս՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Կրթասիրացի հարազատ զաւակ եւ բարերար Արմէն Յարութիւնեանի յիշատակին:

Կրթասիրաց Յարութիւնեան մանկապարտէզին կողմէ սրտի խօսք արտասանեց մանկապարտիզպանուհի Մարգարիտ Շամիլեան՝ դիտել տալով որ 1974-էն սկսեալ մանկապարտէզը անուանուեցաւ Կրթասիրաց Յարութիւնեան մանկապարտէզ, առ ի յարգանք Յարութիւնեան ընտանիքի բարերարութեան: Ան իր ցաւակցութիւնները յայտնեց հանգուցեալին հարազատներուն եւ բարեկամներուն , ինչպէս նաեւ ուսուցչական կազմին երախտագիտութիւնը՝ մեծ բարերարի նկատմամբ:

Կրթասիրաց Մշկթ. Միութեան խօսքը արտասանեց Կրթասիրաց Մշկթ. Միութեան Խնամակալութեան ատենադպիր եւ Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. վարժարանի Հոգաբարձութեան ատենապետ բժիշկ Ռաֆֆի Զէյթճեան: Ան ներկայացուց Արմէն Յարութիւնեանի կենսագրականը եւ անցած բեղումնաւոր ուղին՝  յայտնելով, որ Արմէն Յարութիւնեան ծնած է Հալէպ, 1930-ին: Յաճախած է Կրթասիրաց վարժարան եւ Ալէփփօ գոլէճ: 1961-էն հաստատուած է Պէյրութ: Երկար տարիներ ծառայած է հայ եկեղեցւոյ, որպէս սարկաւագ: Ունեցած է բեղումնաւոր միութենական գործունէութիւն ՀԲԸՄ-ի եւ Այնթապի Հայրենակցական Միութեան մէջ: Իր նիւթաբարոյական աջակցութեամբ եւ յօդուածներով ծաղկեցուցած է «Նոր Այնթապ» պարբերաթերթը: Մինչեւ օրս, Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. վարժարանի երկրորդականի աշակերտներուն յատուկ հայոց պատմութեան եւ շարադրութեան մրցանակներու մեկենասութիւնը իր անունով կը կատարուի:

Հայ գիրի ու դպրոցի ջատագովը հանդիսանալով, մեկենասը եղած է 60-է աւելի գիրքերու հրատարակութեան եւ հեղինակը լիբանանահայ մամուլին մէջ «Նամակներ» խորագիրով յօդուածաշարքին: Վազգէն Ա. Կաթողիկոս 1991-ին զինք պատուած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի շքանշանով: 2017-ին Հայաստանի պետութեան կողմէ արժանացած է «Մովսէս Խորենացի» շքանշանին:

Ներկայացուած խօսքերուն ընդմէջէն հնչեցին Ներսէս Շնորհալիի «Նոր Ծաղիկ» շարականը՝ կատարողութեամբ Նայիրի Պարսումեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ  Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի: Կոմիտասի «Ծիրանի Ծառ» ստեղծագործութիւնը ներկայացուեցաւ Խաչիկ Աշճեանի կատարողութեամբ, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Յովիկ Օհանեանի:

Բարերարի Հալէպի մէջ գտնուող հարազատ եղբօր դուստր՝ Սիրան Յարութիւնեան անդրադարձաւ Յարութիւնեան ընտանիքի պատմութեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Կրթասիրաց Մշկթ. Միութեան այս յիշարժան նախաձեռնութեան համար:

Արժանապատիւ Տ. Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան իր սրտի խօսքին մէջ Սրբազան Հօր ցաւակցութիւն յայտնեց  Յարութիւնեան ընտանիքին: Ան յիշեց բոլոր բարերարները՝ դիտել տալով, որ Յարութիւնեան ընտանիքը եւս գիտակցելով հայ սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան անհրաժեշտութեան, իր նիւթաբարոյական աջակցութեամբ նեցուկ կանգնեցաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ Կրթասիրաց Վարժարանի կառուցման աշխատանքներուն: Տէր Տաթեւ բարձրօրէն գնահատեց Կրթասիրաց Մշկթ. Միութեան այս նախաձեռնութիւնը՝ յայտնելով Արմէն Յարութիւնեանի ընտանիքին եւ բժշկուհի Անժէլ Յարութիւնեան-Չէմպէրճեանին այս առիթով կատարած սրտաբուխ նուիրատուութիւնը թէ՛ եկեղեցւոյ, եւ թէ դպրոցին:

Ներկաները միմեանց հրաժեշտ տուին հաւաքական աղօթքով առ Աստուած:

Թղթակից

You May Also Like
Read More

Խ Ո Հ Ե Ր

Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս, 14 Դեկտեմբեր 2020 – Ա – Յարգելի հայրենակից, Վերջին մէկ ամսուան ահաւոր իրադարձութիւնները,…
Read More
Read More

ԹԹՈՒԱԾԻՆ

 Լուսարձակի տակ Դոկտ. Գէորգ Եազըճեան, Երեւան, 1 Յունուար 2020 Քանի մը տարուան դադարէ ետք, keghart.com վերլուծական կայքը ահաւասիկ…
Read More