Յեղափոխութիւն, Իշխանափոխութիւն և Տեղափոխութիւն

Սոյն գրութեան կը յաջորդէ ԱԶԳԱՅԻՆ ՍՓԻՒՌՔ. ԴԷՊԻ ՔԱՈՍԱՑՈ՞ՒՄ յօդուածը

Պարոյր Յ. Աղպաշեան , Պէյրութ, 4 Յուլիս 2018

Հայաստանի արագընթաց իրադարձութիւնները, յաջորդական զարգացումները եւ արձանագրուած մագլցումները, որոնք տեղի ունեցան անցնող շաբաթներուն, անտարակոյս, «կայծակնային» էին ձեւով եւ խորքով, եղանակով եւ արդիւնքով:

Պարզ է, որ վերջին տարիներուն բռնազբօսիկ ու ձգտուած կացութիւն մը կը տիրէր Հայաստանի մէջ, մէկ կողմէն՝ իշխանական ոլորտներէն ներս շարունակուող ու բրտացող քաղաքականութեամբ, միւս կողմէն՝ ժողովուրդին մօտ խմորուող ու ձեւաւորուող ըմբոստացումի շարժերով:

Սոյն գրութեան կը յաջորդէ ԱԶԳԱՅԻՆ ՍՓԻՒՌՔ. ԴԷՊԻ ՔԱՈՍԱՑՈ՞ՒՄ յօդուածը

Պարոյր Յ. Աղպաշեան , Պէյրութ, 4 Յուլիս 2018

Հայաստանի արագընթաց իրադարձութիւնները, յաջորդական զարգացումները եւ արձանագրուած մագլցումները, որոնք տեղի ունեցան անցնող շաբաթներուն, անտարակոյս, «կայծակնային» էին ձեւով եւ խորքով, եղանակով եւ արդիւնքով:

Պարզ է, որ վերջին տարիներուն բռնազբօսիկ ու ձգտուած կացութիւն մը կը տիրէր Հայաստանի մէջ, մէկ կողմէն՝ իշխանական ոլորտներէն ներս շարունակուող ու բրտացող քաղաքականութեամբ, միւս կողմէն՝ ժողովուրդին մօտ խմորուող ու ձեւաւորուող ըմբոստացումի շարժերով:

Անշուշտ, այս բոլորը տեղ մը զգալի ու տեսանելի էին, ուրիշ տեղ մըն ալ՝ ոչ, բայց, անպայմանօրէն «եռք» մը կար, ուր պետական այրերը աւելի կոպտօրէն կը զաւթէին իշխանութիւնը, իսկ ժողովուրդը աւելի ամրօրէն կը կառչէր իր հասարակական տարրական իրաւունքներուն:

Դժբախտաբար, իշխանութեան գլխաւորը՝ նախագահ Սերժ Սարգսեան, իրմէ վար ոչինչ կը տեսնէր, ընդհակառակը՝ կ’ոտնակոխէր բոլոր տեսակի ուժերը, ինքզինք նկատելով բացարձակատիրական զրահներով օժտուած… գերմեծութիւն մը, իսկ իր շուրջ գտնուող «համազասպ»ները, գիտակցօրէն թէ ոչ, կուրօրէն թէ ոչ, շուրջպարի մէջ կը գտնուէին, թէ ո՞վ աւելի կը սիրաշահէր կամ սիրաշահուէր Սերժ Սարգսեանէն:

Անդին, ժողովուրդին կարեւոր մեծամասնութիւնը կը տուայտէր իր զրկանքներուն մէջ, ապրուստային, կենցաղային եւ ընկերային տարաբնոյթ տագնապներով, որոնք չունէին ոչ լուծում, ոչ ալ հեռանկարը կը տեսնուէր անոնց դարմանումին, ակամայ համակերպելով իրավիճակի անբաղձալիութան կամ դիմելով արկածախնդրութեան, այսինքն՝ արտագաղթի:

Այս ճնշող ու խեղդող վիճակը կրնա՞ր երկար շարունակուիլ, ժողովուրդը ի վիճակի՞ էր այլեւս տոկալու ստրկամտութեան այս խաւարամտութեան, երբ իշխող կուսակցութիւնը եւ իշխանաւորները անարգել կ’իրագործէին իրենց հարստահարումները, կեղեքումները:

Միջանկեալ. սփիւռքահայ ազգային կառոյցներն ու կազմակերպութիւնները, նաեւ ժողովրդային որոշ շրջանակներ, երբեմն ալ՝ գիտակցօրէն, կը խնկարկէին պատասխանատուները եւ կամ՝ կը հպարտանային ու կը գոհանային հայրենիքի «վարդագոյն»   կողմերով ու  «շլացուցիչ»   տեսքերով, մինչ ժողովուրդի դալկացած, դեղնոտած ու տժգունած խաւերը կը գալարուէին իրենց ամենօրեայ ցաւերուն եւ անիրաւութիւններուն մէջ:

Նախագահական ժամանակաշրջանին աւարտը ու նորի մը ընտրութիւնը, չծրագրուած, չնախատեսուած կամ չակնկալուած ԹԱԿԱՐԴ մը եղաւ Սերժ Սարգսեանի (եւ ընկերքի) համար, կարծելով թէ՝ նախորդի ու նորի փոխանցումով, ամէն ինչ հեշտօրէն (՞) կը լուծուի եւ ինք իր յաջորդ քայլը կ’առնէ, որն էր՝ վարչապետութիւնը :

Պարզե՛նք.

Ծանօթ է, թէ Սերժ Սարգսեան, իր երկշրջան նախագահական պաշտօնավարութեան ընթացքին, պետական բարձրագոյն հաստատութիւններէն մինչեւ համեստագոյնը, օրէնսդրական, գործադրական, մարզպետական, հասարակական, կրթական, մարզական թէ այլ մակարդակներու վրայ, տեղադրած էր իւրայիններ, կուսակիցներ եւ գործընկերներ, հաշիւ ընելով, որ, օր մը անոնց պէտք պիտի ունենար, իսկ անոնք իրեն պարտական եւ երախտապարտ պէտք է մնային:

Հանրապետութեան սահմանադրութիւնը իր «չափով ու կշիռ»ով ձեւելէ ետք, ան ինքզինք հռչակած էր վարչապետ, հաւատալով որ՝ հակադրուող պիտի չըլլայ, աւելին՝ իր «ուժականութեամբ ու հեղինակութեամբ» մուտք կը գործէ վարչապետարան, ուր երկրին ղեկը ձեռքը պահելու գետին պատրաստած էր, երկրին վերապահած ըլլալով… «թագուհի»ի իրաւասութիւններով նախագահ մը, ի յառաջագունէ անոր իրաւասութիւնները սահմանափակելով:

Սարգսեան միայն հաշիւ չէր ըրած, որ Հայաստանի ժողովուրդին համար բաժակը յորդած ու … պայթած էր, որուն փշրանքները շուտով իրեն պիտի հասնէին եւ զինք արմատախիլ պիտի ընէին իր պատուանդաններէն, որոնցմէ որքան օգտուած էր, ժողովուրդին եւ երկրի հարստութիւններու հաշւոյն:

Մինչեւ վերջին պահը, Սարգսեան տակաւին չէր ըմբռնած, որ հայաստանցիները, մեղմ ըսած, կը մերժեն իր ներկայութիւնը իշխանութեան վրայ, ՈՐԵՒԷ՛ դիրքի վրայ եւ հակառակ ատոր, յամառօրէն շարունակեց իր կառչածութիւնը իր ապօրէնութեանց վրայ:

Ի վերջոյ, պարզուեցաւ որ այլընտրանք չունի ան, ի դէմս համաժողովրդային պահանջատիրութեան մերժումին ու իր հեռացումին, որուն լոյսին տակ ստիպուած եղաւ իր հրաժարականը ներկայացնելու:

Մինչդեռ, որքան գործնական ու հանրօգուտ պիտի ըլլար, եթէ Սարգսեան հանրապետութեան պետականութեան ու սահմանադրութեան հետ չվերաբերէր շախմատի հասկացողութեամբ կամ տրամաբանութեամբ, ամէն ոքի նկատելով զինուոր, ըստ կամս գործածելու զանոնք, իսկ ինք մնալու անյաղթահարելի… արքայ:

Իսկապէս, ի՜նչ հոյակապ պիտի ըլլար, եթէ ան, հանդարտօրէն, յանձնելէ ետք նախագահութիւնը, ձգէր որ նոր վարչապետ մը ընտրուէր, իսկ ինք չուէր, բայց, կ’ընէ՞ր, անշուշտ՝ ո՛չ, որովհետեւ ինքզինք կը նկատէր անփոխարինելի եւ երկարակեաց միանձնեայ իշխող մը, ժողովրդավարական սկզբունքներն իսկ անտեսելով…:

Այսօր, անկախաբար, կառավարութիւն կազմելու եւ խորհրդարանական ընտրութիւններ կայացնելու հաւանականութիւններէն, որոնք, ի դէպ, շուտափոյթ տնօրինումներու եւ իրականացումներու ենթարկուելու են, ի՞նչ վիճակ կրնան ներկայացնել Հայաստանը եւ իր ժողովուրդը:

Կասկածէ վեր է, որ 26 տարեկան անկախ Հայաստանը այն չէ, ինչ որ էր նախկին երեք իշխանութիւններու շրջանին, իրենց տաք ու պաղ, բռնի ու բիրտ, անիրաւ եւ անարդար վարչաքաղաքականութիւններով ու համակարգերով:

Բայց, յստակօրէն կարելի է ըսել, որ ժողովուրդը չափազանց անհանդուրժելի ու վանելի նկատած էր իշխող տեսչութիւնները, իսկ «թաւշեայ յեղափոխութիւն»ը եւ իշխանափոխութիւնը նոր յոյսեր կը ներշնչեն, որ Հայաստանը, իրօք, կրնայ իր հեղինակութիւնը եւ առաջնորդութիւնը վերականգնել, եթէ՝

-Պետութիւնը իր կոչումին արժանի ուղեգիծի մը վրայ գտնուի
-Ազգային Ժողովը համալրուի արժանաւոր ու ձեռնհաս մասնագէտներով
-Կառավարութիւնը կազմուած ըլլայ վստահելի ու գործնամիտ նախարարներէ
-Պետական կառոյցները եւ անձնակազմերը անկաշառ եւ անկողմնակալ ոճով գործեն
-Ժողովուրդը բացարձակ վստահութիւն եւ հաւատք ունենայ իր պետութեան նկատմամբ

Բնական է, ժողովուրդը հոգեպէս դառն փորձութիւններ ունեցած էր եւ երբեք պիտի չընդունի որ Հայաստանը վերադառնայ այն տխուր օրերուն, որոնք կատարեալ աղէտ եղան հայրենիքին համար, արտագաղթի ճամբան բռնելով, ուստի, հիասթափութիւնն ու յուսահատութիւնը պէտք է ջնջուին բառարաններէն, փոխարինուելով՝ վստահութեամբ եւ վճռականութեամբ:

*****

Այս առթիւ դիտելի կէտ մը եւս.

Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան պատասխանատուները. Նիկոլ Փաշինեանի կառավարական գործունէութիւններուն ակնարկելով, ինքզինքնին յաւակնութիւն տուած են «քննիչ»ի հանգամանքներով հանդէս գալու, թէ նոր իշխանութիւնը ինչպէ՞ս պիտի գործէ, ըստ այնմ, անոր գնահատական տալով:

Աւելի քան մեծ անհեթեթութիւն մըն է այս աչքբացութիւնը, երբ իրե՛նք հայրենիքը այս անփառունակ վիճակին հասցուցած են, այսօր ալ, «հաւատաքննիչ»ի դերով կ’ուզեն հանդէս գալ:

Այդ յանձնառութիւնը կը պատկանի միայն ու միայն հայաստանցի ժողովուրդին, ա՛յն ժողովուրդին, որ անհամբեր է «վերագտնելու» իր անկախութեան արժանապատուութիւնը, վերանորոգ թափով լծուելու ու փարելու իր ազգային-քաղաքացիական անխափան եւ անվտանգ երթին:

ԱԶԳԱՅԻՆ ՍՓԻՒՌՔ. ԴԷՊԻ ՔԱՈՍԱՑՈ՞ՒՄ

Յաճախ (կամ մի՞շտ) կը խօսուի Հայաստանի անբաղձալի կացութաձեւերուն, անհանդուրժելի վերիվայրումներուն կամ անհաճոյ երեւոյթներուն մասին, որոնք կը տանջեն ու կը մտահոգեն նաեւ սփիւռքահայութիւնը:

Անկասկած, բնական է նման մօտեցումը եւ ճիշդ է հակազդեցութիւնը, այնքան ատեն որ հայութեան մեծամասնութիւնը իրաւունք ունի այդ ձեւով արտայայտուելու եւ այդ ոճով վերաբերուելու իւրաքանչիւր հայաստանավնաս կամ հայաստանադէմ արարքի մը ու կեցուածքի մը պարագային:

Ընդունինք որ՝ անկախ Հայաստանը, իր Գ. Հանրապետութեամբ եւ երեք նախագահական իշխանութիւններով, անցաւ ելեւէջներէ, արկածախնդրութիւններէ ու ցնցումավարութիւններէ, որոնք ահաւոր ազդեցութիւն ու հետեւանքներ ունեցան Հայաստանի ու ժողովուրդին վրայ, դուռ բանալով արտագաղթի վտանգաբեր եւ անվստահութեան առաջացման վրայ:

Այս բոլորը չէին կրնար աւելի երկար տեւել կամ մնալ անզսպելի, մանաւանդ որ՝ սփիւռքահայութեան իրապաշտ եւ իրատես հատուածները եւս կը տեսնէին իշխող վարչակարգին շարունակուող սանձարձակութիւնները եւ կը բաժնէին զրկեալ խաւերուն բողոքներն ու ցասումները:

Նիկոլ Փաշինեանի շարժումը եկաւ «կը բաւէ՛» գոռալու եւ նոր իշխանափոխութիւն ձեւաւորելու, իսկ ժողովուրդը ոչ անպայման Փաշինեանին հետեւելու հեւքի մէջ էր, այլ ամէն ոք, իր անյետաձգելի պարտականութիւնը նկատեց տապալել տիրապետող իշխանութիւնը, հետեւաբար բոլորին շահերը նոյնացան, օգտուելու եւ իրագործելու զանոնք:

Այսօր, յետ թաւշեայ յեղաշրջումը, նախկին իշխանութեան անկումը, նոր վարչապետութեան պաշտօնակոչումը պետական վարչամեքենային վերականգնումը, յոյսեր կը ներշնչեն, որ ամէն ինչ, առնուազն, բնական ուղի մը պիտի ունենայ:

Արցախի մէջ պատահած վերջին խռովութիւնները, փաստօրէն, կրկնութիւնն են Հայաստանի մէջ կայացածին, պարզապէս անոր համար, որ հոն ալ պարտաւորութիւնը կայ բան մը փոխելու, այսինքն՝ իշխանութիւնը, որ կառչած կը մնայ իր մենատիրութեան, յար եւ նման Հայաստանի Հանրապետութեան կուսակցութեան, առաւել՝ ենթակայ Սերժ Սարգսեանի ռազմավարութեան:

Այստեղ հարցը շատ աւելի փափուկ ու զգայուն է, որովհետեւ սահմանի հանդիպակաց կողմը կը գտնուին ազերիական զաւթիչ վոհմակները,Արցախեան ճակատը նուաճելու ընչաքաղցութեամբ:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահութեան ու պետական աւագանիին կը մնան շուտափոյթ եւ արմատական լուծումներ գտնել ստեղծուած տագնապին, առաջին հերթին (արդեօ՞ք) նոր նախագահի մը ընտրութեամբ, որ ունենայ զօրաւոր եւ անզիջող անհատականութիւն, յարգուած ազգային-քաղաքական գործիչ եւ հեռու մնայ իր շուրջ դեգերող  «ստուեր»ի լծակիցներէ:

Այսպէս կը տարուինք մտածելու, որովհետեւ այժմու նախագահը (ինչպէս իր նախորդը), իր շարք մը գործարքներով, գործընկեր մըն էր Սերժ Սարգսեանին եւ, մեղմ ըսած, հետեւորդ մը անոր ցուցմունքներուն:

Վստահաբար, այդ էր պատճառը, որ թաւշեայ յեղափոխութեան ընթացքին եւ անկէ ետք, Արցախի նախագահը յատուկ համակրութիւն (՞) ցուցաբերեց անոր ղեկավարին, թերեւս այն մտավախութեամբ, որ կրնան նման շարժեր ալ ունենալ երկրորդ հանրապետութեան մէջ… ինչ որ պատահեցաւ:

*****

Այս արագ պատկերէն ետք, քիչ մըն ալ խօսինք Սփիւռքի ու սփիւռքահայութեան մասին, ուր տիրող մթնոլորտը մոխրագոյն ըլլալու շա՜տ պատճառներ եւ երեւոյթներ ունի:

Անմիջապէս ըսենք, թէ ազգային կառոյցները, իրենց տարատեսակ ու բազմաբնոյթ գործունէութիւններով, կը գալարին հիւանդագին տատանումներու մէջ, մակընթացական ու տեղեկատուական փխրուն շարժերով:

Բայց, ինչո՞ւ այս զառիթափին վրայ պիտի յայտնուէր Սփիւռքը, երբ իր «ծնունդ»էն ետք, ան կրցաւ վերընթաց սլացք մը տալ իր գոյութեան, նոյնիսկ ապագայական խոստմնալիութեամբ:

Եթէ օտարներն են, որոնք կը վկայեն, թէ սփիւռքահայութիւնը, ոչինչէն կրցաւ կազմել ու ծաղկեցնել իր գաղթավայրերը (համայնքավայրերը), համապատասխան ազգային կառոյցներով, վերակենդանացնող եւ վերապրեցնող ցանցերով եւ մարդուժերով, ապա, ի՞նչ է պատճառը այն անմխիթար գոյավիճակին, որուն մատնուած է այսօր ան ու կը ծփծփայ իր պարունակին մէջ:

Անշուշտ, արտաքին ազդակներն ու պայմանները ունեցած են (եւ ունին) իրենց ժխտական դետերը, օտարոտի միջավայրերն ու մտայնութիւնները՝ եւս, համաշխարհայնացումը՝ իր հերթին, բայց, ատոնք բաւարա՞ր պատճառներ են, որ՝

– Հայը իր ինքնութենէն թուլնայ
– Հայը հեռանայ իր շրջապատէն
– Հայերէն լեզուի գործածութիւնը նահանջէ
– Հայերէն գրաւոր թէ խօսակցական լեզուն աղճատուի
– Հայկական մշակոյթի պահպանման թափը նուազի
– Հայկական պատկանելիութեան գիտակցութիւնը գտնուի խարխափումի մէջ

Ոմանց համար, վերոյիշեալ մատնանշումներէն ոմանք կրնան վիճելի թուիլ, բայց, ատիկա ի՞նչ կը փոխէ չոր իրականութենէն կամ ինչո՞վ կ’արդարացուի տխուր վիճակը, երբ մեր չորսդին «կը վխտան» կաղացումի ու թերացումի բազմատեսակ օրինակներ:

Մեր կարծիքով, ամենէն խոցելի կողմը տիրող ճշմարտութեան առկայութիւնն է, իր աննախանձելի, անփառունակ եւ անօրինակ զարգացումներով, ուր մեծագոյն բացականերն են.

– Տեսիլքի ղեկավարները
– Գիտակից պատասխանատուները
– Գործնամիտ առաջնորդները
– Յանձնառու ազգայինները
– Պատրաստակամ երաշխաւորները

Կարելի՞  է հաւատալ (կամ տեսնել), որ այս ձեռնհասութեամբ ու բարեմասնութեամբ նուիրեալներու թիւը շատ է կամ այդ տուեալներով թեկնածուները կը գրաւեն պատուաբեր տեղ մը:

Անկեղծօրէն, խիստ տարակուսելի է, թէեւ, ընդունինք որ, հայ ժողովուրդին մէջ չեն պակսիր այնպիսիներ, որոնք իրենց ազգային ծառայութիւններուն ու նուիրաբերումներուն մէջ, կը զբաղցնեն նախամեծար տեղեր:

Այդուհանդերձ, մեր խօսքը կը վերաբերի այն բացթողումներուն, որոնք սփիւռքահայ կեանքը զրկած են իր՝

– Հաւաքական ուժէն
– Միասնական կեդրոնացումէն
– Համագործակցական արդիւնաւէտութենէն
– Ծրագրուած նպատակասլացութենէն
– Աշխատունակ ճիգերէն

Բնական է, այս պակասաւորութենէն ի՞նչ կրնայ առաջանալ, այնքան ատեն որ անոնք ի վնաս սփիւռքահայութեան տկարացումին կը ծառայեն, Սփիւռքը կը մղեն բեւեռացումներու:

Վերջին հաշուով, մտահոգիչ պատկերը մեր առջեւն է. ամենուրէք բաժանումներ, երկփեղկումներ, տարանջատումներ, անտարբերութիւններ, անփութութիւններ, մարդուժի նուազումներ, սերնդափոխութեան բացակայութիւն, ջահակրութեան շիջում եւ բազմաթիւ այլ գործօններ, որոնք կը խախտեն հզօրութեան խարիսխը:

Աւելին. կա՞յ քատրային յստակ ու մեկին քաղաքականութիւն մը, որ կրնայ Սփիւռքը պահել զգօն ու զգաստ, պատրաստակամ եւ յանձնառու:

Բայց. ո՞վ պիտի պատրաստէ, խնամէ, դաստիարակէ ու կոփէ այդ սերունդը, երբ անոր «ղեկ»ը կամ «նաւապետ»ը չկայ, իսկ եթէ ինչ որ տեղ կայ, ապա, ատիկա կը ծառայէ՞  համայնական կեանքի աշխուժութեան:

Ինչո՞ւ հասունցող նորահաս սերունդը կը խուսափի ազգային ծառայութենէն՝ մանկավարժութենէն, մամուլի մէջ ներգրաւուելէն, այդ եւ յարակից ասպարէզները նկատելով անյուսադրելի կամ անապագայ:

Կարելի է շարունակել շարքը եւ թուումները, բայց, ի՞նչ օգուտ, երբ դարմաններն ու լուծումները… ցնդած են, որովհետեւ զանոնք հովանաւորողներն ու գործադրողները թոյլ են, անպատասխանատու եւ անհեռանկար, «հող» պատրաստելով պարտուողականութեան, անձնատուութեան եւ ունայնութեան տիղմերուն մէջ:

Մեր խորագիրը անուանեցինք «քաոսացո՞ւմ» հարցադրումով, որ կրնայ կծու նկատուիլ, բայց, երբ կը խորաչափենք Սփիւռքի իրադրութիւնը, իր բազմագոյն երանգներով, հաւկո՞յր պիտի ըլլայ չտեսնելու խոչընդոտային ու խութային ուղիները, որոնք կը խափանեն ու կը փշրեն Սփիւռքի միասնականութեան ուժականութիւնը ու կը ստեղծեն խառնափնդոր, մէկէ աւելի ճակատներու վրայ:

You May Also Like