Յետ Սերժի Գահընկէցութեան Հերթը Հասած Է՝ Բիւռոյի՞ն

Գաղափարական Հարցեր

Մեթր Գ. Տէրտէրեան, Պէյրութ. 1 Յուլիս 2018

Le Roi est mort!
Vive le Roi!
دائما مع الواقف!

«Արքան մեռա՜ւ… կեցցէ՜՝ նոր Արքան»։ Ասիկա նշանաբանն է կուսակցութեան մը ղեկավարութեան, որ մշտական իշխանամէտ է, եւ հետեւաբար՝ ան երէկ ճշմարտախօս չէր, կամ այսօր՝ սուտ կը խօսի։ Աւելի ճիշդ՝ մշտական ստախօս է… քանի որ չունի յստակ, հաստատ ընկերատնտեսաքաղաքական սեփական ծրագիր եւ միասնական, յարակցական (coherent) աշխարհայեացք ու դիալեկտիկական մտածելաեղանակ։ Այլ ունի՝ հաւաքաբանական (eclectic) ու մշուշային (nebulous) աշխարհայեացք ու բնազանցական (metaphysical) մտածելաեղանակ ու դիցաբանական (mythological) եզրաբանութիւն, եւ միակ հաստատ եւ անզիջելի նպատակը՝ միշտ իշխանութեան աթոռին նստելու եւ իր իշխանութիւնը վերանորոգելու կամ՝ առնուազն, իշխանութեան բաժնեկից մնալու նպատակն է, անկախաբար տուեալ իշխանութեան բովանդակութենէն կամ գոյնէն, որովհետեւ՝ իշխանատենչութիւնը ինքնին ինքնաբաւ ու վսեմ նպատակ մըն է՝ իր համոզումով։

Միեւնոյն տրամաբանութեամբ, հայ կուսակցութիւն մը՝ ինքնանպատակութիւնը կ՚ընդունի որպէս ինքնաբաւ ու վսեմ գաղափար (Գարեգին Նժդեհի վկայութեամբ)։ Որովհետեւ՝ իր համոզումով, ինք ընտրեալն է նախախնամութեան, որովհետեւ՝ ինք նարկիզական ինքնասիրահարեալ մըն է եւ համոզուած է, թէ՝ ի վերուստ նշանակեալ պահապան հրեշտակն է ազգին… եւ եթէ ժողովուրդը ազգին ֆիզիքական մարմինն է, իր կուսակցութիւնը ազգին ՀՈԳԻՆ է, առանց որուն՝ ազգը դիակ մըն է… (Ռուբէն փաշայի վկայութեամբ)։

Գաղափարական Հարցեր

Մեթր Գ. Տէրտէրեան, Պէյրութ. 1 Յուլիս 2018

Le Roi est mort!
Vive le Roi!
دائما مع الواقف!

«Արքան մեռա՜ւ… կեցցէ՜՝ նոր Արքան»։ Ասիկա նշանաբանն է կուսակցութեան մը ղեկավարութեան, որ մշտական իշխանամէտ է, եւ հետեւաբար՝ ան երէկ ճշմարտախօս չէր, կամ այսօր՝ սուտ կը խօսի։ Աւելի ճիշդ՝ մշտական ստախօս է… քանի որ չունի յստակ, հաստատ ընկերատնտեսաքաղաքական սեփական ծրագիր եւ միասնական, յարակցական (coherent) աշխարհայեացք ու դիալեկտիկական մտածելաեղանակ։ Այլ ունի՝ հաւաքաբանական (eclectic) ու մշուշային (nebulous) աշխարհայեացք ու բնազանցական (metaphysical) մտածելաեղանակ ու դիցաբանական (mythological) եզրաբանութիւն, եւ միակ հաստատ եւ անզիջելի նպատակը՝ միշտ իշխանութեան աթոռին նստելու եւ իր իշխանութիւնը վերանորոգելու կամ՝ առնուազն, իշխանութեան բաժնեկից մնալու նպատակն է, անկախաբար տուեալ իշխանութեան բովանդակութենէն կամ գոյնէն, որովհետեւ՝ իշխանատենչութիւնը ինքնին ինքնաբաւ ու վսեմ նպատակ մըն է՝ իր համոզումով։

Միեւնոյն տրամաբանութեամբ, հայ կուսակցութիւն մը՝ ինքնանպատակութիւնը կ՚ընդունի որպէս ինքնաբաւ ու վսեմ գաղափար (Գարեգին Նժդեհի վկայութեամբ)։ Որովհետեւ՝ իր համոզումով, ինք ընտրեալն է նախախնամութեան, որովհետեւ՝ ինք նարկիզական ինքնասիրահարեալ մըն է եւ համոզուած է, թէ՝ ի վերուստ նշանակեալ պահապան հրեշտակն է ազգին… եւ եթէ ժողովուրդը ազգին ֆիզիքական մարմինն է, իր կուսակցութիւնը ազգին ՀՈԳԻՆ է, առանց որուն՝ ազգը դիակ մըն է… (Ռուբէն փաշայի վկայութեամբ)։

Հետեւաբար, այս կուսակցութեան ղեկավարութիւնը կը կարծէ թէ իր հետեւորդները նման են Ֆր. Նիցչէի բնութագրած գերմարդու կերպարին, որ իրաւունք ունին ամէն ինչ զոհելու,– ներառեալ ժողովուրդը…–, իրենց կուսակցութեան գոյատեւումին համար, որովհետեւ՝ իրենց կուսակցութեան գոյատեւութիւնն է միայն, որ կ՚երաշխաւորէ ազգին գոյատեւումը…։

Եւ այսպիսի կուսակցութեան մը ղեկավարութիւնը չի կրնար չըլլալ նաեւ՝ ընչաքաղց ու դրամապաշտ… եւ չի կրնար չսերտաճիլ Հայաստանի օլիգարխներուն հետ՝ Սերժի եւ Քոչարեանի օրով… չի կրնար չըլլալ պատեհապաշտ. հեղ մը՝ Աջ, եւ հեղ մըն ալ՝ Ձախ զիկզակելով… չի կրնար չքօղարկել կուսակցութեան պառակտումը՝ Աջի իշխանութեան օրով արտաքսելով Բիւռոյի որոշումին դէմ առարկող ձախ տարրերը, իսկ Ձախի իշխանութեան օրով, արտաքսելով՝ աջ տարրերը, որքան ալ կարկառուն դէմքեր եղած ըլլան այդ տարրերը՝ երկու թեւերէն ալ հաւասարապէս, որովհետեւ՝ Բիւռոն ի՛նք կու տայ անոնց, իրենց մեծութիւնը եւ մանրութիւնը։ Բիւռոյին հնազանդողները՝ մեծեր կ՚ըլլան, իսկ անհնազանդները՝ մանրուք։ Քանի որ Բիւռոն կը պահանջէ անառարկելի հեղինակութիւն եւ կոյր հնազանդութիւն, արտաքնապէս պահպանելու համար երեւութական միասնականութիւնը կուսակցութեան, որ կը պահպանուի նաեւ՝ երբ առարկող տարրերը գաղափարապաշտներ են, որոնք չհանդուրժելով հանդերձ Բիւռոյի վարքագիծը, իրենք՝ անաղմուկ կը հեռանան կուսակցութեան կազմակերպութենէն, հաւատարիմ մնալով իրենց երէկի պաշտած կուսակցութեան տուած ուխտին … բայց ոչ՝ Բիւռոյին։

Որովհետեւ՝ հաւաքաբանական ու մշուշային աշխարհայեացքով եւ պատեհապաշտ զիկզակներով Աջի եւ Ձախի միջեւ երթեւեկող ու կրօնաշունչ այսպիսի կուսակցութեան մը յարելու համար կը պահանջուի՝ երկիւղած պաշտամունքի ծէսով կատարուած ուխտ մը… կուսակցական մկրտութեան խորհրդաւոր արարողութիւն մը։ Մինչդեռ, քաղաքական գիտական աշխարհայեացքով կուսակցութեան յարումը կը պահանջէ լոկ՝ գիտակից յանձնառութիւն…, անդամակցելու դիմումնագրով մը, պարզապէս, ոչ երդում եւ ոչ ալ ուխտել… որոնք կրօնական նուիրապետութեան մը պահանջներն են… խաչին վրայ, իսկ կրօնաշունչ կուսակցութեան պարագային՝ զինանշանին կամ զէնքին վրայ, ինչ որ կռապաշտական վերապրում է եւ կը յիշեցնէ մասոնական կամ այլ աղանդաւորական ծածկագիտական (occult) կազմակերպութեանց որդեգրած «մկրտութեան» արարողութիւնները…։

Անխտրաբար, ամէն գոյնի իշխանութեան հետ կոալիցիա կազմող ղեկավարութիւն մը՝ ուրեմն, մշտական ստախօս է, ճիշդ նմանը այն ճարպիկ չէրչճի-ին, որ կը խոստանայ. «Այսօր՝ կանխիկ, վաղը՝ ապառիկ…»։ Մինչ ամէն յաջորդ օր՝ «այսօր» է, իսկ «վաղը»ն երբեք չի գար…։

Անհեթեթ թատրոնի մեծերէն մէկուն՝ անուղղայ Սամուէլ Պէքքէթի սպասած Կոտոյին նման… (Waiting for Godot)։
• • •
Սակայն այսօր, կ՚երեւի թէ՝ Բիւռոյի չսպասած պահը հասած է, եւ արդէն կը խօսուի յետ Սերժի գահընկէցութեան, Բիւռոյի գահընկէցութեան հերթին հասած ըլլալուն մասին, քանի որ ԱՄՆ-ի Արեւելեան եւ Արեւմտեան ափերու, Իրանի, Արցախի եւ այլ շրջաններու կեդրոնական կոմիտէները կը պահանջեն կուսակցութեան արտահերթ ընդհանուր ժողովը, քննարկելու համար Բիւռոյի վարած անխտրականօրէն իշխանամէտ քաղաքականութիւնը։

Արտահերթ ընդհանուր ժողովի այս պահանջը յառաջացաւ, երբ Բիւռոն՝ դեռ երէկ Սերժի հետ կոալիցիա կազմած էր, նախապէս ալ արդէն՝ կուսակցութիւնը վերածած էր պառլամենտականի, գործակցելով՝ Գ. Հանրապետութեան վայրի դրամատիրական օլիգարխիկ համակարգին հետ, որովհետեւ՝ ընտրութիւններուն չէր յաջողած անցնիլ 5 տոկոսի «անցողիկութեան» շէմը, եւ՝ ստիպուած եղած էր խնդրելու համակարգին նեցուկը՝ 5-ի բարձրացնելու համար իր միայն 4 տոկոսը… եւ իր 5 թեկնածուներէն 7-ը զոհած էր եւ անոնց փոխարէն ընդունած՝ 2 օլիգարխներ իր ցանկին վրայ… (Իկոր Մուրատեանի վկայութեամբ, երբ ան կը խօսէր ընտրութեանց ԱԲՍՈՒՐՏին մասին), եւ յեղակարծօրէն, յաջորդ օրն իսկ՝ դիմաշրջուելով, դարձած էր Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած համաժողովրդային յեղափոխութեան կողմնակից… եւ՝ Ազգային Ժողովին մէջ Փաշինեանի վարչապետութեան ընտրութեան (1 Մայիս 2018), դաշնակցական պատգամաւոր Աղուան Վարդանեան քուէարկած էր Փաշինեանի ընտրութեան դէմ… եւ՝ վտարուած կուսակցութենէն։ Ուրեմն, արտահերթ ընդհանուր ժողովը պիտի որոշէ թէ՝ ո՞րն է ճիշդ ընտրանքը. եթէ Փաշինեանն է՝ ամբողջ անցեալին օլիգարխիկ համակարգին հետ կոալիցիա կազմած Բիւռոն պէտք է գահընկէց ըլլայ…։

Որովհետեւ՝ կուսակցութեան քատրերը գէթ, հետեւած էին եւ ծանօթացած 1993-ին՝ Էդիկ Յովհաննիսեանի «Դրօշակ»ի մէջ ստորագրած «Որտե՞ղ Ենք Մենք» վերնագրով լուրջ վերլուծականին, որուն մէջ ան՝ քառորդ դար առաջ, կը զգուշացնէր Գ. Հանրապետութեան օլիգարխիկ համակարգին հետ գործակցելէ եւ անոր պառլամենտին մասնակցելէ, «պառլամենտական» կուսակցութիւն դառնալէ, զայդ նկատելով՝ կուսակցութեան վախճանը, եւ մեծ կորուստ մը ազգին համար, կուսակցութեան տասնամեակներու տեւողութեան թափած բոլոր ջանքերուն մսխուած ու վատնուած ըլլալուն պատճառով։ Իսկ 20 տարիներ առաջուանէն մինչեւ այսօր՝ «Ասպարէզ»ի մէջ, անոր խմբագիրը եւ Բիւռոյի նախկին անդամ Աբօ Պօղիկեանը յարատեւօրէն քննադատած է կուսակցութեան հայաստանեան կառոյցին իշխանամէտ քաղաքականութիւնը։ Եւ, Կարօ Արմէնեան, «Ազդակ»ի մէջ, յաջորդական իր գրութիւններով կը քննադատէր օլիգարխիկ համակարգը եւ կը պահանջէր՝ այդ մենաշնորհեալներու դասակարգին արմատախլումը Հայաստանի մէջ…։ Եւ տողերուս հեղինակն ալ՝ 28 տարիներէ ի վեր, մամուլի մէջ հարիւրէ աւելիյօդուածներով, բեմերու վրայ 25-է աւելի դասախօսութիւններով եւ 10-ի մօտ հատորներով ու գրքոյկներով, յարատեւօրէն դիմազերծած է Գ. Հանրապետութեան վայրի դրամատիրական համակարգին ապազգային էութիւնն ու ազգակործան քաղաքականութիւնը, եւ անդադար հնչեցուցած է մարտակոչեր՝ տապալելու Գ. Հանրապետութեան համակարգը, եւ հիմնելու՝ Դ. Հանրապետութիւն, ժողովրդահայրենասիրական համակարգով…։

Տողերուս հեղինակը համոզուած է, որ կուսակցութեան արտահերթ ընդհանուր ժողովը կոչուած է՝ ոչ միայն Բիւռոյի կազմը փոխելու, այլեւ՝ կուսակցութեան Ծրագիրը… արմատականօրէն, վերջնականօրէն հրաժարելով մաշած ու աղէտներ պատճառած իր ցարդ որդեգրած արեւմտաթրքական օրիանտացիայէն, որդեգրելով՝ արեւելառուսական օրիանտացիան, եւ հրաժարելով՝ վերջնականապէս, իր ժամանակավրէպ ու սպառած վերատեսչական (Revisionist) սիոնաիմփերիալիստական կամ՝ «բարի» դրամատիրական «սոցիալիզմ»էն… արեւմտաեւրոպական, այսինքն՝ Բ. Միջազգայնականէն, որուն անդամներէն եւ ոչ մէկ կուսակցութիւն, որ իշխանութեան հասաւ Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ՝ սոցիալիստական համակարգ հաստատեց, ոչ իսկ «բարի» դրամատիրական, այլ ընդհակառակը՝ զինակցեցաւ ու դաշնակցեցաւ կամ ենթարկուեցաւ վայրի դրամատիրական համակարգի ոստիկանապետ ամերիկեան իմփերիալիզմին, որ արդէն ներկայիս թեւակոխած է իր մայրամուտի հանգրուանին, երբ աշխարհ կ՚ապրի փոխանցման շրջան մը՝ միաբեւեռ ամերիկեան աշխարհակարգէն դէպի՝ բազմաբեւեռ աշխարհակարգ, զոր կը մարմնաւորեն՝ BRICS (Պրազիլ, Ռուսաստան, Հնդկաստան, Չինաստան եւ Հարաւային Ափրիկէ) եւ Շանկհայի Համագործակցութեան Ուխտ խմբաւորումները, որոնց տեսակարար կշիռը (specific gravity) կը ներկայացնեն՝ Փութինի Ռուսաստանը եւ Ժողովրդային Չինաստանը, որոնք այսօր արդէն կը հանդիսանան ոչ միայն Եւրասիոյ, այլեւ՝ երկրագունտի երկու հսկաները… որոնք կը գտնուին իրենց վերելքի կորագիծին վրայ, մինչ Արեւմուտքը՝ ընդհանուր առմամբ, կը գտնուի իր վայրէջքի կորագիծին վրայ…։

Ուրեմն, արտահերթ ընդհանուր ժողովին միակ յուսալի, ազգապահպան ու ժողովուրդին երջանկութիւն խոստացող ընտրանքը կրնայ ըլլալ՝ հարազատ, անեղծ, իրաւ ու լիարժէք Սոցիալիզմը, Գիտական Սոցիալիզմը, ձայնակցելով իր իսկ կողմէ սկիզբները երգած երգին՝ «Սոցիալիզմին ճամբայ բացէք»…։

Որովհետեւ հարկ է լրջօրէն նկատի ունենալ ոչ միայն Արեւմուտքի մայրամուտը եւ Արեւելքի արեւածագը, այլեւ հետեւեալ նոր իրադրութիւնը, հաւանական զարգացումները իրենց հետեւանքներով, եւ այլեւս՝ երկու թէլի վրայ խաղալու կամ զիկզակելու հեռանկարին չգոյութիւնը։

Փաշինեանի գլխաւորած «Ելք» կուսակցութեան յեղափոխութեան ներկայ յաղթանակի այս առաջին փուլով՝ անշուշտ դեռ չէ սպառած այս հեզընթաց յեղափոխութեան աւետած առաքելութիւնը, առնուազն, մինչեւ՝ արտահերթ երեսփոխանական ընտրութիւններուն խաղաղ կատարումն ու նոր Ազգային Ժողովի մը կազմութիւնը՝ ժողովուրդին հարազատ ու ճշմարիտ ներկայացուցիչներով…։ Որովհետեւ, երբ տեղի ունեցած համաժողովրդային ծառացումը յեղափոխութիւն կ՚անուանենք, կը հասկնանք որ Գ. վայրի դրամատիրական ապազգային, աւազակապետական եւ երկիրը հայաթափող աղիտաբեր ու անիծեալ հանրապետութեան՝ անպայման պիտի յաջորդէ ժողովրդահայրենասիրական, ընկերային արդարութեան եւ հայրենադարձութեան երջանկաբեր ու ողջունելի Դ. Հանրապետութիւնը…։ Այս համոզումով, տողերուս հեղինակը, նախ՝ գրեց առաջին յօդուած մը. «Շնորհաւո՛ր՝ Հայութեան, Փուլն Առաջին՝ Փրկութեան» խորագրով, եւ ապա՝ երկրորդ մը. «Դ. Հանրապետութեան Ընդառաջ՝ Ֆ. Նանսէնի Դիտարկումները» վերնագրով։

Հետեւաբար, յեղափոխութեան պայքարի փուլերը դեռեւս պիտի շարունակուին, մինչեւ վերջին յաղթական փուլ, քանի որ պարզամիտ ցանկատեսութիւն է յուսալ, թէ՝ օլիգարխիկ դասակարգը չի դիմեր հակայեղափոխութեան… քառորդ դար ամբողջարմատակալելէ յետոյ՝ երկրի տնտեսական, քաղաքական, ընկերային, ռազմական ու մշակութային կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ։ Այլ խօսքով՝ երկրի չորս իշխանութիւններուն. օրէնսդիր, գործադիր, դատաստանական ու տեղեկատուական
իշխանութիւններուն մէջ…։

Եւ քանի որ Բիւռոյի վարած երկարատեւ իշխանամէտ քաղաքականութեան հետեւանքով, կուսակցութեան ղեկավար քատրերէն մաս մը՝ անխուսափելիօրէն սերտաճեցաւ օլիգարխիկ դասակարգին հետ, այդ մասը պիտի կանգնի ասոր կազմակերպելիք հակայեղափոխութեան կողքին, ինչ որ անխուսափելիօրէն պիտի պառակտէ կուսակցութիւնը, կուսակցութեան արտահերթ Ընդհանուր Ժողովի թէ՛ գումարուելուն եւ թէ՛ ալ՝ չգումարուելու պարագաներուն…։ Այս պառակտումին առաջին ազդանշանը տուաւ Աղուան Վարդանեանը արդէն, երբ դէմ քուէարկեց Փաշինեանի վարչապետութեան։

Հաւանաբար, այս ստոյգ պառակտումը աւելի մեծ չափով տեղի ունենայ կուսակցութեան Հայաստանեան եւ Արցախեան կառոյցներուն մէջ, քան՝ սփիւռքեան, որովհետեւ՝ Քոչարեանի եւ Սերժի հետ իր բազարներուն ընթացքին, երէկ՝ Բիւռոն կը չարաշահէր Սփիւռքի գործօնը։ Եւ այս գործօնը զօրացնելու համար էր, որ Սերժի սփիւռքեան շրջապատոյտին, Բիւռոն հրահանգեց կուսակցութեան սփիւռքեան կազմակերպութեան՝ ցուցադրել վճռակամ ընդդիմութիւն մը՝ Սերժի Ցիւրիխեան փրոթոքոլներուն, կամ՝ «ֆութպոլային» դիւանագիտութեան դէմ, երբ Սերժ կարիքը ունէր Սփիւռքի ծածկոյթին, շպարելու եւ գեղեցկացնելու կամ ընդունելի դարձնելու համար իր աւազակապետական, ապազգային համակարգը։ Բայց այսօր, երբ Սփիւռքը ամբողջութեամբ ողջունեց «Ելք»ի համաժողովրդային յեղափոխութիւնը, Փաշինեան այլեւս կարիքը չունի Սփիւռքի ծածկոյթին, եւ այլեւս Բիւռոն չի կրնար անոր մօտ շահարկել Սփիւռքի գործօնը…։

Հետեւաբար, Հայաստանի (Արեւելահայաստանի) շուրջ համահայկական միաբանութիւնը այսօր կրնայ ստեղծուիլ միայն, երբ հիմնուի հոն Դ. Հանրապետութիւնը՝ Գ. Հանրապետութեան տապանաքարին վրայ… վայրի դրամատիրական համակարգին ամբողջական արմատախլումով…, առանց սակայն մոռնալու Արեւմտահայաստանի վերականգնումին դատը, որուն հետապնդումն ու պաշտպանութիւնը՝ ճիտին պարտքն է ամէն ազնիւ հայ մարդու…։

2 comments
  1. ՀՅԴ-ի Սկզբունքները և Թաւշեա յեղափոխութիւնը

    Նախ և առաջ կը խնդրեմ որ ոչ մէկը, ոչ Սփիւռքի մէջ և ոչ ալ Հայրենիքում ժողովրդի անունից թող չ'խօսի, ոչ մէկը այդ իրաւունքը չունի:

    Իմ կարճ խելքովս, տակաւին կը կարծեմ թէ, յեղափոխութիւն տակաւին տեղի չի ունեցեր այլ տեղի պիտի ունենայ, բայց ի՞նչ գոյնի յեղափոխութիւն, չեմ կրնար գուշակել:

    Քաջ գիտեք թէ, բոլորս ալ անպէտք կախարդական փայտիկներ ունինք, որոնք միայն կը ծառայեն եղբայրասպանութեան օգտին և Հայրենիքի կործանման:
     
    Այսօր ամբողջ աշխարհը օլիղարխները կը կառավարեն, գոնէ մէկ անգամ շուրջերնիդ նայեցէք:

    Գալով ՀՅԴ-ին, ճիշդ է որ, պատմութեան մէջ ՀՅԴ-ան բազմաթիւ ցաւալի սխալներ գործեր է, կը գործէ և պիտի գործէ:

    Հայկական, ժողովրդական ասացուածքներ:

    1. Ուր հաց հոն կաց:
    2. Իմ հիւանդ ոչխարս, օտարին առողջ գայլին հետ չեմ փոխեր:
    3.ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆ Է:
    4.Երանի թէ հօրդ առողջութիւնը Կաթողիկոսին առողջութեանը նման ըլլար:
    5. Շատացէք, բազմացէք և աշխարհը լեցուցէք:
    6. Եւայլն, ևայլն:

  2. Մէկուն աղջիկը

    Մէկուն աղջիկը ՝՝Լէզպիան՝՝անայ, միւսին տղան թող ՝՝Կէյ՝՝ դառնայ,
    Ամէնեքեան բերնէ բերան…Մեղաւոր է Դաշնակցութիւն:

Comments are closed.

You May Also Like