Սփիւռքի Կոմիտէն՝ Երախտաշատ Գործունէութեամբ
Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 25 Մարտ 2014
1964-ին, Խորհրդային Հայաստանին մէջ ծնունդ առաւ աննախընթաց ու բացառիկ հայրենական կազմակերպութիւն մը, որ կոչուած էր դառնալու լոյսի ու ճառագայթի, յուսոյ ու հաւատքի փարոս մը։
Անոր առաքելութի՞ւնը, տեսլապաշտութի՞ւնը…
– Բացուիլ դէպի Սփիւռք։
– Սփիւռքը բանալ հայրենիքի ուղղութեամբ։
– Սփիւռքահայութիւնը կապել հայրենիքին։
– Հայրենիքը ծանօթացնել Սփիւռքին։
– Սփիւռքին հետ մօտէն առընչուիլ։
Սփիւռքի Կոմիտէն՝ Երախտաշատ Գործունէութեամբ
Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 25 Մարտ 2014
1964-ին, Խորհրդային Հայաստանին մէջ ծնունդ առաւ աննախընթաց ու բացառիկ հայրենական կազմակերպութիւն մը, որ կոչուած էր դառնալու լոյսի ու ճառագայթի, յուսոյ ու հաւատքի փարոս մը։
Անոր առաքելութի՞ւնը, տեսլապաշտութի՞ւնը…
– Բացուիլ դէպի Սփիւռք։
– Սփիւռքը բանալ հայրենիքի ուղղութեամբ։
– Սփիւռքահայութիւնը կապել հայրենիքին։
– Հայրենիքը ծանօթացնել Սփիւռքին։
– Սփիւռքին հետ մօտէն առընչուիլ։
Ընդհանուր գիծերու մէջ կամ մօտաւոր վերնագիրներով ասոնք էին այդ կազմակերպութեան հիմնադրոյթներն ու ծրագիրները, իսկ ինք՝ շուտով պիտի մկրտուէր՝ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԿԱՊԻ ԿՈՄԻՏԷ խորիմաստ, պերճախօս ու բովանդակային անուանումով։
Խորհրդային Միութեան տուեալ ժամանակաշրջանին, նման կառոյցի մը հիմնումը ու զայն կամրջելը արտասահմանի հետ, իրօք, հերոսական նուաճում մըն էր, պարզապէս անոր համար, որ համարեա թապու էր նման իրագործում, մանաւանդ՝ անիկա պիտի գործէր զո՛ւտ ազգային-մշակութային հիմունքներով ու հեռանկարներով, մինչ միւս հանրապետութիւններէն որեւէ մէկը այդ բախտը կամ առիթը չունեցաւ, չունէ՜ր։
Հայաստանի օրուան իշխանութիւնները կրցան Մոսկովեան ղեկավարութեան մօտ այդ պատնէշը ճեղքել կամ չէզոքացնել, իրականութիւն դարձնելով Սփիւռքի կոմիտէն, որ դարձաւ կենդանի օղակ մը Հայաստանի ու Սփիւռքի միջեւ, արտերկրի հայութեան մօտ հայրենասիրութեան ու հայրենակառչածութեան զգացումները գործնական նոր որակի մը հասցնելով։
Իսկ ո՞վ կրնար գլխաւորել այդ հաստատութեան նախագահութիւնը, որ ունենար ամուր անհատականութիւն, ազդու հեղինակութիւն, ճկուն հաղորդականութիւն, յարաբերելու վարպետութիւն, մտքի նպատակասլացութիւն եւ անդիւրաբեկ զգաստութիւն։
Կ'ըսուի թէ՝ կոմիտէի «գիւտ»ին ու նախագահի ընտրութեան «գիւտարար»ը յատենի կենտկոմի Ա. քարտուղար Կարէն Դեմիրճեանն էր, միանգամայն լոյսին բերելով այս զոյգ յայտնագործումները։
Պէտք չէ զարմանալ կամ թերահաւատիլ՝ ի դէմս Դեմիրճեանի նման ազգային-իրատեսի մը այս նախաձեռնութեան ու անզուգականութեան, երբ կոմիտէի նախագահ կը նշանակէր, մանկավարժական-դասախօսական մարզէն ներս արդէն համբաւ վայելող ՎԱՐԴԳԷՍ ՀԱՄԱԶԱՍՊԵԱՆը։
Պատուական անուն մը, որ ոչ միայն Սփիւռքի կոմիտէի պատմութեան, այլեւ Հայաստան-Սփիւռք մերձեցումներուն մէջ, ոսկեայ տառերով պէտք է գրուի, իր անմնացորդ եւ անդուլ ներդրումներուն ու ներգործումներուն համար։
Համազասպեան լիովին արդարացուց իր վրայ դրուած պատասխանատուութիւնները, աւելին՝ գերազանցեց, հայրենիքի ու Սփիւռքի մէջ դառնալով ամենէն նշանաւոր դէմքերէն, իսկ կոմիտէն վերածելով իսկական մշակութային «մեղուափեթակ»ի մը, որ կը մնար կիզակէտը հայրենի ու սփիւռքահայ յատկապէս մտաւորականութեան եւ արուեստագէտներուն։
Ինչպէ՞ս կարելի էր չհպարտանալ ու չգօտեպնդուիլ Սփիւռքի կոմիտէի կատարած աշխատանքով ու խաղցած դերով, որ պատուհաններ ու դռներ կը բանար, փոխադարձ կարգով, իրարու հետ շփուելու, իրարմով լիցքաւորուելու, բարեկամութեան առիթներ ստեղծելով, գործակցութեան հորիզոններու պատեհութիւններ ընձեռելով։
Համազասպեանը գիտցաւ եւ եղա՛ւ այն ճարտարապետ-նաւապետը, որ Սփիւռքի կոմիտէն առաջնորդեց ու ղեկավարեց անխորտակ եւ անսայթաք հունաւորումով, 22 տարի մնալով անոր սիրտն ու ոգին, էութեան ու կենսունակութեան աղբիւրը։
***
Կոմիտէի արժեւորումը կատարել, յօդուածային սահմաններու մէջ, անկարելի եւ անճիշդ պիտի ըլլար, որովհետեւ 60-70-80ական թուականներուն, ան դարձաւ ամբողջ պատմութիւն մը, որուն մէջ, մտաւորականութեան նկատմամբ տածուած ուշադրութիւնը, հոգատարութիւնը եւ օժանդակութիւնը կը մնան գերգնահատելի, գերշնորհաւորելի, գերերախտաւորելի։
Եթէ մասնաւորելու կամ մատնանշելու փորձութեան ենթարկուինք, վստահաբար, պէտք է յիշել ազգային-հասարակական, հրապարակագրական-լրագրական, կրթական-դպրոցական, մշակութային-արուեստի գործիչներու այն հաւաքները, որոնք տեղի կ'ունենային Երեւանի մէջ, պարբերական այցելութիւններով (գրեթէ երկամեայ հերթականութեամբ), ուր հրաւիրեալներ մտաւորականները կ'արժանանային պատուասիրութեան եւ յարգելիութեան, թէ՛ մասնագիտական, թէ՛ ընկերային, թէ՛ հայրենակցական առումներով։
Կոմիտէի մէջ գումարուած նիստերը, կայացած խորհրդաժողովները, կազմակերպուած հանդիպումները, տեղի ունեցած հաւաքները, թէ՛ սփիւռքահայ, թէ՛ հայրենի համապատասխան կողմերուն համար, իրօ՛ք, նշանակելի եւ ողջունելի էին, որովհետեւ անոնք կը դառնային ծանօթացումէն ու մտերմութենէն անդին, հոգեկան աշխարհներու մերձեցումին, ստեղծագործական ազդակներու ամրացումին, ծրագիրներու մշակումի իրականացման, համագործակցութեան ծիրերու արդիւնաւորման, ազգային հիմնահարցերու արծարծման եւ առհասարակ հայ ժողովուրդի հրամայականներու քննարկման յիշարժան օրինակելիութեան առիթներու։
Այս բոլորը լոյսին կը բերուէին եւ օրակարգային կը դառնային, ընդհանրապէս, մշակութային, կրթական, գրական կամ հասարակական շրջագիծէն ներս, նախագահութեամբ ու ներդաշնագործութեամբ Վարդգէս Համազասպեանի նրբահիւս, շրջահայեաց ու սթափատես ներկայութեան, որ լաւագոյնս գիտէր կոմիտէի նաւը առաջնորդել։
Հոս, կարեւորութեամբ պէտք է շեշտել երկու կարեւոր կէտեր, որոնք այս կոմիտէին տուին մասնայատուկ դերակատարութիւն, որուն «հետք»երը մինչեւ օրս կը մնան զգալի եւ արձանագրելի. ատոնք են՝
ա. Սփիւռքահայ մտաւորականը, կրթական մշակը կամ հասարակական գործիչը եզակի առիթը ունեցաւ շաղուելու ու մերուելու հայրենի իր գրչեղբայրին, գործակիցին ու պաշտօնակիցին հետ, մասնագիտական թէ հայրենակցական առումներով, անշուշտ, փոխադարձ զուգորդումներով։
Իսկ այս մէկը փոքր իրագործում մը չէր, հայրենական պատկան «առաքեալ»ները մէկտեղելու, մօտեցնելու ու ծանօթացնելու, իւրաքանչիւրը իր ասպարէզէն ներս, որուն դրական արդիւնքներն ու հետեւանքները ունեցան իրենց գործնական արձագանգներն ու անդրադարձները, նոր եւ յուսադրիչ պայմանաւորուածութիւններու հող պատրաստելով։
բ. Աննախադէպ երեւոյթ մը, արդարեւ, Սփիւռքը Սփիւռքին ծանօթացնելու, աւելին՝ սփիւռքահայ ազգայինը (ի՛նչ մարզի մէջ ալ գտնուէր ան) սփիւռքահայուն ծանօթացնելու, նստավայր մը դարձնելով կոմիտէն, գաղութներ ու համայնքներ զիրար կապելով, մտաւորականներ զիրար առընչելով, ընդհուպ՝ նոյն քաղաքին կամ երկրին մէջ ապրող հայրենակիցներ, ազգայիններ կամ մտաւորականներ նոյն սեղանին շուրջ համախմբելով։
Այս մէկն ալ անտեսելի կամ անյիշելի չի կրնար ըլլալ, երբ հայրենական կոմիտէն, իր կարելիութեան «սեղմ» պայմաններուն մէջ եւ իր գործունէութեան «սահմանափակ» միջոցներով, կրցաւ «կենդանի երակ» մը դառնալ Հայաստանի ու Սփիւռքի, Սփիւռքի ու Հայաստանի միջեւ։
Ասկէ մեկնելով՝ եթէ այդ ժամանակաշրջաններու, գէթ մտաւորական այս կամ այն հատուածին ներկայացուցիչները, որոնք բարձր որակ ու տաղանդաւոր զանգուած մը կը ներկայացնէին, շփուելով Սփիւռքին հետ, տուին իրենց վաստակէն ու փորձէն «ներարկումներ», Սփիւռքն ալ, իր հերթին, բայց շատ աւելիով, սնուեցաւ, վերաթարմացաւ ու վերանորոգուեցաւ այդ հոգեցունց աղբիւրներէն։
Ի վերջոյ, երբ կը խօսուի Սփիւռքի կոմիտէի մասին, կը յիշուի անոր գործունէութիւնը ու կը վկայակոչուի անոր դերակատարութիւնը, ո՞վ կրնայ չարձանագրել (կամ ուրանա՞լ) անոր երախտաւորելիութիւնը.
– Հայ ուսուցի՞չը, որ իր առաքելութեան պատկանելիութեան բերկրանքը ապրեցաւ։
– Հայ գրո՞ղը, որ իր կոչումին կրողը դառնալու գոհունակութիւնը զգաց։
– Հայ արուեստագէ՞տը, որ իր մասնագիտութեան արժեւորումը վայելեց։
– Հայ ազգային գործի՞չը, որ իր նուիրուածութեան դիպուկ ուշադրութեան արժանացաւ։
– Հայ խմբագիր-հրապարակագի՞րը, որ իր ասպարէզէն ներս ուշագրաւելի գնահատանքի ենթարկուեցաւ։
Իւրաքանչիւր սփիւռքեան հաւաք, հայրենիքէն ներս ու Սփիւռքի կոմիտէին կողմէ, իր հրաւէրով, ծրագիրով, օրակարգով եւ գործընթացով, որոշապէ՛ս, վերընձիւղուելու ու վերազարթօնքուելու առիթ մըն էր սփիւռքահայ մտաւորականութեան համար, ուրկէ ան կը վերադառնար աւելիով հպարտացած եւ էացած։
Այսօր, ճիշդ է, պատմութեան գիրկը անցած է Սփիւռքի կոմիտէն, բայց, կարելի՞ է մոռնալ զայն, կարելի՞ է շրջանցել զայն, յատկապէս անոր նախագահը եւ անոր ժրաջան գործակիցները (որոնք «բանակ» մը կը կազմէին)։
Անխուսափելի հարցումը նորէն ինքզինք կը պարտադրէ. բայց, այս անգամ, ուղղուած Հայաստանի իշխանութիւններուն ու Սփիւռքին.
– Կը յիշէ՞ք Սփիւռքի կոմիտէն։
– Կը յիշէ՞ք Վարդգէս Համազասպեանը։
– Կը յիշէ՞ք կոմիտէին ու Համազասպեանին բերած նպաստն ու կատարած դերերը։
Պատասխանը կը ձգենք «առ որ անկ է»ներուն։
Մինչ այդ՝ Սփիւռքի կոմիտէն կը մնայ Ի ՊԱՏՈՒԻ, իսկ համազասպեանական տեսիլքը՝ ԱՆՄԱՐ։
3 comments
Baruyr Aghbashian’s above article
Սփիւռքահայութեան Կոմիտէն երբ հիմնուած է, այդ ժամանակ Հայաստանի Կենտկոմի Ա. քարտուղարը Կարէն Տեմիրճեանը չէր, այլ Եաքով Զարուպեանը, որմէ ետք Անտոն Քոչինեանը եկաւ այդ պաշտօնին, անկէ յետոյ եկաւ Տեմիրճեանը, այս կէտը պէտք է ուղղել յօդուածին մէջ:
Շնորհալություն հեղինակին
Շնորհալություն հեղինակին հոյակապ հոդվածի համար: Դուք անչափ հաճելի և հուզական պահեր պարգևեցիք մեր ամբողջ ընտանիքին: Իրավ երբ ամենասիրելի և հարազատ մարդու կատարած աշխատանքը հիշվում է նման խոսքերով և գիտակցում ես, որ իր գործը այսքան տարի անց դեռ վառ է մարդկանց հիշողության մեջ, կարող ես միայն երջանիկ լինել: Կրկին անգամ ուզում եմ հայտնել շնորհակալություն այսպիսի բարձր արժեվորման համար:
Ճշդում
Երեւան, Ապրիլ 1-լոյս 2 2014-ի կէսգիշեր
Keghart.com-ի վերջին թիւին մէջ գոհունակութեամբ կարդացի շատ յարգելի Պր. Պարոյր Աղպաշեանի «Յիշատակելի 50-ամեակին Առիթով» վերնագրուած գրութիւնը` նուիրուած Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէի հիմնադրութեան 50-ամեակին: Ամբողջութեամբ կը բաժնեմ հեղինակին մտորումներն ու գնահատումները յիշեալ կառոյցի մօտաւորապէս քառասնամեայ բեղմնաւոր գործունէութեան մասին:
Այդուհանդերձ, Պ. Աղպաշեանն իր գրութեան մէջ թոյլ տուած է շատ կոպիտ սխալ մը, զոր վրիպած է նաեւ կայքէջի խմբագրութեան ուշադրութենէն, եւ հարկ է անյապաղ կերպով զայն ուղղել` ի պահպանումն Ձեր կայքէջի եւ հեղինակի դրական վարկին: Արդարեւ, յօդուածին մէջ կը կարդանք, թէ Կոմիտէի ստեղծման գաղափարին ու այդ կառոյցի առաջին նախագահի` Վարդգէս Համապասպեանին ընտրութեան «գիւտարար»ը (բնութագրումը Պր. Աղպաշեանինն է) եղած է «յատենի Կենտկոմի Ա. քարտուղար» Կարէն Դեմիրճեանը:
Սա ժամանակագրական սխալ է: Կոմիտէն հիմնուեցաւ 1964-ի կէսին, իսկ 1960-1966 թուականներուն, Հայաստանի Կոմկուսի Կենտկոմի առաջին քարտուղարն էր ազգային նկարագրի տէր Եաքով (Յակոբ) Զարոպեանը, որուն յաջորդեց Անտոն Քոչինեանը, մինչդեռ Կարէն Դեմիրճեանն այդ պաշտօնին պիտի կոչուէր միայն 1974-ին, երբ քառասուն տարեկան էր (1964-ին ան 30 տարեկան էր, եւ հրաշք պէտք է ըլլար այդ տարիքին Կենտկոմի Ա. Քարտուղարութեան կոչուիլը որեւէ մէկուն): Հետեւաբար, ճիշդ չէ Կարէն Դեմիրճեանին վերագրել աւելորդ բարենիշ մը, որ իրաւամբ պէտք է շնորհել հեռատես Եաքով Զարոպեանին:
Կը յուսամ, որ, յանուն պատմական ճշմարտութեան, շուտափոյթ կերպով կը կատարէք ուղղումը, ինչպէս նաեւ հեղինակ Պր. Աղպաշեանը տեղեակ կը պահէք այս սխալին մասին:
………
Լաւագոյն մաղթանքներով` Գէորգ Եազըճեան
Comments are closed.