Հայկական պետականութեան վերականգնման հարիւրամեակին առիթով բազմաթիւ սերտողութիւններ ու մենագրութիւններ արձանգրուեցան. նոյնպէս ճառեր ու բանախօսութիւններ արտասանուեցան խանդավառ տօնախմբութիւններու ընթացքին: Այս առիթով կը ներկայացնենք Փրոֆ. Խաչատուր Փիլիկեանի «Յիշե՞լ թէ՞ Չյիշել․․․Երկուստեք Ցաւալի» գրութիւնը՝ մէջբերումներու փունջ մը պատմական իրողութիւններու մասին: Նկատի ունինք նոր սերունդի ներկայացուցիչները, որոնցմէ շատեր մեր համեստ կարծիքով աղօտ տեղեկութիւններ ունին ճակատագրական անցուդարձերու մասին:– Խմբ.
Մանրայիշում
Փրոֆ. Խաչատուր Ի․ Փիլիկեան, Լոնտոն, 7 Սեպտեմբեր 2018
Էնվէր Փաշան՝ Ալ․ Խատիսեանին
՛՛Ես լուծեցի շատ դժուարին խնդիր մը։ Ստեղծեցի Հայաստանը։ Գոհացում տուի Հայերու ազգային պահանջներուն։ Բայց այդ ըրի այնպիսի ձեւով մը, որ չզոհեցի Թրքական հողերէն ո՛չ մէկ թիզ իսկ։՛՛ * Ալ․ Խատիսեան – ՛՛Հայաստանի Հանրապետութեան Ծագումն ու Զարգացումը՛՛ -Բ․ տիպ, 1968, Պէյրութ, Էջ 89
*****
Հայկական պետականութեան վերականգնման հարիւրամեակին առիթով բազմաթիւ սերտողութիւններ ու մենագրութիւններ արձանգրուեցան. նոյնպէս ճառեր ու բանախօսութիւններ արտասանուեցան խանդավառ տօնախմբութիւններու ընթացքին: Այս առիթով կը ներկայացնենք Փրոֆ. Խաչատուր Փիլիկեանի «Յիշե՞լ թէ՞ Չյիշել․․․
Մանրայիշում
Փրոֆ. Խաչատուր Ի․ Փիլիկեան, Լոնտոն, 7 Սեպտեմբեր 2018
Էնվէր Փաշան՝ Ալ․ Խատիսեանին
՛՛Ես լուծեցի շատ դժուարին խնդիր մը։ Ստեղծեցի Հայաստանը։ Գոհացում տուի Հայերու ազգային պահանջներուն։ Բայց այդ ըրի այնպիսի ձեւով մը, որ չզոհեցի Թրքական հողերէն ո՛չ մէկ թիզ իսկ։՛՛ * Ալ․ Խատիսեան – ՛՛Հայաստանի Հանրապետութեան Ծագումն ու Զարգացումը՛՛ -Բ․ տիպ, 1968, Պէյրութ, Էջ 89
*****
Կրկին Էնվէր Փաշան՝ Ալ․ Խատիսեանին
՛՛Ես եւ իմ ընկերներս ստեղծեցինք Հայաստանը, եւ ատով գոհացում տուինք Հայերու ազգային ձգտումներուն։ Եւ լուծեցինք Հայկական Հարցը։ Միեւնոյն ատեն մենք այդ ըրինք Թուրքիոյ սահմաններէն դուրս՝ ռուսական հողի վրայ։ Եւ ունեցանք երկու յաջողութիւն —
1)Ստեղծեցինք Հայաստանը, եւ
2) Անվթար պահեցինք Թուրքիոյ հողը։
Միայն ա՛յդ գնով է որ մենք համաձայնեցանք հաշտուիլ՝ Հայկական Հանրապետութեան գոյութեան հետ։՛՛ Ալ․ Խատիսեան, նոյն, Էջ 102
*****
Ալ․ Խատիսեանի հետեւութիւնը Էնվէր Փաշայի շեշտաւորումին
՛՛Արդ, ինչպէս կարելի է այժմ պահանջել, որ նոր հողամասեր կցենք Հայաստանին։ Չէ որ այդ չենք կրնար ընել՝ առանց դպչելու հին ու նոր Թուրքիոյ հողերուն։ Կարսը, Արտահանը ու Պաթումը նո՛ր միայն վերադարձուեցան իրենց հին հայրենիքի գիրկը։՛՛ Ալ․ Խատիսեան, նայն, Էջ 102
*****
Զօրավար Անդրանիկը՝ Զօրավար Նազարբեկեանին
՛՛Վեց հարիւր տարուան ստրկութեան շղթան ձեր վիզն ու ոտքը կ՛անցնէք՝ ձեր ձեռքերով․․․՛՛
*****
Հայաստանի Ա․ Հանրապետութեան վարիչներու հեռագիրը ուղղուած Էնվէր Փաշային, 1918 Յուլիս 17 ին
Նորին Գերազանցութիւն,
Մեծարգոյ Օսմանեան Կառավարութեան զինուորական մինիստր՝
Էնվէր Փաշային — Կոստանդնուպոլիս
՛՛Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութիւնը պատիւ ունի յայտնելու Ձերդ գերազանցութեանը, յանուն մեր բարեկամութեան, իրազեկ դարձնել ձեզ այն մասին, որ Անդրանիկ Փաշան խուսափել է մեր կառավարութիւնից, իմանալով որ, զինուորական դատի պիտի ենթարկուի՝ մեր զինուորական մինիստրին չենթարկուելուն համար։
Անդրանիկ Փաշան տաճկահպատակ հայերից կազմել է առանձին զօրաբանակ, նպատակ ունենալով անցնիլ Ջուլֆայի կամուրջը, եւ Խոյի ու Սալմաստի շրջանում միանալ Վանից նահանջող ժողովուրդին։ Նա մտադիր է ուժեղ բանակ կազմել, ստեղծել սեպարատ պետութիւն եւ յարձակուել ձեր վրայ։ Խնդրում ենք միջոցներ ձեռք առնել նրան վերջնականապէս ջախջախելու համար։՛՛
Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան Նախագահ՝ Յ․ ՔԱՋԱԶՆՈՒՆի
Հայաստանի Հանրապետութեան զինուորական Մինիստր՝ ԱՐԱՄ ՓԱՇԱ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
Հայաստնի կառավարութեան Խորհրդի Նախագահ՝ ՍԱՀԱԿԵԱՆ
Ջոն Կիրակոսեան – ՛՛ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմը, Եւ Արեւմտահայութիւնը, 1914-1916’’ Երեւան, 1965: Էջ 213
*****
Սիմոն Վրացեանի արձանագրութիւնը պատմութեան համար
՛՛Ցնծութեան աղաղակներով եւ ծափերով չընդունուեց նրայ (Հայաստանի) անկախութիւնը: Ընդհակառակը, շատերի համար նա նկատւում էր դժբախտութիւն։ Հիւանդ երեխայ աշխարհ բերած մօր պէս Հայ ժողովուրդը գլուխ էր ծեծում սգաւոր՛՛․․․
*****
Թալաաթ Փաշան՝ Ալ․ Խատիսեանին
՛՛ Էնվէր Փաշան կը գտնէր, որ քանի որ Հայերը եղած են եւ պէտք է միշտ ըլլան մեր թշնամիները ու հանգիստ պիտի չթողուն մեր Անատոլուի նահանգները, աւելի լաւ է, որ հիմնապէս բնաջնջուին անոնք նաեւ Կովկասի մէջ, ինչպէս եղած են Թուրքիոյ մէջ։ Իսկ փոքրիկ Հայաստան մը Կովկասի մէջ պատճառ պիտի դառնայ, որ միշտ ձգտի ընդարձակելու իր սահմանները եւ դառնայ յաւիտենական վտանգ Թուրքիոյ համար։
Իսկ ես պատասխանեցի որ, այդ ծրագիրը անկարելի ծրագիր մըն է թէկուզ այն պատճառով, որ այսպէս թէ այնպէս երկու միլիոնի չափ ողջ մնացած Հայեր կան այժմ, եւ անհնար է զանոնք բոլորն ալ ոչնչացնել։ Ուստի աւելի լաւ է որ անոնց գոհացում տրուի։ Որովհետեւ եթէ նոյնիսկ 100,000 Հայեր մնան աշխարհի երեսին, մեզի հանգիստ պիտի չտան երբեք։ Եւ վերջապէս փոքրիկ Հայաստան մը ստեղծելով՝ մենք լուծած կ՛ըլլանք Հայկական Հարցը եւ այսպէս կը ներկայանանք հաշտութեան միջազգային ժողովին։՛՛ Ալ․ , Խատիսեան, նոյն․ էջ 88
*****
Ա․ Չելեպեանի հետեւութիւնը
«Կազմուեցաւ փոքրիկ Հայաստան մը, Պաթումի Խորհրդաժողովի տիքթաթներուն, եւ Սարդարապատի ճակատամարտին մէջ՝ Հայ քաջարի զօրքերու եւ ժողովուրդի տարսծ յաղթանակին իբր արդիւնք։ ՛՛
՛՛Թուրքերը առժամեայ բնոյթով եւ յետին մտքով փոքրիկ Հայաստան մը ստեղծելու ծրագիրը շինած էին Սարտարապատի յաղթանակէն ամիսներ առաջ։ ՛՛Ա․ Չելեպեան -՛՛Զօրավար Անդրանիկ՛՛․ Էջ 477
*****
ՀՅԴ ի օրկան ՛՛Աշխատանք՛՛ի արդար զայրույթը –Յունիս 5, 1918
‘’Եւ եթէ կնքուած է հաշտութիւնը (Պաթումի ), ստորագրուած են պայմանները․․․ապա ուրեմն գործուած է յանցանքներու ամենասեւը, դաւաճանութեան ամենասոսկալին, որոնց նմանը Հայկական տարեգրութեան մեջ չէ եղած դեռ։ ՛՛
*****
Գերսամ Ահարոնեան–՛՛Մեծ Երազի Ճամբուն Վրայ՛՛․1964, 111-112
‘’Հայաստանի Հանրապետութիւնը յանձն կ՝առնէր օգնե՛լ Թուրքիոյ՝ ընդդէմ Համաձայնական պետութեանց (Անգլիա, Ֆրանսա, Ամերիկա եւ այլն), եւ նոյն ատեն պարտականութիւն կը ստանձնէր Թուրքերու կողքին կռուիլ․․․Անդրանիկի դէմ՛, նկատի ունենալով որ ազգային մեծ հերոսը կը մերժէր ընդունիլ Պաթումի ՛՛տիքթաթը՛՛ եւ Արեւմտահայ դատի գերեզմանումը։՛՛
*****
Պատմութիւնը անցեալի քաղաքականութիւնն է, եւ Քաղաքականութիւնը Ներկայի պատմութիւնը։ Ճ․ Սիլի – ‘’Բրիտանական Քաղաքականութեան Աճը ‘’ {Անգլերէն – Sir John Seely, The Growth of British Policy (1895)}
Վերջին մէջբերումի իմաստուն ասացուածքը ի մտի ունենալով, եւ նկատի առնելով վերեւի յուշերը , արժէ եզրակացնել հետեւեալը։
Բազում դարեր պետութիւն կորսնցնելով, հազարամեայ մայր հողի առեւանգումին դիմանալով ու քաջաբար յանդգնելով վերապրիլ հրէշային ցեղասպանութիւն մը, ահաւասիկ եւ վերջապէս մեր իմաստուն Հայ ժողովուրդը կարողացաւ պահել ու պահպանել Հայկական պետութիւն մը ամբողջ հարիւր տարի, թէկուզ պատառիկ մը՝ հազիւ մէկ տասաներորդը իրմէ խլուած Մայր Հողին։
Հակառակ բազում խոչընդոտներու, մեր ժրաջան Հայ ժողովուրդը յամառօրէն վերափոխեց իր պետութեան ընկերային ու տնտեսական կառոյցը երեք անգամ, լոկ դարու մը ընթացքին, ահաւասիկ կարծես հասցնելով Չորրորդ Հանրապետութեան մը սեմին — լրջօրէն արձագանգելով Հայ նոր սերունդի խաղաղասէր՝ արդար պահանջին։
Շնորհաւոր ըլլայ Հայոց Պետութեան Հարիւր Ամեակը ․
Փառք ու պատիւ Հայ ժողովուրդին եւ լրջախոհ նոր սերունդին։
* Շեղագիր շեշտաւորումները ինձմէ – Խ․Փ
2 comments
Գրիչդ անպակաս ըլլայ Փրոֆէսօր
Միշտ հաճելի և ուսումնական է կարդալ Փրոֆ. Փիլիկեանի խորազննիչ գրութիւնները: Թող որ գրիչդ անպակաս ըլլայ յարգելի փրոֆէսօր:
Treason
I am apalled to read the telegram that was sent to Enver Pasha by the government of first republic. If this is true, it is high treason! They are telling the enemy, who masacred 1.5 million of our ancestors, to destroy Antranig. Why this information has been kept from the Armenian people all this time? Please produce any evidence that you have about the authenticity of this information.
Comments are closed.