Յո՞ Երթաս, Հա՛յ Ժողովուրդ …

 Աւետիս Եափուճեան, Սիտնի, Աւստրալիա, 10 Սեպտեմբեր 2015

Կ'ըսուի, թէ  Աւստրալահայ  գաղութը  կը հաշուէ 30-40,000 հայ: Սակայն, վերջին մարդահամարէն ի  յայտ կու գայ, թէ միայն 9,000 անհատներ պատասխանած են, թէ իրենց մայրենի լեզուն հայերէնն է:

Click on "Where Goes Thou, Armenian People?"
to read the English translation (abridged) by Vahe A. Apleian

Կը մէջբերեմ  9 Օգոստոսի «Սասուն»  և  «Թամզարա» հայկական պարախումբերուն  ելոյթներէն ետք, Առաջնորդ Գերշ. Տէր  Հայկազուն  Ս. Եպս. Նաճարեանի փակման խօսքէն հետեւեալ պարբերութիւնը, «Ժողովուրդի մը գոյատեւումը պայմանաւորուած է  իր ոտքի տակի հայրենի հողով: Սփիւռքի մեր պայմաններուն մէջ, մեր ոտքի տակի հայրենի հողը, մեր մշակոյթն է, մեր մայրենի լեզուն է,  մեր գիրն ու գրականութիւնն է, մեր երգն ու պարն է»:

Թէ այդ օր,  ներկաներէն քանի՞  հոգի անսաց Սրբազան Հօր պատգամին, չի  գիտցուիր, հաւանաբար, անոնց մէկ ականջէն մտնելով, միւս ականջէն դուրս  ելած էր, առանց հետք մը թողելու իր ետին:  Հիմա ալ,  թէ  քանի՞  հոգի պիտի  կարդայ  իմ այս յօդուածս, չի գիտցուիր,  բայց անպայման  պիտի կարդան հին սերնդականները,  ատոր  վստահ եմ, որովհետեւ,  անոնց ալ սիրտը կ'արիւնի,  ի տես  նոր սերնդականներուն բռնած այլասերման ուղիին:  Սակայն,  նոր  սերունդին  ներկայացուցիչները, պիտի չկարդան զայն,  պարզ այն պատճառով,  որ  անոնք  հայերէն չեն գիտեր,  եթէ  գիտնան  իսկ,  հայերէն գիր-գրականութիւն, հայերէն թերթ-գիրք չեն կարդար:  Իրենց  համար  աւելի  հեշտ  կը  հնչէ, իրենց  աւելի  սրտամօտ է օտար  լեզուն,  քան  իրենց  մայրենի լեզուն, որ  օտարացած  է  իրենց  համար:

 Աւետիս Եափուճեան, Սիտնի, Աւստրալիա, 10 Սեպտեմբեր 2015

Կ'ըսուի, թէ  Աւստրալահայ  գաղութը  կը հաշուէ 30-40,000 հայ: Սակայն, վերջին մարդահամարէն ի  յայտ կու գայ, թէ միայն 9,000 անհատներ պատասխանած են, թէ իրենց մայրենի լեզուն հայերէնն է:

Click on "Where Goes Thou, Armenian People?"
to read the English translation (abridged) by Vahe A. Apleian

Կը մէջբերեմ  9 Օգոստոսի «Սասուն»  և  «Թամզարա» հայկական պարախումբերուն  ելոյթներէն ետք, Առաջնորդ Գերշ. Տէր  Հայկազուն  Ս. Եպս. Նաճարեանի փակման խօսքէն հետեւեալ պարբերութիւնը, «Ժողովուրդի մը գոյատեւումը պայմանաւորուած է  իր ոտքի տակի հայրենի հողով: Սփիւռքի մեր պայմաններուն մէջ, մեր ոտքի տակի հայրենի հողը, մեր մշակոյթն է, մեր մայրենի լեզուն է,  մեր գիրն ու գրականութիւնն է, մեր երգն ու պարն է»:

Թէ այդ օր,  ներկաներէն քանի՞  հոգի անսաց Սրբազան Հօր պատգամին, չի  գիտցուիր, հաւանաբար, անոնց մէկ ականջէն մտնելով, միւս ականջէն դուրս  ելած էր, առանց հետք մը թողելու իր ետին:  Հիմա ալ,  թէ  քանի՞  հոգի պիտի  կարդայ  իմ այս յօդուածս, չի գիտցուիր,  բայց անպայման  պիտի կարդան հին սերնդականները,  ատոր  վստահ եմ, որովհետեւ,  անոնց ալ սիրտը կ'արիւնի,  ի տես  նոր սերնդականներուն բռնած այլասերման ուղիին:  Սակայն,  նոր  սերունդին  ներկայացուցիչները, պիտի չկարդան զայն,  պարզ այն պատճառով,  որ  անոնք  հայերէն չեն գիտեր,  եթէ  գիտնան  իսկ,  հայերէն գիր-գրականութիւն, հայերէն թերթ-գիրք չեն կարդար:  Իրենց  համար  աւելի  հեշտ  կը  հնչէ, իրենց  աւելի  սրտամօտ է օտար  լեզուն,  քան  իրենց  մայրենի լեզուն, որ  օտարացած  է  իրենց  համար:

Հայերէնի  ընթերցասիրութիւնը պիտի  գայ,  պիտի սկսի տունէն, ընտանիքէն,  որուն  հայրն ու  մայրը,  պէտք է առաջին  հերթին, իրենք  իրար հետ  հայերէն  խօսին,  իրենց  զաւակներուն  հետ հայերէն  խօսին,  ստիպելով  զանոնք, որ  իրենք ալ հայերէն  խօսին:  Եթէ  ես  այսօր համեստ  գրող մը  եղած եմ, ատիկա  կը  պարտիմ, առաջին  հերթին  իմ  մօրս՝  Հռիփսիմէին: Տակաւին  շատ  փոքր էի, երբ  մայրս,  չեմ  գիտեր ուրկէ'՞  ձեռք ձգեր էր Եգիպտահայ ծանօթ մանկավարժուհի  Զապէլ  Զաքարեանի  «Իմ  Մանկապարտէզը» այբբենարանը,  զոր  ամէն օր  ձեռքս  կու  տար, որ  կարդամ: Երբ 10-12  տարեկան  երախայ  էի,  ինքն էր, որ  ինծի  կը  թելադրէր այս գիրքը  կարդալ, այն գիրքը կարդալ, և ես, մեր Գահիրէի  Գալուստեան Ազգային  նշանաւոր Վարժարանին, որ  դարբնոց  մըն էր  հայակերտման,  գրադարանէն կը գտնէի  զայն,  և կը կարդայի յափշտակութեամբ: Կը  յիշեմ,  հայերէն  առաջին գիրքը, զոր կարդացած եմ, մօրս  թելադրութեամբ,  «Ասպետ Լիպարիտ» խորագրուած էր, որուն հեղինակը  չեմ յիշեր դժբախտաբար, անոր  վրայէն  75  երկար տարիներ անցած են …

Այնուհետեւ, եկան հայերէնի իմ ուսուցիչներս, հայերէնի իմ պաշտելի, իմ նուիրական ուսուցիչներս՝ ռամկավար Երուանդ Չերքէզեանը,  հնչակեան Զարուհի Ծաղկունին, գրաբարագէտ չէզոք Քերովբէ Կոստանդեանը, ռամկավար-համակիր բանաստեղծ Արշամ Տատրեանը, դաշնակցական բանաստեղծ Սարգիս Սահակեանը,  որոնց շարքին պէտք է  յիշեմ նաև «Ազգային Պատմութիւն»ի իմ սիրելի պատմաբան ուսուցիչս՝ ռամկավար երախտաւոր գործիչ Լեւոն Աճէմեանը, որ հայ ժողովուրդին տառապալից  պատմութեան սէրը ներարկեց երակներուս մէջ, և երբ,  տասնամեակներ ետք, մեր ժողովուրդին պատմութեան ժամանակակից ողբերգական դրուագները ինծի համար լուրջ ուսումնասիրութեան առարկայ դարձան, հաւանաբար, առաջին հերթին  իր  ցանած սերմն էր, որ բողբոջեցաւ ու ծաղկեցաւ, դառնալով շօշափելի իրականութիւն: Այսօր, ես երկիւղածութեամբ և  խոր  երախտագիտութեան զգացումով  է, որ կ'արտասանեմ անոնց անունները,  որովհետեւ,  անոնք  սուրբեր էին, անձնազոհութեամբ նուիրեալները՝  հայ նոր սերունդներուն հայեցի դաստիարակութիւն  ջամբելու սրբազան առաքելութեան:

Հետեւաբար,  տունն է, ընտանիքն է, որ  պիտի կերտէ  տղեկին ու աղջնակին մէջ հայկականութիւնը, անոր հիմերը նետէ անոնց մէջ, վարժարանը պիտի գայ անոնց  վրայ շէնքը բարձրացնելու, եթէ հիմ դրուած չէ, շէնքը  ինչի՞ վրայ պիտի կառուցուի: Ուրեմն, առաջնային է  ծնողքին դերը՝ հայ մարդը կերտելու առաքելութիւնը,  աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել՝ ծնողքին  պարտականութիւնն է, որովհետեւ,  հայ ծնողքը, իրեն համար  սրբազան առաքելութիւն պէտք է նկատէ, իրենց  զաւակները  հայօրէն  դաստիարակելու,  անոնց մէջ սերմը ցանելու հայկականութեան:  

Հայերէն սորվիլ, հայերէն  խօսիլ  չուզողները, յանկերգ մը ունին, զոր անոնք տեւապէս կը  յեղյեղեն՝ ինքնարդարացման զուր ջանքեր  թափելով, թէ՝ հայկական ոգին է կարեւորը, ոչ թէ հայերէն լեզուն …  Համաձայն եմ, որ հայկական ոգին  կարեւոր է, և առաջնահերթ, որովհետեւ,  հայկական  ոգին  եթէ իր մէջ վառ պահած է հայ մարդը, անպայման պիտի ուզէ հայերէն սորվիլ,  անպայման հայերէն պիտի խօսի, ըստ այնմ ալ, փոխադարձաբար, այն հայ մարդը, որ կը մերժէ հայերէն խօսիլ, կը նշանակէ, թէ անոր մէջ կը պակսի հայկական ոգին, որովհետեւ, մէկը միւսին առնչուած է, մէկը միւսով ամբողջական է: Հայկական  ոգին  անջատ բնոյթ մը չէ, և հայերէն լեզուն  անկէ անկախ դրոյթ մը չէ, մէկը միւսով  պայմանաւորուած է, այսքան պարզ  ճշմարտութիւնը  թող ըմբռնեն անոնք, որոնք կը թերանան  իրենց մայրենի լեզուն  օգտագործելու պարտականութեան մէջ:

Հայրս՝ Յովհաննէս, ծնած ու մեծցած էր Մարաշ, այնպէս որ, թրքախօս էր: Սակայն,  երբ Եգիպտոս  եկած և ամուսնացած էր հայ աղջկայ մը հետ, անկէ  հայերէն սորված էր և իր զաւակներուն հետ՝ հայերէն կը  խօսէր, նոյնիսկ հայերէն գրել սորված էր,  թէև ահաւոր տառասխալներով, բայց գէթ Մեսրոպեան տառերով  իր միտքը կ'արտայայտէր: Ինչո՞ւ … Ինչպէ՞ս կ'ըլլար  այդ …  Պարզապէս, որովհետեւ, իր մէջ վառ ու անեղծ մնացած էր հայկական ոգին, որ զինք մղած էր սորվելու և խօսելու իր մայրենի լեզուն, այն ալ՝ իր չափահաս տարիքին:

Տակաւին խաւ մը կայ հայանուն մարդոց,  յատկապէս  կարգ մը ծնողները աշակերտներու,  որոնք այն համոզումը ունին, թէ հայերէնը ի՞նչ  օգուտ ունի, ի՞նչ  բանի պիտի ծառայէ, երբ իրենց զաւակը  շուկայի  ասպարէզ կը մտնէ, ո՞ւր պիտի գործածէ հայերէն լեզուն … Առաջին ակնարկով,  այս համոզումը  պաշտպանող  հայ մարդը  իրաւունք ունի …  Սակայն,  լեզուն  ազգի մը գոյատեւման  գլխաւոր  ազդակներէն մըն է, մանաւանդ՝  մեզի  նման փոքրաթիւ ժողովուրդի մը համար, որովհետեւ, երբ  անգլիացի մը, ֆրանսացի մը, մէկ խօսքով՝  մեծաթիւ  ազգ մը որքան  որ ալ  կորուստներ ունենայ,  տարբերութիւն չըներ:  Բայց  մեզի համար՝  իւրաքանչիւր անձի  կորուստը՝ մեծ վնաս է: Իսկ եթէ այդպէս  համոզուած հայ մարդուն համար ազգային մտահոգութիւն չեն մեր  կորուստները, այն ատեն, դժբախտաբար, ըսելիք չունինք …

Սակայն, ես նկատի ունիմ  այն հայը, որ հայկական ոգի ունի, իբրեւ հայ  կ'ապրի, և ոչ թէ այլասերման  ճամբան բռնած հայանուն մարդը:  Բանաստեղծ  մեծն Վահան Թէքէեանը, անգամ մը, սրտին խորէն  բացագանչեր է «Բանաստեղծութիւնը կ'ուտուի՞ … »,  այսինքն՝  բանաստեղծութիւնը փոր կը կշտացնէ՞ … Անշուշտ թէ ոչ: Բայց բանաստեղծութիւնը մարդուն հոգին  կ'ազնուացնէ: Հիմա ես ալ իմ կարգիս, հարց տամ. «Հայերէնը կ'ուտուի՞», այսինքն՝ փոր կը կշտացնէ՞ հայերէնը. անշուշտ թէ ոչ:  Բայց հայու հոգին կը կշտացնէ, եթէ անոր մէջ վառ ու կենդանի մնացած է  հայկական ոգին: Թէև ես հայերէնով է, որ գէշ-աղէկ ապրեր եմ իմ կեանքս, որմէ բնաւ ալ դժգոհ չեմ …

Գահիրէ,  Եգիպտոս,  Ռամկավար  կուսակցական  ղեկավար մը ունէինք, Կարապետ  Տէմիրճեան անունով, որ երբ Ամերիկա գաղթեց, անակնկալի  եկաւ, երբ հոն տեսաւ, որ ժողովները տեղի կ'ունենան  անգլերէն  լեզուով, հակառակ  որ  ժողովականները  հայ են և հայերէն ալ գիտեն խօսիլ: Ընդվզեցաւ, բողոքեց,  բազմիցս բողոքեց,  մինչեւ որ  ժողովականներէն մին, այլեւս համբերութիւնը հատած՝  կը բացագանչէ. «Ես  Ակումբին  100  տոլար կը նուիրեմ, եթէ ընկեր Տէմիրճեանը լռէ և տեղը նստի …»:  Հիմա այս մարդն ու իրեն նման հայանուն մարդոց  մէջ, ո՞ւր է  հայկական ոգին … Ասոնք այլասերած, անունով միայն հայեր են: Անոնք ոչ միայն կ'ուրանան իրենց մայրենի լեզուն,  այլեւ կը ջանան, որ ուրիշներ ալ հետեւին իրենց,  որպէսզի  առանձին չմնան իրենց զարտուղութեան մէջ: Անոնք լրիւ պարպուած են հայկական ոգիէն, հայկական ոգին իրենց համար օտար է, խորթ է: Անոնք չակերտուած «հայեր» են:

Եթէ հայկական ոգին վառ մնացած ըլլար սփիւռքահայուն մէջ, այսօր  Սփիւռքի  հայկական վարժարանները պիտի աճէին ու բարգաւաճէին, ոչ թէ  խափանուէին ու փակուէին: Եթէ հայկական ոգին զարթուն մնացած ըլլար սփիւռքահայուն մէջ, այսօր հայ գիրն ու գրականութիւնը պիտի զարթօնք ապրէին, ծաղկէին, ոչ թէ դադրէին՝ առ ի չգոյէ ընթերցողի: Եթէ հայկական ոգին կենսունակ մնացած ըլլար,  սփիւռքահայ  թերթերուն  լոյսը պիտի ճառագէր ամէն հայու տունէն ներս, ոչ թէ խաւարէր:

Կ'ըսուի, թէ  Աւստրալահայ  գաղութը  կը հաշուէ 30-40,000 հայ: Սակայն, վերջին մարդահամարէն ի  յայտ կու գայ, թէ միայն 9,000 անհատներ պատասխանած են, թէ իրենց մայրենի լեզուն հայերէնն է: Ուրեմն, մնացեալ երկոտասնեակ կամ երեքտասնեակ «հայերը»  օտար լեզուն  նկատած են իրենց մայրենի լեզուն, պատճառ հանդիսանալով, որ Աւստրալիոյ  իշխանութիւնները  հայկական ռատիօժամերուն  յաճախականութիւնը կրճատեն:

Հայկական  ոգին  վառ ու կենսունակ մնացած է միայն Միջին Արեւելքի   հայագաղութներուն մէջ: Հայկական ոգին վառ ու կենսունակ մնացած է Եգիպտահայութեան մէջ, որ հակառակ իր թուաքանակին զգալիօրէն նուազած ըլլալուն, իր 2,000 հայութեամբ, երկու օրաթերթ և մէկ շաբաթաթերթ կը պահէ: Մինչ աւստրալահայ գաղութը, նոյնիսկ եթէ նկատի ունենանք այդ 9,000 հայութիւնը, հազիւ չորս ամսաթերթ կը պահէ, երբ անոնցմէ մին նախապէս շաբաթաթերթ էր: Այդ չորս ամսաթերթերն ալ կը գոյատեւեն շնորհիւ անոնց  ետին կանգնած կազմակերպութիւններուն յանձն առած զոհողութիւններուն:

Դժբախտաբար, ճիշտ այդ հայկական ոգին է, որ օր ըստ օրէ կը տժգունի, կը դալկանայ և կը խամրի ի վերջոյ:

1920-ական  թուականներուն  վերջաւորութեան էր, երբ ֆրանսահայ ծանօթ գրող Շահան Շահնուրը  լոյս աշխարհ կը հանէր իր նշանաւոր «Նահանջը առանց երգի»  հատորը, ահազանգ հնչեցնելով, որ սփիւռքահայութիւնը դէպի այլասերում կ'երթայ … Այսօր, ահաւասիկ 90 տարիներ ետք, սփիւռքահայութիւնը կը նահանջէ բանիւ և գործով, երգ ու պարով, դաւուլ-զուռնայով … Այստեղ, կրնայ ըսուիլ, որ եթէ սփիւռքահայութիւնը 90 տարիէ ի վեր կը գոյատեւէ, այսօր ալ կը շարունակէ գոյատեւել, հետեւաբար, մեր հնչեցուցած ահազանգը, պարզապէս յոռետեսութիւն է … Սակայն, այն ժամանակներուն, տակաւին  կենդանի էին  իրենց  հայրենի հողէն կտրուած և սփիւռք նետուած  հայութեան  բեկորները, որոնց մէջ  հայկական  ոգին  արթուն էր, զոր  իրենց հետ բերած էին իրենց հայրենիքէն: Սակայն այսօր,  սփիւռքահայ  սերունդները կտրուած են հայրենի հողէն, իրենց ոտքին տակ, որպէս  հայրենի հող,  ինչպէս  որ  Սրբազան Հայրը ըսաւ, մնացած են մեր մշակոյթը, մեր մայրենի լեզուն,  մեր գիրն ու գրականութիւնը, որոնք հսկայաքայլ կը նահանջեն,  և  սփիւռքահայուն  ոտքին տակէն կը սահին, այն բոլորը՝  ինչ որ  սփիւռքի մէջ, որպէս հայրենի հող, իր ոտքին տակ ունի ան:

Մեր մայրենի լեզուին չափ,  սփիւռքահայուն գոյատեւման  գլխաւոր ազդակներէն մին է նաև  Հայաստանեայց Եկեղեցին՝ մեր Մայր Եկեղեցին, որ  սփիւռքի մէջ, մեր ոտքին տակ,  մեր հայրենի հողէն փրցուած  կտոր մը հող է, զոր օտար ազդեցութիւններ, աղանդներու կերպարանքով,  կը ջանան կտրել  մեր ոտքը՝  անոր վրայէն: Մեր Հայաստանեայց  Եկեղեցին ոչ միայն  մեր հաւատքի Խորանն է, այլև առաւելաբար,  հայրենի հող է, զոր  աղանդները կը կացնահարեն՝ իր  հիմերէն  քանդելու  համար զայն:  Հայաստանեայց Եկեղեցին, երկու հազար  տարիներէ ի վեր, հայուն փրկութեան լաստը հանդիսացած է,  մանաւանդ այն ժամանակներէն, երբ հայ ժողովուրդը կորսնցուցած է իր Ազգային Պետականութիւնը:

Օտարամուտ այս աղանդները,  դիւրաւ կուլ տրուող խայծեր կը ներկայացնեն, ոչ միայն  սփիւռքահայութեան,  այլեւ այսօր՝ Մայր Հայրենիքին մէջ,  ուր ստեղծուած ազատ պայմաններէն քաջալերուած,  անոնք առաջ կը տանին իրենց  քանդիչ  գործը: Սակայն, Սիտնիի  մէջ, ուր  օտարանալու, այլասերելու,  ուծանալու պատեհութիւնները բազմաթիւ են,  այնպէս որ աղանդներուն  խաղացած բացասական դերը,  առաւել եւս  մտահոգիչ է, որովհետեւ,  սփիւռքահայութիւնը, կտրուելով  Մայր  Եկեղեցիին հովանիէն,  կը յանձնուի ձուլման անյագ  երախին:

Հայրենի  անուանի  գեղանկարիչ  Յակոբ Յակոբեանը,  սփիւռքահայութեան  գոյատեւման  որպէս  սահման,  50 տարի կը նկատէր:  Այս կարծիքը  յոռետեսութի՞ն է թէ լաւատեսութիւն,  չեմ գիտեր:  Գուցէ  իրատեսութի՞ւն  է:  Որովհետեւ,  սփիւռքահայութիւնը  թաւալգլոր  անկումով , կը  դիմէ  դէպի կործանման  անդունդը, ուր  կ'առաջնորդեն  սունկի  նման  բուսած  աղանդները՝  իրենց  բազմազան  տարբերակներով:  Հայաստանեայց  Եկեղեցւոյ  հոգեպարար  երգեցողութիւնները  լքած,  հայանուն մարդիկ  կ'երթան  ունկնդրելու անոնց խժալուր  աղմուկը,  առանց  անդրադառնալու  իրենց  սպառնացող  վտանգին տարողութեան:

Հայաստանեայց  Եկեղեցին  ազգային  է իր  բնոյթով  և  իր խորքով: Ան  ոչ  մէկ  այլ  եկեղեցիի  կը  նմանի,  որովհետեւ, սփիւռքի  մէջ, ան հայապահպանման սրբազան  առաքելութիւնը ունի, զոր  առաջ կը տանի  ամենայն  ջանասիրութեամբ:  Սակայն,  երբ  հայ  մարդիկ ինքնակամ  կ'իյնան  օտարին  ծուղակին  մէջ, Հայաստանեայց Եկեղեցին  փրկութեան  միակ  լաստն է,  որ  կրնայ  զանոնք  փրկել  ստոյգ  այլասերումէ,  ուր  կ'առաջնորդեն  այդ  օտարամուտ  աղանդները:

Չեմ  գիտեր  ինչ  պարագաներու տակ,  թուրքերը  հօրս  դաստակին  վրայ,  մահմետական  խորհրդանշան  մը  դաջած էին: Հայրս, երբ Եգիպտոս կու գայ,  ժանտաջուրով  կ'այրէ  իր  դաստակը, սրբելու համար  այդ  խորթ ու  ատելի  խորհրդանշանը:  Պապենական հաւատքի  այդ ինչ  խոր  զգացում էր, որ  հօրս  մղած էր  այդ սխրագործութեան:  Մինչդեռ այսօր,  հայ  մարդիկ  ինքնակամ զոհ կ'երթան  օտարամուտ այդ  աղանդներուն  սադրանքներուն,  ուրանալով  մեր  պապերուն կողմէ՝ իրենց  ժառանգ  թողուած հաւատքը:

Յօ՞ երթաս, հայ  ժողովուրդ,  անտէր ու անտիրական  թողած  քու ազգային  սրբութիւններդ,  որոնք  քեզի հասած  են  քու  նախորդ  սերունդներէդ,  որպէսզի  դուն ալ  քու կարգիդ, զանոնք ժառանգ թողուս  քու յաջորդներուդ,  և  ոչ  թէ  դասալիք  ըլլաս՝ մերժելով  անսալ  քու  պապերուդ  արեան  կանչին, փոխանակ  արթուն պահակը  ըլլալու  քեզի  ժառանգ հասած  սրբութիւններուն:

Կը մաղթեմ,  որ  Շահան Շահնուրի  հնչեցուցած ահազանգը յոռետեսութիւն  ըլլայ … Կը մաղթեմ, որ  Յակոբ  Յակոբեանի  այդ միտքը,  յոռետեսութիւն ըլլայ  …  Կը մաղթեմ,  որ իմ  այս մտորումներս բխած ըլլան  յոռետեսութենէ … Կը մաղթեմ …

Where Goes Thou, Armenian People?

By Avedis Yapoujian, Sydney

Translated and abridged by Vahe H. Apelian
 
The Prelate of Australia and New Zealand, His Grace Bishop Haigazoun Najarian, noted at the conclusion of the “Sassoun” and “Tamarza” dance groups’ Aug. 9 performances here that the Armenian Diaspora can only survive by maintaining its culture and its language.
 
It would be impossible to know how many of the attendees would heed to the prelate’s call. It would be equally impossible to know how many would read this article. Surely most of the new generation would not be reading it for a very simple reason: they cannot read Armenian. They are more comfortable with the larger society’s language instead of their own. The Armenian language has been estranged to them.
 
Learning the Armenian language should start at home. The parents should speak Armenian with each other and should demand their children to converse in Armenian with them. I owe my reading and writing in Armenian to my mother. I don't know where my mother had got hold of a copy of the noted Egyptian Armenian pedagogue Zabel Zakarian’s “My Kindergarten”. She would hand the textbook to me everyday and help me read it. When I became 10 or so, my mother asked me to read a specific title. I would borrow the book from the library of our famed Kaloustian Armenian School in Cairo, and read it with great interest. After seventy-five years, I remember the title, if the not author, of the very first book I borrowed from the library.
 
Later on came our Armenian teachers who showed such care and concern for our education, especially my Armenian history teacher Levon Adjemian who instilled in me the love of our much-tested Armenian history. Decades later my interest in Armenian history became a scholarly pursuit. I remember my teachers with much gratitude. They were devoted to their mission with a selfless zeal. They educated Armenian youngsters and thus preserved Armenian history, language and culture for the generations that would succeed them.
 
Thus it is the family that would lay the Armenian character in their sons and daughters and the schools would build on that foundation. Without a firm foundation nothing can be built. Consequently first and foremost it is up to parents to forge Armenian identity in their children. The parents should regard their responsibility to teach the Armenian language a sacred mission.
 
There is a tendency these days to belittle not knowing Armenian by claiming that having an Armenian spirit is far more important than knowing the language. I do concur that having an Armenian spirit is important. On the other hand, it would be expected that those who harbor such a spirit would surely want to know the language. These two are not independent of each other. On the contrary, they complement each other. This simple truth should be evident to those who do not aspire to learn the Armenian language while claiming the importance of having an Armenian spirit.
 
My father Hovhannes was born in Marash and spoke Turkish. He came to Egypt and married an Armenian girl who taught him Armenian. He spoke Armenian with his children. He even wrote in Armenian although with many spelling errors. But that did not matter for he expressed himself in our own letters devised by St. Mesrob Mashots. How could it be that he learned Armenian as an adult? Simple. The Armenian spirit had remained intact in him and had impelled him to learn to read and write the language even though he was an adult with family support responsibilities.
 
There is a segment of Armenians, especially parents of students, who claim that there is no benefit in knowing the Armenian language because there is no use for the language in the job market. There cannot be a rebuttal to that argument. But there's no dispute that knowing the language is paramount for preserving a culture, especially for a people like us who are few. For societies which are far numerous than ours a few not knowing their language will not endanger the culture. But for us every one counts. The cultural loss of a single Armenian is a big loss for us. Granted that if the awareness for the importance for preserving our culture is lost, then there is not much left to say.
 
Had the Armenian spirit remained vibrant in the Diaspora, we would have had many more schools and we would be flourishing culturally; we would have had more literature in our own Armenian letters; we would have had more journals in Armenian and we would have had more of them in every Armenian home.
 
It is said there are between 30,000 to 40,000 Australian Armenians. However, in the last census only 9,000 had indicated that Armenian is their primary language. No wonder Australian authorities are cutting the hours of the public-supported Armenian radio stations. We have four Armenian monthly publications. One of which used to be a weekly. Unfortunately, it is this very Armenian spirit that is fading away day by day.
 
I do not know under what circumstances Turks had tattooed a Turkic symbol on my father’s wrist. After arriving to Egypt my father had scarred the tattoo by burning it to obliterate any trace of the symbol. He remained steadfast in his faith and in his support of the Armenian Church. These days many Armenians follow various religious sects instead of attending the Armenian Church that has been their inheritance and which is the other vital pillar to preserve our culture.
 
Where goes thou, Armenian people?
 
 

 

 

You May Also Like
Read More

Ամանորեայ Մեր Խօսքը

Խմբագրական, 24 Դեկտեմբեր 2013 Տարի մը եւս յանձնեցինք պատմութեան եւ ապագային կը նայինք զգուշաւոր լաւատեսութեամբ: Անցնող շրջանին «Գեղարդ»ի…
Read More