Լրագրող, Պէյրութ, 3 Նոյեմբեր 2010
Ծննդեան 100ամեակին Առիթով

Լիբանանահայ Գրական Շրջանակը, իր ոսկեայ վաստակին վրայ նոր օղակ մը եւս աւելցուց, երբ իր հերթական առաքելութեան ճամբուն վրայ, հրապարակային արդար գնահատական մը տուաւ հանրածանօթ խմբագիր–հրապարակագիր, երգիծագիր–ազգ ային–հասարակական գործիչ Յովհաննէս Աղպաշեանին, ծննդեան 100ամեակին առիթով:
Լրագրող, Պէյրութ, 3 Նոյեմբեր 2010
Ծննդեան 100ամեակին Առիթով



Լիբանանահայ Գրական Շրջանակը, իր ոսկեայ վաստակին վրայ նոր օղակ մը եւս աւելցուց, երբ իր հերթական առաքելութեան ճամբուն վրայ, հրապարակային արդար գնահատական մը տուաւ հանրածանօթ խմբագիր–հրապարակագիր, երգիծագիր–ազգ ային–հասարակական գործիչ Յովհաննէս Աղպաշեանին, ծննդեան 100ամեակին առիթով:
Յարգանքի եւ մեծարանքի այս հանդիսութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 29 Հոկտեմբեր 2010, երեկոյեան ժամը 8:00ին, Հայկազեան Համալսարանին մէջ, խոր գոհունակութիւն առթեց Աղպաշեանը սիրող եւ անոր մեծութիւնը արժեւորող մեծաթիւ հասարակութեան մօտ, որ փութացած էր ներկայ գտնուելու այդ հոգեպարար ու հոգեցունց երեկոյթին:
Արդարեւ, սրահին մէջ ակներեւ էր ներկայութիւնը մեծարեալին պայքարի կրտսեր ընկերներուն, մտաւորականներու, խմբագիրներու, ազգային գործիչներու ու գրասէրներու, որոնք անձկանօք կը սպասէին ըմբոշխնելու Աղպաշեանին աշխարհը:
Հանդիսութեան բացումը կատարեց Օրդ. Տինա Նորշահեան, որ օրուան խորհուրդը տուաւ, Աղպաշեան հայորդիին եւ ամբողջական հայուն ընդմէջէն, ապա, հրաւիրեց հրապարակագիր–խմբագիր, ազգ ային–հասարակական գործիչ, դասախօս ու լեզուագէտ Պրն. Պարոյր Աղպաշեանը, որ ներկայացնէ “Յովհաննէս Աղպաշեան երգիծագիրը եւ թարգմանիչը”:


Բանախօսը, համապարփակ ձեւով ներկայացուց Յովհ. Աղպաշեանի երգիծագ րութիւնը ոչ միայն իր գործերուն ընդմէջէն, այլեւ իր բեղուն ու հարուստ հրապարակագրութեան, նախ՝ ընդհանրապէս խօսելով երգիծագրութեան ժանրին, անոր անցած ուղիին եւ հայ երգիծագ րութեան որակին մասին, ապա՝ կեդրոնանալով հրապարակագիր–երգիծագիր, խմբագ իր–երգ իծագիր, ընկերային–երգիծագիր, քաղաքական–երգիծագիր հեղինակութեան վրայ, ի վերջոյ անդրադառնալով անոր թարգմանչական արուեստին՝ հայ–արաբ եւ արաբ–հայ, որոնց դափնեպսակը կը հանդիսանար հայ քաղաքական երգիծագրութեան հիմնադիր Երուանդ Օտեանի “Ընկեր Փանջունի”ն (1970, “Նահար” օրաթերթի հրատարակութիւն):
Բանախօս Աղպաշեան, որդիական երախտագիտութեամբ խօսեցաւ նաեւ իր հօր այն ներդրումին, որով իր մէջ հրապարակագրութեան ծիլերը ծաղկեցուցած ու մշակած էր, որպէս դպրոց ու կոչում: Ահաւասիկ իր կողմէ վկայութիւն մը.
“Ես, երբ որ դողդոջուն քայլեր կ՝առնէի դէպի հրապարակագրութիւն, հայր–Աղպաշեանը, տեսնելով իմ փորձերս եւ նաեւ երգիծանքի որոշ շեշտերս, կը յորդորէր. առաջին՝ ըլլալ “սիւնակային”, ոչ “սաւանային” սահմաններուն մէջ, երկրորդ՝ մնալ նիւթի շրջագիծէն ներս, երրորդ՝ խօսքը ինչ–որ տեղ սրսկել հաճելի երգիծական երանգով:”
Ապա, Աղպաշեան մարդուն ու գրողին ճանչցած եւ անորմով հիացած Կարօ Աբրահամեան, ապրումով կարդաց անոր ինքնակենսագրութիւնը:
Յաջորդ խօսք առնողը եղաւ Յովհաննէս Աղպաշեանի կրտսեր

գաղափարակիցը, սրտամօտիկը ու հարազատը՝ հանրածանօթ հրապարակախօս, ազգային–հասարակական գործիչ՝ Մեթր Գասպար Տէրտէրեանը, որ ներկայացուց “Մտաւորական խմբագիրը եւ հասարակական գործիչը”:


Տէրտէրեան, իրեն յատուկ ոճով, ազդու եղանակով ու տպաւորիչ երանգով, լաւագոյնս կրցաւ բնութագրել Աղպաշեան խմբագիրին բարեմասնութիւնները, մտաւորական ունակութիւնները ու հասարակական գործունէութեան հանգրուանները, մէկ առ մէկ թուելով զանոնք եւ արժանին հատուցանելով:
Մօտէն ծանօթ ըլլալով Աղպաշեանի լրագրական ու խմբագրական գործունէութեան, ըլլալով անոր անմիջական գործակիցներէն, նաեւ գաղափարական երկարամեայ անբաժանելի գործընկերներէն, Տէրտէրեան կրցաւ կենդանացնել կերպարը Աղպաշեանին, իր մանկութենէն մինչեւ գուպարային զանազան ու վերիվայրային հանգրուանները:
Տէրտէրեան, տալով Աղպաշեան խմբագիրին ու գործիչին ինքնութիւնն ու էութիւնը, յստակացուց թէ՝ միայն ա՛յս տաղանդով եւ ա՛յս առաքելութեամբ գրիչներ կրնան ըլլալ ձեռնհաս խմբագիր եւ տեսլապաշտ գործիչ:
Հանդիսութեան աւարտին, մինչ ներկայ հասարակութիւնը կը շնորհաւորէր կազմակերպող շրջանակը, բանախօսները եւ Աղպաշեանին ընտանեկան անդամները, անդին՝ Յովհաննէս Աղպաշեանին լուսապայծառ դիմանկարը (գործ՝ Աղպաշեանին մտերիմ, արուեստագէտ Արա Քեշիշեանի), հեռուէն–մօտիկէն, տրտմաթախիծ ժպիտով կը հետեւէր զինք սիրողներուն եւ յարգողներուն շարժումներուն:
Հոս եւ այս առիթով, կ՝արժէ Պարոյր Աղպաշեանի բանախօսութեան վերջաբանը միջաբերել, որ արդէն ցոյց կու տայ Աղպաշեան երգիծագիրի երգիծաբանութեան խոհուն ու խօսուն աշխարհը.
“1962ին, Հայր–Աղպաշեանը ծանրօրէն հիւանդացաւ, խռովելով ոչ միայն իր ընտանեկան պարագաները, այլեւ՝ զինք սիրող եւ յարգողներու հայ թէ արաբ հսկայ զանգուած մը:
Բայց, զարմանալի թէ ոչ, ինք իր տեղէն ընդոստ վեր թռաւ ու համարեա գոռաց.
“Ետիս կորիր, Գաբրիէլ, ժամանակը չէ դեռ”:
Չեմ գ իտեր, Գաբրիէլը զինք լսեց թէ՞ իրմէ վախցաւ, կամ ալ ճիշդ նկատեց որ, “անուրախ մանկութիւն” տեսած, ընդյատակեայ վիճակի մէջ ապրած, Աղպաշին դէպի “վեր” տանիլը տակաւին կանուխ է:
1987ին, նոյն Գաբրիէլը եկաւ եւ ուզեց զինք տանիլ:
Յիշեցուցի իրեն ճիշդ 25 տարի առաջուան իր բողոքը, ու զայն կրկնելու հրամայականը:
Տրտմաթախիծ ժպիտով մը, բայց միշտ իր երգիծաշունչ ոգիով, ըսաւ.
“Տղա՛ս, ամէն ատեն կարելի չէ հակառակիլ Գաբրիէլ հրեշտակին, թէեւ քիչիկ մըն ալ կանուխ է, բայց ելլեմ տեսնեմ թէ հոն ի՞նչ կայ եւ ի՞նչ գ ործ կրնամ ընել հոն…”