Մեթր Պարգեւ Դաւիթեան, «Լուսաբաց», 18 Յուլիս 2015
Պէյրութէն մօտաւորապէս քսան քիլոմեթր դէպի հիւսիս գտնուող պատմական Ժըպէյլ (Byblos) ծովեզերեայ քաղաքը կը նկատուի աշխարհի հնագոյն քաղաքներէն մէկը եւ եղած է Հայկական Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հազարաւոր հայ որ բերու տունը: Հոն գտնուող «Թռչնոց Բոյն» կոչուող որբանոցը, որ հիմնուած է 1921-ին ամերիկացի միսիոնարներու կողմէ եւ յետոյ՝ 1926-էն սկսեալ դրուած է դանիացի միսիոնարներու հոգատարութեան տակ (գլխաւորութեամբ Մէյրի Ճէյքըպսընի, զոր «Մամա» կը կոչէին որբերը), 1967 թուականէն սկսեալ դարձած է Անթիլիասի Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան սեփականութիւնը:
Հողաշերտը, որ Ժըպէյլի շրջանի կալուածներու տոմարին մէջ կը կրէ 642 թիւը, ունի գրեթէ 30 հազար քառ. մեթր տարածութիւն: Անոր վրայ կան անցեալէն մնացած եկեղեցի, որբանոցի շէնք, «Մամա» Մէյրի Ճէյքըպսընի շիրիմն ու յուշարձանը եւ անկէ հեռու գտնուող 33 հայ որբերու շիրիմները:

Ըստ լիբանանեան արաբատառ թերթերուն, կ’ըսուի թէ կալուածատէրը, այսինքն` Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, մտադիր է երկու ծրագիր մշակել այդ հողաշերտին վրայ. առաջինը՝ զբօսաշրջիկային միտումով կը ծրագրուի շահագործել ծովեզերեայ մասը, որուն ծախսերը պիտի հոգան հայ եւ ոչ-հայ շինարարներ, իսկ երկրորդը՝ կը միտի նոր եկեղեցի շինել, որ բանոցը նորոգել եւ «Մամա» Մէյրի Ճէյքըպսընի աճիւններուն մօտ փոխադրել միւս 33 որբերուն աճիւնները (ատենօք «Մամա»ին փափաքը եղած էր որ զինք թաղեն իր որբերուն հետ), կանգնել յուշարձան եւ ստեղծել ազգային թանգարան մը, որպէսզի միջազգային հանրութեան ներկայացուի եւ բացատրուի արհաւիրքը Հայկական Ցեղասպանութեան:
Կ’ըսուի նաեւ թէ հոն թաղուած 33 որբերէն մէկուն ընտանեկան պարագաները դէմ գտնուած են աճիւններու փոխադրութեան, եւ դատական մարմիններու դիմելով ստացած են վճիռ արագ կարգադրութեանց ատեանին կողմէ, որ ծրագրի գործադրութիւնը կասեցուի` մինչեւ որ Լիբանանի հնութիւններու տնօրէնութիւնը հարցը ուսումնասիրէ եւ ըստ այնմ վերջնական որոշում արձակէ: Նոյն աղբիւրները կ’ըսեն նաեւ թէ Արամ Ա. Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը սրտնեղած է այս առթիւ անտեղի աղմուկ բարձրացնողներէն, ըսելով թէ հայոց պատկանող կալուածին ճիշդ ձեւով շահագործումը Կաթողիկոսարանը շատ լաւ գիտէ եւ նպատակ ունի յաջողցնել ծրագիրներ, որոնց կարեւորագոյնը կարելի է նկատել կերտումը ազգային թանգարանի մը որ պիտի բաղկանայ երեք մասերէ.-
Ա) Կառոյց` որ իր մէջ պիտի ընդգրկէ վաւերագրական նկարներ, թերթերու կտրօններ, թարգմանութիւններ եւ վկայութիւններ Հայկական Ցեղասպանութեան հետ առնչուող, որոնք պիտի ցուցադրուին արդիական ամենաբարձր թեքնիք սարքաւորումներով,
Բ) Յիշատակարան՝ հոն ապրած չորս հազարէ աւելի որբերու անուններուն, ցուցադրութիւն անոնց նկարներուն եւ իրենց կողմէ գործածուած առարկաներուն եւ շինած իրերուն, որոնց մէջ կը գտնուի անոնց կողմէ հիւսուած գորգ մը,
Գ) Վկայութիւն՝ այն զարթօնքին որ ունեցաւ տարագրեալ սփիւռքահայը Ցեղասպանութենէն ետք եւ պատմութիւնը իր պայքարին, որ չընդունեց ենթարկուիլ ճակատագրի դաժանութեան ու մերժեց ըլլալ բեռ` զինք ընդունող ժողովուրդներուն, ցուցադրելով նկարներ եւ վաւերագրական իրեր ու դրուագներ այն արուեստի եւ արհեստի գործերուն մասին, որոնցմով իր ապրուստը ապահովեց մեր տարագիր ժողովուրդը: Առաւել` վկայութիւն այն շինիչ մասնակցութեան մասին զոր բերաւ սփիւռքահայը իր ապրած երկիրներու ընկերային կեանքի յառաջդիմութեան եւ իր բերած նպաստին` այդ երկիրներու տնտեսութեան աճման ու զարգացման մէջ:
Հակառակ արաբատառ թերթերու հանած աղմուկին եւ դատական վճիռին որ պէտք եղածը ուսումնասիրուի հողաշերտը զբօսաշրջիկային տարածք դարձնելու եւ որբերու շիրիմներուն փոխադրութեան հարցը կարգաւորելու նկատմամբ, կ’ըսուի թէ թանգարանի շինութիւնը արդէն աւարտած է եւ այս շաբաթավերջին, 18 Յուլիսին, մեծաշուք ձեւով պիտի կատարուի անոր պաշտօնական բացումը բարձրաստիճան անձերու ներկայութեամբ:
Հոս կարելի է հարց տալ, թէ 10 տարիներէ ի վեր մշակուած եւ վերջին երկու տարուայ ընթացքին գործադրուած ու Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առթիւ շինութիւնը աւարտած ազգային թանգարանի մը կերտումը Ժըպէյլի «Թռչնոց Բոյն» որբանոցի հողաշերտին վրայ, որ ազգային անկիւնէ դիտուած` բարեմիտ արարք միայն կարելի է նկատել, ինչպէ՞ս կ’ըլլայ որ ոմանք զայն չարամիտ արարք կը նկատեն, որուն իսկական նպատակը, ըստ իրենց, այդ հողաշերտը տնտեսապէս օգտագործելու եւ շահագործելու գործին ծառայելու համար մշակուած էր, հոն զբօսաշրջիկային ծովեզերեայ շահաբեր շրջան դարձնելով:
Բարեմիտ կամ չարամիտ պատճառներէ ծնած ազգային թանգարանի մը շինութիւնը, որ պիտի յաւերժացնէ յիշատակը մեր նահատակներուն, գովելի արարք միայն կարելի է նկատել:
Այս հարցի կաակցութեամբ ընթերցէք «Հայրենիք»ի հարցազրոյցը «Թռչնոց Բոյն»ի Յանձնախումբի ատենապետուհի Սեդա Խտըշեանին հետ;- Խմբ.
«Արամ Պէզիքեան» Թանգարանի Հանդիսաւոր Բացումը «Ազդակ»ի մէջ