Նախագահական Աթոռները Սեփականութիւն Չեն

Այլ՝ Ժողովրդային Ընտրանք
Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 10 Մարտ 2011

Շատերու մօտ այն տպաւորութիւնը կայ, որ արաբական աշխարհը ցնցող անցուդարձերը – հին վարչակարգերու տեղահանութեամբ ու նոր համակարգերու սպասումով, նոյն հանգրուաններէն եւ ելեւէջներէն չեն անցնիր այլուր:

Սխա՛լ է այս վարկածը, եթէ նկատի ունենանք հետեւեալ գ ործօնները.
 

Այլ՝ Ժողովրդային Ընտրանք
Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 10 Մարտ 2011

Շատերու մօտ այն տպաւորութիւնը կայ, որ արաբական աշխարհը ցնցող անցուդարձերը – հին վարչակարգերու տեղահանութեամբ ու նոր համակարգերու սպասումով, նոյն հանգրուաններէն եւ ելեւէջներէն չեն անցնիր այլուր:

Սխա՛լ է այս վարկածը, եթէ նկատի ունենանք հետեւեալ գ ործօնները.
 

ա. Տիրող վարչակարգերը, իրենց շարունակական նոյն դերադէմքերով, սովորամոլական դերակատարութիւններով, բռնակալական գործելաձեւերով, չեն կրնար ծառայել իրենց երկրին ու ժողովուրդին, ոչ ալ կրնան դառնալ բարօրութեան ու բարեկեցիկութեան ջատագովներ:

բ. Ժողովուրդները այլեւս չեն կրնար հանդուրժել այն անտեսումներուն ու զրկանքներուն, որոնք կը վիճակուին իրենց, յատկապէս ապրուստային, կենցաղային ու տնտեսական անգոհացուցիչ պայմաններու մէջ, երբ վերնախաւը ոչ միայն կը լիանայ իր պերճանքներով, այլեւ, իւրացումի կարգով, կը դիզէ շարժուն եւ անշարժ հարստութիւններ:

գ . Օտար միջամտութիւններ, պարտադրաբար թէ գիտակցաբար, խանգարիչ դեր մը ունենալնուն զուգահեռ, կ՝առաջացնեն անհարթութիւններ երկիրներու քաղաքական ուժերուն միջեւ (կամ դէմ), պատճառ դառնալով անկայունութիւններու եւ անապահովութիւններու:

դ. Ժողովրդային խաւերու անվստահելիութիւնը իրենց իշխանութիւններու նկատմամբ, բարդուած ու լեռնացած տարողութիւններու սկսած է հասնիլ, անխուսափելի պոռթկումներու որոշակի հաւանականութեամբ:

ե. Ճնշամիջոցներու, հալածանքներու ու հետապնդումներու չընդհատուող թափը կը սարսափեցնէ ու կ՝ահաբեկէ հասարակութիւնները, որոնք կամ ընդյատակեայ ընդդիմադիր վիճակի մէջ կը նետեն իրենք զիրենք կամ կը բռնեն արտագաղթի ճամբան, յաճախ ալ դառնալով վտարանդի:

 
Այս արագ մտորումներն ու զանոնք ընթերցողներուն հետ բաժնելու ընտրանքին առջեւ գտնուեցայ,  ի լուր Հայաստանի Հանրապետութեան ներկային եւ ապագային, երբ յառաջիկայ երկու տարիներուն, տեղի կ՝ունենան զոյգ ստուգատեսներ – խորհրդարանական ու նախագահական:

Ոմանք կրնան մտածել՝ ի՞նչ կապ կայ արաբական աշխարհին ու Հայաստանի միջեւ:

Շա՜տ բան կայ: Պայման չէ որ այդ «շատ բան»ը միայն ըլլայ տարածքային, շրջանային ու միջազգային դրսեւորումներով, որոնք թէեւ անզանցառելի եւ անկարեւոր չեն, բայց, պէտք չէ՞ դաս առնել արաբական աշխարհի մէջ տեղի ունեցածէն, այնքան ատեն որ՝
 

– Հայաստան կը գտնուի Հարաւային Կովկասի խիստ վտանգաւոր խաչմերուկի մը վրայ, ուր, տեղականէն աւելի, գերհզօր պետութիւններու ներազդեցութեան ու ներգործութեան ազդակները շատ են:

– Թրքական «քաղաքական եաթաղան»ին սպառնալիքը կը մնայ ի զօրու, մերթ Հայաստանը ներառնելու աքցանի մը մէջ, մերթ հայ ժողովուրդը բեւեռացնելու, փխրուն «արձանագրութիւն»ներու իրագ ործումով (՞):

– Հայաստանը, հակառակ իր պերճանքի ու պճնանքի երեւոյթներուն, առաւել՝ շինարարական ու կառուցողական ծրագիրներուն, մնայուն երաշխիքի գրաւականներ կրնա՞յ ներշնչել, յուսատու ու հաստատուն հիմքերու վրայ:

– Մէկ կողմէն՝ հարստահարումի, միւս կողմէն՝ հարստահարուողի գործօնները, որոնք ամենէն տխուր եւ այպանելի ընկերային դաշտեր դարձած են, հիասթափումի եւ ընդվզումի ալիքներ ստեղծելով ամենուրէք, հարցադրելի ու մտահոգելի չե՞ն, որ ժողովուրդին մօտ անհանդուրժողութիւնն ու անգոհունակութիւնը հասած են իրենց գագաթնակէտին:

 
Այս բոլորին վրայ աւելցնե՞նք գործող նախագահներու նկատմամբ սնուցուող, մեղմ ըսած, անհամակերպութիւնները, մէկուն թէ միւսին հանդէպ, առաւել կամ նուազ չափանիշերով:

Տակաւին հաշուեյարդարը չկատարուած Սարգսեանի անցնող շուրջ երեք տարուան նախագահական պաշտօնավարութեան, ան իր թեկնածութիւնը կը դնէ (կամ կը դնեն՝ այս ալ ուրիշ զաւեշտաբանութիւն մը, որուն անդրադառնալու առիթը կ՝ըլլայ) նախագահական նոր շրջանի մը համար:

Իսկ այդ յայտարարութիւնը, գ իտէ՞ք ուրկէ կը կատարուի. նախագահական պալատէն, որ սահմանադրական եւ օրէնսդրական աններելի խախտում մըն է, բայց, ըստ էութեան, Հայաստանի նախկին թէ գործող իշխանութիւններուն համար, թապու չկայ, ամէն ինչ կարելի ու լուծելի է:

Երեք կուսակցութիւնները (Հանրապետական, Բարգաւաճ Հայաստան եւ Օրինաց երկիր) եւ անոնց կուսակիցները, եթէ, իրօք, հաւատաւորներ ու հաւատարիմներ են, այդ ո՞ր սկզբունքով Սերժ Սարգսեանը կ՝առաջադրեն.

– Եթէ «Հանրապետական»ութեան սկզբունքով է, ատիկա կուսակցութեան մը մենաշնորհը չի կրնար ըլլալ այլեւս:

Պէտք է հրաժարիլ (ու հրաժարեցնել) այդ ցնորքէն:

– Եթէ «բարգաւաճ»ութեան սկզբունքով է, ատիկա բարգաւաճութեան երաշխիք մը չի կրնար դառնալ այլեւս:

Պէտք է հրաժարիլ (ու հրաժարեցնել) այդ անհեթեթութենէն:

– Եթէ «օրինաց»ութեան սկզբունքով է, ատիկա օրինականութեան անունով չի կրնար այլեւս:

Պէտք է հրաժարիլ (ու հրաժարեցնել) այդ անմտութենէն:

Այս բոլորը, ոչ թէ նախագահը կամ յիշեալ կուսակցութիւնները «անելիք» չունին կամ «անպիտանի» են, այլ, ի սէր Աստուծոյ, տեղ մը ե՞րբ պիտի տեսնել շրջապատը, ապրիլ ժողովուրդը, հասկնալ ցաւերը, դառնալ «ցեղին ձայն»ը:

Երեք նախագահներ ունեցաւ Հայաստանը, երեքն ալ… աթոռամոլ, աթոռապաշտ եւ աթոռասէր:

Մէկը չըսեր թէ բան մը չըրին, բայց, տեղ մը ականջ տրուի այս ժողովուրդին, ի՞նչ կը մտածէ ան իրենց մասին եւ ոչ թէ՝ իրենք իրենց «խոհանոց»ին մէջ պատրաստեն իրենց «ճաշի կաթսան», յետոյ ալ բարբառեն ժողովրդասիրութենէ՜, ժողովրդածառայութենէ՜, ժողովրդավարութենէ՜…:

Սակայն, զարմանալին, այլեւ ցաւալին այն է, որ ոմանք չեն ուզեր տեսնել, թէ «էնդի կողմը ի՞նչ ա պատահում», կարեւորը՝ իրենց մօտ «ի՞նչն ա լաւանում» բայց, միշտ իրենց պալատականութեան կառչածութեամբ:

Ի վերջոյ, նախագահական դիրքերը, աթոռները ու շրջանները սեփականութիւն չեն: Ատիկա ձգեցէք ժողովուրդին ընտրանքին եւ նոր թեկնածուներու առաջադրանքին:

 

You May Also Like