Նախագահական «Հեւք»ը Սկսած Է

“Մենք Ենք՝ Մեր Ցաւերը” Շարքէն

Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 10 Նոյեմբեր 2011
 
Ամիսներ առաջ, աւելի դիպուկ՝ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան ընդարձակեալ նիստին, երբ առաջադրուեցաւ գործող նախագահ Սերժ Սարգսեանի նախագահական թեկնածութիւնը (երկրորդ շրջանի մը համար), արդէն նախօրօք գրած էինք՝ “այլ ընտրանքչկայ, բացի ինքնավերանորոգումի տարբերակէն:

“Մենք Ենք՝ Մեր Ցաւերը” Շարքէն

Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 10 Նոյեմբեր 2011
 
Ամիսներ առաջ, աւելի դիպուկ՝ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան ընդարձակեալ նիստին, երբ առաջադրուեցաւ գործող նախագահ Սերժ Սարգսեանի նախագահական թեկնածութիւնը (երկրորդ շրջանի մը համար), արդէն նախօրօք գրած էինք՝ “այլ ընտրանքչկայ, բացի ինքնավերանորոգումի տարբերակէն:

Ինչո՞ւ այդ հաստատումը, օրի՛ն:
 
Սերժ Սարգսեան, իր նախագահ ընտրուելէն ետք, առաջին իսկ օրէն արդէն ինքզինք նախագահ կը նկատէրերկրորդ շրջանի մը համար, իսկ ատիկա յաջողեցնելու համար, դիմեց հետեւեալ միջոցներուն.
 
ա) Ամէն տեղ, ի մասնաւորի զգայուն ու պատասխանատու պաշտօններու վրայ զետեղեց վստահելի իւրայիններ (կուսակիցներ թէ բարեկամներ), չվարանելով, ի հարկին, զանոնք պաշտօնանկ ընելու կամ պաշտօնանկութեան մղելու, երբ տեսնէր կամ զգար անոնց շեղումը իր գիծէն կամ խնկարկումը այլոց:
 
բ) Իրեն մրցակիցներէն շատեր, չէզոքացնելու կամ սիրաշահելու համար, պաշտօններ, հանգամանքներ ու դիրքերբաշխեց” (որոնց մէջ առանձնակի օրինակ մըն է Օրինաց Երկիր Կուսակցութեան նախագահ Արթիւր Բաղդասարեանը), ինքզինք աւելի ապահով ու կայուն զգալու համար:
 
գ) Գրեթէ ամենօրեայ յաճախականութեամբ, այցելութիւններ տուաւ խայտաբղէտ կեդրոններ, իր ներկայութիւնն ու հոգատարութիւնը զգացնելու միտումով (սակայն, քիչ արդիւնաւէտութեամբ ու նպաստաւորութեամբ):
 
դ) Տարբեր բնագաւառներու ու մարզերու անուանի (եւ ո՞չանուանի) անձնաւորութիւններու վրայ տեղացուց շքանշաններու ու պարգեւներու (գլխապտոյտ պատճառող) տարափ մը, առ որ անկ է հասկցնելու իր գնահատող եւ արժեւորող ըլլալու բացառութիւնը:
 
ե) Արտաքին յարաբերութիւններ հաստատելու կամ վերանորոգելու միտումով, բոլորին հետ լաւ ըլլալու, բոլորէն կարեւորուելու յատուկ ճիգ մը ցուցաբերեց:
 
Այս բոլորէն աւելի, սակայն, Սարգսեանի վերադարձը, ի վաղուց անտի, նշմարելի էր (ու է), երբ գործեց ու կը գործէ նախագահական բացարձակատիրութեամբ, խորհրդարանական ու կառավարական կառոյցները շրջանցելով, աւելին՝ իրեն ենթարկելով կամ իրմէ կախեալ պահելով զանոնք:
 
Իր առաջադրումէն ասդին, Սարգսեան նոր հեւքի մը մէջ է, ի լուր, օրինակի համար, Ռոպերթ Քոչարեանի մը հաւանական թեկնածութեան, որ արդէնուրուականի դերակատարութեամբ կը դեգերի ներսն ու դուրսը:
 
(Ի միջի այլոց, Քոչարեանի նախագահական պալատ հասնելու յաւակնութիւնը, պէտք է հիմնովին բացառուի, շա՜տ պարզ տրամաբանութեամբ, որ իր չարաբաստիկ նախագահութեան շրջանին, տեղի ունեցան զոյգ սպանդներ. 29 Հոկտեմբեր 1999ի եւ 1 Մարտ 2008ի, իսկ ասոնցպատասխանատուութիւնը, այս կամ այն ձեւով, կիյնայ իր վզին
 
Հայրենի ժողովուրդը պէտք չէ մոռնայ այս աննախընթաց ու ցարդ անպատիժ մնացած յանցագործութիւնները եւ այդ հիմամբ ալ պէտք է վերաբերուի այս թղթածրարին հետ):
 
Սերժ Սարգսեան. լա՛ւ կը ճանչնայ իր երբեմնի բարեկամ՝ Ռոպերթը, որուն հետ երկա՜ր ճամբայ կտրած է ու գիտէ անոր խորամանկութիւնները, ծանօթ է անոր մեքենայութիւններուն, հետեւաբար, երբ նախագահական ընտրութիւնները մօտալուտ են, չի կրնար անտարբեր մնալ, չի կրնար ձեռնածալ նստիլ անորշարժումներուննկատմամբ:
 
Որոշապէ՛ս, այս է տեղի ունեցողը Հայաստանի պետական շրջանակներուն մէջ՝ պաշտօնափոխութեանց, պաշտօնակոչութեանց եւ, զարմանալի պէտք չէ ըլլայ, պաշտօնանկութեանց (այս մէկըսովորականըլլալով անկախ Հայաստանի մէջ):
 
Հերքումները, ուրացումներն ու ժխտումները ո՛չ մէկ արժէք կամ արդարացում ունին, պատահածները ըլլալովկենդանի իրականութիւններ”:
 
Ազգային Ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանիբեմադրական յեղաշրջումը ուրիշ ի՞նչ ձեւով կը բացատրուի, երբ կը նշանակուի, Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ, նախընտրական գործընթացի ու քարոզչութեան ղեկավար:
 
Ասիկա չի՞ նշանակեր, թէ գործող նախագահը, մեղմ ըսած, օգտագործելով իր նախագահական իրաւասութիւններն ու լիազօրութիւնները, տենդագին լծուած է իր աթոռը պահելու, “կասկածելիները հեռացնելով, իսկվստահելիները՝ բարձրացնելով:
 
Յստակ է, որ Սարգսեան, իր այս միջոցառումներով, կը փորձէբաց պատուհաններն ու դռներըոչ միայն փակել, այլեւ ամրացնել, հեզասահ անցումի մը հեռանկարով, որուն համար պատրաստ է ամէն մարտահրաւէր դիմագրաւելու:
 
*
***
Այս առիթով, առանց մասնաւորումներու, սակայն որոշակի դիտարկումներու արձանագրութեամբ, կարժէ, գէթ հպանցիկ, անդրադառնալ այն սփիւռքահայերուն ու սփիւռքահայ հատուածներուն, որոնք հայրենի իրականութեան մասին երբ կը խօսին, զայն կը շփոթեն նախագահասիրութեան կամ իշխանասիրութեան հետ, զայն նկատելով անհպելի եւ անմերձենալի: Այս զգացականութիւնը, որ երբեմն ոմանց մօտ կը հասնի հիւանդագին ստրկամտութեան, հետաքրքրական է, որո՞ւն՝ ի՛նչ նպաստ կը բերէ կամ որո՞ւն հայրենասիրութիւնը կաւելցնէ եւ որո՞ւնը՝ կը պակսեցնէ:
 
Այս երեւոյթը աւելի ցուցադրական ու տեսողական է մանաւանդ անոնց մօտ, որոնք անիրապաշտական եւ մակերեսայնականթրթիռներով կը մօտենան հայրենի իրականութեան, մերժելով (կամ չտեսնելով) առարկայական եւ ախտվատական երեսները տիրող կացութեան, որոնք իրսեւ ու ճերմակ”, “մութ ու լոյսգոյներով արդէն իսկ կան:
 
Փոխադարձաբար, հայրենի որոշ այրեր, գիտնալով սփիւռքէն եկած ու հնչած այս (դիւրաբեկ) տրամադրութիւնները, ըստ այնմ կը վերաբերուին անոնց հետ, այնքան ատեն որշքանշանները կը խօսին, կը յամենան, կը զրնգան, կը բոցկլտան, կը բոցավառեն ուկը բոցավառուին:
You May Also Like
Read More

Խոստովանական Ցուցմունքներ

 Հրանուշ Խառատյան, Երեւան, 20 Հունիս 2016 Հրանուշ Խառատյանը ծնվել է 1952ին, Խորհրդային Ադրբեջանում, հայկական պատմական Ուտիքի տարածքում: Պատմաբան, ազգագրագետ, պատմական գիտությւոնների…
Read More