Նախագահն ու Մտաւորականները….

 Ի՞նչ Կը Մտածէ Միւս Թուրքը Շարքէն

 Ահմէտ Ալթան, Հապերտար
Հայացուց՝ Գրիգոր Կէօքճեան, Պէյրութ, 7 Փետրուար 2016         

Շատ յայտնի պատմութիւն է …

Ֆրանսայի վարչապետներէն՝ Քլէմանսոն, որ ժամանակին լրագրող մը եղած էր,  օր մը երբ կը հանդիպի Լեհաստանի նախագահ՝  Փատերեւսքիին, որ նշանաւոր դաշնակահար եւ երգահան մը եղած էր ծաղրական զարմանքով մը կը գոչէ,  “Փատերեւսքի՞ն, սա հռչակաւոր դաշնակահար Փատերեւսքի՞ն,  Աստուած իմ,  այս ի՜նչ անկում …”:

Փատերեւսքիի, Վաքլաւ Հաւելի նման անձեր “նախագահութեան, վարչապետութեան”  կ՝իյնան:  Իսկ անոնց նման արժանիքներ չ՝ունեցողներ կը բարձրանան նախագահութեան կամ վարչապետութեան:

Էրտողանը նախագահութեան բարձրացած քաղաքագէտ մըն է:  Ճիշդ է որ պետական նուիրակարգին գագաթը կը գտնուի, սակայն մտաւորական նուիրակարգի որեւէ սանդխամատին վրայ տեղ չունի:  Աշխարհի շատ մը քաղաքագէտներուն վիճակը տարբեր չէ Էրտողանէն:

 Ի՞նչ Կը Մտածէ Միւս Թուրքը Շարքէն

 Ահմէտ Ալթան, Հապերտար
Հայացուց՝ Գրիգոր Կէօքճեան, Պէյրութ, 7 Փետրուար 2016         

Շատ յայտնի պատմութիւն է …

Ֆրանսայի վարչապետներէն՝ Քլէմանսոն, որ ժամանակին լրագրող մը եղած էր,  օր մը երբ կը հանդիպի Լեհաստանի նախագահ՝  Փատերեւսքիին, որ նշանաւոր դաշնակահար եւ երգահան մը եղած էր ծաղրական զարմանքով մը կը գոչէ,  “Փատերեւսքի՞ն, սա հռչակաւոր դաշնակահար Փատերեւսքի՞ն,  Աստուած իմ,  այս ի՜նչ անկում …”:

Փատերեւսքիի, Վաքլաւ Հաւելի նման անձեր “նախագահութեան, վարչապետութեան”  կ՝իյնան:  Իսկ անոնց նման արժանիքներ չ՝ունեցողներ կը բարձրանան նախագահութեան կամ վարչապետութեան:

Էրտողանը նախագահութեան բարձրացած քաղաքագէտ մըն է:  Ճիշդ է որ պետական նուիրակարգին գագաթը կը գտնուի, սակայն մտաւորական նուիրակարգի որեւէ սանդխամատին վրայ տեղ չունի:  Աշխարհի շատ մը քաղաքագէտներուն վիճակը տարբեր չէ Էրտողանէն:

Զարգացած երկիրներու մէջ,  պետութեան նուիրակարգին գագաթը հասնող քաղաքագէտներ,  կը գիտակցին իրենց կարողութիւններուն եւ յարգանքով կը վարուին մտաւորական նուիրակարգին գագաթները հասնողներուն հետ, որոնք այդտեղերը հասեր  են իրենց աշխատասիրութիւններով, ստեղծագործութիւններով եւ գիրքերով:  Անոնց զարգացման աստիճանը կը բացայայտուի իրենց կարողութիւններուն գիտակցութեամբ եւ մտաւորականութեան հանդէպ  ցուցաբերած յարգանքով:

Էրտողան զուրկ է իր կարողութիւններն ու սահմանները գիտակցելէ:  Փոխանակ յարգելու,  իր կարդացածէն աւելի գիրք գրող հեղինակները,  անոնցմէ ակնկալածը  “հնազանդութիւն”  է:

Ո՛չ որպէս ընտրուած քաղաքագէտ,  այլ ինքզինք  “աշխարհի վրայ  Աստուծոյ շուքը”  նկատող հին թագաւորներու նման վարուիլ կ՝ուզէ … մինչ խնդրոյ առարկայ նոյնիսկ չի կրնար ըլլալ մերօրեայ  զարգացած որեւէ  երկրի թագաւորի մը կողմէ կոպտութեան  եւ անարգանքի  դրսեւորում գիտնականի կամ արուեստագէտի մը նկատմամբ:

Նորվեկիոյ,  Շուէտի, Պելճիքայի  կամ  Սպանիոյ թագաւորը միտքին ծայրէն իսկ չի կրնար անցնել  արուեստագէտ կամ գիտնական մը անարգել, ուր մնաց բազմութիւններու առջեւ նուաստացնել …  Նման ամբարտաւանութիւն մը հազիւ միջին արեւելքի թագաւորները կամ բռնատէրերը կրնան ընել:  Շնորհիւ Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան որդեգրած քաղաքականութիւններուն,  հետզհետէ աւելի շատ նմանիլ սկսած ենք միջինարեւելեան երկիրներու .  սակայն հոս միջինարեւելեան թագաւորութիւն մը չէ:

Էրտողան իր երազներուն մէջ կրնայ ինքզինք իբրեւ խալիֆա տեսնել,  ատիկա իր մտացածին աշխարհը միայն կը հետաքրքրէ, սակայն իրական կեանքին մէջ ան, որոշ ժամանակի մը համար իբրեւ նախագահ ընտրուած քաղաքագէտէ տարբեր բան մը չէ:  Իր պաշտօնը զինք կը պարտաւորեցնէ որ ան ըլլայ այս երկրին ամէն մէկ  քաղաքացիին  նախագահը, որ չբաժնէ  ժողովուրդը ,  որ չգործէ  իբրեւ մէկ կուսակցութեան նախագահը եւ որ տէր կանգնի օրէնքին  եւ արդարութեան:  Մինջդեռ ան իր պարտականութիւնները ձգած բանավէճի մտեր է կառավարութեան քաղաքականութիւնը քննադատող ակադեմականներուն հետ,  ջանալով  որ անոնք  վտարուին իրենց  համալսարաններէն:  Աւելի՛ն,  89 համալսարանէն 1128 ակադեմականներուն բոլորին համար գործածելով  “կեղծ մտաւորականներ, մութ եւ տգէտ անձեր”  որակումը:

Այս ի՜նչ տեսակ  յոխորտանք է … ի՜նչ  յանդգնութիւն … ինչպիսի՜ սանձարձակութիւն …  Դուն ո՞վ ես.  Ի՞նչ  մտաւորական որակումով վճիռ կրնաս տալ 1128  ակադեմականին “կեղծ”  եւ “տգէտ” ըլլալուն:  Այդ  ակադեմականներուն որու՞ն  հետ  կարող ես մտաւորական բանավէճ մը ունենալ:  Նախագահ մը, հազարէն աւելի ակադեմականը  “տգէտ” յայտարարելու յանդգնութիւնը ուրտեղէ՞ն  կը գտնէ:  Ինչպէ՞ս կրնայ վստահ ըլլալ  որ ինք այդ  “տգիտութիւնը” չափող կշիռքին տէրն է:

Նախագահին զարմացնող այս յանդգնութիւնը բացայայտօրէն  մէկ պատճառով կը բացատրուի,  համոզուած է որ կրնայ վախցնել:  Ըստ երեւոյթին,  նախագահին համար ոչ մէկ արժեք ունի արդարութիւնը, անարդարութիւնը մտաւորական պաշարը կամ գիտութիւնը, անոր համար կարեւորը,  իր երկրի քաղաքացին  “վախցնելու” կարողութիւնն է:  Համոզուած է որ սարսափի այս քաղաքականութիւնը կրնայ կեանքի կոչել պետութեան մէջ տեղաւորած իր “մարդոց” միջոցով:

Նախագահին ճառէն անմիջապէս ետք Բաձրագոյն Ուսման Հիմնարկը յայտարարեց որ այդ ակադեմականներուն նկատմամբ “պարտն ու պատշաճը” պիտի ընէ:  Հաւանաբար աւելի քան հազար ակադեմականները պիտի վտարեն համալսարաններէն:  Ո՞վ պիտի դասաւանդէ անոնց փոխարէն:  Հաւանաբար կրօնից հիմնարկի իմամները …

Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան “յեղաշրջական տեսլականը” ահաւասիկ այս է:  Այս ճամբան մեզ որեւէ տեղ կը հասցնէ՞:  Ո՛չ:  Յաւելեալ վախ,  յաւելեալ բռնութիւն: Այս իշխանութեան կողմէ ընթանալիք տարբեր ճամբայ մը չկայ:

Երեւակայեցէք  որ այս իշխանութիւնը հեռուստացոյցի մը հանդիսավարը  “հայրենիքի դաւաճանութեամբ” մեղադրած է որովհետեւ “մանուկները չմեռնին” ըսեր է: Խեղճ  հանդիսավարը  ստիպուեցաւ չքմեղանալու  որ “սխալ հասկացողութիւն մը եղած է եւ թէ ինք կը սիրէ իր պետութիւնը”:

Այս ի՞նչ տեսակ պետութիւն է որ “մանուկները չմեռնին” խօսքը կը համարէ որպէս պետութեան հանդէպ թշնամութիւն:  Մանուկներու թշնամի պետութիւն մը կրնա՞յ գոյութիւն ունենալ … Այդ ինչպիսի՞ մտայնութիւն մըն է որ հայրենիքը մանուկներու գերեզմանի վերածելը իբրեւ հայրենասիրութիւն կ՝որակէ:  Ասիկա ո՛չ թէ խելք այլ անխելքութիւն է. խենդենալու իրաւիճակ:

Պարզապէս վախցնել է նպատակնին:  Կը մեռցնեն, կը դատեն, բանտերը կը նետեն:  Նոյնիսկ չեն ալ դատեր … ինչպէս որ Վանի մէջ պատահեցաւ,  12 հոգիի գլխուն բամբուշտ սեղմեցին  մօտիկ հեռաւորութենէ:  Իսկ նախագահը կը հպարտանայ որ “մեր մօտ մահապատիժ” չկայ:  Ինչպէս որ բարեկամ մը կ՝ըսէ  “հոս մահապատիժ չկայ բայց գործադրութիւն” կայ:

0ր ցերեկով մարդիկ կ՝սպաննեն, նոյնիսկ երեխաները:  Իսկ նախագահը այս մահերուն դէմ կեցողները կը յայտարարէ իբրեւ “կեղծ մտաւորականներ”:

Մէկ կողմ ձգենք մտաւորական ըլլալը,  նոյնիսկ մարդ ըլլալը կը պարտաւորեցնէ որ դէմ կենանք մարդկային մահերուն. սակայն ես կուզեմ տարբեր հարցում մը ուղղել  երկիրը ղեկավարող այրերուն:  Եթէ նախագահին  “կեղծ մտաւորականներ”  որակումը  այս աստիճան բնական է, մտաւորականներուն ալ զինքը “կեղծ նախագահ” որակելը այդքան բնակա՞ն է:  Եթէ բնական չէ  ուրեմն ինչո՞ւ նախագահը կը դիմէ այս ոճին:  Անշուշտ երբ նախագահը այսպէս խօսի իրեն համակիր մամուլն ալ պատրաստ է թերթերու ճակատէն “դաւաճան” յայտարարելու ակադեմականները :

Եթէ մէկը որ չ՝անդամակցիր Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան, յայտարարէ որ  “մարդիկ  չ՝սպաննուին” , “ նախագահը  չհատէ սահմանադրական իր իրաւասութիւնները” եւ կամ “արտաքին քաղաքականութեան մէջ տիղմի  մէջ կը մխրճուինք, սթափեցէ՛ք”  այս անձը դաւաճան կը նկատուի իրենձ համար, իսկ դաւաճանութեան պատիժը յայտնի է:

Այս մարդիկը այս խելքով չեն կրնար կառավարել այս երկիրը:

Պատմութեան մէջ ոտքի մնացած ո՛չ մէկ պետութիւն ո՛չ ալ ազգ գոյութիւն ունեցած է որ իր հազարէ աւելի ակադեմականը իբրեւ  “տգէտ եւ դաւաճան” մեղադրէ պարզապէս  “մարդիկը մի՛ սպաննէք” ըսած ըլլալնուն համար:

Ազգերը կը զարգանան ո՛չ թէ իրենց նախագահներով այլ իրենց մտաւորականներով:

Եթէ Հիթլեր մրցակից ունեցած ըլլար Այնշթայնը զայն կը յաղթէր ամէն մէկ ընտրութեան, սակայն այսօր Գերմանացիներուն պարծանքը Այնշթայնն է եւ ոչ թէ Հիթլերը:

Ինչպէս որ Չէթին Ալթան (Ահմէտ Ալթանին հայրը  Գ.Կ)  յաճախ կը կրկնէր “կարեւոր բաներուն անարժեք, արժեքաւոր բաներուն անկարեւոր” համարուող երկիրները չեն կրնար շտկել իրենց մէջքը:  Իրենց “արժեքները”  վարկաբեկող հաւաքականութիւններ անդորրութիւն չեն կրնար ունենալ:

Ոճիրներն ու սպաննութիւնները պաշտող,  “մի՛ մեռցնէք”  ըսողները դաւաճան յայտարարող, իր մտաւորականութիւնը նսեմացնող իշխանութիւն մը չեմ տեսած տակաւին որ ոտքի կարենայ  մնալ:

Այս իշխանութիւնը պիտի տապալի որովհետեւ անկարող է թուրքիան կառավարել. միակ գիտցածը մեռցնել եւ վախցնել է:

Կարեւորը՝ արգելք ըլլալ որ իրենց հետ միասին Թուրքիան ալ  ծունկի չգայ:

Եւ ասոր համար անհրաժեշտ է վճռական կեցուածք առանց հրաժարելու արդարութենէն  եւ պայքարէն … աչքի առնելով ամէն բան, նոյնիսկ բանտ:

Եթէ այս երկրին մտաւորականները բանտ նետեն անոնք ներսը գիրք կը կարդան:  իսկ եթէ ասոնց ներս նետեն ի՞նչ  կ՝ընեն:   Բանտախուցին ճաղերուն  թառող թռչունները կը վախցնեն,  ուրիշ ի՞նչ կրնան ընել:
                   
 

You May Also Like