Մեծ հետաքրքրութեամբ եւ անձկութեամբ կարդացի Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին արտաքին գործերու նախարար Վարդան Օսկանեանի, Անկախութեան Ճանապարհով, Փոքր Երկրի Մեծ Մարտահրաւէրները գիրքը (Երեւան 2013): Այս հատորը պատումն է ուղեւորութեան մը, որ կը սկսէր մայր գաղութ Հալէպէն, կը շարունակուէր Երեւանի Պոլիտեխնիկական Ինստիտուտէն ներս, ապա քաղաքական եւ դիւանագիտական գիտութեանց Ֆլեթչերի բարձրագոյն դպրոցը կը դառնար իր երկրորդ մասնագիտութեան դարբնոցը, Քալիֆորնիան կ՚ըլլար լրագրական նոր տեսակի ու որակի դպրոցի մը մեկնավայրը եւ հուսկ ապա հեղինակը, անսալով սրտի ու մա՛նաւանդ մտքի ձայնին ու թելադրանքին, կը մեկնէր նորանկախ Հայաստան, ուր կը սկսէր դիւանագիտական կեանքի առաջին քայլերը՝ հասնելու համար երկու շրջան արտաքին գործերու նախարարի պատասխանատու եւ բազում մարտահրաւէրներով լի ծառայութեան։
Գրախօսական
Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս, 9 Մարտ 2014
Վարդան Օսկանեան, «Անկախութեան Ճանապարհով»
Մեծ հետաքրքրութեամբ եւ անձկութեամբ կարդացի Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին արտաքին գործերու նախարար Վարդան Օսկանեանի, Անկախութեան Ճանապարհով, Փոքր Երկրի Մեծ Մարտահրաւէրները գիրքը (Երեւան 2013): Այս հատորը պատումն է ուղեւորութեան մը, որ կը սկսէր մայր գաղութ Հալէպէն, կը շարունակուէր Երեւանի Պոլիտեխնիկական Ինստիտուտէն ներս, ապա քաղաքական եւ դիւանագիտական գիտութեանց Ֆլեթչերի բարձրագոյն դպրոցը կը դառնար իր երկրորդ մասնագիտութեան դարբնոցը, Քալիֆորնիան կ՚ըլլար լրագրական նոր տեսակի ու որակի դպրոցի մը մեկնավայրը եւ հուսկ ապա հեղինակը, անսալով սրտի ու մա՛նաւանդ մտքի ձայնին ու թելադրանքին, կը մեկնէր նորանկախ Հայաստան, ուր կը սկսէր դիւանագիտական կեանքի առաջին քայլերը՝ հասնելու համար երկու շրջան արտաքին գործերու նախարարի պատասխանատու եւ բազում մարտահրաւէրներով լի ծառայութեան։
Ընթերցման ընթացքին կ՚անցնինք հայ մամուլի կեանքէն ներս ինքնուրոյն դեր կատարած Armenian International Magazine-ի հիմնադրութեան եւ անոր սաղմնային վիճակէն ամբողջական ամսագիր մը դառնալու ճանապարհէն, եւ այնուհետեւ շնորհիւ իր պատումներուն, մենք կը ծանօթանանք անոր կտրած ճամբուն՝ դիւանագիտութեան դժուարին ասպարէզէն ներս 1992-էն մինչեւ 2008։
Համեստ է թիւը հայ քաղաքական ու դիւանագիտական փորձառութիւններէ անցած քաղաքական դէմքերու յուշապատումներու եւ վերլուծումներու նուիրուած գիրքերու, որովհետեւ ինքնուրոյն պետութիւն չենք ունեցած որ ինքնուրոյն դիւանագիտութիւն ունենայինք, թէեւ փոքր ազգ մը ըլլալով տուած ենք աչքի զարնող քաղաքական դէմքեր ու դիւանագէտներ, որոնցմէ մէկն է Վարդան Օսկանեան, մէկը, որ իր լուրջ ներդրումը ունեցած է անկախ Հայաստանի ինքնուրոյն դիւանագիտութեան մէջ։ Մեր գրախօսականին նպատակը նախկին արտաքին գործերու նախարարին դիւանագիտական գործունէութեան արժեւորումը չէ, այլ՝ մատուցուած գիրքը, որպէս հաշուտուութիւն մը։ Օսկանեան յայտնուեցաւ այնպիսի ժամանակ մը, երբ իր կազմն ու անկախ Հայաստանի կառավարութիւնն ու պետութիւնը պէտք է դիմագրաւէին լրջագոյն մարտահրաւէրներ, յաճախ ճակատագրական պահերու դէմ յանդիման գտնուելով պէտք է առնէին վճռական որոշումներ։ Ներկայացուող գիրքը այս առումով կը բանայ բաւական ծալքեր, կ՚ըսուին բաներ, զորս հանրութեան սեփականութիւնը պէտք չէ դառնային տուեալ ժամանակներուն։
Դիւանագիտական ծառայութենէ անցած հայ քաղաքական դէմքերէն ոմանք մեզի թողուցած են իրենց թանկագին եւ երբեմն ալ անգնահատելի փորձառութիւնները որպէս խրատ, խորհուրդ, ուղեցոյց կամ լուսարձակ, յիշենք Սիմոն Վրացեանն ու Յովհաննէս Քաջազնունին, Անաստաս Միկոյեանն ու Կարախանը, Ժիրայր Լիպարիտեանն ու Լեւոն Տէր Պետրոսեանը, որոնցմէ իւրաքանչիւրին յուշերուն մէջ կան ե՛ւ ուսանելի բազում դասեր ե՛ւ կարգ մը սխալներու մատնանշումներ։
Աշխատութեան մէջ բոլոր համեմատութիւնները յարգելով՝ մեր դիմաց կը կանգնի Վարդան հալէպահայ ընթերցող պատանին իր զարգացման շրջանին, ուսանողը, երիտասարդ պրպտողը եւ ապագայ հասարակական գործունէութեան մէջ մտնելու պատրաստուող երիտասարդը Երեւանի մէջ, ընթերցողը, ընկերը, ամուսինն ու հայրը, դիւանագիտական կրթութիւն ստացող ուսումնատենչ երիտասարդը, հայ կեանքին մէջ լրագրական ու քաղաքական նոր մօտեցում մը բանալու անհրաժեշտութիւնը գիտակցող 80-90-ականներու կազմաւորուած հասուն երիտասարդը, խմբագիրը եւ ապա դիւանագէտը։
Հեղինակը, յարգելով բոլոր պատշաճութիւնները եւ պահելով բոլոր համեմատութիւնները, կրցած է լայն պաստառի վրայ ցոյց տալ իր փորձառութիւնը, գործակիցներու (նախարար, վարչապետ, աշխատակազմ եւ նախագահ) ջանասիրութիւնը՝ հայ դիւանագիտական նաւը խաղաղ նաւահանգիստ հասցնելու իրենց ջանքերուն մէջ։ Վ. Օսկանեան որպէս ծանրախոհ դիւանագէտ երբեք չէք տեսներ այնպիսի դիրքերու մէջ, ուր ան երկինքները բարձրացնէ իր գործակիցներն ու բարեկամ օտար պետութիւններու ներկայացուցիչները, եւ կամ գետնին զարնէ թէկուզ Հայաստանի մահը երազող թշնամիներու պետական այրերը։ Կիրքը չէ որ կ՚առաջնորդէ զինք, այլ տուեալ պահին ճիշդ որոշում առնելու եւ զայն ապագային ի սպաս դնելու իրապաշտ սկզբունքը։ Երբ ան բանակցութեանց մէջ է բարեկամ թէ չարակամ երկրի մը դիւանագէտներուն հետ, ի յայտ կու գայ հեղինակին դրական մօտեցմամբ առաւելագոյնը պոկելու իրապաշտ աշխատաոճը։ Տուեալ պահուն, չարակամը թէեւ իր հակառակորդն է, բայց ան միշտ դրական մօտեցում ցոյց կու տայ՝ կարեւորելով ընդհանուր շահ ներկայացնող հարցերը։ Ներկայացուող հատորը հարազատ ցոլացումն է վերեւը ըսուածին։
Ձախէն աջ՝ Վ. Օսկանեան, Վ. Սարգսեան, Մ. Տէր Ղուլանեան, Վ. Սիրադեղեան,
Լ. Տէր Պետրոսեան, Երեւան, 1990
Այս ըսել չէ որ ան բոլորին կը նայի նոյն սառնասրտութեամբ կամ անհաղորդ արտայայտութեամբ։ Այսպէս, համակրանքի զուսպ տողերու ետին դիւանագէտ եւ մարդ էակ Օսկանեան կը տեսնէ ՄԱՐԴԸ դիմացինին մէջ։ "Ինձ համար մեծագոյն հաճոյք էր աշխատել եւ յատկապէս հանդիպել Քոլին Փաուելին (ԱՄՆ-ի արտգործ նախարար)։ Լայնախոհ, բարեհամբոյր, խելոք, նրբանկատ եւ յարգալից մարդ էր…։ ԱՄՆ-ի բոլոր պետքարտուղարներից Փաուելը ամենամեծ եւ անկեղծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերողն էր այս հարցում" (էջ 107-108). խօսքը հայ-թուրքական յարաբերութիւններու մէջ առաջընթաց արձանագրելու մասին է-Մ.Գ.)։ Այլ տեղ մը, խօսելով 1999-ի Թուրքիոյ արտգործնախարար Իսմայիլ Ճեմի մասին, կը գրէ. "Իսմայիլ Ճեմը հանգիստ, հաճելի անձնաւորութիւն էր։ Նրա հետ յաջորդ տարիներին շատ բնականոն յարաբերութիւններ եմ ունեցել:" (էջ 156)։
Ներկայացուող հրատարակութեան մէջ կարեւոր տեղ տրուած է Հայաստանի հարեւաններուն՝ Իրանին, Թուրքիոյ, Ատրպէյճանին, արաբական երկիրներուն եւ տարածաշրջանին մէջ այլազան հետաքրքրութիւններ ունեցող երկիրներու հետ յարաբերութիւններուն։ Հոս կ՚ընդգծուի դիմացինին շահերն ու հետաքրքրութիւնները հասկնալով հանդերձ Հայաստանի շահերը բանակցող կողմին ներկայացնելու եւ այդ ուղղութեամբ հնարաւոր ճամբաները ընդարձակելու կարեւորութիւնը։ Այս առումով, Անկախութեան Ճանապարհովը կարեւոր ներդրում մը կը դառնայ եւ յոյժ օգտակար ուղեցոյց մը ապագայ դիւանագիտութեան համար։ Երիտասարդ դիւանագէտներու համար դասագիրք մըն է հատորը եւ մա՛նաւանդ այսօր, երբ Հայաստան կը տարուբերի Ռուսաստանի Դաշնութիւն եւ Եւրոմիութիւն կողմնորոշումներուն միջեւ (թէեւ ներկայի իշխանութիւնները իրենց որոշումը տուած են արդէն)։
Գիրքին, Առանց Վերջաբանիե գլուխը պէտք է ընթերցել քանի մը անգամ։ Այս հատուածին մէջ կայ ե՛ւ ինքնարժեւորում ե՛ւ մտավախութիւն եւ նաեւ պատգամ, զորս Վարդան Օսկանեան անթաքոյց կերպով կը փոխանցէ Հայաստանի եւ սփիւռքի այսօրուան ղեկավարութեան ու գալիք սերունդներուն. "…Երբ մենք թոյլ տուեցինք, որ 2008-ի նախագահական ընտրութեան եւ հետընտրական շրջանի լարուածութիւնն ու զգացմունքները իշխեն, դրանք ցոյց տուեցին, որ մենք՝ որպէս պետութիւն, պատրաստ չենք փոխադարձ հանդուրժողականութեան եւ քաղաքակիրթ երկխօսութեան։ Մեզանից՝ այդ շէնքում (արտգործերու նախարարութեան շէնքը, Անկախութեան հրապարակ, Երեւան) գտնուողներից լաւ ոչ ոք չգիտէր, որ դա երկուստէք սխալ էր։ Մեզանից լաւ ոչ ոք չգիտէր որ մեր ներքին զօրութիւնը, բարոյականութիւնն ու հաստատակամութիւնը մեր ամենալաւ, իրականում՝ միակ յաղթաթուղթն էր միջազգային ասպարէզում;" (Էջ 276)
Ընթերցելէ ետք գիրքը եւ երկար ժամեր խոկալէ ետք, վստահօրէն կարելի է յայտարարել թէ տակաւին չէ աւարտած Վարդան Օսկանեանի դիւանագիտական առաքելութիւնը, իսկ մեր նման շատեր իրմէ կը սպասեն նոր ծառայութիւններ։