Յարութ Տէր Դաւիթեան, Լոս Անճելըս, 8 Մայիս 2016
«Պատմութեան գրուած էջերը նախապէս ապրուածներու մասին են, իսկ սպիտակ էջերը՝ ապրուելիքներու մասին: Անցեալին ապրուած մեծ ողբերգութեան պատասխանատուներուն նման պիտի վարուի՞նք, թէ՞ ոչ այդ թերութիւններէն դաս քաղելով՝ նոր էջերն այս անգամ քաղաքակիրթ մարդու վայել ոճով պիտի գրենք: Մեր առջեւ ծառացած ամենամեծ պատասխանատուութիւն է այս:»
Հրանդ Տինք
Պատմութեան մասին նշանաւոր ասացուածքներէն մին՝ «պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ» արտայայտութիւնն է: Յաճախ կը կրկնուի այս խօսքը ամէն առթիւ երբ նոր դէպք մը կը պատահի, որ կու գայ յիշեցնել անցեալին պատահած նմանօրինակ դէպք մը:
Հարցումը, որ հազուադէպ կը հարցուի այն է, թէ ի՞նչու պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ: Պատասխանը յստակ պէտք է ըլլայ: Որովհետեւ մենք պատմութիւնէն դաս չենք քաղէր եւ ամէն մէկ սերունդ կը կրկնէ նախորդին սխալները, փոխանակ սորվելու անոնցմէ: Կը յառաջդիմեն միայն անոնք, որոնք նախկիններու փորձառութիւններէն դաս քաղելով, ըստ այնմ կը ծրագրաւորեն իրենց հեռանկարներն ու ապագան եւ կը ծաւալեն համապատասխան գործունէութիւն:
Եթէ փորձենք զուգահեռներ անցկացնել 20րդ եւ 21րդ դարերու սկզբնական տարիներուն վրայ, մեր աչքին առջեւ հետաքրքրական պատկերներ կը պարզուին:
«Պատմութեան գրուած էջերը նախապէս ապրուածներու մասին են, իսկ սպիտակ էջերը՝ ապրուելիքներու մասին: Անցեալին ապրուած մեծ ողբերգութեան պատասխանատուներուն նման պիտի վարուի՞նք, թէ՞ ոչ այդ թերութիւններէն դաս քաղելով՝ նոր էջերն այս անգամ քաղաքակիրթ մարդու վայել ոճով պիտի գրենք: Մեր առջեւ ծառացած ամենամեծ պատասխանատուութիւն է այս:»
Հրանդ Տինք
Պատմութեան մասին նշանաւոր ասացուածքներէն մին՝ «պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ» արտայայտութիւնն է: Յաճախ կը կրկնուի այս խօսքը ամէն առթիւ երբ նոր դէպք մը կը պատահի, որ կու գայ յիշեցնել անցեալին պատահած նմանօրինակ դէպք մը:
Հարցումը, որ հազուադէպ կը հարցուի այն է, թէ ի՞նչու պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ: Պատասխանը յստակ պէտք է ըլլայ: Որովհետեւ մենք պատմութիւնէն դաս չենք քաղէր եւ ամէն մէկ սերունդ կը կրկնէ նախորդին սխալները, փոխանակ սորվելու անոնցմէ: Կը յառաջդիմեն միայն անոնք, որոնք նախկիններու փորձառութիւններէն դաս քաղելով, ըստ այնմ կը ծրագրաւորեն իրենց հեռանկարներն ու ապագան եւ կը ծաւալեն համապատասխան գործունէութիւն:
Եթէ փորձենք զուգահեռներ անցկացնել 20րդ եւ 21րդ դարերու սկզբնական տարիներուն վրայ, մեր աչքին առջեւ հետաքրքրական պատկերներ կը պարզուին:
Աշխարհի Թաւալքը դէպի 20րդ Դար
20րդ դարի պարագային, ճարտարարուեստի եւ ազգայնական գաղափարներու առթած յեղափոխութեանց որպէս արդիւնք, համաշխարհային նոր համակարգ մը կը ձեւաւորուէր: Կայսրութիւններ (Օսմանեան, Ռուսական, Բրիտանական, Աւստրո-Հունգարական, Ֆրանսական, եւալն) սկսած էին ճարճատիլ եւ համեմատաբար նորեր (գաղութատիրական) սկսած էին ձեւաւորուիլ (Գերմանական, Ճաբոնական, Իտալական, Ամերիկեան-ԱՄՆ): Այս կայսրութեանց բաղկացուցիչ տարրերը բնականաբար ենթակայ էին այս վերաձեւաւորման թոհուփոհին: Գերմանիան կը շահագործէր Միջին Արեւելքի իսլամներու կրօնական զգացումները ընդդէմ Ռուսիոյ, Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի նկրտումներուն: Այս վերջիններ, Սայքս-Փիքոյի համաձայնագրով կը ծրագրէին իրար միջեւ բաժանել կործանման ենթակայ Օսմանեան կայսրութեան Միջին Արեւելեան տարածքները: Ռուսիան կը շահագործէր Օսմանեան կայսրութեան Քրիստոնեայ ազգերը, իսկ Օսմանեանն ալ Ռուսիոյ Իսլամները: Գերմանիան Պերլին-Պաղտատ երկաթագծով կը փորձէր տիրական ուժ դառնալ Միջին Արեւելքի մէջ եւ օգտուիլ շրջանի քարիւղի հանքերէն: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները միսիոնարական եւ կրթական ծրագիրներով ոտք կը հաստատէր նոյն շրջանին մէջ: Մեծ պետութիւններու գաղութատիրական ախորժակները իրարու հետ կը բախէին ու փոքրերը ոտնատակ կ'երթային: Մէկ խօսքով՝ 1876-էն մինչեւ 1915 տարիներուն, աշխարհի հողատարածքի քառորդը ձեռքէ ձեռք կը փոխանցուէր, յանգելով Համաշխարհային Առաջին եւ ապա Երկրորդ պատերազմներուն:
Աշխարհի Թաւալքը դէպի 21րդ Դար
21-րդ դարի պարագային, պատկերը շատ տարբեր չէ: Եթէ 1878 թուականի Պերլինի Վեհաժողովը նկատի առնենք որպէս դէպի 20րդ դար աշխարհի թաւալքի սկզբնակէտը, ապա կարելի է 1989-ի Պերլինի Պատի փլուզումը սկզբնակէտ համարել դէպի 21րդ դար համաշխարհային նոր համակարգի մը ձեւաւորման եւ համաշխարհային Գ պատերազմի մը ծագման ոչ արհամարհելի հաւանականութեան: Այդ թուականէն ի վեր առնուազն 34 նոր երկիրներ անկախ պետականութիւն հռչակած են: Բոլորիս ծանօթ է իսլամական շարժումներու շահագործումը, որ հրահրուեցաւ տապալելու համար Խորհրդային Միութիւնը, բայց կը շարունակուի նորանոր կերպարանքներով Իրաքի, Իրանի, Սուրիոյ, Լիպիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ ու հասած է մինչեւ Եւրոպա: Նոր կեանքի ու կենցաղի խոստումներով մէջտեղ եկած Արաբական «Գարուն»ը, կառուցումէ աւելի կործանում բերաւ շրջանի երկիրներուն եւ կը սպառնայ մեր նշած երկիրներու տարանջատմանց, ինչպէս նաեւ շրջանի այլ երկիրներու ապակայունացման եւ մեծաթիւ գաղթականներու արտահոսքին: Քարիւղատար խողովակներու ուղիներու ծրագրաւորումը պատճառ կը դառնայ համաձայն չեղող իշխանութիւնները տապալելու եւ դրածոյ հաւատարիմներ հաստատելու փորձերու, անկախ այդ տուեալ երկրի ընդհանուր բնակչութեան շահերէն: Մեծպետական մրցակցութիւնը եւ փոքր երկիրներու ու փոքրամասնութեանց շահագործումը կը շարունակուի, հողային նուաճումներու փոխան՝ տնտեսական եւ այլ միջոցներով: Համացանցի առթած յեղափոխութիւնը արագացուցած է համաշխարհայնացման ընթացքը, որ կը միտի բթացնել ազգայնական զգացումները եւ աշխարհը վերածել բաց շուկայի մը, ուր մարդիկ պարզապէս սպառողներ են այն ապրանքներուն, որոնք «մեծ»երուն կողմէ կը հրամցուին իրենց: Անգիտակից հետեւողներ՝ եւ ոչ թէ ինքնուրոյն մտածողներ:
Զուգահեռներ 20րդ եւ 21րդ Դարերու Սկզբնական Տարիներու Հայ Իրավիճակին
Այս բոլորը եւ աւելին աչքի առջեւ ունենալով, փորձենք կարգ մը զուգահեռներ անցկացնել Եղեռնի նախօրեակի եւ ներկայի մեր իրավիճակներուն:
– Ամենէն մտահոգիչ զուգահեռը մեր թուաքանակն է մեր հողերուն վրայ: Եղեռնի իրագործման գլխաւոր պատճառներէն մին մեր փոքրաթիւ ըլլալն էր Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին: 1980-ականներու մօտ 4 միլիոննոց Հայաստանը շատ աւելի մեծ ապահովութիւն էր մեր պետականութեան ամրակայման համար, քան թէ ներկայի մօտ 2 միլիոննոց Հայաստանը: Արցախը ազատագրեցինք ու փոխանակ վերաբնակեցման, հայաթափման ականատես կ'ըլլանք: Տագնապահար Սուրիահայութեան հազիւ 10-15 տոկոսը կը նախընտրէ Հայաստան հաստատուիլ, իսկ Հայաստանի մէջ կատարուած հարցախոյզերը ցոյց կու տան, որ տակաւին մեծ տոկոս մը նպատակադրած է արտագաղթել: Եւ այս մտահոգիչ պատկերը կը պարզուի ընդդէմ Ազրպէյճանի բնակչութեան աճին:
– Մտահոգիչ կարեւոր զուգահեռ մըն է նաեւ մեր վերնախաւի եւ ժողովուրդի մեծամասնութեան միջեւ տիրող անջրպետը: Ինչպէս որ Եղեռնի նախօրեակին Պոլսոյ (նաեւ Թիֆլիսի եւ Պաքուի) հայ վերնախաւն ու մեծահարուստները անտարբեր կը մնային գաւառներու պարպումին ու հոնկէ եկող մտահոգիչ լուրերուն, այնպէս ալ այսօր, մեր վերնախաւը անտարբեր կը մնայ սահամնային մեր գիւղերու վատթարացման վիճակին: Թէ՛ անցեալին եւ թէ՛ այսօր, անոնց մտահոգութեան առանձքը միայն իրենց դիզուող հարստութիւնն է, եւ ոչ թէ այդ հարստութեան աղբիւր հողի ամրակայումը ու ժողովուրդի բարօրութիւնը:
– Վերեւ նշուած զուգահեռին հետ անմիջականօրէն կապուած զուգահեռ մըն է նաեւ ազգասիրութեան եւ հայրենասիրութեան ոգիի առկայութիւնը եւ հայրենի հողի հետ կապուածութեան կարեւորութիւնը: Խրիմեան Հայրիկներու «Պապկէ Պսակ»ի դասերն ու յորդորները՝ ամուր կառչելու բոլորիս սնունդ հայթայթող հայրենի հողին, Գնդապետ Մազմանեաններու անձնազոհողութեան օրինակը՝ ամէն գնով պաշտպանելու հայրենի հողը, դժբախտաբար ժամանակին չ'իւրացուեցան մեր վերնախաւի, պետական այրերու եւ ժողովուրդի կարեւոր հատուածին կողմէ, պատճառ հանդիսանալով անդառնալի կորուստներու, որոնց գագաթնակէտը Կարսի խայտառակ յանձնումն էր: 1990-ականներու Արցախեան ազատամարտն ու այս ամսուան սկիզբի Արցախեան ճակատի ոգեշնչիչ օրինակները մեզ կը յուսադրեն, որ անոնք չեն դառնար լոկ անցեալի ֆիտայական անջատ պոռթկումներու դէպքեր, այլ կ'ամրագրուին բոլորիս մտայնութեան մէջ, որ Հայրենիք պահելու միակ ճամբան այդ է, եւ կը մղեն բոլորս համազգային զօրաշարժի, գործելու այդ գիտակցութեամբ եւ վճռակամութեամբ:
– Մեր մօտիկ անցեալի եւ ներկայի պատմութիւնը մեզի կը յուշէ, որ ո՛չ Թուրքը եւ ո՛չ ալ Ռուսը կ'ուզեն հզօր Հայաստան մը տեսնել իրենց սահմանին, այլ կը նախընտրեն կամ բնաջնջել մեզ եւ կամ ալ ունենալ «Հայաստան առանց Հայի», կամ ենթակայ իրենց: Նոյնն է պարագան Արեւմուտքի պետութեանց: Անցեալին, Հայկական Հարցն ու Բարենորոգումներու Ծրագիրը շահարկման առարկայ էր մեծ պետութեանց համար, մեր հաշւոյն զիջումներու կորզելու Օսմանեան կայսրութիւնէն: Այսօր, անոնց շահարկման առարկան Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման արշաւն է: Խելքի պիտի գա՞նք, թէ ոչ՝ «Ծերանում ենք, Պարոյր Սեւակ, սակայն … խելքի չե՜նք գալիս…»:
– Մէկ այլ կարեւոր զուգահեռ մը, կազմակերպութեանց շահերը ազգային շահէն գերադաս համարելն է, ի վնաս երկրի ընդհանուր շահերուն եւ բարօրութեան: Թէ՛ Եղեռնի նախօրեակին եւ թէ՛ ներկայիս, կը հանդիպինք շատ մը օրինակներու, ուր ազգային շահը տեղի տուած է կազմակերպութեանց շահերուն: Օրինակ՝ Օսմանեան Խորհրդարանէն ներս պատգամաւորական աթոռներու առուծախը, նոյնիսկ Ատանայի կոտորածի յետնօրեակին, որով Իթթիհատը կը կաշառէր ՀՅԴ-ն: Այսօր ալ, նմանօրինակ կաշառք տեղի ունեցաւ երբ իշխանութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը իր ձեռքին ունեցող ՀՀԿ-ն, 19 նախարարութիւններէն 3 հատը տուաւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն 5 տոկոսի սահմանը չանցած ՀՅԴ-ին: Թէ՛ անցեալին եւ թէ՛ ներկայիս, այսպիսի առուծախ երբէք արդարանալի չէ մեր ազգային շահերէն մեկնած: Դեռ չենք խօսիր Հայաստանէն ներս «առնետավազքերու» եւ տարբեր նախարարութիւններու միացման կամ բաժանման մասին, մեկնած անհատական թէ հատուածական հաշիւներէ եւ ոչ թէ երկրին շահերէն:
– Այս խորհրդածութիւնները աւարտենք մէկ այլ զուգահեռի մը նշմամբ: Անցեալի պաշտամունքը մեր մէջ, միշտ ալ աւելի շեշտուած է, քան ապագայի մասին մտորումները: Հասկնալի է այս մէկը, որովհետեւ աւելի հեշտ է կատարուածին նայիլը, մանաւանդ մեզ նման դարաւոր անցեալ ունեցող ազգի մը համար, քան թէ կատարուելիքի մասին խորհրդածելը, ծրագրելն եւ կերտելը: Անցեալը հարստութիւն է բոլոր անոնց համար, որոնք կրնան դասեր քաղել անկէ ու զայն աւելի հարստացնել: Իսկ անցեալի հարստութեամբ գոհացողին ու զայն ծախսողին համար, անիկա կրնայ յանգիլ սնանկացման ու դառնալ մահաբեր:
Եղեռնը քշեց տարաւ վերնախաւն ու պարզ ժողովուրդը, հարուստն ու աղքատը, տարբեր կազմակերպութեանց ու հարանուանութեանց պատկանող հայերը: Եղեռնը պատճառ դարձաւ մեր հողազրկումին, բնաջնջումին եւ մնացորդացի սփռումին: Մեզի մնաց նահատակներուն կտակը՝ պատմութեան դասերը: Հարց տանք Հրանդ Տինքի հետ. «Անցեալին ապրուած մեծ ողբերգութեան պատասխանատուներուն նման պիտի վարուի՞նք, թէ՞ ոչ այդ թերութիւններէն դաս քաղելով՝ նոր էջերն այս անգամ քաղաքակիրթ մարդու վայել ոճով պիտի գրենք: Մեր առջեւ ծառացած ամենամեծ պատասխանատուութիւնն է այս:»