Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան, Ժընեւ, 22 Սեպտեմբեր 2013
«Վասն զի ուղղափառ հաւատոյ քո լոյս, ո՜վ Եկեղեցի Հայոց, ոչ նուազեցաւ. ի բարի սերմանս ցորենոյդ` որոմ ոչ խառնեցաւ. զաղբիւր յստակ աւանդութեանց քոց` աղտաղտուկ ջուր օտարոտի ուսմանց ոչ պղտորեաց. ի ստուգութեան եւ ի ճշմարտութեան հացն քո կենդանական` մեռելական խմոր եւ հերձուած քացախութեան չարութեանն ոչ զանգեցաւ. յոսկի անբիծ հաւատոյն եւ յարծաթ լուսատեսիլ բանին` պղինձ ժանգահոտ եւ կապար սեւաթոյր ոչ գտաւ»:
«Որովհետեւ քու ուղղափառ հաւատքի լոյսը չխամրեցաւ, ո՜վ Հայոց Եկեղեցի, ցորենիդ բարի սերմերուն որոմ չխառնուեցաւ, օտարոտի ուսմունքներու աղտաղտուկ ջուրը չպղտորեց քու աւանդութեան մաքուր աղբիւրը, քու ճշմարտութեան եւ արդարութեան կենդանի հացին մէջ անկենդան խմոր եւ չարութեան ապականութեան հերձուած չշաղախուեցաւ, քու անբիծ հաւատքի ոսկիին եւ լուսատեսիլ խօսքի արծաթին մէջ ժանգահոտ պղինձ եւ սեւաթոյր կապար չգտնուեցաւ» Յովհաննէս Վրդ. Երզնկացի Պլուզ
Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան, Ժընեւ, 22 Սեպտեմբեր 2013
«Վասն զի ուղղափառ հաւատոյ քո լոյս, ո՜վ Եկեղեցի Հայոց, ոչ նուազեցաւ. ի բարի սերմանս ցորենոյդ` որոմ ոչ խառնեցաւ. զաղբիւր յստակ աւանդութեանց քոց` աղտաղտուկ ջուր օտարոտի ուսմանց ոչ պղտորեաց. ի ստուգութեան եւ ի ճշմարտութեան հացն քո կենդանական` մեռելական խմոր եւ հերձուած քացախութեան չարութեանն ոչ զանգեցաւ. յոսկի անբիծ հաւատոյն եւ յարծաթ լուսատեսիլ բանին` պղինձ ժանգահոտ եւ կապար սեւաթոյր ոչ գտաւ»:
«Որովհետեւ քու ուղղափառ հաւատքի լոյսը չխամրեցաւ, ո՜վ Հայոց Եկեղեցի, ցորենիդ բարի սերմերուն որոմ չխառնուեցաւ, օտարոտի ուսմունքներու աղտաղտուկ ջուրը չպղտորեց քու աւանդութեան մաքուր աղբիւրը, քու ճշմարտութեան եւ արդարութեան կենդանի հացին մէջ անկենդան խմոր եւ չարութեան ապականութեան հերձուած չշաղախուեցաւ, քու անբիծ հաւատքի ոսկիին եւ լուսատեսիլ խօսքի արծաթին մէջ ժանգահոտ պղինձ եւ սեւաթոյր կապար չգտնուեցաւ» Յովհաննէս Վրդ. Երզնկացի Պլուզ
Հայաստանեայց Առաքելական մեր Մայր եւ Ս. Եկեղեցւոյ նկատմամբ այրող սիրոյ հրամայականն է որ զիս կը պարտաւորեցնէ Եպիսկոպոսական Ժողովիդ ներկայացնել առկայ նամակը: Գուցէ ինծի նման շատերու միտքն ու սիրտը, խիղճն ու հոգին կը ճենճերի այն իրավիճակով, որուն դէմ յանդիման կը գտնուի այսօր Հայ Եկեղեցին. ուստի` թող այս նամակի սեղմ տողերուն մէջ բարձրացած ըլլայ նաեւ այն բիւրաւոր հայորդիներուն ձայնը, որոնք նախանձախնդիր են իրենց պապերու հաւատքին, սրբութիւններուն, աւանդութիւններուն, պատմութեան եւ ինքնութեան գերագոյն արգասիքը հանդիսացող Հայ Եկեղեցւոյ նկատմամբ, եւ միաժամանակ իրաւացիօրէն մտահոգուած են անոր ներկայով եւ ա՛լ աւելի՝ ապագայով:
Ո՛վ հայրեր եւ ճշմարտութեան վարդապետներ, Ձեզի´ վստահուած է մեր միածնաէջ եւ աստուածակառոյց Հայ Եկեղեցւոյ ղեկավարութիւնը: Հոգեւոր ներշնչումով, հաւատքով եւ ճշմարտութեան տեսիլքով առած Ձեր որոշումները կրնան ոռոգել մեր Եկեղեցւոյ երբեմնի դալար անդաստանը, արգասաւորել անոր կենսատու հողը նոր փթթումներով, երկնել դարագլուխ կազմող շրջադարձ մը ազգային-եկեղեցական զարթօնքի, հանդիսանալ հայութեան ընկերային եւ հասարակական կեանքին մէջ հոգեւոր փարոս մը կողմնորոշումի ու դառնալ սկիզբ բարոյական գիտակցութեան մը բարձր կերտումին:
Արդարեւ, մեր միասնական հայրենիքի` Հայաստանի անկախացումէն եւ պետականութեան վերստեղծումէն ետք, Եկեղեցւոյ եւ ընդհանրապէս կրօնական արժէքներուն նկատմամբ յառաջացած ժողովրդային հետաքրքրութեան եւ դրական մօտեցումի հսկայ ալիքը, վերջին քանի մը տարիներու ընթացքին, կը թուի հետզհետէ գտնուիլ ծանծաղ տեղատուութեան մը մէջ. այս մասին կ’ապացուցանեն անցնող երկու տարիներուն իրարայաջորդ պատահարները եւ հայ մամուլին, նաեւ համացանցային տարատեսակ կայքէջերուն մէջ լոյս տեսած բողոքի եւ ընդվզումի բազմաթիւ յօդուածները, զորս թուարկել տեղին չէ այստեղ: Այնուամենայնիւ, փաստերը մատնացոյց կ’ընեն մեր հանրային եւ եկեղեցական կեանքին մէջ ստեղծուած ջղուտ իրավիճակ մը, բացասական տրամադրուածութեան եւ լարուած մթնոլորտի մը յառաջացումը, այս կացութեան մէջ վատթարագոյնը` Եկեղեցւոյ որոշ ղեկավարներու հանդէպ հաւատացեալներու լայն շրջանակներուն մօտ վստահութեան մը պաշարին տակաւ առ տակաւ սպառումը:
Դժբախտաբար, կարծէք թէ հայ մարդուն սրտին մէջ կոտրեցաւ բան մը. մինչեւ հիմա խնամքով պահպանուած խորհրդապաշտութիւն մը փշրուեցաւ բախելով բիրտ իրականութեան մը ժայռին: Մեր համեստ դիտարկումով, այս անբարենպաստ կացութեան ստեղծման իսկական դրդապատճառները ոչ թէ հաւատացեալ հայուն ունեցած խնդիրն է իր պաշտած կրօնքին էութեան կամ հաւատացած Մայր Եկեղեցիին հետ, այլ այն գործելաոճին, որ իր դրսեւորումներու բռնազբօսիկ երանգներով որդեգրուեցաւ մեր Եկեղեցւոյ բարձրաստիճան ղեկավարութեան կողմէ վերջին եւ նորագոյն ժամանակներուն:
Թերեւս ընդհանրապէս Հայ Եկեղեցին կազմակերպելու, գուցէ անոր մէջ նոր կարգ ու կանոն մը ամրագրելու ծրագիրն է եղած պատճառը Եկեղեցւոյ ղեկավարութեան որդեգրած այս ընթացքին, բայց պէտք է գիտնալ որ միշտ նպատակը չէ որ կ’արդարացնէ միջոցը: Որքան ալ սուրբ ըլլայ նպատակը, միջոցն ալ պէտք է հիմնուած ըլլայ բարոյական սկզբունքներու, արդարութեան եւ առաւել եւս` ճշմարտութեան վրայ:
Մեր արդի հասարակութեան մէջ շատեր կը կարծեն թէ Եկեղեցիին ներկայացուցածը պատրանքի եւ խաբէութեան աշխարհ մըն է: Բայց մենք զարհուրանքով տեսանք նաեւ ամբողջ համակարգերու փլուզումը աշխարհիկ միջավայրին մէջ` տնտեսական շուկաներու, մամուլի եւ դրամատիրական հասարակարգի: Դրամատուներու կրանիտեայ թուացող հսկայական համակարգ մը ակնթարթի մը մէջ փճացուց ժողովուրդներու ազգային հարստութիւնը, որ ամբարուած էր սերունդներու անդուլ զոհողութիւններով: Արդեօ՞ք վտանգած չէ ժամանակակից մեր հասարակութիւնը իր ընկերային հասարակարգի բարոյական չափանիշները` ինքզինք գահավիժելով դէպի անյատակը կեանքի արժեզրկութեան: Կան նաեւ կեանքի անչափելի արագացումը, հաղորդակցական միջոցներու տարատեսակ եւ նորանոր յայտնագործումները, համացանցերուն տիեզերքը, որոնց անհունին վրայ անգամ կարելի չէ նշմարել հորիզոնը: Ունի՞ մարդկութիւնը պատասխաններ այս մարտահրաւէրներուն դիմաց, ո՞ւր կը գտնուինք այժմ եւ դէպի ո՞ւր կ’երթանք մենք:
Եթէ երբեք մեր Եկեղեցին կորսնցնէ հայ հասարակութիւնը բարոյապէս կերտելու իր ուժականութիւնն ու առաքելութիւնը, ո՞վ կամ ի՞նչը պիտի վերցնէ անոր տեղը. արդեօ՞ք կայ աշխարհիկ կառոյց մը որ փոխարինէ զայն:
Ահաւասիկ, ընկերային հասարակութեան ճգնաժամը կը ներկայացնէ հարցին մէկ երեսը, իսկ Եկեղեցիինը` միւսը: Բայց երկուքն ալ սերտօրէն առնչուած են իրարու, եւ ճիշդ հոս է որ Եկեղեցին իր հոգեւոր ընդերքէն, հաւատքի իր բիւրեղ ակունքէն կրնայ վերանորոգել ինքզինք, իր յուսադրիչ ներկայութիւնը, նաեւ իր հոգեւոր-բարոյական հեղինակութիւնը անփոխարինելի դարձնել հոն, ուր տնտեսական եւ քաղաքական բարօրութիւնը ընկրկած է, խիղճին ձայնը մարդոց սիրտերուն մէջ տկարացած է, հաւատքին թռիչքը խոնարհիլ, սիրոյ հուրը անթեղել եւ յոյսին լոյսը դէպի վաղուան բոցավառ արշալոյսը աղօտիլ սկսած են:
Այսօր, թէկուզ լուրջ եւ մտահոգիչ ճգնաժամի մը մէջ, ընդհակառակը, մեր Մայր եւ Ս. Եկեղեցիին կը ներկայանայ լաւագոյն առիթը` կերտելու նոր սկիզբը համազգային եւ եկեղեցական կեանքի դարագլուխ կազմող բարոյական վերանորոգումին ու զարթօնքին:
Առ այս, Եկեղեցին իրաւունք չունի թաքնուելու եւ ոչ ալ անոր հոգեւոր սպասաւորները ունին իրաւունք հաւկուր ձեւանալու կամ վարելու ջայլամի քաղաքականութիւն մը՝ անտեսելով անհերքելի իրականութիւնը: Քաջութիւն է պէտք ըլլալու համար ճշմարտութեան կողմը, բարոյական բարձրութիւն` ընդունելու համար նաեւ սեփական թերութիւններն ու տկարութիւնները: Եկեղեցին պէտք է մօտեցնել մարդոց, պէտք է կուռ համոզում դարձնել հայ մարդուն մօտ, որ Եկեղեցին ո՛չ միայն ժողովուրդինն է, այլ, բառին իսկական առումով, ի Քրիստոս կոչուած եւ անոր խորհրդաւոր ներկայութեան առջեւ Եկեղեցի դարձած ժողովուրդն է, եւ թէ իւրաքանչիւր անդամ կը ներկայացնէ անփոխարինելի ու անշփոթելի արժէք մը անոր հաւաքական մարմնին մէջ: Հաւատքը պէտք է աւետարանել ու բացատրել անոր. եւ այդ կարելի է, քանի քրիստոնէական հաւատքը առասպել մը չէ, ան իրական է` բանական, ըմբռնելի եւ մատչելի ամէնուն:
Վերադարձդէպիաղբիւրըլոյսինեւճշմարտութեան
Մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի քարոզչական գործունէութիւնը սկսաւ Գալիլեայի մէջ՝ հիմնական պատգամով մը. “Մօտեցած է երկնքի արքայութիւնը[1]”: “Հասած է Աստուծոյ արքայութիւնը[2]”, կամ շատ աւելի ճշգրիտ` “Աստուծոյ Արքայութիւնը ահա ձեր ներսիդին, ձեր մէջն է[3]”: Այս պատգամին կը նախադրուի սակայն Տիրաւանդ հզօր կոչ մը, որ միաժամանակ ուղղուած է անհատ մարդուն եւ հաւաքականութեան` “Ապաշխարեցէ´ք”: Արմատական շրջադարձի մը այս հրաւէրը, կեանքի բոլոր մակարդակներուն վրայ, վերջին հնարաւորութեան մը նախապայմանն է ըլլալու համար ատակ՝ ընդունելու փրկութեան այն մեծագոյն շնորհը, զոր Աստուած կը պարգեւէ մարդուն:
Վիժած այժմու հոգեւոր-բարոյական ճգնաժամին մէջ արդեօ՞ք ժամանակը չէ կատարել անկեղծ եւ հիմնական վերադարձ մը դէպի քրիստոնէական հաւատքին ակունքը, Ս. Աւետարանի կենարար պատգամը, թարգմանել զայն նախ մեր կեանքին մէջ, ծանօթանալ Յիսուս Քրիստոսի խորհուրդին ու անոր տիեզերական մեծութեան հետ: Բաւարար չէ կարդալ Աւետարանը, ապրի´լ պէտք է զայն, որպէսզի համոզիչ դառնայ հին կարգախօսը` “Եկեղեցականներուն կենցաղը աշխարհականներուն գիրքն է”: Արդարեւ, Եկեղեցւոյ հոգեւոր ղեկավարութեան ներկայի մեծ պատասխանատուութիւնը` աւետարանումի ճամբով առաքելական նոր գործունէութեան մը ձեռնարկումն է հայ ժողովուրդի կալուածէն ներս: Դասական հին արժէքներու կորուստին, հոգեւոր-բարոյական գիտակցութեան սնանկացումին, յարաբերական համոզումներու եւ օտարոտի, խայտաբղէտ վարդապետութիւններու դիւթականութենէն այլափոխուող նամանաւանդ հայկազուն մեր նոր սերունդին ծանօթացնել հայաբոյր տոհմիկ արժէքներուն եզակիութիւնը, զանոնք մօտեցնել Աստուծոյ՝ վկայելով ճշմարտութեան մասին: Ճշմարտութիւնը` արարչութեան խորհուրդին, մարդկային գոյութեան, անոր աստուածատուր կոչումին, մեր տածած յոյսին մասին, որ կը գերազանցէ նիւթականը ու աշխարհին հետ կապուած մեր ֆիզիքական պայմանաւորուա- ծութիւնը:
Ցաւալի է հաստատել, որ առկայ ճգնաժամը նաեւ արդիւնք էր եկեղեցական-հոգեւորական կալուածին մէջ ներթափանցած նիւթապաշտ մտածողութեան: Եկեղեցիի արժէքաբանութեան գնահատանքի նժարին վրայ անբնական փոփոխութիւն մը կատարուեցաւ, սխալ բան մը պարտադրուեցաւ հոն, յառաջ քաշուեցան անոնք` որոնք կրցան եկեղեցականի Բանին կենաց քարոզութեան առաքելութիւնը վերածել ժանտ դրամահաւաքի մը: Այս տեսակ գործունէութիւնը շատերու մօտ նկարագրային նստուածք դարձաւ, եղաւ չարաբաստիկ մտայնութիւն` ունենալ, փոխարէն` ըլլալու:
Այս ընթացքը կարելի չէ շարունակել: Պէտք չէ հայ հասարակութեան լայն խաւերը մղել Եկեղեցիին ու անոր հոգեւոր ղեկավարութեան հանդէպ ճարահատ անտարբերութեան: Ժամանակն է զգաստանալու եւ սթափելու: Ժամանակն է հիմնապէս վերադառնալու դէպի հաւատքին ակունքը, դէպի Ս. Աւետարանը, էապէս վերանորոգուելու, անոր խօսքին ու պատգամին լեցունութեամբը զօրանալու եւ, ի վերջոյ, անոր կենսայորդ երակներէն կարենալ սնուցանելու համար մեր Մայր եւ Ս. Եկեղեցիին սիրասուն զաւակները:
Չկայ աւելի վեհ եւ խորիմաստ բառ մը քան արարչագործութեան անդրանիկ ստեղծագործու- թիւնը հանդիսացող “Լոյս”ը: Լոյսը խորհրդանիշն է Քրիստոսի եւ ճշմարտութեան, իսկ Եկեղեցին` անոնց աղբիւրը: Այսօր շատ շատեր ծարաւ են այդ լոյսին ու կարօտ` ճշմարտութեան: Իբրեւ եկեղեցականներ, հիմա հանգիստ խղճով կրնա՞նք ըսել` “զՊաշտօնն իմ փառաւոր առնեմ”, ու բանալ այդ աղբիւրը լոյսին եւ ճշմարտութեան` հայ մարդուն, հայ հաւատացեալին, հայ ժողովուրդին առջեւ անխտիր: Մեր Տէրը այդ է որ ըրաւ իր աստուածմարդկային կատարեալ կեանքով ու գործով: Ան այս է որ կը պահանջէ մեզմէ` ըլլալ “մատակարարները” իր աստուածային ճշմարտութենէն բխած հոգեւոր լոյսին: Որքա´ն պարտ են հետեւիլ իր Անձին օրինակին Քրիստոսի Եկեղեցիին սպասաւոր կարգուած հոգեւորականները, յատկապէս ներկայի այս հոգեւոր-բարոյական ճգնաժամին մէջ:
Հոգեւոր իշխանութիւնը
Իւրաքանչիւր կազմակերպութեան, հաստատութեան, մեծ երկիրներու, նոյնիսկ պարզունակ ընտանիքի մը հիմքին վրայ իշխանութիւնը անհրաժեշտ է զանոնք ղեկավարելի դարձնելու համար: Աստուածաշունչը, անշուշտ, Եկեղեցիի հոգեւոր ղեկավարներուն կը շնորհէ որոշակի իշխանութիւն` հաւատացեալ հօտը առաջնորդելու եւ ոչ թէ անոր տիրապետելու համար: Դժբախտաբար, այս շատ զգայուն հարցը պատմութեան ընթացքին յաճախ չարաշահուած է, եւ այսօր ալ տեղիք կու տայ սխալ մեկնաբանումներու: Վերջին քանի մը տարիներուն, որոշ եկեղեցականներու մօտ մտայնութիւն եւ գործելաոճ դարձած է Եկեղեցւոյ հոգեւոր ու վարչական կեանքէն ներս բիրտ ուժին կիրարկումը, կարենալ իրականացնելու համար մեծաւ մասամբ ինքնանպատակ ձեռնարկումներ: Սոյն փաստը ամբողջապէս անհամապատասխան է այն սուրբ վարդապետութեան, զոր Աւետարանին ընդմէջէն մեզի կը պատգամէ մեր քրիստոնէական հաւատքին փրկագործ հիմնադիրը` Քրիստոս, եւ կ’աւանդէ ճշմարիտ Եկեղեցին:
Հայ Եկեղեցին ո´չ պետութիւն է եւ ո՛չ ալ քաղաքական իմաստով կառավարութիւն մը: Հայ Եկեղեցիին նուիրապետական կառոյցը կարելի չէ նոյնացնել պետութեան մը դրուածքին հետ, կամ զայն շփոթել զինուորական բանակի մը կազմուածքին հետ` գերադասութեան եւ ստորադասութեան, հրամանատար եւ զինուոր յարաբերութեան սկզբունքէն մեկնելով: Զինուորը պէտք է անպայման ենթարկուի հրամանատարի հրամանին, այլապէս ծանրօրէն կրնայ պատժուիլ կամ յոռեգոյն պարագաներուն` գնդակահարուիլ: Բառին իսկական առումով, Եկեղեցւոյ նուիրապետութիւնը չի կրնար համեմատուիլ, նոյնիսկ նոյնանալ ընկերային հասարակարգին ու անցեալին մէջ երբեմն հոն իշխող բարքերուն` ազատի եւ ստրուկի, ճորտատէրի եւ ճորտի, տիրոջ եւ ծառայի կարգավիճակին հետ: Եկեղեցին մարդկային հասարակութեան մէջ կոչուած է ըլլալու զատ հասարակութիւն մը: Եկեղեցին սո´ւրբ է, ուստի` հին եւ ուղիղ հասկացողութեամբ սրբութեան հիմնական յատկանիշն է իր տեսակին մէջ զատուիլ եւ սրբազան կամ օգտակար նպատակի մը յատկացուիլ: Այս իմաստով ու այս առումով էր նաեւ, որ նախկին քրիստոնեաները “սուրբեր” կը կոչուէին, քանզի Աստուծոյ օրէնքը ընդունելով եւ ի Քրիստոս փրկութեան կոչուած ըլլալով, զատուած էին ժամանակի հասարակական կենցաղավարութենէն ու բարքերէն: Հետեւաբար, Պետրոս առաքեալ իր խօսքն ուղղելով քրիստոնեայ հաւատացեալներուն, կ’ըսէ. “Դուք ընտիր ցեղ էք, թագաւորութիւն, քահանայութիւն, սուրբ ազգ, Աստուծոյ սեփական ժողովուրդ[4]”: Իսկ Պօղոս առաքեալ, երբ ողջոյն կը յղէ մէկ եկեղեցիի անդամներէն ուրիշ եկեղեցիի մը, կ’ըսէ. “Կ’ողջունեն ձեզ բոլոր սուրբերը”: Այս եւ աւետարանական բազմաթիւ այլ վկայութիւններ կու գան հաստատելու այն իրողութիւնը, որ Եկեղեցին իբրեւ ժողովուրդ Աստուծոյ, ընկերային հասարակութեան մէջ նոյնպէս հասարակութիւն մը ըլլալով հանդերձ, ջոկուած է. բայց ան ունի Տէրունաւանդ առաքելութիւն մը` ըլլալ թթխմորի նման` մարդկային ընկերութեան ամբողջ զանգուածը շաղախելու համար Յարուցեալ Տիրոջ փրկարար ներկայութեան եւ Ս. Աւետարանի լոյսով:
Աստուծմէ Եկեղեցիին շնորհուած, իսկ Եկեղեցիէն նուիրապետութեան վստահուած հեղինակութիւնը գերազանցապէս սիրոյ ծառայական առաքելութիւն մըն է՝ համաձայն Տիրաւանդ այն պատգամին. “Եթէ մէկը կ’ուզէ առաջինը ըլլալ, ամէնքին մէջ վերջինը եւ ամէնուն սպասաւորը թող ըլլայ[5]”: Բարոյական այս մօտեցումը շատ աւելի ցայտուն կ’արտայայտուի Ոտնլուայի առթիւ, երբ Յիսուս իր աշակերտներուն դիտել կու տայ. “Գիտէ՞ք թէ ինչ ըրի ձեզի… Դուք զիս վարդապետ եւ Տէր կը կոչէք… Եթէ ես` Տէրս եւ Վարդապետս ձեր ոտքերը լուացի, դուք ալ պարտաւոր էք իրարու ոտքերը լուալ, որովհետեւ օրինակ մը տուի ձեզի, որպէսզի ինչ որ ես ձեզի ըրի, դուք ալ այնպէս ընէք[6]”:
Եկեղեցին իր նուիրապետութեան կողմէ աստուածադիր հոգեւոր-բարոյական օրէնքով կը ղեկավարուի, որ նման չէ աշխարհիկ քաղաքական եւ քաղաքացիական օրէնքին. ան կը տարբերի անկէ, որովհետեւ գերազանցապէս կը հիմնուի աստուածային սիրոյ եւ ծառայութեան սկզբունքին վրայ: Սոյն իրողութիւնը լաւագոյնս կ’արտայայտուի Մարկոսի Աւետարանին մէջ վկայուած Յիսուսի աստուածախօս պատգամով. «Գիտէք, որ հեթանոսներու մէջ իշխանաւոր համարուածները կը տիրեն անոնց. եւ անոնց մեծամեծները կ’իշխեն անոնց վրայ. ձեր մէջ ալ այդպէս պէտք չէ ըլլայ… Ձեզմէ ով որ ուզէ առաջին ըլլալ` ամէնքին ծառայ թող ըլլայ. որովհետեւ մարդու Որդին ալ չեկաւ ծառայութիւն ընդունելու, այլ` ծառայելու …[7]»:
Ցաւալի է հաստատել, որ նոյնիսկ Եկեղեցիին մէջ Յիսուսի եղբայրասիրութեան եւ փոխադարձ ծառայասիրութեան վարդապետութենէն ցայսօր շատ բան փոխուած է: Եկեղեցւոյ ղեկավարութեան շարքերուն մէջ տեղակալած է բռնամոլութեան հասնելու չափ հեղինակութեան ձգտելու ցանկութիւն: Զգալի դարձած է, որ անոնցմէ շատեր ունին ինքնավստահութեան մեծ պակաս մը եւ թերեւս ալ կը տառապին “նափոլէոնական բարդոյթ”ով: Անշուշտ պէտք է գիտնալ, որ մարդիկ հեղինակութիւն չեն ունենար, այլ՝ հեղինակութիւն կ’ըլլան: Այո՛, հեղինակութիւն կը դառնան, եթէ իշխանութիւնը հիմքէն` ժողովուրդէն դէպի վեր բարձրանայ ու փոխանցուի այն անձին, որ ատակ է զայն կրելու: Հեղինակութիւնը պատիւ, բայց միաժամանակ պատասխանատուութիւն եւ պարտք մըն է ամբողջանուէր ծառայութեան. ծառայութիւն՝ Քրիստոսի Եկեղեցիին եւ հաւատացեալ ժողովուրդին: Ընդհակառակը, եթէ իշխանութիւնը վերէն վար, ղեկավարէն ժողովուրդին պարտադրուի, կը վերածուի բռնատիրութեան, ուր վախի մթնոլորտը կը տիրէ, կաշկանդումները կը շատնան եւ լրտեսները կը վխտան:
Ե. դարու Ընդհանրական Եկեղեցւոյ մեծագոյն սուրբերէն Ս. Օգոստինոս, խօսքը ուղղելով իր ժողովուրդին, կ’ըսէ. “Ես ձեր եպիսկոպոսն եմ, բայց միայն ձեզ հետ միասին կրնամ քրիստոնեայ ըլլալ”: Եկեղեցւոյ նուիրապետութեան բոլոր ներկայացուցիչները անխտիր պէտք է ըլլան Քրիստոսի Եկեղեցիին մէջ ծառայողներու ծառաները եւ ոչ թէ ոյժ, իշխանութիւն, հեղինակութիւն եւ հարստութիւն ունեցողներ:
Եկեղեցին հաւատացեալ ժողովուրդն է, ժողովուրդը` Եկեղեցին: Հոգեւոր սպասաւորը ի պաշտօնէ եւ կոչումով Աստուծոյ խօսքը անոր մատակարարողը եւ զայն (իմա` ժողովուրդը) ուղղորդողն է: Եկեղեցին ժողովուրդին համար է եւ ոչ թէ ժողովուրդը Եկեղեցիին: Մեր եկեղեցական հոգեւորական ընտանիքին մէջ պէտք չէ այն մտածելակերպը տիրող դառնայ, թէ կղերականներն են Եկեղեցւոյ իշխանաւորներն ու տէրերը, իսկ ժողովուրդը կը գտնուի սպասարկողի դերին ու կարգավիճակին մէջ: Սոյն մտածելակերպը շատ վտանգաւոր հայեցակէտ մըն է եւ ամբողջապէս անհամապատասխան է Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ ազգային նկարագրին ու ժողովրդավարական հնաւանդ կանոնին:
Հայց. Առաք. Եկեղեցին եւ իր ժողովրդավարութիւնը
Հայց. Առաք. Եկեղեցին եկեղեցիներու ընտանիքին մէջ կը գրաւէ առանձնայատուկ տեղ` արեւելեան հոգեւոր աւանդութիւններու ճոխութեամբ, աստուածաբանական-դաւանաբանական հայեցակէտերու ուրոյն մեկնաբանութեամբ, ինքնանկախութեամբ (աւտօքեֆալ), նաեւ իր վարչական կեանքը կազմակերպելու մէջ նուիրականացած ժողովրդավարութեամբ: Եկեղեցւոյ վարչական կեանքին մէջ ժողովուրդին գործօն մասնակցութիւնը, ուրեմն, կը հանդիսանայ Հայ Եկեղեցւոյ մեծագոյն ձեռքբերումներէն մէկը: Եւ սոյնը ոչ թէ նորամուտ նորաձեւութիւն մըն է Հայ Եկեղեցիին համար, այլ` ամրագրուած ընդոծին աւանդութիւն մը, որուն սկիզբը պէտք է ընդունիլ Հայաստանի մէջ Քրիստոնէութեան պետական-պաշտօնական կրօն հռչակումէն ընդամէնը 143 տարի վերջ: Այդ բարեբաստիկ 444 տարեթիւը Շահպիվանի ժողովի գումարման թուականն է, որ կայացած է Յովսէփ Ա. Հողոցմեցիի կաթողիկոսութեան եւ Վասակ Սիւնեցիի մարզպանութեան օրօք: Բարեբախտաբար, մեր մատենագրութիւնը մեզի աւանդած է այդ ժողովին կանոնները, ինչպէս նաեւ նախաբանը, ուր յստակ կը վկայուի[8], որ այդ ժողովին մասնակցած են ոչ միայն 40 եպիսկոպոսներ, վանականներ, երէցներ, սարկաւագներ, նախարարներ, նոյնիսկ` ազատներ եւ շինականներ, “Որոնք նախանձախնդիր էին օրէնքներու սրբութեան”: Այս պատմական իրողութիւնը, Հայ Եկեղեցւոյ ժողովրդավարական դրուածքը հասկնալու իմաստով, կը ներկայացնէ առանձնայատուկ կարեւորութիւն մը, քանի այս փաստը իր շարունակութիւնը ունեցաւ Վարդանանց պատերազմի նախօրեակին, 449 թուականին, Արտիշատի մէջ հոգեւոր եւ աշխարհիկ ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ գումարուած ժողովով: Հայ Եկեղեցւոյ մէջ աւանդութիւն դարձած եւ նուիրականացած այս օրէնքն էր որ, ահաւասիկ, պարագաներու բերումով, ամրագրուեցաւ “Ազգային Սահմանադրութեան” մէջ 1860/63 թըուականներուն:
Ընդհակառակը, Ռուսական Կայսրութեան տարածքին մէջ Հայ Եկեղեցւոյ գործունէութեան համար 1836-ին ռուսաց Նիկոլայ Ա. կայսեր կողմէ վաւերացուած եւ որոշ ժամանակաշրջան մը կիրարկուած “Պոլոժէնիէ”ն, հետեւելով ուղղափառ եկեղեցիներուն օրինակին, աւելի ունէր կղերակեդրոն բնոյթ: Ան Եկեղեցիին իշխանութիւնը կը կեդրոնացնէր կաթողիկոսին, եւ տեղական մակարդակներու վրայ` առաջնորդներուն ձեռքին, անշուշտ անոնց վրան ալ պահակ կարգելով “պրոկուրորը” կամ “քոնսիսթորիա”ներու վարիչ- ները: “Պոլոժէնիէ”ն թէպէտ չէր մերժեր Եկեղեցւոյ վարչական կեանքին մէջ աշխարհականներու մասնակցութիւնը, բայց ռուսաց կայսեր կը վերապահէր առաջնորդներու վերջնական անուանումը, կաթողիկոսին կողմէ ներկայացուած երկու ընտրելիներուն մէջէն: Հայ Եկեղեցւոյ ժողովրդավարական նկարագրին եւ անոր սրբազան աւանդութեանց խոտոր այս կացութեան առաջին հարուածը հասցուց Խրիմեան Հայրիկը, երբ 1906-ին յատուկ կոնդակով մը ամբողջապէս ժողովուրդին վերադարձուց իր առաջնորդը ընտրելու իրաւունքը: Ցարական Ռուսաստանի փլուզումէն ետք, Գէորգ Ե. ներկայացած առիթը չփախցուց, եւ 1917-ին ընդհանրապէս ջնջեց “Պոլոժէնիէ”ի գործածութիւնը Հայ Եկեղեցիին մէջ, քանի որ ան դուրսէն պար- տադրուած եւ հայ եկեղեցական-վարչական մարմնոյն մէջ օտարոտի կանոնագրութիւն մըն էր:
Հայաստանի մէջ համայնավարական կարգերու հաստատումէն ետք, անաստուածութեան սկզբունքին եւ քարոզչութեան վրայ հիմնուած Սովետական Միութիւնը հազիւ թէ հանդուրժուած կարգավիճակ մը կը շնորհէր Եկեղեցիին: Մարքսիզմի եւ Լենինիզմի տնտեսական, պետական-քաղաքական ծրագրով զարգացող խորհրդային հասարակութեան մէջ բացարձակապէս տեղ չունէր եկեղեցին, ո´չ ալ իր հոգեւորականութիւնը: Տեղին չէ այստեղ բանալ աոանձին փակագիծ մը յիշելով այն հալածանքները, որոնց ենթարկուեցաւ նաեւ Հայ Եկեղեցին մինչեւ Հայրենական Մեծ Պատերազմին աւարտը: Քանի ժողովուրդը, այսուհետեւ, պաշտօնական կապ մը չունէր իր Եկեղեցիին հետ եւ մասնակից չէր անոր հոգեւոր եւ վարչական կեանքին, ակամայ խզում մը առաջացաւ հոգեւոր հինաւուրց աւանդութեան եւ հաւատացեալներուն միջեւ: Փաստօրէն, ժողովուրդի գործօն մասնակցութիւնը Եկեղեցւոյ վարչական կեանքին մէջ` ծխական-համայնքային եւ թեմական դրուածքներով ամբողջապէս անգործունեայ դարձան, չըսելու համար կործանեցան, ուստի` այդ ժամանակամիջոցին մէջ հովուապետող կաթողիկոսները ստիպուած եղան Հայաստանի եւ ներքին Սփիւռքի մնացած քանի մը թեմերուն վրայ առաջնորդները (անպայման համաձայնելով Եկեղեցական Գործերու Խորհուրդին հետ) նշանակելու: Ցաւալի է հաստատել, որ խորհըրդային կարգերէն ժառանգ մնացած նշանակելու այդ սովորութիւնը դեռ եւս կը շարունակուի Հայաստանի եւ, այսպէս կոչուած, ներքին Սփիւռքի ամբողջ տարածքին:
Եկեղեցւոյ վարչական կեանքը կազմակերպելու պատասխանատուութիւններուն մէջ Հայ ժողովուրդը ոչ միայն կը բերէ իր լայն ու գործօն յանձնառութիւնը, այլ նաեւ Եկեղեցւոյ իշխանութիւնը կը բաժնէ իր եկեղեցական պաշտօնեաներուն հետ` ընտրական մասնաւոր իրաւունքով: Համայնքներու եւ ծուխերու մէջ ժողովուրդն է որ կ’ընտրէ ու թեմի առաջնորդ եպիսկոպոսին կը ներկայացնէ իր տիրացուն, զայն քահանայ ձեռնադրելու եւ օծելու խնդրանքով: Նոյնպէս, առաջնորդական թեմի մը թեմական պատգամաւորական ժողովը իր պատրաստած թեկնածուներու եռանուն ցանկէն կ’ընտրէ իր առաջնորդը եւ զայն կը ներկայացնէ կաթողիկոսին` ձեռնադրելու, օծելու կամ վաւերացնելու խնդրանքով: Ինչպէս եպիսկոպոսը իրաւունք չունի իր անձնական նախաձեռնութեամբ ընտրելու քահանայ մը եւ զայն պարտադրելու համայնքին, նմանապէս եւ կաթողիկոսին վերապահուած չէ իր անձնական նախաձեռնութեամբ ընտրել եպիսկոպոս մը եւ զայն առաջնորդ նշանակել թեմին վրայ: Սոյնը կոպիտ ոտնձգութիւն մը նկատուած է Հայ Եկեղեցւոյ ժողո- վրդավարական կարգին դէմ: Բայց, բնականաբար, ինչպէս եպիսկոպոսը քահանայի, նոյնպէս եւ կաթողիկոսը եպիսկոպոսի պարագային իրաւունք ունին չձեռնադրելու եւ չօծելու, երբ ցոյց կու տան ընծայեալին կանոնական, հոգեւոր կոչումի եւ պատրաստուածութեան վերաբերող թերութիւնները:
Ի տարբերութիւն որոշ քոյր եկեղեցիներու, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կ’ընտրուի ոչ թէ կարտինալներու կամ միայն եպիսկոպոսաց ժողովին կողմէ, այլ` ազգային-եկեղեցական սրբագումար ժողովէն, որուն մէջ ճնշող մեծամասնութիւն կը ներկայացնեն աշխարհական պատգամաւորները:
Այս բոլորը, ահաւասիկ, ցոյց կու տան Հայ Եկեղեցիի հոգեւոր եւ վարչական իշխանութեանց ներդաշնակ բաշխումը եկեղեցականներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին միջեւ, փոխադարձ պայմանա- ւորուածութիւնը եւ դարերու ընդմէջէն կառուցողական համագործակցութիւնը` ի շինութիւն եւ ի պայծառութիւն մեր Մայր եւ Ս. Եկեղեցիին:
Դժբախտաբար, սակայն, վերջին ժամանակներուն եկեղեցական որոշ ղեկավարներու մօտ ի յայտ եկած աւելի իշխանութիւն ունենալու մենատիրական ձգտումները, Հայ Եկեղեցւոյ ժողովրդավարական իրաւունքին դէմ կատարած ոտնձգութիւնները որոշակիօրէն խախտեցին այն նժարն ու հաւասարակշիռը, որ երբեմն խնամքով եւ երկիւղածութեամբ կը պահպանուէր մեր Եկեղեցւոյ վարչական կալուածին մէջ: Այս մասին կը խօսին Ֆրանսայի, Զուիցերիոյ եւ այլ թեմերու ու համայնքներու մէջ կատարուած տխրահռչակ իրադարձութիւնները: 2009-ին Մայր Աթոռի կողմէ պատրաստուած եւ խնդրայարոյց պայմաններու մէջ վաւերացուած թեմական ուղենիշային կանոնադրութիւնը, որքան ալ անհրաժեշտ նկատուի նման փաստաթուղթի մը մշակումը, իր որդեգրած կարգ մը յօդուածներով կը ներկայացնէ ուղղակի ոտնձգութիւն մը Հայ Եկեղեցւոյ ժողովրդավարական սկզբունքին, թեմերու եւ անոնց մէջ օրինաւորապէս գործող պատկան մարմիններու ինքնուրոյնութեան, ինչպէս նաեւ առաջնորդի ազատ ընտրութեան իրաւունքին դէմ: Սոյն թուականի Մայիսին, Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի տարեկան ժողովին, թեմական ծրագիր-կանոնագրին մէջ որդեգրուեցաւ մտցնել իր արտաքին երեւոյթին մէջ շատ պարզ թուացող փոփոխութիւն մը, առ այն` որ առաջնորդի ընտրութեան համար թեկնածուներուն եռանուն ցանկը պէտք է նախապէս վաւերացուի կաթողիկոսին կողմէ: Սոյնը կը նշանակէ, որ կաթողիկոսը ինքզինքին կը վերապահէ իրաւունքը ներկայացուած ցանկը ընդհանրապէս չվաւերացնել կամ, ըստ իր հայեցողութեան, ցանկէն դուրս հանել թեմին կողմէ առաջարկուած սա կամ նա թեկնածուին անունը: Այլապէս, ինք կ’առաջարկէ իր նախընտրած թեկնածուն առաջնորդի ընտրութեան համար: Հասկնալի է, թէ նման որոշում մը ի՞նչ ազդեցութեամբ եւ ի՞նչ պայմաններու տակ առնուած է: Հայ Եկեղեցւոյ կանոնական աւանդութիւնը չունի այդպիսի ստացուածք. այդ Լատին Եկեղեցւոյ կղերական-պապական դրուածքին նմանող մէկ գործառոյթն է, զոր կը միտին իւրացնել եւ սկզբունքով ազատ մեր ընտրական համակարգին պարտադրել Եկեղեցւոյ իշխանատենչ ղեկավարներէն ոմանք: Այսօր Հայ Եկեղեցիին մէջ աճող ամենամեծ փորձութիւնն ու վտանգը ժողո- վրդա-վարութեան սահմանափակումը եւ փոխա- րէնը Եկեղեցւոյ սպասաւորներու (իմա` կղերի) իշխանութեան յաւելումն է: Ի հարկէ, ամբողջական համոզումով եւ բարձր գիտակցութեամբ պէտք է ողջունել Հայ Եկեղեցւոյ կառուցուածքը եւ ներեկեղեցական յարաբերութիւնները կանոնակարգելու բոլոր բարի ցանկութիւններն ու այդ ուղղութեամբ գործադրուած ճիգերը, սակայն առանց կղերատիրական նկրտումներու: Հայ ժողովըրդական խաւերու լայն մասնակցութիւնը եկեղեցական կեանքի եւ վարչական իշխանութեան կառավարման դրուածքին մէջ կը հանդիսանայ Հայ Եկեղեցւոյ ստեղծագործած անզուգական ու իր պատմական հնութեամբ եզակի արժէքներէն մէկը: Արդարեւ, նուիրական արգասիք մը, նման այն բիւրեղ ադամանդին, որուն վրայ յառաջացած աննշան բիծն անգամ կը նուազեցնէ իր բուն արժէքը:
Այս առնչութեամբ որքան ցանկալի պիտի ըլլար, եթէ երբեք ազգային-եկեղեցական սրբագումար ժողովը, որ ի պաշտօնէ ունի Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ գերագոյն եւ օրէնսդիր հեղինակութիւնը, ոչ թէ կաթողիկոսի մը վախճանումէն ետք լոկ նոր գահակալ մը ընտրելու համար հրաւիրուի, այլ` առնուազն չորս տարին անգամ մը գումարուի, այսօրուան ու վաղուան հասարակական, քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային կեանքի հզօր մարտահրաւէրներուն եւ ժամանակի հրամայականներուն դէմ յանդիման գտնուող մեր Ս. Եկեղեցին կայուն եւ կենսունակ պահելու համար: Միայն ազգային-եկեղեցական ժողովին վերապահուած է գերագոյն իրաւունքը ընդհանուր Հայ Եկեղեցիին վերաբերող եկեղեցական որեւէ կանոնագրութիւն կամ օրէնք գործադրուելէ առաջ վաւերացնել եւ տալ շահագործման՝ համայն Հայ Եկեղեցւոյ պէտքերուն համար:
Նոյնպէս, Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական ժողովը, որ վերջին անգամ 44 տարի առաջ՝ 1969-ին գումարուած էր, ըլլայ Հայ Եկեղեցիին մէջ գործող հեղինակաւոր եւ մնայուն մարմին մը էապէս եւ բազմակողմանի իմաստով փոխուող հասարակարգի մը մէջ, հայ հաւատացեալ մարդուն համար Եկեղեցին դարձնէ հետաքրքրական, ոչ պարզապէս լոկ իր ծիսակատարութիւններով, այլ՝ ծառայասիրութեամբ եւ անվերապահ մասնակցութեամբ դէպի ժամանակակից ընկերութեան եւ հասարակարգի բոլոր ոլորտները:
Եկեղեցի եւ պետութիւն
Հայաստանի մէջ Եկեղեցիի եւ պետութեան սերտաճումը, որ յատկապէս անցնող այս քանի մը տարիներուն շատ աւելի ակներեւ դարձաւ, ստեղծեց մտահոգիչ նոր իրավիճակ մը շատերուն համար: Մտահոգութիւն՝ ոչ միայն այն փաստինհամար որ, այսպէս, Հայց. Առաք. Եկեղեցիին կը շնորհուէր առանձնայատուկ հեղինակութիւն եւ յաւելեալ արտօնութիւններ ընկերային-հասարակական կեանքին մէջ, այլ՝ Եկեղեցին կամայ թէ ակամայ կ’ենթարկուէր եւ կը շահագործուէր նաեւ պետական քաղաքական ծրագիրներու իրագործման նպատակ- ներով: Այսօր ալ շատեր կը մեկնաբանեն, թէ այս ընթացքով Եկեղեցին կը շեղի իր հոգեւոր-բարոյական, ընկերային-հասարակական ծառա- յութեանց կրօնաշունչ առաքելութենէն, դառնալով սպասաւորը այն կուսակցութեան, որմէ կազմուած է ներկայի պետութիւնը: Բնականաբար, պետութեան ծառայելը ազգային սեպուհ պարտքն է իւրաքանչիւր քաղաքացիի եւ, այս իմաստով, Եկեղեցին ալ պիտի սատարէ պետութեան կայացման եւ ամրապնդման գործին: Այսուհանդերձ, ան պէտք չէ կորսնցնէ իր բուն դերը, քրիստոսահիմն, հետեւաբար` աստուածային հաստատութիւն մը ըլլալու նկարագիրը, եւ պահէ պետական-քաղաքական դրուածքէն ալ վեր հոգեւոր-բարոյական ներկայութիւն մը հանդիսանալու իր հանգամանքը, ոչ միայն պետական կառոյցին, այլ՝ անխտիր ամէնուն համար:
Եկեղեցիին բարձրաստիճան ղեկավարութիւնը պէտք չէ հաւատացեալներուն մօտ ստեղծէ այն թիւր տպաւորութիւնը, թէ Եկեղեցին պետութեան հետ իր համագործակցութեամբ դարձած է պետական կառոյցի կցորդ եւ լծակ, կամ վատթարագոյնը` պետական ծրագիրներուն կարգախօսը: Կրկին տեղին չէ այստեղ թուարկել փաստեր, որոնք մօտաւոր անցեալին ուղղակի այն տպաւորութիւնը թողուցին հայ հասարակութեան լայն շրջանակներուն մէջ, թէ Հայաստանեայց Եկեղեցին եղած է յենակ մը ի նպաստ պետական կուսակցու- թեան շահերուն:
Հայց. Առաք. Եկեղեցին ազգային-ժողովրդական եկեղեցի է, որուն սուրբ աւազանէն ծնած զաւակները ի´նչ ուղղութեան, ընկերային-հասարակական կեանքի, նաեւ քաղաքական համոզումներու ո´ր հոսանքին ալ պատկանին, միեւնոյնն է, անոնք բոլորը Հայ Եկեղեցւոյ մարմնին անդամ են, որոնց Եկեղեցին իբրեւ գորովագութ մայր պարտի սիրով առաջնորդել իր գոգը:
Հակառակ իր ազգային-ժողովրդական եկեղեցի ըլլալու հանգամանքին, Հայաստանի մէջ Հայ Եկեղեցին պետական եկեղեցի չէ: Հայաստանի Սահմանադրութիւնն ալ արդէն պետութիւն եւ եկեղեցի անջատ սկզբունքը որդեգրած է, ընդունելով ու գնահատելով հանդերձ Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ “Ազգային բացառիկ առաքելութիւնը հայ ժողովրդի հոգեւոր կեանքում, նրա ազգային մշակոյթի զարգացման եւ ազգային ինքնութեան պահպանման գործում”: Այսուհանդերձ, թէ´ հայրենի պետութեան եւ թէ Հայ Եկեղեցիին համար բարի է որ իրարմէ անջատ մնան, բայց փոխադարձ պատկառանքով եւ խաղաղարար ոգիով մին սատարէ քաղաքացիներու բարօր կեանքին, իսկ միւսը նպաստէ անոնց հոգեւոր-բարոյական վերելքին: Եկեղեցին պէտք չէ ինքզինքին թոյլ տայ, իր հոգեւոր պատասխանատուութիւններէն դուրս, պետութենէն օգտուիլ մասնաւոր իրաւունքներու ստացումով, իսկ պետութիւնն ալ զգոյշ պէտք է ըլլայ չօգտագործել հասարակութեան մէջ Եկեղեցիին ունեցած առաւելութիւնները իր ներքին եւ արտաքին քաղաքական ծրագիրներուն համար:
Անձկայրեաց պիտի ուզենք ակնկալել, որ մեր հայրենի պետութիւնը ըլլայ այնքան հեռատես եւ լուսամիտ, որ գիտնայ հաշտեցնել հայրենասիրութեան ոգին կրօնի ոգիին հետ: Որովհետեւ հաշտարար այս ոգին է, որ ազգը կը միացնէ Աստուծոյ` լուսեղէն զոյգ թեւերով գիտութեան եւ հաւատքին:
Ոճիր` հոգիին դէմ
Կայ նաեւ ուրիշ ցաւոտ հարց մը, կոտտացող վէրք մը, որ Եկեղեցւոյ մարմնին վրայ պիտի չսպիանայ, այլ՝ միշտ պիտի արիւնի, մինչեւ չբարեփոխուի անբնական երեւոյթը եւ արդարութեան վերականգնումով չսրբագրուի կոպիտ սխալը. այդ` քանի մը տասնեակ հոգեւորականներու “կարգալուծման” պարագան է:
Վերը ակնարկուած եկեղեցական ճգնաժամին անդրադառնալով պէտք է խոստովանիլ, որ անոր յառաջացման մէջ նաեւ կարեւոր դեր ունեցան իրարայաջորդ “կարգալուծում”-ները քանի մը տասնեակ հոգեւորականներու` սարկաւագներու, քահանա- ներու, աբեղաներու, վարդապետներու, եպիսկոպոսներու եւ արքեպիսկոպոսներու: Այս բոլոր “կարգալուծում”-ներուն առթիւ նման լուրջ վճիռ մը կայացնելու համար ծանրակշիռ ոչ մէկ պատճառ գոյութիւն ունէր: Մայր Աթոռի հրապարակած հաղորդագրութիւններուն մէջ նշուած կցկտուր մեղադրանքները նախ ապացուցուած եւ համոզիչ չեն, ապա անոնք բոլորն ալ մատնացոյց կ’ընեն որոշ կարգապահական խախտումներ, որոնք բոլորն ալ հիմք չեն ներկայացներ ենթակաները “կարգալուծման” ծանր պատիժին ենթարկելու: Այս ուղղութեամբ հայ հասարակութիւնը, որ սկիզբը այնքան ալ ուշադիր չէր Եկեղեցիին մէջ կատարուող ողբերգութիւններուն, սկսաւ հետզհետէ ընդվզիլ, քանի որ նախ երեւոյթը տգեղ էր ու անբնական, եւ երկրորդ` տրամաբանական չէր որ այսքան մեծ թիւ մը զոհերու սխալ ըլլային, իսկ զանոնք զոհող անձը` շիտակ:
Կարգալոյծ մէկ հոգեւորականն անգամ արդէն շատ է Եկեղեցիին համար. ա´յս է մեր համոզումը: Կարգալուծումը ոճիր մըն է քահանայական կոչումին, հոգիին ու խղճին, նաեւ մարդկային արժանապատուութեան դէմ: Ի´նչ պաշտօնի կամ ո´վ ուզէ ըլլայ, մարդ արարածը իշխանութիւնչունի ձեռնադրութեան եւ Ս. Միւռոնի օծման արարողութիւններուն ընդմէջէն քահանային Ս. Հոգիի ուղղակի փոխանցած վաւերական շնորհներէն զրկելու: Քահանայի կոչման, ձեռնադրութեան եւ օծման արարողութիւնները նուիրական են. անոնք կը ներկայացնեն Ս. Հոգիին ազդեցութեամբ ձեռնադրուող անձին անիմանալի եւ էական փոխարկութիւնը, այլ խօսքով` հոգեփոխութիւնն ու ներքին վերածնունդը: Իրագործուածը սրբագործութիւն մըն է, անիմանալի խորհուրդի մը կատարումը, բառին իսկական առումով, որ ունի անլուծանելի եւ անկրկնելի նկարագիր: Ուստի, վաւերականօրէն օծուած քահանան “կարգալոյծ” հռչակելը ի´նչ տեսակ “տնօրինում”-ով ալ իրականանայ, կը յարաբերականացնէ խորհուրդին նուիրականութիւնը, կ’արժեզրկէ անոր անձեռնմխելի սրբութիւնը ու կը գործէ աններելի մեղք մը՝ հայհոյելով Ս. Հոգիին դէմ: Հաւատք պէտք է ունենալ սրբութիւններու նկատմամբ եւ երկիւղ՝ աստուածախօս պատգամին հանդէպ, որ կ’ըսէ. “Ամէն մեղք եւ հայհոյութիւն պիտի ներուի մարդոց, բայց Սուրբ Հոգիին դէմ հայհոյութիւնը պիտի չներուի ո´չ այս աշխարհիս մէջ եւ ո´չ ալ հանդերձեալին[9]”:
Կարգալոյծ հռչակել բազմաթիւ հոգեւորականներ, Եկեղեցւոյ առաքելականութենէն զրկել ամբողջ համայնքներ, անվաւեր համարել թեմական եւ համայնքային կանոնագիրներու հետեւողութեամբ ընտրուած վարչութիւններ, ապօրէն յայտարարել գործող կառոյցներ եւ մասամբ նորին, աննախադէպ եւ անընդունելի երեւոյթներ են, նաեւ միանգամայն անհամապատասխան` քրիստոնէական կրօնի եւ Եկեղեցւոյ առաքելութեան սիրոյ եւ խաղաղարար ոգիին հետ:
Վաւերականօրէն օծուած հոգեւորականը “կարգալոյծ” հռչակել ուղղակի բարբարոսութիւն եւ նողկալի վայրագութիւն մըն է: Ան սնանկութիւնն է բարոյական գիտակցութեան եւ պարտութիւնը մարդկային բանականութեան, որ կը մերժէ օգտագործել դժուարութիւններուն առջեւ երկխօսութիւն ստեղծելու եւ բարի լուծումներ առաջարկելու քաղաքակիրթ բոլոր հնարաւորութիւնները:
Այո´, “կարգալոյծ” հռչակուեցան բազմաթիւ հոգեւորականներ, բայց անոնք չեղան “կարգալոյծ”, այլ եղան աւելի´ հոգեւորական` իրենց կոչումին գիտակցութեան, ծառայական անմնացորդ նուիրումին եւ զօրեղ հաւատքին մէջ: Անոնք ակամայ “արտաքսուեցան” Եկեղեցիէն, հայրենազուրկ դարձան իրենց հոգեւոր հայրենիքէն, բայց Եկեղեցին չարտաքսուեցաւ իրենց սրտէն, ու այդ հոգեւոր հայրենիքը աւելի´ ծաղկեցաւ, ճոխացաւ ու գեղեցկացաւ իրենց պատարագուած հոգիին մէջ:
Բենետիկտոս ԺԶ., 21 Յունուար 2009-ին, քահանայապետական պաշտօնական կոնդակով չորս եպիսկոպոսներու վրայէն վերցուց Եկեղեցւոյ հաղորդութենէն զրկուած ըլլալու վճիռը, առաջքը առնելով այն մեծ հերձուածին, որ 70-ական թուականներուն ստեղծուած էր Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ, Մարսէլ Լըֆեվր արքեպիսկոպոսով: Պիոս Եղբայրութեան պատկանող այս եպիսկոպոսներուն դէմ վերոյիշեալ վճիռը տրուած էր Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ին կողմէ 1988-ին, հիմք ընդունելով այն փաստը, որ անոնց եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը կը կատարուէր առանց պապական արտօնութեան եւ հակառակ Վատիկանէն եղած կանխազգու- շացումներուն: Պիոս Եղբայրութիւնը այդ ժամանակ ունէր 600.000 հաւատացեալ անդամներ, 500 քահանաներ, 200 ճեմարանականներ, եւ կը տնօրինէր 86 դպրոցներ եւ երկու համալսարաններ: Հակառակ այս պատկառելի տուեալներուն եւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ շարքերէն եղած բողոքներուն, Բենետիկտոս ԺԶ. իր հայրական կեցուածքով, իմաստութեամբ եւ բացառիկ հեռատեսութեամբ, ի նպաստ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ամբողջականութեան եւ միութեան պահպանման, հնարաւորութիւն տուաւ այդ եպիսկոպոսներուն եւ ուրիշ շատ մը ինտեգրիստներու վերադառնալու Մայր Եկեղեցւոյ գիրկը: Բայց այսպիսի մեծ նախաձեռնութիւն մը գործը կրնայ ըլլալ միայն մեծագործներու:
Վստահաբար “կարգալոյծ” հռչակուած հոգեւորականներուն մեծ մասը, “Եկեղեցւոյ առաքելականութենէն” զրկուած համայնքներն ու բոլոր հաւատացեալները, որոնք հայոց լոյս հաւատքը ժառանգած են իրենց նախահայրերէն ու պապերէն եւ ոչ թէ ոեւէ մէկուն քմահաճութենէն, կը սպասեն հաշտութեան, կը յուսան արդարութեան կատարման ու հոգեբուխ կ’աղօթեն խաղաղասիրութեամբ, անյիշաչարութեամբ եւ արժանապատուութեամբ վերադառնալու համար իրենց Մայր եւ Ս. Եկեղեցիին գիրկը:
Կը հաւատամ առ Աստուած յոյսով ըլլալ եւ աղօթել, որ Հայց. Առաք. Ս. Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական այս ժողովը պարզապէս չի ծառայեր ամրագրելու սա կամ նա բարձրաստիճան հոգեւորականին դիրքը կամ շատցնելու անոր ոսկեզօծ գահին փայլքը, այլ՝ իսկապէս կը հանդիսանայ նոր արեւելում մը, վերատեսութեանենթարկելու մեր աշխարհահայեացքը ի խնդիր հոգեւոր վերածնութեան, որով այսօրուան անկարելին վաղը կը դառնայ կարելի, աներեւակայելին` երեւակայելի, իսկ անհաւատալին` ստոյգ իրականութիւն:
Ես խորապէս համոզուած եմ ու կը հաւատամ, որ Հայց. Առաք. Ս. Եկեղեցին իր էութեան մէջ, դարերուն ընդմէջէն ցայսօր, մնացած է բիւրեղ ու մեծաւ մասամբ անփոփոխ՝ իր առաքելական ուղղափառ հաւատքով, սրբազան աւանդութիւններու ժառանգութեամբ, ծիսական-պաշտամունքային կեանքի հոգեւոր անհամեմատելի գեղեցկութիւններով ու եզակիութեամբ, նաեւ իր հայկազուն հօտին ծառայելու ամբողջանուէր յանձնառութեամբ: Անոր համար է որ առկայ նամակին յառաջաբան ընտրեցի Յովհաննէս Երզնկացի Պլուզ վարդապետի Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին ձօնուած ներբողի համապատասխան խօսքերը:
Երզնկացիին նման, բայց ժամանակով շատ աւելի նոր, եկեղեցական ուրիշ հեղինակ մը, որուն անձը եւ գործը ի տղայի տիոց սիրած եմ, Գարեգին Եպս. Սըրուանձտեանցն է: Ան եւս Հայ Եկեղեցիին մասին նոյնքան գեղեցիկ եւ ճշմարտացի գնահատականով մը արտայայտուած է, որուն խօսքերը փոխարինաբար այս նամակին մէջ պիտի ուզեմ մէջբերել, արտայայտելու համար սրտիս զեղուն զգացումները.
«Եկեղեցին է հայրենիք մեր, ի նմա գտանեմք զլեզուն եւ քարտէզս եւ ի քարինս նորա դրոշմեալ անուանք, ժամանակք, անցք, յիշատակք անձանց բարեպաշտից եւ հայրենաշինից, անդ արքայք եւ բամբիշք, նախարարք եւ դըշխոյք, տեարք եւ տիկնայք, հայրապետք եւ վարդապետք, քահանայք եւ կղերիկոսք եւ ամենայն արք անուանիք»:
Յաջողութեան եւ արեւշատութեան սրտաբուխ մաղթանօք,
Մատչիմ Աստուածահիմն Տաճարին եւ Մօրն Լուսոյ Սրբոյ Էջմիածնի ի համբոյր`
I found this letter addressed to the highest ranking ecclesiastical fathers who are meeting for a conclave too long. I am inclined to believe that a shorter and equally, if not more effective, letter could have summarized the issues and concerns.
1 comment
Too Long
I found this letter addressed to the highest ranking ecclesiastical fathers who are meeting for a conclave too long. I am inclined to believe that a shorter and equally, if not more effective, letter could have summarized the issues and concerns.
Comments are closed.