2 x 1,500,000
Յարութ Տէր Դաւիթեան, Լոս Անճելըս, 14 Ապրիլ 2015
Ինչպէս որ Հայկական Եղեռնը հիմք հանդիսացաւ Ռաֆայէլ Լեմքինին, յօրինելու «Ցեղասպանութիւն» (Genocide) եզրը, զարմանալի պէտք չէ ըլլայ, որ մեր եւ այլ ազգերու պատմութիւնը հիմք հանդիսացած ըլլար Ժորժ Սանթայանային, արտաբերելու իր նշանաւոր խօսքը. «Անոնք որոնք չեն յիշեր անցեալը, դատապարտուած են կրկնելու զանիկա»: Մանաւանդ, դարերու վրայ երկարող մեր պատմութիւնը եւ մեր ձախաւերութիւնը դասեր քաղելու անկէ: Մեր անցած ուղիի պատմութեան վերյիշումը կարծէք միայն կը ծառայէ ուրախ ժամերու մակերեսային հպարտանքի արտայայտութեանց եւ տխուր ժամերու սփոփանքի կամ մխիթարական խօսքերու: Ոչ ուրախութիւնը եւ ոչ ալ տխրութիւնը հիմնաւորուած են, այլ կը ծառայեն պարզապէս «հելէ այսօրն ալ անցընենք»ի, անիմաստ ժամանցի տրամադրութեանց՝ լաւ ժամերուն մեծ-մեծ «ջարդելու» եւ կամ վատ ժամերուն մեր բախտը լալու հոգեվիճակներուն: Բայց ոչ՝ դասեր քաղելու անկէ եւ ծառայեցնելու մեր յառաջդիմութեան:
Եղեռնի հարիւրամեակի սեմին, վերեւի խորհրդածութիւնն է, որ կը գերիշխէ մեր մտածումներուն վրայ: Չենք կրնար մեր մտքէն վանել հետեւեալ պատկերները.
2 x 1,500,000
Յարութ Տէր Դաւիթեան, Լոս Անճելըս, 14 Ապրիլ 2015
Ինչպէս որ Հայկական Եղեռնը հիմք հանդիսացաւ Ռաֆայէլ Լեմքինին, յօրինելու «Ցեղասպանութիւն» (Genocide) եզրը, զարմանալի պէտք չէ ըլլայ, որ մեր եւ այլ ազգերու պատմութիւնը հիմք հանդիսացած ըլլար Ժորժ Սանթայանային, արտաբերելու իր նշանաւոր խօսքը. «Անոնք որոնք չեն յիշեր անցեալը, դատապարտուած են կրկնելու զանիկա»: Մանաւանդ, դարերու վրայ երկարող մեր պատմութիւնը եւ մեր
Եղեռնի հարիւրամեակի սեմին, վերեւի խորհրդածութիւնն է, որ կը գերիշխէ մեր մտածումներուն վրայ: Չենք կրնար մեր մտքէն վանել հետեւեալ պատկերները.
-Հարիւրամեակ մը առաջ ենթարկուեցանք ջարդի եւ բռնի տեղահանուեցանք մեր պապենական հողերէն, զոհ տալով 1,500,000 նահատակներ: Ներկայիս, ազատ ու անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնումէն ի վեր, ԿԱՄՈՎԻՆ կ'արտագաղթենք մեզի մնացած մեր պապենական հողերու պատառիկէն, 1,500,000 պանդուխտ տալով աշխարհին: Այս ազգաքանդ արտագաղթի հաւանական ահռելի հետեւանքներու մասին մտածումն իսկ սոսկումով պէտք է լեցնէ բոլորիս սրտերը:
-Հարիւրամեակ մը առաջ նահատակուեցանք, որովհետեւ փոքրամասնութիւն դարձած էինք մեր իսկ հողերուն վրայ: Ներկայիս, հայրենի հողի վրայ մեր թուաքանակի նուազումով, խոցելի կը դարձնենք մենք զմեզ նորանոր վտանգներու առջեւ:
-Հարիւրամեակ մը առաջ Պոլսոյ, ինչպէս նաեւ Թիֆլիսի եւ Պաքուի հայ մեծահարուստները կոյր ու խուլ մնացին գաւառներու հայութեան իրավիճակին, անոնց պաղատագին կանչերուն եւ այդ բոլորէն բխող վերահաս վտանգներուն, գերադասելով կլանուած մնալ միայն իրենց անհատական շահերու հետապնդմամբ : Ներկայիս, Հայաստանի մեծահարուստները չբաւականանալով կողոպտել երկրի հարստութիւնը, զայն դուրս կը հանեն երկրէն ($6.5 միլիառ անցած 10 տարիներուն միայն), խուլ մնալով գիւղերու եւ սահմանային շրջաններու թշուառ ժողովուրդին եւ նոյնիսկ Հայաստանի երկրորդ մեծագոյն քաղաք՝ Գիւմրիի բնակիչներու արդարացի կանչերուն եւ այդ բոլորէն բխող վերահաս վտանգներուն:
-Հարիւրամեակ մը առաջ չարաչար պարտուեցանք ու նահատակուեցանք, որովհետէեւ մեզի պակսեցաւ հաւաքական ուժի եւ ըստ այնմ համագործակցելու գիտակցութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը: Ներկայիս դժբախտաբար ոչինչ փոխուած է անցեալի մտայնութիւնէն:
-Հարիւրամեակ մը առաջ նահատակուեցանք հոն, ուր հլու հնազանդ ենթարկուեցանք օտարի հրահանգներուն կամ սին խոստումներուն, բայց փրկուեցանք հոն, ուր դիմադրեցինք եւ ապաւինեցանք մեր ուժերուն: Ներկայիս, Արցախեան ազատամարտի հիանալի նուաճումէն ետք, կը դժուարանանք ամրակայել մեր յաղթանակը՝ շէնցնելով ազատագրուած տարածքները եւ վնաս կը հասցնենք մեր մարտական հոգեվիճակին՝ գեներալ-զօրավարներու դէպի պիզնեսմէն-ձեռնարկատէրերու վերափոխումով:
-Հարիւրամեակ մը առաջ, օտար պետութեանց կողմէ մէջտեղ նետուած Հայկական Բարենորոգումներու ծրագիրը փոշի ցանեց մեր աչքերուն ու շահագործուեցաւ Օսմանցիէն օգուտներ կորզելու համար: Ներկայի Հայկական Ցեղասպանութեան Ճանաչման արշաւը որքանո՞վ կը տարբերի անցեալի օրինակէն: Ինչո՞ւ համար մեր ուժերը կը սպառենք օտարէն ճանաչում աղերսելու եւ արդէն իսկ ընդունուածը վերընդունիլ տալու, փոխանակ մեր ինքնակազմակերպութեան ու ինքնահզօրացման նպաստելու:
-Հարիւրամեակ մը առաջ, երբ արմատախիլ եղանք մեր պապենական հողերէն, մեր մնացորդացը մեծամասնութեամբ ապաստան գտաւ Հայաստանի սահմանամերձ արաբական աշխարհին մէջ, ուր վերակազմաւորուեցաւ եւ ինքնագիտակից ու հայրենասէր սերունդներ տուաւ: Ներկայիս, կը հեռանանք նաեւ արաբական աշխարհի եւ 400-ամեայ Պարսկական մեր գաղութներէն: Աշխարհի մեծ թէ փոքր պետութեանց կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պիտի կասեցնէ՞ այդ աղետաբեր տեղաշարժը: Ո՛չ: Ուրեմն ինչո՞ւ առաջնահերթութիւնը կու տանք ճանաչման գործընթացին, փոխանակ Հայաստանի սահմանամերձ գաղութներու հայաթափման լուծումներ փնտռելու:
-Հարիւրամեակ մը առաջ, Կոմիտաս Վարդապետ հետեւեալ խօսքերով կը նկարագրէր մեր ազգին վիճակը. «…Հոտն անհովիւ՝ մոլոր ու շփոթ, աներեւոյթ եւ անզուսպ ալիքներն յախուռն կը յուզին ի խորս մեր հալածական եւ ողբալի կենաց ծովու: Անմիտ որսորդներ բոլորած՝ միամիտ ձկներ ցանցած: Մթնոլորտը թոյն կը տեղայ, բուժիչ ուժ չկայ: Աւերած, սարսափ ու սանձարձակ կեղեքում մէկ կողմէն, անտարբերութիւն, օտարամոլութիւն ու ցեխոտ սրտեր միւս կողմէն: Փառասիրութիւն, փութկոտութիւն մէկ երեսէն, ապիկարութիւն, տգիտութիւն միւս երեսէն: Իւրաքանչիւր ոք իր պաշտօնն ցգեցած է իբր հանդերձ, յոր մերկութիւն մտաց ծածկի ի միամիտ աչաց: Մեր մարմինը նեխած է, մեր հոգին ապականած, մեր կեանքը դիակնացած…: Ո՞ւր է մեր խոհական Խորենացին. թող ելլէ՛ արիւնքամ հողու տակէն եւ ողբայ մեր խակերու սիրտն ու հոգին, միտքն ու գործը: Մեր նախնիք իրենց պաշտօնին փարած էին անձնահեղձութեամբ, իսկ մենք կը յափշտակենք գործն՝ ընչաքաղցութեամբ: Սիրտս փլած է:» Մեր ազգի պարզած ներկայի պատկերը որքանո՞վ կը տարբերի անմահն Կոմիտասի պարզած պատկերէն:
-Հարիւրամեակ մը առաջ, 1912-ին, Պոլսոյ մէջ հայ գրի եւ տպագրութեան 400-ամեակի տօնակատարութեան առթիւ, Գրիգոր Զոհրապ կը գրէր. «Եթէ քննենք ազգի մը իյնալուն պատճառները, պիտի տեսնենք, թէ այն ազգը որ եսականութեամբ օժտուած է, որքան յոյս եւ կենսունակութիւն ալ որ ունենայ իր մէջ, նորէն կ'իյնայ այդ ազգը: Իսկ երբ եսականութեան տեղ այլասիրութիւն եւ ազգասիրութիւն տիրէ, որքան ալ յուսահատ ըլլայ այդ ազգը, նորէն չմեռնիր: Մեզի պէս պզտիկ ազգերը իրենց վերականգնումի յոյսերը իրենց հոգիին, իրենց սրտին եւ այսօրուան պէս իրենց յիշատակներուն մէջ կը կրեն»:
Դժբախտաբար նոյնիսկ Եղեռնը չկրցաւ չքացնել կամ մեղմել հայ անհատի նկարագրի շեշտուած եսականութիւնը կամ եսասիրութիւնը: Մեզ նման Եղեռն ճաշակած հրեայ ազգը, ազգասիրական գաղափարներէ տոչորուած, յաջողեցաւ իր անկախութեան նուաճման առաջին 20 տարիներուն երկրի բնակչութեան թիւը ՔԱՌԱՊԱՏԿԵԼ, մինչ մենք նոյն միջոցին ԿԻՍՈՎ դատարկեցինք մեր երկիրը: Եթէ Զոհրապի ցանկութեամբ, մեր մէջ քիչ մը ազգասիրութիւն տիրէր, փոխանակ իրարու վրայ կոխկրտելով ամէն մէկ հայ միայն ինքզինք բարձրացնել փորձելու, իրարու հետ համագործակցելով կրնայինք բոլորիս ալ վիճակը բարելաւել: Ասիկա ցոյց կու տայ, որ մենք դժբախտաբար անընդունակ եղած ենք մեր պատմութիւնէն դասեր քաղելու: Եթէ ընդունակ ըլլայինք, ապա Խորենացիի «Ողբ»ը բաւարար պիտի ըլլար մեր «փոքր ածու»ն մեծցնելու եւ մեզ հասցնելու շատ աւելի տիրական դիրքերու: Եթէ ընդունակ ըլլայինք, ապա հաւատացողը պիտի ըլլայինք ժողովրդավարական սկզբունքներու յարգման, մարդկային առաքինութեանց դրսեւորման, օրէնքի գերակայութեան գործադրման եւ տարրական իրաւունքներու պաշտպանութեան ու պիտի չ'ունենայինք այն խայտառակ իրավիճակը որ ներկայիս ունինք մանաւանդ Հայաստանէն ներս ու պիտի չի՛ հանդուրժէինք այն նուաստացումները որոնց ականատես կ'ըլլանք յաճախակիօրէն: Եթէ ընդունակ ըլլայինք, ապա փոխանակ երկրէն $6.5 միլիառ արտահոսքի արիւնաքամութեան, անկէ շատ աւելին կրնայինք ներմուծել Հայաստան, ամրակայելով մեր պետականութիւնը եւ արժանապատիւ կեանք ապահովելով անոր բնակչութեան: Չմոռնանք, որ աշխարհի ամենահարուստ միայն 5 հայերու ունեցուածքը կը գնահատուի աւելի քան $20 միլիառով:
Մտահոգիչ կը գտնենք այն հոգեվիճակը զոր կը բոլորէ մեր սերունդը՝ 60-ականներուն իր գիտակցական տարիքը բոլորած մեր սերունդը: Մենք դաստիարակուեցանք Եղեռնէն ետք հասակ առած որբերու եւ սփիւռքեան պայմաններու մէջ ծնած առաջին սերունդին կողմէ: Անոնք մեր մէջ հիմնաւորեցին իրենց կորսնցուցած հայրենիքին վերատիրանալու, Հայաստանը ազատ ու անկախ տեսնելու երազները, զանոնք դարձնելով մեր առօրեայ մտածումներուն կարեւոր մէկ մասը: Ու եկաւ այն օրը, երբ ականատես դարձանք Հայաստաանի Գ Հանրապետութեան հռչակման, մեր երազի իրականացման: Ամէն մէկս, մեր կարողութեան սահմաններուն մէջ, խանդավառութեամբ եւ համոզուածութեամբ ընդառաջ գացինք մեր լուման ներդրելու վերջապէս իրականութիւն դարձած մեր ազատ ու անկախ հայրենիքի հզօրացման: Դժբախտաբար շատ չանցած, մեր երազած պատկերացումները փուլ եկան բիրտ իրականութեան դէմ հանդիման եւ սկսանք հիասթափութիւն ապրիլ, ոչ միայն մենք սփիւռքահայերս, այլ մանաւանդ հայրենի ժողովուրդը, որ իյնալով ազգասիրական վեհ առաքինութիւններէ զուրկ պատեհապաշտ եսասէրներու անխիղճ լուծին տակ, սկսաւ հեռանալ իր պապենական հողէն:
Այո՛, մտահոգիչ է վաղ հասակին վեհ երազներով սնած ու հասուն հասակին այդ երազներուն աղճատման ականատես դարձած մեր սերունդի հոգեվիճակը: Սերունդ մը, որ լիցքաւորուեցաւ մեր 1,500,000 նահատակներու կտակով, բայց հիասթափուեցաւ 1,500,000 արտագաղթողներու բիրտ իրականութեան դէմ հանդիման: Սերունդ մը, որուն ուխտել տուին՝ «Այսքան չարիք թէ մոռանան մեր որդիք, թող ողջ աշխարհ հայուն կարդայ նախատինք», բայց միթէ 1,500,000 կամովի արտագաղթն ալ չարիք չէ՞: Սերունդ մը, որ չհասցուցած լեցնել 1,500,000-ին թողած բացը, ականատես ու մասնակից դարձաւ նոր 1,500,000-ի նուազումին:
Ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր պատասխանը մեր զաւակներու հարցումին թէ, ինչո՞ւ կը պնդէք որ օտար ափերու վրայ ծնածներս հայ ազգի ապագայով մտահոգուինք, երբ 1,500,000 հայ կ'արտագաղթէ իր հայրենիքէն:
Ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր սերունդի աւանդը գալիք սերունդին, ի տես մեր ապրած հիասթափութեանց:
Մեր սերունդի քանի՞ տոկոսը պիտի յաջողի այս գորշութեան մէջ պահել իր յամառ լաւատեսութիւնը հայ ժողովուրդի պայծառ ապագայի նկատմամբ:
Շա՜տ ծանր է այդ փոքր հատուածին վրայ ինկած պարտականութիւնը:
Ու թէեւ մենք կը մնանք համոզուած, որ միայն 3 տեսիլք ունեցող առաջնորդներու եւ անոնց երկտասնեակ մը աշակերտներուն շնորհիւ 5րդ դարու ՈՍԿԵԴԱՐԸ կերտած մեր ազգը տակաւին ատակ է իր արգանդէն ծնելու նոր օրերու Ոսկեդարի կերտիչները, չենք կրնար չ'ափսոսալ, որ ինչո՞ւ համար անգամ մը եւս բաց կը թողունք մեր «փոքր ածու»ն մեծցնելու եւ հզօրացնելու առիթը:
1 comment
2×1,500,000
Harout: Thank you for your lucid and comprehensive analysis of our "state of the union". Despite the tremendous deficiencies we have as a "people" we are still thriving. I hope you and I are wrong and we will survive all of this thanks to people like you. To me 5-7 million seems to be the critical mass for Armenians: During Tigran The Great Armenians were estimated to be ~ 5 million. It seems we can not exceed that number by much (?a curse).
Comments are closed.