«Նիկոլիզմ»ի Իշխանութիւնը. Բո՞ւռն Մարտահրաւէրներու Դիմաց

Պարոյր Յ. Աղպաշեան, Պէյրութ, Յունուար 2019

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովը (Խորհրդարանը) արդէն իսկ կազմուած է ու կը սպասուի իր առաջին նիստին եւ, անպայմանօրէ՛ն, նոր կառավարութեան կազմութեան։

– Արդեօք ոեւէ մէկը կը կասկածէ՞ր, որ խորհրդարանական ընտրութիւնները կրնային չկայանալ, քանի՝ շուրջ ութը ամսուան ընթացքին, նման ստուգատես մը յաջողցնելը դժուար էր, մանաւանդ որ՝ ընդդիմադիրները (իմա՝ Հանրապետական կուսակցութիւնը) կանխահաս կը նկատէին զայն։

– Արդեօք որեւէ կողմ կը հաւատա՞ր, որ խորհրդարանէն ներս մուտք կրնային գործել ոչ-նիկոլական տարրեր կամ ներկայացուցիչներ, այնքան ատեն որ այդ պահուն ուժերու հաւասարակշռութիւնը աւելի քան թափանցիկ էր։

– Արդեօք ժողովուրդը այլ ելք կամ ընտրանք կը տեսնէ՞ր, երբ նախորդ իշխանութիւնները որքա՜ն խոց պատճառած էին, հետեւաբար, անոնց չուումը, այս կամ այն ձեւով, այլեւս հրամայական էր։

Պարոյր Յ. Աղպաշեան, Պէյրութ, Յունուար 2019

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովը (Խորհրդարանը) արդէն իսկ կազմուած է ու կը սպասուի իր առաջին նիստին եւ, անպայմանօրէ՛ն, նոր կառավարութեան կազմութեան։

– Արդեօք ոեւէ մէկը կը կասկածէ՞ր, որ խորհրդարանական ընտրութիւնները կրնային չկայանալ, քանի՝ շուրջ ութը ամսուան ընթացքին, նման ստուգատես մը յաջողցնելը դժուար էր, մանաւանդ որ՝ ընդդիմադիրները (իմա՝ Հանրապետական կուսակցութիւնը) կանխահաս կը նկատէին զայն։

– Արդեօք որեւէ կողմ կը հաւատա՞ր, որ խորհրդարանէն ներս մուտք կրնային գործել ոչ-նիկոլական տարրեր կամ ներկայացուցիչներ, այնքան ատեն որ այդ պահուն ուժերու հաւասարակշռութիւնը աւելի քան թափանցիկ էր։

– Արդեօք ժողովուրդը այլ ելք կամ ընտրանք կը տեսնէ՞ր, երբ նախորդ իշխանութիւնները որքա՜ն խոց պատճառած էին, հետեւաբար, անոնց չուումը, այս կամ այն ձեւով, այլեւս հրամայական էր։

– Արդեօք նախատեսուած ու նախատեսելի խորհրդարանէն դուրս, որեւէ տարբեր խմբակցութիւններով կարելի՞ էր կեանքի կոչել Ազգային Ժողով մը, որ ընդունելի ըլլար ժողովուրդին կողմէ։

– Արդեօք նիկոլականներ կրնայի՞ն երեւակայել (կամ կ’ուզէին), որ կազմուելիք խորհրդարանը իր մէջ ընդգրկած ըլլար ընդդիմադիրներ եւ մեղմ կամ կարծր չէզոքներ, որոնց մուտքով, աւելի ժողովրդավարական տեսք ու խորք կ’ունենար Ազգային Ժողովը։

Ահաւասիկ, պարտադրեալ հարցադրումներ, որոնց պատասխանները, ինչ որ տեղ եթէ խօսուն են եւ յստակ, այնուամենայնիւ, մեծ մասով, քննարկելի ու խորհրդածելի են, իրենց էութեամբ եւ գործընթացով, հասնելու համար որոշակի եզրակացութիւններու կամ արդիւնքներու։

***

Մինչեւ 2018 Մայիս, ակնյայտ էր, որ Հայաստանը կը գտնուէր չոր ու փխրուն կացութաձեւերու մէջ։

Չոր էր, որովհետեւ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը խեղդուած, պրկուած ու ճնշուած կեանք մը կ’ապրէր, ի դէմս իշխանութեանց մենատիրութեան, ինքնատիրութեան ու բռնատիրութեան, միանգամա՛յն, անհանդուրժելի եւ անտանելի վիճակ մը ստեղծելով ամենուրէ՛ք։

Այդ զանգուածները երկու ընտրանքներու առջեւ կը գտնուէին, առաջին՝ անզօրութեամբ, համակերպիլ հեղձուցիչ պայմաններուն, երկրորդ՝ առիթը ունենալու կամ ստեղծուելու պարագային, բռնել արտագաղթի ու պանդխտութեան ճամբան։

Զարմանալին այն էր, որ վերջին երկու իշխանութիւնները, ո՛չ մէկ միջոցի դիմեցին բարելաւելու ժողովուրդին ընկերային-տնտեսական ապրելակերպը, ո՛չ ալ արտահոսքը թեթեւցնելու ծրագիր մը որդեգրեցին։

Փխրուն էր, որովհետեւ ժողովրդային կարգ մը հատուածներու մօտ, երբեք չմարեցաւ հակադարձելու կամքը, նախ՝ իշխանութիւնները զգաստացնելու ու տապալելու, ապա՝ հետզհետէ կազմաւորուելով ու վստահութեամբ զինուելով, հրապարակ գալու։

Ուշագրաւ էր, որ այդ կազմաւորուող եւ աճող հոսանքներու ետին, քաղաքական-կուսակցական յիշատակելի ուժեր չկային, այլ՝ զուտ ժողովրդայինժողովրդական, բռնկելու ու վերազարթօնքի հաւատացող հետեւորդներ։

Նիկոլ Փաշինեան, որ կ’ապրէր հայրենիքի ցաւն ու կոտտանքը, յարմարագոյն պահ նկատեց շարժելու եւ ոտքի հանելու ժողովուրդը, իշխանափոխութիւնը դարձնելու անվերադառնալի որոշում եւ կրցաւ հասնելու իր նպատակին, անարիւն եւ անկռիւ կարգավիճակով ընթանալու վճռակամութեամբ։

***

Փաշինեան կը գիտակցէր, որ՝ վարչապետութեան պաշտօնը ստանձնելով, ամբողջ հայ ժողովուրդին հայեացքները, ուղղուած էին իր վրայ, թէ ինչպէ՞ս.

– Պիտի գործէր

– Փտածութիւնը զսպէր

– Վստահութիւնը վերականգնէր

– Կեանքը բարելաւէր

– Բարեկարգում կազմակերպէր

Իսկ ասոնք, ինչ խօսք, դժուարին ու բարդ հարցեր էին, որոնք կը կարօտէին երկար ժամանակի, հետեւողական աշխատանքի եւ անկոտրում ճիգի, պարզապէս անոր համար, որ ժողովուրդին «ժառանգուած» էին թշռուառութեան, անիրաւութեան եւ անարդարութեան խոցելի պայմաններ։

Բնական է, ժողովուրդը անհամբեր էր շուտով վայելելու նոր իշխանութեան «բարիք»ները, իսկ ատոնք «ճպոտի հպում»ով չէին կրնար իրականանալ, իսկ ձգձգումը կրնար ժողովուրդը մղել յուսահատութեան, մանաւանդ՝ եթէ ընտրութիւններու թուականը երկարաձգուէր։

Այս էր պատճառը, որ Փաշինեան փութաց ընտրութեան թուականը մօտեցնելու եւ արագացնելու, որովհետեւ խոստացուած կամ ակնկալուած բարեփոխութիւնները դանդաղ կը շարժէին, կուտակուած փտածութիւնները մաքրելու ու փտածները չէզոքացնելու։

Աւելին. Փաշինեան կ’ըմբռնէր, որ՝ որքան շուտ եւ արագ կատարուին ընտրութիւնները, ատոնք պիտի ըլլան ի նպաստ իրեն, մեծ թիւով խորհրդարանական աթոռներ գրաւելու ու դառնալու կշռելի մեծամասնութիւն։

Թերեւս, իր հաշիւներէն ու դիրքերէն մեկնելով, Փաշինեան իրաւունք ունէր այդպէս մտածելու գործելու, որովհետեւ՝ ուշացումը կամ յապաղումը կրնար վտանգաւոր ըլլալ, հետեւեալ պատճառներով.

– Հանրապետականներու հզօրացումով

– Խորհրդարանէն ներս բացարձակատիրութեան նուազումով

– Կառավարութեան կազմութեան մէջ տկարացումով

– Ժողովուրդին մօտ դժգոհողներու ալիքի բարձրացումով

– «Քոալիսիօ»ն դաշինքներէն խուսափելով

Այսօր, հաւանական վտանգները շրջանցուած են եւ, իչնպէս կը սպասուէր, նիկոլականները ջախջախիչ մեծամասնութիւն են, «Իմ քայլ»ի առաջատարութեամբ, իսկ երկրորդ եւ երրորդ տեղերը, յաջորդաբար, գրաւած են՝ «Բարգաւաճ Հայաստան» (Գագիկ Ծառուկեան) եւ «Լուսաւոր Հայաստան» (Էտմոն Մարուքեան) կուսակցութիւնները։

Կ’ըսուի թէ՝ այս վերջին երկու կուսակցութիւնները կը յաւակնին ըլլալ ընդդիմադիրներ (՞) խորհրդարանէն ներս, ինչ որ բացարձակապէս իրականութեան չի համապատասխաներ, որովհետեւ, ո՛չ առաջինը, ո՛չ ալ երկրորդը, այդ յղացքը եւ սլացքը ունին, ոչ ալ փորձառութիւնն ու նպատակասլացութիւնը։

Գագիկ Ծառուկեանը, հակառակ իր բարեգործութիւններուն ու ձեռներէցութիւններուն, շահագրգռուած չէ կողմ դառնալու, ոչ ալ՝ պատրաստակամ, այլ՝ զինք գոհացնողն է իր դրամագլուխի աճը եւ քաղաքական-խորհրդարանական դաշտին մէջ մնալը։

Իսկ Էտմոն Մարուքեանը, կուսակից-զինակից մը Նիկոլ Փաշինեանին, թէեւ արեւմտամէտ հակումներով, վստահաբար, ընդդիմադիր դառնալու կամ ընդդիմութիւն խաղալու թռիչքներ պիտի չունենայ, բայց, առնուազն, կրնայ ձեւացնել, թէ այդ գիծին վրայ է։

Այսպիսի խորհրդարանական պատկերի մը կրկնօրինակը պիտի ըլլայ կառավարութեան կազմութիւնը, որ ապահովաբար պիտի վերածուի նիկոլեաններու կամ նիկոլամէտներու կորիզի մը։

Փաստօրէն, խորհրդարանական ու կառավարական մակարդակներու վրայ, կը շեշտենք.

ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆ ՉԿԱ՛Յ։

Եւ ասիկա՝ ոչ միայն այսօրուան պատկերին դիմաց, այլ նաեւ՝ Սերժ Սարգսեանի շրջանին, երբ բոլոր կարգի ու ձեւի ընդդիմադիրները ճզմուեցան կամ ժամանակի ընթացքին օղակուեցան։

Այս առնչութեամբ, օրին հրապարակագրած էինք, որ ընդդիմութիւնը չէ յաջողած իր առաքելութեան մէջ, որովհետեւ շուրջ կէս միլիոննոց հանրահաւաքները կամաց-կամաց նուազեցան ու հասան քանի մը հազարի, երբ տեսնուեցաւ թէ կատարուածները անիմաստ եւ անհետեւանք փորձեր են։

Հայաստանէն եկած պատասխան մը կը յիշեցնէր (՞), որ կայ ընդդիմութիւն եւ անոր զօրութիւնը երեւան պիտի գայ, մինչդեռ եղածն ալ շոգիացաւ։

Հիմա, ի տես միագոյն ու միաթեւ խորհրդարանական-կառավարական առանցքի մը գոյութեան, հարց է թէ փնտռուած եւ յորջորջուած ժողովրդավարութիւնը ո՞ւր կարելի է գտնել։

Նոր իշխանութիւնները, իրենց գործունէութիւններն ու ծրագիրները ինչպէ՞ս պիտի արդիւնաւորեն ու ներդաշնակեն։

Չենք գիտեր թէ յետագային ի՞նչ որակի ու մակարդակի ընդդիմութիւն կրնայ ձեւաւորուիլ, որ իշխող կուսակցութեան պիտի տայ ժողովրդակառոյց ու ժողովրդամէտ լիցք, իսկ իշխանութիւնները ինչպէ՞ս պիտի ընկալեն նման շարժումի մը գոյութիւնը։

Պէտք չէ մոռնալ հաւանականութեան մը այրող ու ճմլող «սողոսկում»ը, որն է՝ հայ ժողովուրդին բարի ակնկալութիւններու անիրականացումը, երբ՝

– Գտնուի տխուր անակնկալներու առջեւ

– Մատնուի յուսախաբութեան

– Ենթարկուի անիրաւութեան

– Բախուի անարդարութեան

– Մնայ անտեսուած

Ասոնք կրնան բացառուած չըլլալ, բայց, կարեւորը զանոնք ընդփոյթ արմատախիլ ընելն է, երկաթեայ բազուկով ճմլելը, իր սաղմին մէջ խեղդելը, երբեք ու երբեք մօտիկ անցեալէն թէ այլապէս, նմոյշ մը իսկ չձգելով։

Հետեւաբար, «Նիկոլիզմ»ի իշխանութիւնը կը գտնուի բուռն մարտահրաւէրներու դիմաց. դիմագրաւելի՞ են թէ ոչ…

Մենք մեզի պարտաւոր կը զգանք նման դիտարկումներով հանդէս գալու, որովհետեւ նոր իշխանութիւններու ուսին կան ծանր բեռներ, որոնք տեղ պէտք է հասնին, ծառայեն ու հաւատարմագրեն հայ ժողովուրդին։

2019ը թող ըլլայ կայունութեան ու բարեբերութեան, խաղաղութեան ու բարգաւաճութեան անսայթաք տարուան մը հեզասահ սկիզբը, յանուն հայ ժողովուրդի մէկութեան ու հայրենիքի անվտանգութեան։

You May Also Like