Հրայր Ճէպէճեան, Նիկոսիա, 17 Յունիս 2012
«Սեւ, ճերմակ, կարմիր, դեղին` խտրականութիւն բնաւ չունի»: Կիրակնօրեայ վարժարանին մէջ մեր սորված երգերէն մէկուն տողերն են ասոնք: Այս երգին ընդմէջէն կը սորվէինք, որ Յիսուսի սէրը անխտիր բոլոր ցեղերուն համար է, եւ որ` բոլորը կը միանան նոյն այդ սիրոյ հասկացողութեամբ, առանց խտրականութեան: Այդ օրէն սկսեալ սորված էինք մարդը տեսնել ո՛չ թէ իր գոյնով կամ արտաքինով, այլ` իր անձին ու նկարագիրին ընդմէջէն:
Հրայր Ճէպէճեան, Նիկոսիա, 17 Յունիս 2012
Նիւ Եորք քաղաքը լաւագոյն օրինակներէն է վերոյիշեալ տրամադրութեամբ ապրող այն իրականութեան, ուր սեւը, ճերմակը, կարմիրը, դեղինը միասնաբար կը գոյատեւեն մէկ երդիքի տակ: Այս երդիքը աշխարհի ամէնէն աշխուժ քաղաքներէն մէկն է` Նիւ Եորքը, ուր քաղաքակրթութիւնները կը միանան, չեմ գիտեր, եթէ անպայման նորը շինելու համար, բայց` ստեղծելու համար շատ հրապուրիչ եւ հմայիչ մթնոլորտ մը:
Բայց եւ այնպէս այդ հրապուրիչ ու հմայիչ մթնոլորտին մէջ կայ նաեւ վախը, վտանգը եւ, աւելի՛ն… կորսուելու հաւանականութիւնը, եթէ ոչ ֆիզիքապէս, բայց գէթ` անհատականութեամբ, նկարագիրով եւ ինքնութեամբ:
Կիրակի, 22 յունուար 2012-ին կը քարոզէի Նիւ Եորքի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ կայացած պաշտամունքին ընթացքին: Մեկնելով նոյն տրամաբանութենէն, որ գոյներն ու քաղաքակրթութիւնները կը միանան, նաեւ կը միանան լեզուները, ու ես կը ստիպուիմ քարոզել թէ՛ հայերէն եւ թէ՛ անգլերէն լեզուներով: Բայց պէտք է նաեւ երկու լեզուներով ալ միտքերը կամրջել, որպէսզի կարելի ըլլայ ըստ պատշաճի պատգամը հասցնել ժողովուրդին:
Իւրաքանչիւր քարոզի ժամանակ կայ փորձառութիւն մը, որ կու գայ ժողովուրդին նայուածքներէն: Ճիշդ է, որ անոնք քեզ կը դիտեն ու կը լսեն, բայց նաեւ դուն կը տեսնես աչքերը, դէմքի արտայայտութիւնները, որոնք «կը խօսին» քեզի հետ: Կրնայ գալ պահը, երբ կեդրոնացումդ կը ծանրանայ դէմքերուն ու նայուածքներուն վրայ ու կրնաս միտքերդ ու զարգացող խօսքերդ իրարու խառնել ու շուարիլ…
Բայց այդ օրը նայուածքներուն մէջ հատ մը շատ իւրայատուկ թուեցաւ ինծի: Անոր աչքերուն մէջ տեսայ կարօտ, բայց նաեւ` այդ կարօտին առնչուած պատմութիւն: Յաղթանդամ, միջին տարիքի անձ մըն էր, եւ կը զգայի, որ ունէր բան մը աւելի սորվելու ծարաւ, բայց նաեւ` հաղորդակցութեան անհրաժեշտութիւն: Յստակ էր, թէ միջինարեւելեան կապուածութիւն մը կար իր աչքերուն մէջ, եւ կ՛ուզէր այդ մէկը փոխանցել ինծի ու բաժնեկցիլ հետս:
Վիգէնը պատմեց իր պատմութիւնը:
Էշրեֆիէի մեր թաղամասի տղոցմէ եղած է: Սկսայ անդրադառնալ, որ ամբողջ մանկութիւնս եւ պատանեկութիւնս մեծցած եմ շրջանի մը մէջ, ուր հայկականօրէն շատ բան տեսած ու տուած է: 12 տարեկանին` 1972-ին, եկած է Նիւ Եորք` լիբանանեան քաղաքացիական կռիւներէն առաջ: 1975-ին ուզած է վերադառնալ Պէյրութ, բայց պատերազմին պատճառով չէ կրցած: Վիգէն շարունակած է իր կեանքը պատանեկութենէն մինչեւ երիտասարդութիւն եւ ներկայ չափահասութիւն` ապրելով այս շատ հմայիչ քաղաքին մէջ: Բայց այս քաղաքին հմայքը զինք մղած է կեանքի պայքար մղելու` տարբեր բնագաւառներու մէջ: «Ունեցայ շատ փորձառութիւններ ու դէմ յանդիման գտնուեցայ բազմաթիւ փորձութիւններու: Եւ այս բոլորին ընթացքին պէտք էր ինքզինքս պաշտպանէի շատ մը փողոցային հրոսախումբերէն, որոնք ամէն ձեւով նեղութիւն կու տային ինծի»: Արդարեւ, փողոցային կռիւի մը ընթացքին դանակի զօրաւոր հարուած մը ստացած է ձախ ոտքէն եւ հոն նշմարելի մնացած է վէրքին սպին:
Վիգէն բաւական ժամանակ մնացած է բանտին մէջ, իսկ ներկայիս թէեւ ազատ է, սակայն հսկողութեան տակ: «Պէյրութ եղած շրջանիս Էշրեֆիէի Չաթալպաշեան վարժարանը յաճախեցի», շարունակեց Վիգէնը: Չաթալպաշեան վարժարանէն իրեն փոխանցուած է հայախօսութիւնը եւ ազգային ինքնութեան նկատմամբ հաւատքը: «Արաբերէնով միայն անունս կրնամ գրել», ժպտելով ըսաւ Վիգէն:
Մասնագիտութիւն կամ արհեստ չունի, բայց կեանքին մէջ ամէն տեսակ աշխատանք կատարած է:
Այս բոլորէն զատ, Վիգէնին աչքերուն մէջ կայ Պէյրութի, Էշրեֆիէի ու իր դպրոցին կարօտը: «Քանի մը տարի առաջ ազգականներս Պէյրութ գացին: Իրենցմէ խնդրեցի, որ մեր դպրոցին եւ թաղամասին բոլոր նկարները բերեն»: Վիգէնին համար մանկութեան այդ օրերը եղած են «արմատ ու հիմք», որուն վրայ եթէ չէ կրցած կեանք կառուցել, բայց իրեն համար միշտ ալ հարազատ կը մնան այդ բոլորը:
Վիգէն չկրցաւ բացատրել, թէ ինչո՛ւ ապրած է այդ կեանքը: «Չեմ գիտեր` ինչո՞ւ ըրի»: Բայց մէկ բան յստակ է իրեն համար, այն, որ` «հիմա տարբեր անձ մըն եմ»:
Իսկ տարբերութի՞ւնը:
«Երկու տարի առաջ եկեղեցւոյ դրան քով կը կանգնէի, բայց ներս չէի մտներ: Մայրս պաշտամունքէն կ՛ելլէր, եւ զինք տուն կը տանէի». իսկ հիմա Վիգէն եկեղեցւոյ դռնէն ներս մտած է: «Կը սիրեմ եկեղեցին, պաշտամունքը եւ ժողովուրդը». Վիգէնն է ըսողը:
Հրաժեշտ պիտի տայի Վիգէնին եւ իր ապրած երկար կեանքի պատմութեան: «Բայց այնպէս ըրէ, որ եկեղեցւոյ դռնէն դուրս չմնաս այլեւս» նախադասութիւնը եղաւ իմ բաժանումի խօսքս` իբրեւ քաջալերանք ու խթան Վիգէնին, «տարբեր անձի մը» նոր կեանքի պատմութեան:
Վիգէնն ու անոր պատմութիւնը մէկ օղակն է մեր հայկական իրարու շաղկապուած իրական կեանքի փորձառութիւններուն, զորս կը տեսնենք հոս թէ հոն, քիչ մը ամէն տեղ: Մեր հայկական իւրաքանչիւր օղակ փորձառութիւն մըն է, որ ցոյց կու տայ մեր ազգային կեանքի «գունագեղ» եւ «այլատեսակ» ապրող իրականութիւնները, որոնք քով-քովի գալով` կը կազմեն մեծ խճանկար մը: Խճանկար, որ մեզ դէմ յանդիման կը դնէ մեր տարբեր իրավիճակներու իսկական պատկերին, եւ որ տեղ մը մեզ կը զգաստացնէ` փորձառութիւններուն եւ անոնց որպէս հետեւանք արձանագրուելիք դէպքերուն գիտակցելու անհրաժեշտութեան: Այսօր աշխարհին մէջ շատ են վիգէնները, որոնք հայ եկեղեցիներէն, ազգային կառոյցներէն եւ կազմակերպութիւններու դռներէն դուրս կանգնած են: Հոն` դուրսը, կայ փորձութիւններու ու փորձառութիւններու ահաւոր տարափը, որ կը զգլխէ, կը տանի մեզ, նաեւ` ամէն արժէք ու ինքնութիւն: Այս հոսանքին մէջ կը կորսուի նաեւ «տարբեր անձ մը» ըլլալու հաւանականութիւնը:
Մեր ազգային-եկեղեցական կեանքի մեծ մարտահրաւէրներէն է ասիկա, հայ անհատը մեր կառոյցներուն դռներէն ներս պահելը: Վիգէն գիտէ, թէ «հիմա տարբեր անձ մըն է», ուստի չ՛ուզեր այդ դռնէն դուրս գալ նորէն:
Եթէ պիտի պահենք մեր ազգային կառոյցները` ի գին ամէն զոհողութեան, պէտք է յիշենք, որ փորձառութիւնը ցոյց տուած է, թէ նոյնինքն դռնէն ներս տարբեր հայ մը կրնանք ըլլալ:
Եւ տարբեր հայ կերտելը համահայկական մեծ ու հիմնական առաքելութիւն է: