Հարցազրոյցը վարեց՝ Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, 8 Փետրուար 2016
2014-ի տարուայ կէսերուն, հրամանաւ Ամենապատիւ Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի, Սրբոց Յակոբեանց Տաճարէն ներս թէ դուրս սկսան կատարուիլ լուրջ
Տ. Պարետ Ծ. Վրդ. Երէցեան Սաղիմահայ է և երկար տարիներ սպասարկած է ԱՄՆ-ի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւելեան և Արեւմտեան Թեմերէն ներս։
2014-ի տարուայ կէսերուն, հրամանաւ Ամենապատիւ Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի, Սրբոց Յակոբեանց Տաճարէն ներս թէ դուրս սկսան կատարուիլ լուրջ
Տ. Պարետ Ծ. Վրդ. Երէցեան Սաղիմահայ է և երկար տարիներ սպասարկած է ԱՄՆ-ի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւելեան և Արեւմտեան Թեմերէն ներս։
Հարցում.- Ե՞րբ ստանձնեցիք Կալուածոց Տեսուչի պարտականութիւնը, ի՞նչ է առաքելութիւնը Ձեր ղեկավարած բաժնին։
Տ. Պարետ Ծ. Վրդ.- Պարտականութիւնս ստանձնեցի 2014 թուականի Յունիս 1-ին։ Ինձմէ առաջ այս բաժնի պատասխանատուն էր Տ. Բագրատ Վրդ. Պուրճեքեան։ Մեր պարտականութիւնն է հսկել և հետեւիլ Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան պատկանող կալուածներու վրայ, ինչպէս վարձու տրուած յարկաբաժիններ, բնակարաններ, խանութներ, և զբաղիլ անհրաժեշտ նորոգութիւններով։ Կալուածներ ունինք Երուսաղէմէն զատ Եաֆֆա, Ռամլէ, Բեթղեհէմ, Երիքով, Թել Ավիվ և այլուր։ Այս կալուածներէն Միաբանութիւնը կը ստանայ եկամուտներ և ասոնցմով կը հոգանք մեր բազմածախս կարիքները։ Ուրեմն հարկաւոր է բծախնդիր կերպով հետեւիլ, որպէսզի օրինաւոր ու սահուն կերպով ընթանան մեր կալուածային գործառնութիւնները։
Հարցում.- Կրնայի՞ք մանրամասնել և աւելի որոշակի տուեալներ տալ այս առնչութեամբ։
Տ. Պ. Վրդ.– Երուսաղէմի և այլ սրբատեղեաց մէջ մեր Միաբանութիւնը հայութեան պատիւ բերող և հպարտութիւն պարգեւող ներկայութիւն մըն է դարերէ ի վեր։ Վանքին շրջափակէն ներս և դուրսը՝ Հայոց թաղերուն մէջ ապրող մեր հայրենակիցները ունին շարք մը առաւելութիւններ, ինչպէս օրինակ շատ քիչ կամ չնչին խորհրդանշական վարձ մը կը գանձուի իրենցմէ, բաղդատմամբ շուկայի գիներուն։
Բնակարանային հարցով մեր ժողովուրդը կը վայելէ բարենպաստ պայմաններ։ Օրինակ, մինչ բնակարան մը դուրսը կ՚արժէ 1000 տոլար, իրենք մեր մօտ կը վճարեն 1000 կամ 200 կամ ալ 100 տոլար տարեկան և աւելի նուազ։ Ասով հանդերց կը թերանան իրենց պարտականութեան մէջ Վանքին հանդէպ։ Հոս պէտք է ըսել որ Պատրիարքը բաւական թիւով մեր վարձակալներուն, որոնց յետնեալ պարտքերը 100,000 տոլարի կը հասնին, ներում շնորհեց, ասով հանդերց տակաւին շատերը կը փորձեն խուսափիլ և չվճարել իրենց վարձքերը։ Ճիշտ հոս է որ Վարքը ստիպուած կ՚ըլլայ դիմել փաստաբաններու՝ բազմաթիւ անգամներ իրենց աղաչելէ ետք։
Մեր գաղութին միակ վարժարանը՝ Սրբոց Թարգմանչացը կը գտնուի վանքին շրջափակէն ներս, նմանապէս և ակումբները, ֆութպոլի դաշտը, Կիւլպէնկեան Մատենադարանը, դարմանատունը, այլ խօսքով Հայոց Վանքը եղած է բոլորին տունը, ուստի և կ՚ակնկալենք որ մեր բնակիչները հետեւին կարգ ու կանոնին և կանոնաւոր կերպով կատարեն ու չձգձգեն իրենց վճարումները, որովհետեւ մենք բազմածախս եկեղեցական հաստատութիւն մը ըլլալով ունինք մեր ծախսերը, զորս պէտք է կատարենք ժամացոյցի ճշգրտութեամբ։ Կը ցաւիմ ըսելու թէ մեր բնակիչներէն ոմանք ոչ միայն ժամանակին չեն կատարեր իրենց վճարումները այլ երբեմն ալ խոչընդոտներ կը յառուցեն չվճարելու համար …
Հարցում.- Եթէ գաղտնիք մը չէ, որքա՞ն է ձեր ծախսը։
Տ. Պ. Վրդ.- Նախ ըսեմ թէ Վանքը տարեկան նուազագոյնը մէկուկէս միլիոն տոլարի օգտակարութիւն կ՚ունենայ այս գաղութին, որոնց մէջ կը մտնեն դպրոցական, առողջապահական, նորոգութեանց և այլ ծախսեր։ Կեանքի սղութեան յարաճուն
Մեր Թարգմանչաց վարժարանի ծախսերը նոյնպէս քիչ չեն, թէեւ ծնողներէն կը գանձուի որոշ կրթաթոշակ։
Մեր վանքապատկան շէնքերուն, կալուածներուն և եկեղեցական կառոյցները նոյնպէս քիչ ծախսի չեն նայիր, կը նորոգենք ու նորոգած ենք Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց, Բեթղեհէմի, Եաֆֆայի (Ս. Նիկողայոս) սրբավայրերը։
Կը ցաւիմ ըսելու թէ ի դէմս այս բոլորին մեր ազգայիններէն, աւելի ճիշդ՝ «հարուստներէն» կամ ինքնաբաւ գաղութներէն ու ազգային բարերարներէն շատ քիչեր կ՚ընեն նուիրատուութիւններ։ Մենք մեր թիկունքին չունինք Վատիկանի և կամ Օրթոտոքս եկեղեցւոյ նման հզօր ու հարուստ աշխարհատարած հաստատութիւններ, հակառակ ու Սրբատեղեաց մէջ ունինք պատուաբեր ներկայութիւն մը։
Մեզ կը զարմացնէ մեր բարերարներու և բարեգործական կազմակերպութիւններու անտարբերութիւնը։ Ճիշդ է որ անոնք կը հոգան մեր Հայրենիքին, Արցախին և Սփիւռքի վարժարաններու հոգսերու մէկ մասը, բայց պէտք է յիշեցնեմ թէ Երուսաղէմը առնուազն 15 դարերէ ի վեր եղած է և է մեր հոգեւոր հայրենիքը, որուն իրենց անհրաժեշտ հոգատարութիւնը ցոյց տուած են անցեալին հայ թագաւորներ, բարեպաշտ իշխաններ, թագուհիներ և իշխանուհիներ…։ Երախտագէտ ենք 20-րդ դարու մեր ազգաշէն բարերարներէն Կիւլպէնկեաններուն, Մելգոնեան Եղբայրներուն, Ալեքս և Մարի Մանուկեաններուն, որոնք իրենց հոգատար ձեռքը չեն զլացած մեր սրբավայրերուն հանդէպ, բայց նոյնը չենք կրնար ըսել վերջին քառասուն տարիներու համար։
Հարցում.- Վերջին ամիսներուն աչքառու նորոգութիւններ կատարուեցան Սրբոց Յակոբեանց վանքին մէջ։ Կրնայի՞ք լուսաբանութիւններ տալ այս մասին։
Տ. Պ. Ծ. Վրդ.– Այո, ուրախ եմ որ այս հարցումը ուղղեցիք։ Բացի կարգ մը բնակարաններու և ուխտաւորաց կացարաններու նորոգութիւններէն, Ս. Յակոբեանց Տաճարի նորոգութիւնը աւարտելու վրայ է Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հօր նախաձեռնութեամբ։ Պէտք է ըսեմ թէ Ս. Յակոբի նորոգութիւնը մեր վրայ արժեց մօտ կէս միլիոն ԱՄՆ տոլար մեր։ Քանի մը հարիւր տարի նորոգութիւններ չկատարուելու պատճառով խիստ կարիքը կը զգացուէր անոնց։ Տանիքէն իջած խոնաւութիւնը սկսած էր սպառնալ հարաւային պատերու (Ս. Էջմիածին մատրան) ամրութեան։ Հիմնական կառոյցներէն նորոգութեանց ենթարկուեցան Մայր Տաճարի գմբէթը, կամարները, առաստաղը, Վերնատունը, Ս. Մինասն ու Ս. Ստեփանոսը, հին ծեփերը հանուեցան, խոնաւութեան պատճառ եղող քարերու միջեւ ծեփերն ու խոռոջները նորոգուեցան, վերածեփուեցան, դուրսի պատերը մաքրուեցան աւազաջրով և ստացան պայծառ տեսք։
Այս ընթացքին ի յայտ եկան հաճելի յայտնաբերութիւններ, որոնց շարքին աւելի քան քսան խաչքարեր (այս մասին կարդալ Տ. Բագրատ Վրդ. Պուրճեքեանի ուշագրաւ հաղորդումը սոյն թիւին մէջ-խմբ.)։
Հարցում.- Ի՞նչ պատգամ ունիք այս առթիւ, զոր կը փափաքիք հայութեան ուշադրութեան յաձնել։
Տ. Պ. Ծ. Վրդ.– Ինչպէս ըսի, մեր Պատրիարքութիւնը մեծածախս եկեղեցական ու ազգային հաստատութիւն մըն է։ Մեր Սրբավայրերը հեռաւոր ու մօտաւոր անցեալին եղած են ազգային բարերարներու ուշադրութեան թիրախ, իսկ մեր սրբալոյս Պատրիարքներն ու հաւատացեալ հայութիւնը Սրբավայրերը պաշտպանած է ակռաներով։ Յիշեցնեմ որ մեր Պատրիարքութիւնը և վանքապատկան կալուածներէն ներս բնակութիւն հաստատած նախաեղեռնեան, յետեղեռնեան, Ա. և Բ. Համաշխարհային ու Պաղեստինի պատերազմներուն ապաստան տուած է իր անոքիկ զաւակներուն։ Աշխարհի այս շրջանին մէջ չեն պակսիր քաղաքական վերիվայրումերը, հետեւաբար որեւէ ժամանակ մեր Սրբավայրերն ու վանքապատկան վայրերը կրնան վտանգի ենթարկուիլ։ Ուրեմն, պէտք է շէն պահել այս հինաւուրց հաստատութիւնը, հոգալ և թեթեւցնել իր նիւթական բեռը։
2 comments
Jerusalem
Many rich and poor Armenians have contributed over the years to the Jerusalem fund but since the Brotherhood is not experienced in matters outside of their bible studies
things were mismanaged. For example, the Mardigian Museum had it been managed professionally it would be open today with millions of tourists visiting yearly and contribute greatly. It's a shame it closed a few years after its opening.
Competent leaders is what's sorely needed in our nation, be it in Armenia or Jerusalem.
My only advice to Fr. Barret is to run it like a business and no free lunch, or better yet hire a US/Canada business school graduate and hold him responsible.
Երուսաղէմի Պատրիարքարանը։
Եթէ փափաք ունինք բարգաւաճ կեանք մը ապրելու եւ յարատեւելու, սորվինք զիրար սիրել, յարգել եւ օգնել, նաեւ ամէն անձ իր պարտականութիւնը, պատասխանատւութիւնը եւ գիտակցութիւնը ունենայ եւ գործադրէ, իբրեւ ազգ աւելիով կը զօրանանք։ Երբեք պիտի չըսէք իմ գործս չէ, ուրիշին գործն է, ես չեմ վճարեր, ուրիշը թող վճարէ։
Ո՞ւր մնաց մեր ազգային արժանապատւութիւնը։
Comments are closed.