ԶԳՕՆՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՒԷՐ ՄԵԼԳՈՆԵԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑՈՎ (*)
ԿՐԹԱԿԱՆ ՓԱՌԱՒՈՐ ԱՒԱՆԴՈՅԹ ԵՒ ԱՆՑԵԱԼ
Գ. ԶՐՈՅՑ
Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս, 2018
Մեր սոյն զրոյցին մէջ նոր սերունդին եւ հայրենի պետութեան ուշադրութեան կը յանձնենք ՀԲԸՄ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան (այսուհետեւ՝ ՄԿՀ) շրջանաւարտներէն առաւել աչքառու դէմքերէն ոմանց ակնառու դերը ընդհանրապէս հայ կրթութեան ասպարէզէն ներս։
ՄԿՀ-ի հիմնադիր բարերար եղբայրներուն հոգիները շուրջ 60 տարի խայտացին ի տես այն հայակերտիչ դերին, որ ՄԿՀ-ը ունեցաւ սփիւռքի թէ հայրենիքի մէջ։ Սփիւռքի տարածքին ՄԿՀ-ը արժանի տեղը ունի այնպիսի վարժարաններու եւ ուսումնական կեդրոններու կողքին, ինչպիսիք են Մխիթարեան Վարժարանները (Վենետիկ, Վիեննա), Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքը (Լիբանան), Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց ճեմարանը, Համազգային Ճեմարանը (Պէյրութ), Քարէն Եփփէն (Հալէպ), Հիւսիսեան Հայագիտական Կեդրոնը (Պէյրութ), Հայկազեան Գոլէճն ապա Համալսարանը (Պէյրութ), Կեդրոնական Վարժարանը (Պոլիս), Էսսայեան Վարժարանը (Պոլիս)… եւ այլ հաստատութիւններ։
ԶԳՕՆՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՒԷՐ ՄԵԼԳՈՆԵԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑՈՎ (*)
ԿՐԹԱԿԱՆ ՓԱՌԱՒՈՐ ԱՒԱՆԴՈՅԹ ԵՒ ԱՆՑԵԱԼ
Գ. ԶՐՈՅՑ
Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս, 2018
Մեր սոյն զրոյցին մէջ նոր սերունդին եւ հայրենի պետութեան ուշադրութեան կը յանձնենք ՀԲԸՄ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան (այսուհետեւ՝ ՄԿՀ) շրջանաւարտներէն առաւել աչքառու դէմքերէն ոմանց ակնառու դերը ընդհանրապէս հայ կրթութեան ասպարէզէն ներս։
ՄԿՀ-ի հիմնադիր բարերար եղբայրներուն հոգիները շուրջ 60 տարի խայտացին ի տես այն հայակերտիչ դերին, որ ՄԿՀ-ը ունեցաւ սփիւռքի թէ հայրենիքի մէջ։ Սփիւռքի տարածքին ՄԿՀ-ը արժանի տեղը ունի այնպիսի վարժարաններու եւ ուսումնական կեդրոններու կողքին, ինչպիսիք են Մխիթարեան Վարժարանները (Վենետիկ, Վիեննա), Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքը (Լիբանան), Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց ճեմարանը, Համազգային Ճեմարանը (Պէյրութ), Քարէն Եփփէն (Հալէպ), Հիւսիսեան Հայագիտական Կեդրոնը (Պէյրութ), Հայկազեան Գոլէճն ապա Համալսարանը (Պէյրութ), Կեդրոնական Վարժարանը (Պոլիս), Էսսայեան Վարժարանը (Պոլիս)… եւ այլ հաստատութիւններ։
Ամփոփ կեպով անդրադառնամ ՄԿՀ-էն շրջանաւարտ կարգ մը երախտաւորներու, որոնց ջանքերուն եւ նուիրուածութեան շնորհիւ սփիւռքը օժտուեցաւ կարող մանկավարժներով։
Սկսիմ իմ կրթութեանս ու դաստիարակութեանս վրայ դրական դեր ունեցած ուսուցիչներէն՝ նախակրթարանէն մինչեւ Երեւանի Պետական Համալսարան։ Պրն. Կարապետ Կիւրեղեան(անգլերէն լեզու եւ դաստիարակ), Պօղոս Մատուռեան (հայերէն եւ դաստիարակ), Համբարձում Գումրուեան (հայերէն), Զարեհ Մելքոնեան (հայերէն), Վարուժան Պետիկեան (տոմարակալութիւն, մեքենագրութիւն եւ դաստիարակ), Հրաչ Մանուկեան (մարմնամարզանք), Նիկողայոս Թահմիզեան (Երեւան, հայ հոգեւոր երաժշտութեան պատմութիւն)։ Կը վստահեցնեմ՝ իմ կրթութեանս ու դաստիարակութեանս մէջ շատ թերիներ պիտի ըլլային առանց վերոյիշեալ երախտաւոր Մելգոնեանցիներու։
Պրն. Երուանդ Ակիշեան (շրջ. 1947-1948).- ՄԿՀ-ը աւարտելէ ետք կը պաշտօնավարէ Հաստատութենէն ներս, ապա 1956-1969 կը ստանձնէ Հալէպի Գալուստ Կիւլպէնկեան-Լազար Նաճարեան վարժարանի տնօրէնութիւնը։ Պէյրութ փոխադրուելէ ետք տնօրէն կը նշանակուի ՀԲԸՄիութեան Երուանդ Տեմիրճեան վարժարանի։ ԱՄՆ հաստատուելէ ետք կը շարունակէ իր մանկավարժական գործունէութիւնը։ Հիմնադիրներէն է ՀԲԸՄիութեան Քալիֆորնիոյ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի, կրթական յանձնախումբի անդամ՝ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Արշակ Տիգրանեան եւ ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարաններու։ Կը պաշտօնավարէ Քալիֆորնիոյ Նորթրիճի համալսարանէն ներս որպէս ուսանողական խորհրդական (CSUN)։
Պրն. Զարեհ Մելքոնեան (շրջ. 1945-1946).- Նախ հայոց լեզուի, գրականութեան եւ գրական գիտելիքներու ուսուցիչ ՀԲԸՄ Յովակիմեան-Մանուկեան եւ Դարուհի Յակոբեան վարժարաններու մէջ (Պէյրութ), ապա վերջինիս տնօրէն։ Մեր վարժարանէն ներս գրական-քննադատութեան եւ համաշարհային գրականութեան մասին մեր գիտելիքները յատկապէս կը պարտինք քերականագէտ եւ ինքնատիպ բանաստեղծ Զարեհ Մելքոնեանին։ Ան 1960-ականներու վերջաւորութեան հրաւիրուեցաւ Տիթրոյթ՝ ՀԲԸՄ-ի նախագահ Ալեք Մանուկեանի կողմէ, որպէս Ալեք Մանուկեան Մշակութային Հիմնադրամի գործադիր-տնօրէն. դասաւանդած է Միշիկընի (Տիրպորն) համալսարանին մէջ։
Փրոֆ. Հերմինէ Մահսերեճեան.- (յաճախած է 1949-1952), անվարձահատոյց դասաւանդած է Հայոց Լեզու Քալիֆորնիոյ Նորթրիճի Համալսարանէն ներս (CSUN)։ Յետագային իր ջանքերուն շնորհիւ հայերէնը դարձաւ Օտար Լեզուներու եւ Գրականութեան բաժնի ճիւղերէն մէկը (այստեղ տողերուս հեղինակը նոյնպէս ատեն մը դասաւանդեց հայոց Լեզու եւ Գրականութիւն)։ Հիմնադիրներէն մէկն է Լոս Անճելըսի Ararat Charter School-ի եւ տասը տարիէ ի վեր կը շարունակէ օգտակար ըլլալ որպէս հոգաբարձութեան փոխ-ատենապետուհի՝ դարձեալ անվարձահատոյց։
Վարդան Թաշճեան.- (շրջ. 1957-1958) Նախ ուսուցիչ Նոր Բարձրագոյն Վարժարանէ ներս (Պէյրութ), ապա Պաաքլինի (Լեռն. Լիբանան) մէջ, վերադարձ որպէս ուսուցիչ ՄԿՀ, եւ երկարամեայ սիրուած տնօրէն «Նարեկ» Ազգ. Վարժարաններու, Կիպրոս (1957-2001)։ Վարդան Թաշճեանի տնօրէնութեան օրօք Կիպրոսի միակ հայկական նախակրթարանը (Նիկոսիա, Լարնագա եւ Լիմասոլ քաղաքներ) անձանագրեց բազում յաջողութիւններ հայ աշակերտները պատրաստելով երկրորդական վարժարաններու համար՝ ՄԿՀ, American Academi, English School։ Իր պաշտօնակիցներուն հետ սերտ համագործակցութեամբ ան կրցաւ աշակերտութեան սիրտին ու հոգիին մէջ դրոշմել հայկական ոգի եւ գիտակցութիւն։ Վարդան Թաշճեան նաեւ յայտնի գեղանկարիչ է՝ գնահատուած ոչ միայն Կիպրոսի մէջ, այլ անոր սահմաններէն դուրս։
Յարութիւն (Արթօ) Այվազեան.- (շրջ. 1966-1967) Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն (AUB) վկայուելէ ետք ան վերադարձաւ իր ծննդավայրը՝ Կիպրոս, ուր մինչեւ 1990 պաշտօնավարեց ՄԿՀ-ի մէջ որպէս ուսուցիչ, հերթապահ եւ գլխաւոր հերթապահ, ՄԿՀ տեսուչ, ապա նշանակուեցաւ Կիպրոսի Նարեկ Ազգ. Վարժարաններու տնօրէն։
Վարդգէս Գուրուեան.- 1965-ի շրջանաւարտ, ուսուցիչ ՀԲԸՄ Յովակիմեան Մանուկեան վարժարանէն ներս, Քուէյթի Ազգ. Վարժարան, ՄԿՀ ուսուցիչ, դաստիարակ եւ հերթապահ, երկարամեայ տնօրէն Հոլիվուտի Թէքէեան Մշակութային Միութեան Արշակ Տիգրանեան վարժարանի (1981-2012)։ Իր շրջանին վարժարանը սկսաւ 44 աշակերտով եւ հասաւ 356 աշկերտի։ Վարժարանին շրջանաւարտները յաճախեցին ԱՄՆ-ի ամէնէն վարկաւորուած համալսարանները եւ հասան մեծ յաջողութիւններու։
Վարդգէս Նալպանտեան (շրջ. 1966-1967).- Երեւանի Պոլիտեխնիկական Ինստիտուտը (համալսարան) աւարտելէ ետք ան վերադարձաւ Եթովպիա, ուր իր ճարտարագէտի մասնագիտութեան կողքին նուիրուեցաւ հայ գաղութին։ Աւելի քան քառասուն տարիներ Վ. Նալպանտեան իր քոյրերուն եւ կնոջ հետ ծառայեցին, ու կը շարունակեն ծառայել, հայ դպրոցին, եկեղեցուոյ, ակումբին եւ փոքրաթիւ հայ համայնքի ԲՈԼՈՐ կարիքներուն։
Գէորգ Մարաշլեան (շրջ. 1969-1970) Պուենոս Այրեսի ՀԲԸՄ Մարի Մանուկեան վարժարանի տնօրէն։ Իր օրօք վարժարանի շրջանաւարտ դասարանի աշակերտները սովորութիւն ստեղծեցին աւարտական շրջապտոյտ-ուխտագնացութիւն կազմակերպել դէպի հայրենիք։ Թէքէեան Մշակութային Միութեան ղեկավարութեան պատասխանատու անդամ։
Հայկ Սարգիսեան (շրջ. 1974-1975).- Տնօրէն Փարիզի Դպրոցասէր հայկական վարժարանին 2003-էն մինչեւ այսօր (մասնագիտութեամբ երաժիշտ-խմբավար Երեւանի Կոմիտասի անուան Երաժշտանոցէն)։ Իր խնամքին յանձնուած են 3 տարեկանէն մինչեւ 14-15 տարեկան հայորդիներ։ Այժմ Դպրոցասէր կը յաճախեն 260 աշակերտներ։
Արմէն Իւրնէշլեան (շրջ. 1985-1986).- Բացառիկ ուսանող մը, որուն մէջ հաւասարապէս կը մրցէին յառաջադէմ ուսանողը, ասմունքողը, դերասանը եւ պրպրտողը։ Երեւանի Պետ. Համալսարանի Բանասիրութեան բաժինը աւարտելէ ետք կը վերադառնայ ծննդավայր՝ Պէյրութ եւ 1992-էն մինչեւ 1996 կը ստանձնէ Վահան Թէքէեան վարժարանի տնօրէնութիւնը։ 2015-էն սկսեալ կը վարէ ուսուցչական եւ փոխ-տնօրէնական պաշտօն Պէյրութի Հայ Աւետարանական վարժարանէն ներս, ապա 2017-ին կը նշանակուի տնօրէն։ Այցելուի կարգավիճակով կը դասաւանդէ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանէն ներս, իսկ 2001-էն ասդին անդամ է Հայկազեան Համալսարանի Հայագիտական Հանդէսի խմբագրական կազմին։
***
Երրորդ զրոյցով մենք աշխատեցանք ցոյց տալ մեզի յայտնի կարգ մը հայկական վարժարաններու Մելգոնեանցի տնօրէններ ։ Առանձին ուսումնասիրութեան եւ պրպտուքի կը կարօտի այս շարքը, որովհետեւ բազմաթիւ շրջանաւարտներ լուսոյ այս տաճարէն անցնող քառասուն յիսուն տարիներուն նուիրուեցան ուսուցչութեան, հայ մամուլին, ազգային-հասարակական միութիններէ ներս վարեցին ու կը շարունակեն վարել պատասխանատու պաշտօններ։ Կարելի է աւելի հեռու երթալով ներկայացնել Մելգոնեանցի գրողներ, մանկավարժներ, նուիրուած ազգայիններ ու դիւանագիտական բնագաւառէն ներս ծառայած ու ծառայող շրջանաւարտներ։ Թող ներուի մեզի բաւականանալ քանի անուններու թուարկումով՝ խոստանալով շարունակել մեր պրպտումները եւ հրատարակութեան յանձնելու զանոնք յառաջիկայ ամիսներուն։
Թորոս Թորանեան (Ազգային-հասարակական գործիչ, գրող, լրագրող, հրատարակիչ)
Ստեփան Օգնայեան (հայկ. դպրոցներու եւ Լիբանանի բանակի մարզիչ)
Գէորգ Գազանճեան (ուսուցիչ, դպրոցի տեսուչ, բանաստեղծ)
Սէսիլ (Սիմոնեան) Քէշիշեան (ազգային-հասարակական գործիչ, արենուշապետ)
Անճէլ Ճապրայեան-Միսիսեան (մանկավարժ, ուսուցիչ)
Նուպար Ակիշեան (գրող)
Նազարէթ Չափատարեան (բանաստեղծ, ուսուցիչ)
Հայկ Նագգաշեան (գրող, ազգային-հասարակական գործիչ)
Շաքէ Հոռոմեան (երկարամեայ ուսուցիչ)
Նուպար Յակոբեան (ազգային-հասարակական գործիչ, գործարար, ՄԱԿ-ի բարձրաստիճան պաշտօնեայ)
Մարի Սոմաքեան (երկարամեայ ուսուցչուհի)
Հերմինէ Քէշիշեան (երկարամեայ ուսուցիչ եւ հերթապահ, ՄԿՀ)
Հայրապետ Թորոսեան (երաժշտութիւն, խմբավար, երկարամեայ ուսուցիչ)
Մանուէլ Քէօսէեան (գրականագէտ, քննադատ, ուսուցիչ)
Մարի Փափազեան (երկարամեայ ուսուցչուհի ՄԿՀ-էն ներս)
Ազնիւ Փափազեան (երկարամեայ ուսուցչուհի ՄԿՀ-էն ներս)
Յակոբ Պոտրումեան (հրապարակագիր, ուսուցիչ)
Յովհաննէս (Ճոն) Կէվհէրեան (գեղանակարիչ)
Մայք Նահապետ (հրատարակիչ, Armenian International Magazine-ի հիմնադիր)
Ռաֆֆի Ցնծալեան (հրատարակիչ)
Միհրան Էսէկիւլեան (երաժիշտ, երգահան, դասախօս)
Ալպէրթ Թիւթիւնճեան (երկարամեայ հերթապահ-դաստիարակ, ՄԿՀ)
Ռաֆֆի Պետիկեան (ազգային-հասարակական գործիչ, Գերմանիա)
Հերմինէ Սայեան (Հրանդ Տինք հիմնարկի պատասխանատու աշխատակցուհի
Սարգիս Տեմիրճեան (երաժիշտ)
Ահարոն Շըխըրտըմեան (խմբագիր, գրող, հրապարակագիր, ազգ.-հասարակական գործիչ)
Պայծառ (Արապեան) Գալայճեան (խմբագիր, ուսուցչուհի, հրապարակագիր)
Յակոբ Մամիկոնեան (խմբավար, երաժիշտ, Պոլիս)
Մասիս Տէր Բարթող (խմբագիր, հրապարակագիր)
Շիրազ Իսկէնտէրեան (ճարտարագէտ, նուիրեալ կրթական մշակ, Աւստրալիա)
Հրաչ Սեփեթճեան (Հայոց լեզուի եւ գրակ. ուսուցիչ, լրագրող, հրապարակագիր, ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի հայկական բաժնի վարիչ, «Նոր Օր» շաբաթաթերթի գլխ. խմբագիր)
Յարութ Թորոսեան (բեմական արուեստ)
Արթօ Արթինեան (գործարար, Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուոյ Հիւպատոս, Թայլանտ)
Աւետիս Տիպան (ուսուցիչ)
Մեր թուարկումները բնականաբար թերի են, բայց, ինչպէս ըսինք վերը, կը խոստանանք յառաջիկային ամբողջացնել այս ցանկը՝ ամէն ջանք թափելով որ ոեւէ մէկը չմոռցուի։
Մեր զրուցաշարքի առաջին գլուխը կ՚աւարտենք յաջորդ՝ 4-րդ զրոյցով, ուր պիտի նկարագրենք երեք դրուագներ, որոնք կ՚արտացոլացնեն Մելգոնեանցիին ոգին հանդէպ իր դպրոցին, ազգին, հայրենիքին ու մարդկութեան։
Մեր խնդրանքն է որ չվարանիք ձեր դիտողութիւնները, թելադրութիւններն ու յաւելումները յղել մեզի՝ [email protected]
Դ. ԶՐՈՅՑ
Մեր նախորդ զրուցաշարքին մէջ փորձեցինք ներկայացնել ՀԲԸՄ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան (ՀԲԸՄ ՄԿՀ) կատարած վիթխարի դերը սփիւռքի եւ հայրենիքի կեանքին զանազան բնագաւառներէն ներս։ Այս շարքը տակաւին աւարտած չէ, այլ կը սպասենք մեր հայրենակիցներէն եւ շրջանաւարտներէն, որ մեր ուշադրութեան յանձնեն այլ երախտաւորներու անուններ եւ անոնց կատարած գործերուն մասին տեղեկութիւններ։ Մեր նպատակն է յիշել ԲՈԼՈՐԸ։
Ստորեւ երեք դրուագներ, որոնք պիտի մնան յիշողութեանս մէջ, դրուագներ, որոնք կ՚արտացոլացնեն մելգոնեանցիի ոգին։
ա.- ՄԿՀ-էն ներս մարզական կեանքը նոյքան կարեւոր նկատուած է, որքան ուսումը։ Այս հաստատութենէն ներս նկատած եմ հինգ բնագաւառներ, որոնք աշկերտութեան կեանքին հայեցի կրթութեան հիմնասիւները եղած են։ Առաջինը, ի հարկէ, դասերն են (հայերէն լեզու եւ գրականութիւն, գիտական դասեր, օտար լեզուներ), երկրորդը՝ մարզական կեանքը, երրորդը՝ երգչախումբը, չորրորդը՝ արի-արենուշական շարժումը եւ հինգերորդը՝ մատենադարանը (գրադարան եւ ընթերցասիրութիւն)։
Ուսուցչութեանս առաջին տարիս էր՝ 1978-1979։ Բացի մարզական զանազան խաղերու հանդէպ աշակերտութեան ցուցաբերած մոլի խանդավառութենէն (ոտնագնդակ, վոլիպոլ, կողովագնդակ-պասքէթպոլ, գունդ եւ սկաւառակ նետել, բարձրացատք, հեռացատք, երեք քայլ ոստում, ինչպէս նաեւ փինկ-փոնկ եւ թենիս), կարեւոր կը նկատուէին միջ-դասարանային մրցումները՝ կրտսերներ եւ երէցներ։
Ինծի յանձնուած էր երկրորդական Ա. Դասարանի դաստիարակի պարտականութիւնը։ Այսինքն՝ ոչ միայն իրենց ուսուցիչի հանգամանքը ունէի, այլ պիտի զբաղէի նաեւ անոնց հոգեկան եւ անձնական կեանքի դաստիարակութեամբ։ Պէտք է ըլլայի իրենց երէց եղբայրը, խորհրդականը, հայրը։ Երկրորդական Ա. Կարգի աշակերտները նոր ընդունուածներն էին՝ մեծ մասը առաջին անգամ կը բաժնուէր իր ծնողքէն, երկիրէն ու հարազատներէն։ Ուրեմն պէտք է յարմարուէին ու ընտելանային նոր միջավայրին։ Այդ տարին իմ դասարանիս մէջ կային 13 հայագաղութներէ ժամանած երկսեռ աշակերտներ՝ 12-13 տարեկան։ Բնականաբար տարբեր միջավայրներէ ղրկուած աշակերտները կը կրէին իրենց ապրած երկիրներու կենցաղի զօրաւոր կնիքը, բայց այդ բոլորը կը հարթուէին, կը ծալլուէին, երբ հայցը կու գար «դասարանային» մրցոյթներու, յատկապէս միջ-դասարանային մարզական խաղերու։
Տարին աւարտելու վրայ էր։ Սկսած էին մրցումները։ Հերթը հասաւ դրօշարշաւին։ Մարզիչը ըստ իր հայեցողութեան ու փորձառութեան այնպէս մը դասաւորած էր որ իմ դասարանիս ամէնէն տոկուն վազողը՝ Ալեքս Ջաղացպանեանը (Ատիս Ապեպայէն) պէտք է սկսէր վազքը, որպէսզի մեծ բաց մը գոյանար մեր դասարանին եւ միւս՝ Բ. եւ Գ. դասարաններու միջեւ։ Օգտուելով դաստիարակի իրաւունքէս եւ քիչ մըն ալ գաղափար ունենալով դրօշարշաւէն, Ալեքսը տեղաւորեցի չորրորդ եւ վերջին վազողին տեղը, որպէսզի իր կէս եթովպացիի եւ կէս հայու սրունքները օգտագործէր, եթէ մեր դասարանը ետ մնար միւսներէն։
Սկսաւ արշաւը։ Աղջիկները կը ճչային ու ամբողջ հոգիով կը քաջալերէին իրենց դասարանի մասնակիցները։ Դրօշարշաւի երրորդ վազողին համեմատութեամբ իմ դասարանս բաւական ետ կը մնար։ Դրօշը յանձնուեցաւ Ալեքսին, որ մինչեւ իր կարգը գալը կ՚եռար իր տեղը։ Ալեքսը դրօշը առնելն ու պոկուիլը մէկ եղաւ։ Համակ մկան էր այդ պահուն ինք։ Սկսանք մեր կոկորդին ներած չափով ճչալ, քաջալերել, ուժ տալ հէք տղուն։ Տասը մեթր չմնացած Ալեքսը անցաւ իր ախոյեանին ու ձեռքերը յաղթական վեր բարձրացնելն ու … գետին փռուիլը մէկ եղաւ։ Աղջիկները բնականաբար վայնասուն բարձրացուցին եւ մենք ջուր հասցուցինք քիթին բեռնին վրայ փռուած Ալեքսին։
– Ալե՛քս,- կը գոռայի յանցաւորի զգացումով,- լա՞ւ ես…
Ալեքս սրսկուած ջուրին ազդեցութեան տակ կենդանութեան նշաններ սկսաւ ցոյց տալ եւ կիսամեռ ձայնով ու շնչասպառ դուրս տալ.
– Պարո՛ն, յաղթեցինք, յաղթեցինք։
Յաջորդ օրը Ալեքսը մեր դասարանի հերոսն էր ու դպրոցի խօսակցութեան առարկան։
Ալեքս Ջաղացպանեանը այսօր կ՚ապրի Ատիս Ապեպա, ամուսնացած է եւ ունի երկու զաւակներ՝
Մելգոնեանցիին համար կարեւորը յաղթե՛լն էր, հոգ չէ ի գին ուժասպառ գետին փռուելու։
***
Մելգոնեանցիները միջ-դպրոցական (Անգլիական վարժարան, Ամերիկեան Աքատեմի) խաղերուն կը սկսէին պատրաստուիլ առնուազն շաբաթ մը առաջ։ Մեր տղաքը երբեմն ստիպուած էին քանի մը մարզաձեւերու մասնակցիլ՝ մեր թիւին համեստ ըլլալուն պատճառով։ Տղաքը պէտք է լաւ սնուէին ու մարզուէին, որուն համար օգնութեան կը փութային…աղջիկները։ Մեր իգական սեռի հեզաճկուն օրիորդները իրենց տղաքը խաղերու կը ղրկէին այնպէս ինչպէս «տիկնայք փափկասունք Հայոց աշխարհի» իրենց եղբայրները, հայրերն ու ամուսինները կը ղրկէին ռազմադաշտ։ ՊԷՏՔ Է ՅԱՂԹԵԼ։ Այս էր մտասեւեռումը։
Մելգոնեանցիին համար ամէնէն շատ սպասուած օրը ամսուան մէջ Չորեքշաբթի օրերն էին, երբ մատակարարը (իմ շրջանիս Ստեփան Պաղչէճեան) հայապատկան փուռէն կը բերէր լահմաճունը, զոր Պրն. Սեպուհ Աբգարեան հայացնելով կոչած էր մսաշոթ։
Լահմաճուն-մսաշոթի օրը խօսակցութեան առարկան այս ճաշատեսակն էր։ Տղաքն ու աղջիկները խենթ կ՚ըլլային այդ «հայկական փիծծային» համար։ Իւրայատուկ առեւտուր մը կը սկսէր սան-սանուհիներուն միջեւ։ Ոսկիէն աւելի թանկ էր ատիկա։ Բայց ահաւասիկ եկուր տես որ միջ-դպրոցական խաղերուն պատճառով կը խախտուէր այդ առեւտուրը, որովհետեւ աղջիկները կը սկսէին «տուրք» հաւաքելու պէս լահմաճունները հաւաքել ու ղրկել…մարզիկներուն, որպէսզի անոնք աւելի լաւ սնուած ու զօրացած մասնակցէին խաղերուն։
ՊԷՏՔ ԷՐ ՅԱՂԹԵԼ։ Այս էր օրուան հրամայականը։ Հայերը պէտք է յաղթէին, մելգոնեանցին պէտք է ցոյց տար որ ինք աւելի ուժեղ էր, գերազանց ու մի՛շտ յաղթական։
Ա՜խ այդ լահմաճունը, որուն համը մինչեւ օրս կը գրգռէ մելգոնեանցիին քիմքն ու յիշատակները, պարտութեան պիտի մատնէին մեր ախոյեանները օտար խաղավայրերու վրայ։
Ինքնազրկում յանուն ՄԿՀ-ի պատուին։
***
ՄԿՀ-ը տուած է շրջանաւարտներ, որոնց անունները կ՚արտասանուին խոր յարգանքով։ Այդ անձերէն շատերուն անունները տուած ենք մեր նախորդ զրոյցներուն մէջ, բայց անոնցմէ մէկուն հետ առնչուող դէպք մը կայ, որուն ականատես եղած եմ 1980-ականներու կէսերուն, ՄԿՀ-ի տղոց բաժնի պուրակին մէջ։
Մինչեւ օրս, երեսուն տարի ետք տակաւին, ամենայն մանրամասնութեամբ կը յիշեմ այդ դրուագը, որ իւրայատուկ կերպով կ՚արտացոլացնէ մելգոնեանցիի ոգին։
Այսպէս, լուր հասաւ թէ հայրենի զբօսաշրջիկներու հետ միօրեայ այցելութեամբ Կիպրոս պիտի գայ Կարպիս Սարկաւագեան-Սուրէնեան 1944-45)։ Ան ՄԿՀ-ը աւարտելէ ետք վերադարձած էր Յունաստան եւ ծնողներուն հետ ներգաղթած էր Հայրենիք։ Կը պատմուէին այնպիսի դրուագներ իր մասին, որ սովորական մարդուն կը թուէին թէ առասպելներ են։ Ան իր լեզուական եւ արտասանական թերութիւնը յաղթահարած էր կամքի ուժով, այնպէս ինչպէս յոյն մեծ հռետոր Դեմոստենեսը կրցեր էր լեզուին տակ խճաքար դնելով բուժել իր թերութիւնը։ Նոյն ըրած էր Սարկաւագեան…ՄԿՀ-ի ֆութպոլի դաշտին շուրջ պտըտուելով…։ Ան հայերէնի թարգմանած էր Դոստոեւսկի, անգլիացի բանաստեղծներ անգերազանցելիօրէն բարձր ճաշակով ու հարազատութեամբ։ Յետագային ան հեղինակեց բազմաթիւ արժէքաւոր գիրքեր։
Կարպիսի տարեկից կիպրացի դասընկերները գացեր էին զինք դիմաւորելու։ Լուր հասաւ թէ ո՛ր ժամուն պիտի ժամանէր ՄԿՀ։ Ես ազատ ըլլալով այդ ժամերուն անհամբեր կը սպասէի ինքնաշարժէն իջնելուն եւ տեսնելու իր ապրումները։ Ան քառասուն տարի ետք կրկին անգամ կը մտնէր ՄԿՀ-ի դարպասէն ներս…։ Քառասո՜ւն տարի ետք։
Ինքնաշարժը մտաւ մեր դարպասէն ներս եւ կեցաւ Բարերարներու դամբանին դիմաց։ Մինչ ներկաներս կը ծափահարէինք ու կ՚ողջունէինք իր ներկայութիւնը, ան շուրջը զննեց ուշադրութեամբ եւ տղոց բաժնի պուրակը մտնելով կարեւոր բան մը փնտռողի նման սկսաւ ծառերը դիտել ու յանկարծ.
– Ահաւասիկ այս գամը ե՛ս գամած եմ հոս,- գրեթէ բղաւեց Կարպիս,- ճիշդ քառասուն տարի առաջ, երբ կը պատրաստուէի Աթէնք վերադառնալ. ասիկա իմ գամս է, որ ամբողջ անցնող տասնամեակներուն երազած եմ տեսնել։
Ա՛յս է մելգոնեանցին։ Ան ոչ միայն իր դպրոցը չի մոռնար, այլ կը յիշէ նոյնիսկ իր հասարակ մեխը, ի՛ր մեխը։
Այդ երկաթի կտորը զինք կապող ոսկէ կամուրջը եղած է պանծալի վարժարանին հետ։
***
Քանիներ իրենց մեխ-յիշողութիւնները ունին այսօր աշխարհի չորս կողմերը։
Յանուն ինչի՞ մեր ղեկավարները պատճառ կ՚ըլլան որ նոր սերունդները չունենան իրենց յիշողութիւնները։
*******
(Բ Զրոյց)
Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս, 7 Սեպտեմբեր 2018
ՄԿՀ-ին նուիրուած Բ. զրոյցով նոր սերունդներուն եւ հայրենի մեր երիտասարդ պետութեան ու ժողովուրդին ուշադրութեան կը յանձնեմ ՄԿՀ-ի ունեցած պատմական նպաստը կրթական գործին մէջ սփիւռքի տարածքին։
Յետ-ցեղասպանութեան տարիներէն սկսեալ մինչեւ 70-80-ական թուականները հայ կազմակերպութիւններու, եկեղեցուոյ (Հայ Առաքելական, Հայ Կաթողիկէ, Հայ Աւետարանական) եւ այլ բարեսիրական կազմակերպութիւններու հասարակական գործունէութեանց մէջ առաջին հորիզոնականին վրայ գտնուած է Հայ դպրոցներու հիմնադրութիւնը, պահպանումը եւ հետեւաբար հայեցի կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը։ Այս իմաստով Հայ դպրոցին գոյութեան ու բարգաւաճման նուիրուած գործունէութեանց առիւծի բաժինը կը պատկանէր Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (60-է աւելի դպրոցներ կը հովանաւորէր ՀԲԸՄ-ը սփիւռքի տարածքին)։
Այս առնչութեամբ երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. Վեհափառ Հայրապետ կը վկայէ. «Նախախնամական եղաւ ՄԿՀ-ի նպաստը սփիւռքի հայ վարժարաններին, մանաւանդ վերջին երկու համաշխարհային պատերազմների միջեւ ընկած ժամանակահատուածում, երբ բազում մելգոնեանցի շրջանաւարտներ նուիրուեցին կրթական ծառայութեան» (Կոնդակ, 20 Փետրուար 1986, ՄԿՀ-ի 60-ամեակին առթիւ)։ Իսկ Կիպրոսի բարեխնամ պետութեան նախագահ Ն.Վ. Սփիրոս Կիպրիանու իր ողջոյնի գիրին մէջ կը գրէր.
"The Melkonian Institute in its 60-year life has accomplished an important and multifaceted work and is today recognized as a splendid educational center and also as a focal point for intellectual and cultural development of the Armenian Community in general” (Nicosia, 10/5/1986)."
Սկսինք տնօրէններէն։
ա.- Ասատուր Պետեան (1964-1975): Կը զեղչուի նախապատ- րաստական դասարանը ու կը հաստատուին ճեմարանական հինգ դասարաններ, պահելով յաւելեալ մասնագիտականները (Գիտական եւ արուեստի)։ Իր շրջանին է որ կը սկսի գործնական ու նպատակայարմար աւանդոյթ մը՝ հայրենիքէն կը հրաւիրուին հայրենի դասախօսներ, ժամանակագրականօրէն յիշելով՝ Դոկտ. Պետրոս Պետիրեանը, Դոկտ. Արտէմ Սարգսեանը, Դոկտ. Սամուէլ Անթոսեանը, կրկին Դոկտ. Ա. Սարգսեանը, Երուանդ Մելքոնեանը (յետագային Լիբանանի մէջ ՀՀ-ի Ա. Դեսպան), Դոկտ. Գէորգ Բաղդիշեան, կրկին Դոկտ. Պ. Պետիրեան, Արա Պապեան (հինգ տարի ՀՀ Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան Քանատայի մօտ)։ Մարմնամարզանքի համար կը հրաւիրուին Վարուժան Մինասեան, Բաշիկ Աւագեան, պարուսոյցներ՝ Նորիկ Մեհրապեան, Գագիկ Մխիթարեան եւ փողերախումբի ղեկավար Ֆելիքս Մովսիսեան։ Նշեմ որ հայրենաբնակ մեր դասախօսները իրենց մարզերուն մէջ Հայաստանի մէջ եւ Հայաստանէն դուրս ճանչցուած մասնագէտներ էին։
բ.- Տիկ. Սօսի Պետիկեան (1976-1985)։ ՄԿՀ-ի ամենէն փայլուն ուսանողուհիներէն մէկն էր եղած։ Բարձրագոյն ուսումն ստացած է Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն ներս (տարրաբանութիւն)։ Ուսուցչական ասպարէզի հանդէպ իր ունեցած խոր սէրն ու հաւատքը զինք կ՚առաջնորդէ կրթական ասպարէզ՝ ՀԲԸՄ-ի Դարուհի Յակոբեան աղջկանց վարժարանէն ներս։ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի մագլցումին ընթացքին ՀԲԸՄ-ի Ցկեանս նախագահ Տիար Ալեք Մանուկեանի հրաւէրով կը ստանձնէ իր մայր հաստատութեան տնօրէնական պաշտօնը՝ Կիպրոսի համար քաղաքական անստոյգ տարիներու ընթացքին, երբ տակաւին չէին սպիացած թրքական ներխուժման վէրքերը։
1976-ին Տիկ. Սօսի Պետիկեան իր բանաստեղծ, ազգային գործիչ եւ առեւտրական դասերու ուսուցիչ Վարուժան Պետիկեանի հետ կը փոխադրուի ծննդավայր։
Տիկ. Պետիկեան շուտով անցաւ նորարարութիւններու մանկավարժական ասպարէզէն ներս։ Ան նախ հրաւիրեց երիտասարդ ուսուցիչներ (որոնց շարքին նաեւ տողերուս հեղինակը), յաճախակի այցելութիւններ տալով Միջին Արեւելքի հայ գաղթավայրերը՝ կրցաւ խանդավառել ծնողներ, որոնք իրենց զաւակները վստահեցան ՄԿՀ-ին։ Կարճ ատենուան մէջ ՄԿՀ-ը վերագտաւ իր երբեմնի համբաւը. ան նաեւ սերտացուց կապերը Մայր հայրենիքի պատկան մարմիններու եւ մտաւորականութեան հետ։ Տիկ. Պետիկեան, տնօրէնական ծանր պարտականութեանց կողքին, աւարտական դասարանին կը դասաւանդէր նորագոյն շրջանի Հայ ժողովուրդի պատմութիւն եւ Հայ Դատ։
գ.- Դոկտ. Ագապի Էքմէքճեան (Նասիպեան), 1985-1988: Նոյնպէս ՄԿՀ-ի ամենէն փայլուն շրջանաւարտներէն մին էր Մանկավարժական բաժինէն։ Ան 16 տարիներ դասաւանդած էր Հաստատութեան մէջ որպէս Ընդհանուր ազգաց պատմութեան ուսուցիչ, ապա մասնագիտացած էր Լոնտոնի Օքսֆորտ համալսարանէն ներս նորագոյն շրջանի պատմութեան գծով։ Իր օրով Անգլիական General Certificate of Education-ի (GCE) սկսան պատրաստուիլ երկրորդական Դ. Դասարանէն՝ սովորական մակարդակի (O Level) 14 նիւթերու եւ յառաջացեալ մակարդակի (A Level) 8 դասանիւթերու մէջ։ Այս շրջանին կը հաստատուի նաեւ Պաքալորէայի ծրագիրը։ Ինչպէս անցեալին, այդպէս ալ Դոկտ. Ա. Նասիպեանի օրով հայերէնագիտական առարկաները յատուկ նշանակութեան եւ կարեւորութեան արժանացած են (Հայուց լեզու, Հայ Գրականութիւն, Մատենագրութիւն, Գրաբար, Հայ Մշակոյթի պատմութիւն։
Դոկտ. Ա. Նասիպեանէն ետք տնօրէնական պարտականութիւնները կը յանձնուին դարձեալ ՄԿՀ-ի 60–ական թուականներու շրջանաւարտներէն եւ Հաստատութեան մէջ երկար ատեն գլխաւոր հերթապահ եւ ուսողութեան ուսուցիչ Պրն. Յարութիւն Այվազեանին (1989-1990)։
Իւրաքանչիւր տնօրէն Հաստատութեան յաջող երթին մէջ բերած է իր նպաստը եւ առանձնայատկութիւնը՝ յարմարելով ժամանակի թելադրած պայմաններուն եւ քայլ պահելով համաշխարհային ուսումնա-կրթական պահանջներու հետ։ Ինչո՞ւ համար 21-րդ դարուն ՄԿՀ պիտի չկրնայ նոյնը ընել, ո՞վ որոշեց թէ ՄԿՀ-ի դերը աւարտած պէտք է նկատել, «վերեւները» որոշում առնող մեր բարձրաստիճան ղեկավարներէն քանի՞ հոգի որակաւորուած են ուսումնա-կրթական ասպարէզէն ներս…
(*) Մեր յաջորդ՝ 3-րդ զրոյցին մէջ, պիտի անդրադառնանք ՄԿՀ-էն շրջանաւարտ այլ երախտաւորներու մասին, որոնք որպէս տնօրէն թէ ուսուցիչ զգալի օգուտ բերած են սփիւռքի հայկական վարժարաններէն ներս՝ հետեւաբար եւ անուրանալիօրէն նպաստած են հայրենակերտութեան եւ հայապահպանութեան գործին։