Նրբութեամբ Ու Լրջութեամբ

Փոխան Խմբագրականի
Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ
, 16 Մայիս 2011
 
Սփիւռքի Հետ Վերաբերուելու Նրբութիւնն Ու Լրջութիւնը
 
Իրաւացի՞ է, երբ կ՝ըսուի թէ՝ Հայաստանը զօրաւոր է Սփիւռքով, իսկ Սփիւռքը՝ Հայաստանով:
 
Ոմանք՝ հաւատքով, համոզումով, վճռակամութեամբ կամ լաւատեսութեամբ, «այո» կը պատասխանեն, ուրիշներ՝ թերահաւատ, կասկածամիտ, վերապահ կամ յոռետես, անշուշտ, իւրաքանչիւրը մեկնելով իր տրամաբանութենէն կամ փորձառութենէն:
 

Փոխան Խմբագրականի
Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ
, 16 Մայիս 2011
 
Սփիւռքի Հետ Վերաբերուելու Նրբութիւնն Ու Լրջութիւնը
 
Իրաւացի՞ է, երբ կ՝ըսուի թէ՝ Հայաստանը զօրաւոր է Սփիւռքով, իսկ Սփիւռքը՝ Հայաստանով:
 
Ոմանք՝ հաւատքով, համոզումով, վճռակամութեամբ կամ լաւատեսութեամբ, «այո» կը պատասխանեն, ուրիշներ՝ թերահաւատ, կասկածամիտ, վերապահ կամ յոռետես, անշուշտ, իւրաքանչիւրը մեկնելով իր տրամաբանութենէն կամ փորձառութենէն:
 

Կասկած չկայ (թերեւս պէտք չէ՞ ըլլայ), որ վերոյիշեալ բանաձեւումը, ըստ ամենայնի, կը ծառայէ համայն հայ ժողովուրդին, ի Հայաստան թէ Սփիւռս, սակայն, հարցերունհարցը կը դառնայ, երբ զայն կը կշռադատենք, կը խորաչափենք ու կը քննարկենք իր ամբողջականութեամբ:
 
Այլ խօսքով, եթէ Հայաստանը, իրօք, զօրաւոր է Սփիւռքով, իսկ Սփիւռքը՝ Հայաստանով, ատիկա ո՞րքանով իրականութիւն է, ո՞րքանով համադրուած, ո՞րքանով ներդաշնակուած եւ ո՞րքանով հունաւորուած:
 
«Սուզուելու» համար այս թղթածրարին մէջ կամ լայնօրէն բանալու անոր էջերը, պէտք է մենք զմեզ հեռու պահենք զգացականութենէ, դիւրագրգռութենէ, հեշտասիրութենէ, մանաւանդ՝ «շափլոն»ացած հայրենասիրութենէ:
 
Շատեր կը կարծեն, թէ՝ երբ Հայաստան, հայրենիք կամ հայ ժողովուրդ կ՝ըսուի, ուրեմն, հոն գերակշռողը պէտք է ըլլայ միայն զգացականհայրենասիրութիւնը, մոռնալով որ չոր ու կարծր իրականութիւններ կան, որոնց կողքէն կարելի չէ անցնիլ ինքնասիրահարուածութան եւ ինքնասիրութեան բովերով:
 
Եթէ մենք Սփիւռքը կը քննադատենք, անոր թերի եւ յոռի բարքերովօտարացում, քաղքենիացում, կապկումներ, անկումներեւ առ հասարակ մեր արմատներէն հեռացումներով ու սրտցաւօրէն մատնանշելով զանոնք, ապա, ինչո՞ւ նոյնը պիտի չընենք հայրենի ներկայ իրականութեան մասին, ուր աւագանիական ու վերնախաւային փտածութիւնները աղէտներու դուռ կը բանան, ողբերգութիւններ կը ստեղծեն, արտագաղթի հոսանքներ կը պատճառեն:
 
Սփի՞ւռքը թաղած կ՝ըլլանք այս ոճով, հակահայաստանցի կ՝ըլլանք այս հպումներով:
Քա՜ւ լիցի: Ոչ մէկը, ոչ միւսը, այլ «մատը վէրքին վրայ դնելու» կառուցողական փորձ մը կատարած կ՝ըլլանք, երբ կը տեսնենք Սփիւռքի մէջ տատանելի, նոյնիսկ նահանջելի, մինչ Հայաստանի մէջ խոցելի, նոյնիսկ պախարակելի երեւոյթներ:
 
Սփիւռքը՝ իր զանազան բաղադրամասերով ու շեշտաւորումներով, հսկայական ու լայնածաւալ շտեմարան մըն է, «լաւայ»ի ուժգնութեամբ, որուն բովանդակութեան, տարողութեան ու համապարփակութեան ծանօթանալու համար, գերբնական ուժ պէտք էմասնագիտական եւ որակական առումներով:
 
Բազմիցս ըսինք ու գրեցինք, թէ Սփիւռքը ճանչնալը չի կրնար ըլլալ միայն բարի կամեցողութեամբ, բարի տրամադրութեամբ, բարի հասկացողութեամբ կամ բարի մտածողութեամբ, ոչ ալ հպանցիկսլացիկ, անցողակիսողոսկակի կամ հպանցիկթռուցիկ ճանապարհներով:
 
Այո՛, Սփիւռքը ո՛չ միայն բարդ խրթնակառոյց մըն է, այլեւ՝ փշախառն, որուն հետ կարելի չէ վերաբերուիլ քմահաճութեամբ, պատահականութեամբ ու մանաւանդ անլրջութեամբ:
Խօսքը, հասկնալի է, կը վերաբերի Հայաստանէն Սփիւռք մօտեցումներուն ու վերաբերմունքներուն, դիտարկումներուն ու դատարկումներուն, որոնք երբեք պէտք չէ ըլլան անուսումնասիրուած եւ անսերտուած հիմունքներով, երբ անոնք կը վերաբերին հայրենիքսփիւռք յարաբերութիւններուն, ներգաղութային առնչութիւններուն, կազմակերպութիւններու դերաբաշխումներուն ու համայնքային դրուածքներուն:
 
Եթէ կը կարծուի թէ ասոնք չեն պատահիր (ու չեն պատահած), անճշդութիւններ կամ չափազանցութիւններ են, ո՛չ, կան բազմաթիւ տուեալներ եւ օրինակներ, որոնցմէ իրազեկ են պատկան կողմեր, սակայն, մտահոգիչը այն է, որ՝ գիտակցաբար թէ այլապէս, կը շարունակուի Սփիւռքին հետ վերաբերուիլ «անհաշտ» գործելաոճով մը:
 
«Անհաշտ»ութիւնը պէտք չէ մեկնաբանել իր ժխտական կամ բացասական իմաստներով, այլ, միգուցէ, անգիտութեա՞ն, անտեղեակութեա՞ն, շուտիկութեա՞ն, բայց նման մօտեցումներ ո՞րքանով այլեւս կրնան ըլլալ արդարանալի կամ ընդունելի, երբ որ գործ ունինք պետականութեան հետ:
 
Հայրենի կարգ մը պատասխանատուներու հեւքը, թափը, կորովը, օրինակի համար, անտարակո՛յս, խիստ գովելի են, սակայն, Սփիւռքը ճանչնալու, անոր հետ յարաբերելու ու առնչուելու կամ զայն կարեւորելու եւ անկէ օգտուելու համար, կան բազմակոյտ մարտահրաւէրներ ու պահանջարկներ, որոնց «լուծում» կամ «ելք» գտնելու համար, անհրաժեշտ են փոխադարձ համախոհութեան ու համագործակցութեան եզրեր, առանց դառնալուպայթուցիկ ու ցուցադրիկ:
 
Այս ընդգծումը, գէթ տուեալ պարագային, ոչ թէ յիշեցումի կարգով, այլ՝ պարզապէս ցոյց տալու ու հաստատելու համար Սփիւռք հասկացողութեան իրերամերժութիւնը, հակադրութիւնը ու բեւեռայնութիւնըգաղութային, համայնքային, կուսակցական, միութենական եւ տակաւին բազմաթիւ այլ մարզերէ ներս, որոնք, երբեմն, իւրաքանչիւր «ցնցում»է ետք, կ՝առաջացնեն փոթորիկներ:
 
Այս բոլորէն բազմաթիւ նմուշներ կան ու պիտի շարունակեն ըլլալ, այնքան ատեն որ Սփիւռքի նկատմամբ, մեղմ ըսած, կրնայ «հարեւանցի» վերաբերմունք ցուցաբերուիլ կամ մատուցուիլ:
 
Պէտք է մտածել, լա՛ւ մտածել, նախքան գործի անցնիլը կամ որոշումներ կայացնելը, թէ Սփիւռքը ի՞նչ կը ներկայացնէ, եւ կամ որեւէ հայրենական «տնօրինում», ուրկէ ալ գայ ան, ի՞նչ (դրական կամ ժխտական) հակազդեցութիւններու տեղի կրնայ տալ:
 
Պէտք չէ՛ մոռնալ, Սփիւռքը, ունենալով հանդերձ իր «ներքին հարցերը», ճիշդ չէ անոր հետ վերաբերուիլ, երբեմն, «պատահական քար»եր նետելով ու զայն ալեկոծելով, ինչպէս պատահեցաւ, վերջերս, «պալատ»ականութիւններութռուցիկութեամբ, որուն «ոչ առջեւը, ոչ ալ ետեւը» յայտնի եղաւտակաւին:
 
«Ինչո՞ւ» հարցնելն իսկ անհեթեթութիւն է, որովհետեւ Սփիւռքը ինքնին  «անլոյծ խճանկար» մըն է, լի որոգայթներով ու դարաններով, որոնց չէզոքութեան հարցով, սփիւռքահայութիւնը կը մնայ անզօր, իսկ Հայաստանի պաշտօնական իշխանութիւնները պէտք է հասկնան այս «»դրուածք»ը ու համապատասխան ձեւով վերաբերուին անոր հետ, առանց «զգայացունց» ըլլալու կամ «զգայացունց»ութիւն առաջացնելու, թէկուզ բարի կամ շինիչ նպատակներով:
 
You May Also Like