Մենք Ենք՝ Մեր Ցաւերը Շարքէն
Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 1 Յունիս 2011
Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն

Մենք Ենք՝ Մեր Ցաւերը Շարքէն
Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 1 Յունիս 2011
Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն



Անշուշտ, առաջին նախագահը չկտրուեցաւ իր շրջապատի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններէն, այլ՝ իրեն յատուկ մօտեցումով եւ ըմբռնումով, հետեւեցաւ անոնց, գրառելով եւ արձանագրելով յատկանշական ու ճակատագրական այն բոլոր հոլովոյթները, որոնք իր քաղաքական հայեցողութեան ու մտածողութեան բեւեռներն էին:
Զուգահեռաբար, ան լծուեցաւ իր մասնագիտութեան՝ պատմագրութեան ասպարէզին, օրինակ՝ գրելով եւ լոյսին բերելով խիստ արժէքաւոր երկհատոր մը՝ “Խաչակիրները եւ հայերը” , (Երեւան, 2005, Ա. եւ Բ. Հատոր):
Տասը տարի, աներեւոյթ եւ լուռ մնալէ ետք, Լեւոն Տէր Պետրոսեան, ի զարմանս շատ–շատերուն, քաղաքական հրապարակ վերադարձաւ շռնդալից ուժգնութեամբ, վերջին նախագահական ընտրութիւններուն, իր թեկնածութիւնը առաջադրելով, ապա, դառնալով գործօն ու հզօր ընդդիմութեան՝ Հայ Ազգային Քոնկրէսի առաջին պարագլուխը, մինչեւ օրս մնալով այդ հորիզոնականին վրայ:
Երկրորդ նախագահը՝ Ռոպերթ Քոչարեան, որ հրմշտկոցով ու հարահրոցով նախագահեց ու ղեկավարեց (՞) Հանրապետութիւնը, ան եւս, յետ իր պաշտօնավարութեան աւարտը, գրեթէ բացակայեցաւ քաղաքական աշխարհէն, բայց, անոր կրքոտ ու մաղձոտ յաւակնութիւնները զգալի մնացին քիչ մը ամէն տեղ:
Ի տարբերութիւն առաջին նախագահին, որ մտաւորական յղացքի տէր էր, երկրորդը՝ չունենալով այդ բարեմասնութիւնները, բայց ըլլալով “ մարդորս”ութեան (ու հիմա ալ՝ “վագրորս”ութեան) վարպետ, գերազանցապէս փայլեցաւ իր պաշտօնաշրջանին մէջ տեղի ունեցած… բռնութիւններով, հալածանքներով ու ճնշամիջոցներով, որոնց մէջ ահաւորագոյնը՝ 27 Հոկտեմբեր 1999ի խորհրդարանական սպանդը, իսկ վերջնագոյնը՝ 1 Մարտ 2008ի ողբերգութիւնը:
Վերջին շրջանին, երկրորդ նախագահը սկսած է իր ներկայութիւնը զգացնել քանի մը առիթներով, յուշեցնելով իր քաղաքական բեմ վերադարձը, աւելի քան թափանցիկութեամբ մը, եթէ ոչ 2013ի նախագահական ընտրութիւններուն իբրեւ թեկնածու, բայց, անպայմանօրէն 2012ի խորհրդարանական ստուգատեսին:
Մինչեւ Հանրապետական, Օրինաց երկիր ու Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւններու վերադաշնակցութիւնը ու միացեալ յայտարարութեամբ հանդէս գալը, ուր գործող ներկայ նախագահը վերառաջադրուեցաւ, յամառ զրոյցներ ու շշուկներ կային, թէ Ռոպերթ Քոչարեանի ու Գագիկ Ծառուկեանի (Բարգաւաճ Հայաստան) միջեւ կային լուրջ խորհրդակցութիւններ ու կ՝ընթանային բարւօք բանակցութիւններ, թէ՝ ինչպէ՞ս կրնան միասնօրէն դիմագրաւել նորագոյն մարտահրաւէրները:
Սակայն, ատոնք եւս ձախողեցան, որովհետեւ նախագահ Սարգսեան, կանխազգալով… նախատեսելին, կրցաւ “ղեկ”ի ուղղութիւնը փոխել եւ իրեն ի նպաստ պահել Ծառուկեանի զօրակցութիւնը, ի յուսախաբութիւն Պրն. Քոչարեանին:
Այս վերջնոյն ճանչցողները գիտեն թէ ան դիւրին–դիւրին տեղի տուողը չէ, վրէժխնդիր է ու չորամէտ, հետեւաբար, պիտի շարունակէ փնտռել նոր դաշնակիցներ, յենարաններ եւ ուղիներ, դարձեալ ինքզինք պարտադրելու:
Պէտք չէ մոռնալ, որ Պրն. Քոչարեան ունի նիւթական հսկայական միջոցներ (չզարմանա՛լ), նաեւ ծանօթ է պետական վարչամեքենայի ներքին ծալքերուն (չապշի՛լ), եւ այդ հիմունքներով ալ իր շրջանին կրցաւ կառավարել (՞) երկիրը, իրեն հակառակորդները չէզոքացնելով, իսկ թուլամորթները իրեն ստրկացնելով:
Ուրեմն՝ ի՞նչ. ինչո՞ւ զարմանալ որ ան յամառօրէն պիտի շարունակէ իր “ցլամարտ”ը , փոխանակ զայն տրամադրելու իր հայրենի հող՝ Ղարաբաղին, այլ Երեւանի, ուրկէ, երեւի, տակաւին շա՜տ ակնկալիքներ ունի…:
Ուղղակի անհանդուրժելի է, որ ամէն ոք մոռցաւ խորհրդարանական–կառավարական աւագանիին հաշուեյարդարումին հետապնդումը, առանց հաստատելու գլխաւոր պատասխանատուներուն պատժելիութիւնը:
Նոյնը կարելի է ըսել 1 Մարտի խռովայոյզ դէպքերուն մասին, ուր ինկան բազմաթիւ զոհեր, առանց գլխաւոր պատասխանատուները հաշուի կանչելու:
Այս երկու ոճիրները տեղի ունեցան, ԱՅՈ՛, Քոչարեանի պաշտօնավարութեան շրջանին, առաջինի պարագային խիստ խորհրդաւոր պայմաններու մէջ, իսկ երկրորդի՝ ուղղակի հրահանգովը նոյն անձնաւորութեան:
Պրն. Քոչարեան, 10 Մայիսին, “ Մետիամաքս” լրատու գործակալութեան տուած (”բացառի՞կ”) հարցազրոյցի մը ընթացքին, անդրադարձած է 1 Մարտի իրադարձութիւններուն, իր “գնահատանք”ը տալով անոնց մասին, յայտարարելով թէ՝ “այդ դէպքերը ձեռնտու էին անոնց, որոնք այսօր անընդհատ կը շահարկեն զանոնք”:
Ասիկա, արդեօք նախատի՞նք չէ այդ զոհերու յիշատակին եւ անոնց հարազատներուն, երբ անբնական սառնասրտութեամբ, նման անպատասխանատու յայտարարութիւն կը կատարուի մէկէ մը, որ ի՛նք պէտք է պատասխանատուութեան կանչուի, այդ տխուր դէպքերուն մասին բացատրութիւններ տալու, լուսաբանութիւններ բացայայտելու:
Պրն. Քոչարեան կ՝արդարացնէ (՞) այդ օրերուն արտակարգ իրավիճակի հաստատումը, ըստ սահմանադրութեան կարգին:
Աւելի քան ծիծաղելի չէ՞ այս արդարացումը, երբ կացութիւնը երբե՛ք հոն չէր հասած, այլ՝ արեւու նման յստակ էր, որ Քոչարեան… կը վախնար Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ուրուականէն (յաղթանակէ՞ն), որ նախագահ դառնալու պարագային, կրնար զինք “ նեղ”ի մատնել:
Դարձեալ, հեգնական չէ՞ , երբ Քոչարեան կը խօսի այն մասին, որ դէպքերուն հետաքննութիւնը չի կրնար բացայայտել մարդոց մահուան բոլոր պատճառները, յստակ անձերու պատասխանատուութեան կանչելու կամ ինքնապաշտպանութեան շարժառիթներով զանոնք արդարացնելու համար, որովհետեւ, ըստ իրեն, ատոնք խոցելի կը դարձնեն իշխանութիւններուն դիրքերը հանրութեան, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութեան աչքերուն:
Այլ խօսքով, Քոչարեան մտավախութիւններ ունի (ունեցած է), որ հանրութիւնն ու միջազգային կողմերը կրնան մատնանշել “յանցաւորները”, իսկ ատոնք սարսափեցուցած են (ու կը սարսափեցնեն) զինք:
Ուրիշ տեղ մը, ան կ՝ըսէ, եթէ երկխօսութիւնը կ՝առընչուի քաղաքական պայքարի պատրանքի չափանիշներուն, ապա, ատիկա, թերեւս ընտրողներու թիկունքէն կատարուող գործարք է, հետեւաբար, ուղիղ ճամբայ է դէպի լճացում եւ փտածութեան աճ:
Հոյակա՜պ, պիտի ըսէին լաւատեսները, բայց, Քոչարեան ինք չէ՞ ր որ գործեց “թիկունք”էն, իր օրով չէ՞ր որ լճացումի ու փտածութեան օրինակները շատցան:
Կարելի է երկար խօսիլ Քոչարեանի անկապութիւններուն եւ անբանութիւններուն մասին (թէեւ պատմութիւնը իր “վճիռ” ը պիտի տայ), սակայն, յստակ է որ ան կը դեգերի կայանալիք խորհրդարանական ու նախագահական ընտրական լարերուն վրայ, փնտռելով համապատասխան լծակներ, սակայն, ի զո՜ւր…:
Այդուհանդերձ, եթէ 1 Մարտի դէպքերը կը շահարկեն ոմանք, ինչպէս կը պնդէ Քոչարեան, ապա, ինք երբեւիցէ չէ՞ շահարկած զանոնք, յօգուտ ինքնանպատակայնութեան… շաղակրատելու անհանդուրժողութեամբ: