
Այս ըսելով երբեք չեմ դադրիր Ռամկավար ըլլալէ, ոչ ալ համոզուած կ’ըլլամ կոմունիստկան գաղափարախօսութեամբ, կամ K.G.B.-ի գործակալ մը կը համարուիմ (ինչպէս որ Խորհրդային Հայաստան սիրողները կը պիտակուէին ոմանց կողմէ ատենօք՝ անհիմն կերպով ու ծիծաղելիօրէն…)։ Դեռ աւելին, խորապէս համոզուած եմ թէ որքան ալ իտէալական ու ցանկալի թուի, «արդարութիւն» եւ «հաւասարութիւն» երգէ, այդ գաղափարախօսութիւնը, այնուամենայնիւ, չի համապատասխաներ մարդկային ներկայ հոգեբանութեանը։



Այս ըսելով երբեք չեմ դադրիր Ռամկավար ըլլալէ, ոչ ալ համոզուած կ’ըլլամ կոմունիստկան գաղափարախօսութեամբ, կամ K.G.B.-ի գործակալ մը կը համարուիմ (ինչպէս որ Խորհրդային Հայաստան սիրողները կը պիտակուէին ոմանց կողմէ ատենօք՝ անհիմն կերպով ու ծիծաղելիօրէն…)։ Դեռ աւելին, խորապէս համոզուած եմ թէ որքան ալ իտէալական ու ցանկալի թուի, «արդարութիւն» եւ «հաւասարութիւն» երգէ, այդ գաղափարախօսութիւնը, այնուամենայնիւ, չի համապատասխաներ մարդկային ներկայ հոգեբանութեանը։


Երբեմն մեծ պետութիւններու քաղաքական շահերը, համեմատաբար փոքրաթիւ էթնիք խումբերու, ժողովուրդներու, փոքր, նոյնիսկ
Որպէս Հայ այսօր կը հպարտանանք Խաչատուրեանով, Սեւակով, Համբարձումեանով՝ որոնք կոմունիստական շրջանի հասոյթն են… համաշխարային հարուստ երաժշտութիւն, արդի գիտական ու գրական պաշար, Ողիմպիական մետալներ, ճոխ
Յիշած իրողութիւններէս չախորժողներ գուցէ հետեւեալ կերպով հակաճառեն. «Խորհրդային Հայաստանի տնտեսական, ճարտարապետական, գրական, մշակութային, մարզական, եւ մնացած բոլոր այլ ոլորտներու յաջողութիւնները, որոնք կը շարունակեն մեր այսօրուայ ազգային դիմագիծին կարեւոր մէկ մասը հանդիսանալ, ոչ թէ կոմունիստին շնորհքով նուաճեցինք, այլեւ մեր տաղանդաշատ ազգային սեռն է՝ «genus»-ը որ այդ հանճարները տուաւ ու հայրենիք մը կերտեց»։ Ասոր մէջ իրականութիւն մը կայ, սակայն ճշմարիտ է նաեւ այն՝ որ տաղանդ մը յայտնաբերելը, զարգացնելը եւ «ազգային նուաճում»ի վերածելը յատուկ պարագաներու կը կարօտի: Իսկ այդ բոլորը, կամ անոնց մեծ մասը, այդ ժամանակաշրջանի մեր պետականութիւնը, «իր սխալներով հանդերձ», լիովին տրամադրեց, ու շնորհիւ այդ իրողութեան, մենք այսօր ունինք ազգային աժէքներ։
Վերջին 20 տարիներու ընթացքին, Հայաստանէն հեռացողներուն մէջէն արդեօք մեր այդ «տաղանդաշատ ազգային կէները» քանի՜ հատ Բաբաջանեաններ, էմիններ, Սահեաններ ու Ալիխանեաններ եւս պիտի տային Աստուած գիտէ… անոնցմէ քանի՞ն այլ ազգերու գիտական,
Համայնավարներուն հանդէպ յարգանքս աւելցաւ մանաւանդ, երբ ոչ «դեմոկրատ» ու ոչ «ազգային» համարուող այդ համակարգը, ենթարկուելով մեծամասնութեան կամքին, առանց արիւնահեղութեան, ազգային ընդհանուր շահը նկատի ունենալով եւ խաղաղութիւնը պահպանելու հրամայականով, երկիրը յանձնեց «ժողովրդականութիւն» վայելող «ազգային» խումբ մը մարդկանց, որոնք ղեկավար ըլլալ կը ձգտէին, (եւ այսօր կը պարզուի թէ) ի գին ամէն ինչի…։ Սակայն ասպետական այդ արարքը, հետագային օրինակ չեղաւ Ազատ Անկախ Հայաստանի Երրորդ Հանրապետութեան իրերայաջորդ ղեկավարներուն։ Օրինակ չեղաւ նաեւ սփիւռքի որոշ «ղեկավար»ներուն, որոնք իրենց աթոռը պահելու մոլուցքէն ու եսասիրութեան տենդէն մղուած, սփիւռքի մէջ ազգային դատի ու գոյամարտի համար պայքարող ու կենսական նշանակութիւն ունեցող համակարգներ ու կառոյցներ վտանգեցին։
Ինչ որ է… վերադառնալով Հայաստան, ըստ երեւոյթին, Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութեան նպատակներուն գլխաւորը
Երբեմն, ակամայ, կը մտածեմ թէ արդեօք աւելի լաւ չէ՞ր ունենալ Հայաբնակ տնտեսապէս քիչ-շատ ապահով Խորհրդային Հայաստան մը, քան ամայի ազատ անկախ Հայաստան՝ ավթոմաթ բանակով ու քանի մը միլիարթատէր ղեկավարներով…։ Եւ դեռ՝ «արի տուն…»։ Պահ մը կը մտածեմ թէ ո՞ւր կը հրաւիրուիմ…։ Երկիր մը որուն իշխանութիւնը այնքան հայրենասէր է որ, դեռեւս 12 տարիէ ի վեր, «անկարող» է իր ազգային բանակի հիմնադիր՝ Վազգէն Սպարապետին, առաջին քարտուղար՝ (այժմու նախագահի համազօր) Կարէն Տէմիրճեանին, եւ այլ հայրենի երեսփոխաններու հրեշային սպանութեան առեղծուածը լուծել՝ դահիճին ներկայութեամբն
Փոքրիկի մը իսկական մայրը եւ մայրութիւն յաւակնող այլ կին մը, օրինական մայրութեան իրաւունքին համար վիճելով դատաւորի մը (Սողոմոն Իմաստունին) կը դիմեն։ Կիներէն ոեւէ մէկուն մայրութիւնը հաստատող փաստի մը բացակայութեան պատճառով (այն ատեն տակաւին DNA test չկար), դատաւորը կը վճռէ՝ փոքրիկը երկուքի կիսել եւ հաւասար կէսերէն իւրաքանչիւրը յանձնել ամէն մէկ կնոջ։ Կիներէն մին կ’ողջունէ դատաւորին արդար վճիռը, իսկ միւսը, ահաբեկած, անմիջապէս կը հրաժարի իր իրաւունքէն…։
Որպէս Ռամկավար, միշտ ալ, հայրենի աւագանիին բաժակին լեցուն մասը նկատած եմ, ու պարունակութիւնը գովաբանած՝ նոյնիսկ անհամ եղած ժամանակ, հետեւաբար այսօր հաճոյքով չէ որ անոր ներկան կը քննադատեմ, ուրախութեամբ չէ որ արդէն պարունակութեան ոչ միայն անհամ, այլեւ վնասակար ըլլալը դիտել կու տամ… որովհետեւ՝ «լաւ օրից չէ որ երկիրը դատարկւում է…»։
3 comments
Շնորհակալ եմ Ռամկավար Եղբայր
Շնորհակալ եմ Ռամկավար Եղբայր
Մեծ բավականությանբ կարդացի ձեր հոգատար եւ բովանդակալից Վէրլուծումները :
Իմ կարծիքով
1-Դուք ճիշտ էք. ընդհանրապես Համայնավարները մեր ապահովութեան եւ վերելքի համար բոլոր անցեալ եւ ներկա չարիքներից նվազագույնն էին:
2-Նրանք արգելում էին երկիրը թողնել. հիմա ազատ է:
3-Ձեզ հետ համաձայն եմ: Ինչպես ասում են "երբ լավը չունեցանք գոնէ եղածը լավ էր": Բայց մեր Ազգն ավելիյին է արժանի որ կոմունիստների ժամանակն էլ չունէինք հիմա էլ չունենք:
4-Միայն Սովետական Հայաստանում ապրած եւ աշխատած մարդիկ կարող են լավ հասկանալ որ ներկա հայ ժողովուրդի հոգեկան եւ կենցաղի անկման եւ կաշառակերության պատճառն ով է եղել որ մինչեւ օրս էլ դեռ շարունակվում է (դրամի համար լրտեսությունը եւ Աղջիկներին ծախելը եւ այլն եւ այլն):
5-Բոլոր կոմունիստական շրջանի հասույթները Խաչատրյանները, Սեւակները, Համբարձումյանները եւ այլն այդ հասարակարգում տուժեցին եւ նրանք բոլորն էլ այդ հասարակարգին դեմ էին :
6-Մեր հավատացած Համայնավարությունը Նոյնպես մեր Ժողովուրդի "ՆԿԱՐԱԳԻՐ"ն (Character) էլ Է ՓՈԽԵԼ:
Սիրով, Դոք. Բաբաջանեան
ԱՄՆ
Dear Dr. Babajanian
Dear Dr. Babajanian,
Shahen is my assumed name. I appreciate your extremely helpful notes that you forward to the public via e-mails. I receive them through a third party. Skills to write in my mother tongue are lost, and it will be difficult to write and read Armenian in Latin characters. Hence I am tempted to express myself in English.
Like you I have lived in Soviet Armenia. It’s been 30 years since I left the country and I regret doing so. Coming to these shores, I initially lived in an area where you would scarcely meet any Armenian, and that was deliberate. My experiences in the motherland had made me almost an anti-Armenian. I was critical of the system and have tasted the KGB treatment.
I take this opportunity to comment on some of the judgmental thoughts that you have expressed.
Please see the rest at Comments on Dr. Babajanian’s Judgmental Thoughts.-Ed.
Shenorhagalutyun
Harkeli Hayrenagits,
Ays heravor aperen, Argentinayen, sdatsek im yev mer gazmagerbutian haryuravor antam enger-engeruhineri shenohagalagan khoske tser ays hodvadzi hamar.
Tjpaghdapar ays yergu dasnamiagneri entatskin aveli tyurun eghadz e amen vadutyune tnel Khorhrtayin Hayasdani usi vra kan te vorbes hasun kaghakagan martik pndrel ou zadel lave yev vade, kidnalov inchbes tuk asum ek, vor heshd kordz che bedutyun me yev ir azkayin arjeknere voch miayn bahel, ail zarkatsnel dasnamiagnerou entatskin.
Adrian Lomlomdjian
Argentinahai Mshagutain Miutian Nakhakah
Comments are closed.