Ո՛չ եւ Երիցս Ո՛չ

Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս, 22 Մարտ 2018

Մարդոց միտքը հիմա՛ ինկեր է այս «եղբայրասպանութեան» մասին գրելը։ Այս բառը կը նշանակէ եղբայր մը եղբօր կը սպաննէ եւ այդ դէպքը ծնունդ կու տայ կողմի հարազատներուն պատասխանելու աւելի դաժան կերպով։ Աչք աչքի դէմ, ակռայ ակռայի դէմ։ Երբեմն եղբայրասպանութիւնը կ՚երկարի տարիներու վրայ՝ հիւծելով երկու կողմերն ալ։

Daily News, December 25, 1933

Ինչ որ պատահեցաւ Լիբանանի հայ գաղութին մէջ 1956-57-58 թուականներուն,  ճիշդ է՝ «հայը հայուն» սպաննեց, ահաւոր ծեծ ու ջարդի ենթարկեց (ածելիով երեսներ ճղուեցան), ծեծկռտուքներով իրենց տուներէն ու գործատեղիներէն դուրս վռնտուեցան, նոյնիսկ եկեղեցիներէն, որոնք գրաւուեցան տեղական աջակողմեան ծայրայեղ-ֆաշական իշխանութիւններու կողմէ, որոնք բացէ ի բաց աչք գոցեցին ու թաքցուցին նախայարձակները հայկական կողմի մը։ Եղբայրասպան չեմ կոչեր ես, նոյնիսկ երբ տարիներով իրարու ետեւէ սարափի ենթարկուելէ ետք, վրիժառութեան հատուկենտ բրտութեան դէպքեր պատահեցան հայութեան տկար հատուածին կողմէն։ Այս վերջիններս ես կը նկատեմ սոսկ ԻՆՔՆԱՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆ եւ ոչ «իրենք ձեզ սպաննեցին, դուք ալ՝ իրենց», ուրեմն հաշիւը փակուած է։

Ո՛չ եւ երիցս ո՛չ։  Պէտք կա՞յ յիշեցնել Անթիլիասի Մայրավանքի եւ այլ եկեղեցիներու «սոփաներով» գրաւումները ՀՅԴ-ի ուժերուն կողմէ։ Այո՛, թոյլ կու տամ ինքզինքիս ամենայն պատասխանատուութեամբ մատնացոյց ընել նախայարձակը, տեռորիստը, անհանդուրժողը ԱՅԴ ՏԱՐԻՆԵՐՈՒՆ։ Ինչո՞ւ զոհը եւ ոճրագործը նոյն  մեղադրեալի աթոռին կը նստեցնեն։ Ուրեմն, որպէսզի այդպէս չըլլար մէկ կողմը սուս ու փուս պէտք է մնար, հրաժարէր իր գաղափարախօսութենէն, Ս. Էջմիածնէն, միակ հայրենիք մնացած Խորհրդային Հայաստանէն՝ ընդունելու համար «հոգեւոր Հայաստան» մը։ Եղա՞ւ։ Ա՞յս էր հարենասիրութիւնը։ Չէի՞ն տեսնէր իրեղէն, de facto Հայաստանը։ Հայրենասիրութի՞ւն էր «պաս-պաս» պոռալ Պէյրութի Պուրճ Համուտի փողոցներուն ու գռիհներուն մէջ. «Ով որ դաշնակցական չէ հայ չէ…»։

Զգաստութեան կը հրաւիրեմ եւ աւելի խոր վերլուծութիւն կը խնդրեմ այս թեմայով արտայայտուողներէն։

Ես թերեւս ծայրայեղ մարդ մըն եմ, բայց մինչեւ օրս կը կը սպասեմ որ ՀՅԴ ներողութիւն խնդրէ Դուրեանի անարգ սպանութենէն մինչեւ հօրեղբօրս ծանրօրէն վիրաւորուիլը եւ հօրս հանդէպ կազմակերպուած մահափորձը, որ նախախնամութեան միջամտութեամբ  միայն կանխուեցաւ եւ մենք չորս երախաներով որբ չմնացինք, իսկ մայրս ալ այրի չմնալով ասոր-անոր տունը սպասաւորութիւն չըրաւ։

7 comments
  1. եղբայրասպանութիւն

    Կը կարծեմ թէ սխալ է մարդկանց ըսել, հերիք է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին գրէք, արդէն 103 երկար տարիներ անցեր են, նոյն պարագան ալ եղբայրասպանութիւնն է և կամ ալ եկեղեցիներու և թեմերու յափշտակութիւնը, ևայլն ևւայլն:

    Գիտութեամբթէ անգիտութեամբ Մեղայ Աստուծո:

    Աստուած թողութիւն շնորհէ ձեզի և մեզի:

  2. Dear Minas, Why bring this

    Dear Minas,

    Why bring this up after 80 some years?  Mistakes were done on both sides, because we had stupid people as leaders. 

    The current generation is more educated and smarter.  Instead of rehashing and opening old wounds, lets make sure stupid things like that never happen again.  Let us concentrate on making Armenia Great Again.

    1. Making Armenia great involves

      Making Armenia great involves making judgments about such incidents in the past, because today, right now, there is no making Armenia great, but sinking Armenia into the flames of hell – the same political party, the new ones, oligarchy, kill Armenians who oppose their regime. On top of that, Armenian soldiers kill one another on the front line.   

    2. Raffi Doudaklian

      Dear Mr. John Keusseyan,

      I think it will be wise to ask your question to the recent Bourj Hamoud victim Mr. Raffi Doudaklian.

      The Revolution will go on and continue forever, until not a single Armenian left alive.

      "You must obey the rules of the Revolutionaries or say farewell to your Armenian roots". Take it or leave it.

      Nicolai Romashuk Hairabedian

  3. Decades have gone by, but …

    I believe Mr. Kojayan has a point. How is it possible to equate political assassins with the victims' folks who tried to retaliate? After all we are not ideal Christians to show the other cheek when the counterpart is mangled. 
     
    Mr. Keusseyan asks why bring up this matter back. The Arabs have an insightful saying. Each incident has a tale. The most recent being the assault against Raffi Doudaklian.
     
    Granted, instigators are unknown. Is it a coincidence that yet again it happened in Bourj Hammoud? Every teenager in the area knows who dictates in the district and gets away with impunity.
     
    Hrach Kalsahakian and others, I don't doubt, have good motives by promoting the noble goal of reconciliation. Unfortunately, in real life a victim is a victim and has all the reasons to ask for forgiveness from the perpetrator of a crime before thinking about  reconciliation.
     
    Yes, decades have gone by, but it seems for a certain faction violence continues to be a tool to silence a brother because of variance in opinions and likes.
  4. Reading above comments, I can

    Reading above comments, I can see some people still live 100 years ago.  They are either misinformed or trying to divide our communities abroad, instead of uniting us. Yes we still have problems and we can only resolve these problems by having positive attitude. Yes there have been mistakes.  Let us learn from our mistakes and make sure we don't repeat the same mistakes in the future. We should let our young generation to decide what is the right thing to do, instead of poisoning them with 100 year old grudges.  By the way, my question was addressed to Minas and I expected him to respond.  I know him personally, we were classmates.

Comments are closed.

You May Also Like