Իմ նախորդ յօդուածիս մէջ բացայայտօրէն յայտնաբերած էի կատարուած խարդախութիւններն ու օրինական խախտումները (կարդալ նախորդ յօդուածներս Hetq.am եւ կամ keghart.com կայքէջերուն վրայ) Լոս Անճէլըսի Վիեննական Մխիթարեան Հայրերու Հաստատութեան Վարչական ժողովական կեանքէն ներս
[Լոս Անճէլըսի Մխիթարեան վարժարանը այս ոչ-շահակցական (non-profit) ընկերակցութեան կը պատկանի, որովհետեւ վերջինս, անցեալին, հաստատուած էր Վիեննայի Մխիթարեան հայրերու կողմէ 2000 թուականի միութենէն առաջ։]
[Լոս Անճէլըսի Մխիթարեան վարժարանը այս ոչ-շահակցական (non-profit) ընկերակցութեան կը պատկանի, որովհետեւ վերջինս, անցեալին, հաստատուած էր Վիեննայի Մխիթարեան հայրերու կողմէ 2000 թուականի միութենէն առաջ։]
Յստակացնելու համար մեր ըսածները կու տանք վաւերական փաստեր, որպէսզի մեր ընթերցողը յստակ իմանայ խարդախութեան խորութիւնն ու դիտաւորութիւնը։
Մարտ 18-ի հեռապատճենով, Հայր Օգոստինոս Սեքուլեան պաշտօնապէս կը հրաւիրուէր Վարչական Ժողովի, որ տեղի պիտի ունենար Մարտ 24-ի առաւօտեան ժամը 10-ին, 6470 Ֆութհիլ Պողոտայի վրայ գտնուող դպրոցական շէնքին մէջ։ Այդքան ալ կարեւոր չէ այստեղ խօսիլ այն մասին թէ վերջին վարկեանին որոշուեցաւ վարչական ժողովը գումարել Հ. Դաւիթի տան մէջ։
Ժողովը գումարուեցաւ ֆիզիքապէս ի ներկայութեան երեք վարչականներու. Հ. Օգոստինոս Սեքուլեան, Հ. Դաւիթ Ղազարեան եւ Դերենիկ Քուչաքեան։ Երբ Հ. Օգոստինոս կը հարցնէ թէ ո՞ւր է Հ. Եղիան, որ ժողովի կանչած է մեզ, պատասխան ստացած է Դերենիկ Քուչաքեանէն որ հեռաձայնային ժողով պիտի գումարուէր, բան մը որ պետական օրէնքներու համաձայն էր։ Հ. Օգոստինոս յաջորդաբար կը հարցնէ թէ ինչո՞ւ միւս երկու վարչականները, Հ. Անդրէաս եւ Հ. Սիմոն, ներկայ չէին: Պատասխան կը ստանայ թէ անոնք հրաւիրուած էին, բայց չէին կրցած գալ։ Եւ երբ Հ. Օգոստինոս կրկին կը հարցնէ թէ ինչո՞ւ հեռաձայնի վրայ չէին այդ վարչականները, պատասխան կը ստանայ Հ. Եղիայէն, որ հեռախօսի վրայ էր այդ միջոցին, թէ ինք՝ Հ, Եղիան խօսած է Հ. Սիմոնին հետ եւ իբրեւ թէ Հ. Սիմոն համաձայն է տրուելիք ամէն որոշումի։
Պահ մը կենանք այս խոշոր օրինական խախտումին առջեւ: Առաջին, Գալիֆորնիոյ Նահանգի ոչ-շահակցական ընկերակցութեանց օրէնքի 5516-րդ յօդուածի տրամադրութեան համաձայն, ո՛չ մէկ վարչութեան անդամ կրնայ նման համաձայնութիւն տալ երբ գրաւոր օրակարգ մը չէ յաձնուած նախապէս վարչականներուն, որպէսզի գիտնան թէ ի՞նչ նիւթեր պիտի շօշափուին ժողովի ընթացքին, իսկ եթէ ի յառաջագունէ տրուած ըլլայ յստակ օրակարգ մը, այդ պարագային միայն գրաւոր կրնայ ներկայացնել իր համաձայնութիւնը, յստակօրէն նշելով թէ օրակարգի ո՛ր հարցին մէջ ինք առարկութիւն չունի եւ համաձայն է։ Այս պարագային ո՛չ մէկ գրաւոր օրակարգ մը կար ներկայացուած, եւ հետեւաբար մեզի մտածել կու տայ թէ ասոր ետին թաքնուած խարդախութիւն մը կայ։ Եւ ստուգելու համար իր կասկածը, Հ. Օգոստինոս հեռաձայնեց Հ. Սիմոնին ի Վիեննա եւ իմացաւ, որ Հ. Սիմոն ցանկութիւն յայտնած է անձնապէս ժողովին ներկայ գտնուելու, բայց Հ. Եղիան թելադրած է որ իր ներկայութիւնը այդքան ալ անհրաժեշտ չէ։ Կրցա՞ք հասկնալ թէ ի՞նչ կը կատարուի այստեղ օր ցերեկով, արեւի լոյսին տակ։
Գալով Հ. Անդրէասին, երբ Հ. Օգոստինոս կը հարցնէ թէ ինչո՞ւ Հ. Անդրէաս հեռաձայնի վրայ չէ, Հ. Եղիա անճրկած մնալով չէ կրցած պատասխանել։ Հ. Օգոստինոս գրպանէն հանելով Հ. Անդրէասի նամակը, զայն բարձրաձայն կը կարդայ վարչականներու ներկայութեան. “Ես Հ. Անդրէաս Հարմանտիկեան, լուրեր կը ստանամ, որ ժողովներ կը գումարուին Corporation-ին կողմէ, որոնց չեմ հարաւիրուած որպէս անդամ, նոր անդամներ կ՝ընտրուին, որմէ երբեք տեղեակ չեմ, պաշտօնապէս չեն տեղեկացուցած”։ Հ. Եղիա կմկմալով չէր կրցած որեւէ արդարացում ներկայացնել։ Կը կարծենք որ շատ յստակ է մեր ընթերցողներուն թէ ի՞նչ խարդախութիւն կը կատարուի այստեղ։
Այս Ժողովը ծրագիր մը չունէր,– կ’ըսէ Հ. Օգոստինոս, եւ երբ Հ. Եղիա հրահանգներ տալու սկսած է հեռաձայնէն, Հ. Օգոստինոս առարկած է ըսելով, թէ այդ հրահանգները պէտք է գրաւոր տրուին որպէսզի ինք կարենայ անոնց մասին մտածել եւ իր որոշումները տալ։ Անմիջապէս խօսակցութեան մէջ մտած է իրաւաբան Դերենիկ Քուչաքեան (երբեմնի Հ. Եղիայի թունդ հակառակորդը) ի պաշտպանութիւն Հ. Եղիային, եւ ըսած է որ corporation-ի օրէնքներուն մէջ առաջարկները գրաւոր տալու հրահանգ չկայ։ “Ժողովը փակուեցաւ առանց բան մը որոշած ըլլալու, եւ ահա այսպէս մենատիրական դարձած է այս corporation-ը, որով անվաւեր եւ հակականոնական կը դառնան բոլոր որոշումները,” կ՝ըսէ Հ. Օգոստինոս։
Այսօր Հ. Օգոստինոս ստացած է Ապրիլ 8, 2010 թուակիր՝ վարչական ժողովի անստորագիր նամակ/հրաւէր մը եւս, որ տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 15-ին Հ. Դաւիթի տան մէջ։ Թէեւ նամակի բովանդակութենէն կարելի է կռահել որ հրաւիրողը Հ. Եղիա Քիլաղպեանն է, բայց կարելի չէ իմանալ որ ո՞վ է ղրկողը։ Միայն կարելի է ենթադրել որ այդ նամակի հեղինակը նոյն ինքն իրաւաբան Դերենիկ Քուչաքեանն է, որ ուզած է դիտաւորեալ կերպով ծածկել առաքման վայրի հասցէն։
Անգամ մը եւս կ’արժէ այստեղ կանգ առնել, անդրադառնալ եւ խորհրդածութիւններ ընել կարգ մը դէպքերու վրայ, որոնք խոր վէրքեր թողուցին 88-ամեայ ծերունի վարդապետին՝ Հ. Օգոստինոս Սեքուլեանի սրտին մէջ։ Այստեղ կը վկայակոչեմ Հ. Օգոստինոս Սեքուլեանի նամակը, ղրկուած իր միաբանակից եղբայրներուն. “Անցեալի գլուխ-գործոց կեղծիքներէն եղած է երբ Հ. Եղիան եւ Դերենիկը Նոյեմբերին (2009) անձամբ ինծի եկած եւ յայտարարած էին, թէ Corporation-ի վեց ձայներով ես, Հ. Օգոստինոս Սեքուլեանս դուրս վտարուած եմ Corporation-ի անդամակցութենէն, ուստի պարտական եմ իրենց յանձնելու Corporation-ի կնիքը։ Նոյեմբեր 18-ին ստացայ նոյնիսկ Հ. Եղիայի փաստաբանին՝ Դանիէլ Պէհեսնիլեանի կողմէ պաշտօնական գրաւոր հրահանգ մը, թէ Յովհաննէս Խոստեղեանին յանձնելու եմ Corporation-ի այդ կնիքը։ Բուռն կերպով բողոքեցի, թէ ե՞րբ կատարուած է Corporation-ի կողմէ նման ժողով մը, եւ ինչպէ՞ս կարելի էր զիս վեց ձայնով դուրս նետել Corporation-էն, երբ միայն վեց անդամ ունի այդ Corporation-ը, եւ որոնցմէ մին՝ ե՛ս եմ”։ Անշուշտ այդ կարծեցեալ վեց ձայներու մէջ էին նաեւ, որպէս թէ, Հ. Անդրէաս եւ Հ. Սիմոն, որոնք բացարձակապէս նոյնիսկ տեղեակ չէին որ նման ժողով մը տեղի ունեցած է։
Կը տեսնէ՞ք սիրելի ընթերցողներ թէ ի՛նչպէս այսօր, անցեալի բուռն երկու հակառակորդներ, Հայր Եղիա Վարդապետ Քիլաղպեան եւ իրաւաբան Դերենիկ Քուչաքեան, չենք գիտեր թէ ին՞չ յատուկ եւ ծածուկ դիտաւորութեամբ, յանգած են անհասկնալի համաձայնութեան մը՝ միասնաբար հարուածելու, հոգեբանական ճնշում բանեցնելու ալեւոր, հիւանդ վարդապետին՝ Հ. Օգոստինոս Սեքուլեանի վրայ, խլելու համար անկէ վարչականի իր իրաւունքները, դիմելով ամէն տեսակ օրինական եւ ապօրինի միջոցներու։ Հակառակ այս բոլորին՝ տակաւին կը մնայ ան իր ուխտին հաւատարիմ, բարիով չարին յաղթելու վճռակամութեամբ։
1 comment
Zartonk kenadznerin
Asogh ou iragan kordzov zpaghvogh shat Mekhitaryanner kordzek yev ge lini zartonk kenadznerin.
Comments are closed.