Բռնատիրութեան Ու Ժողովրդավարութեան Արանքին
Տարակոյս կա՞ր որ Միջին Արեւելքի ցուցանիշները – քաղաքական, ապահովական, տնտեսական, բայց ամենէն աւելի՝ տիրող կամ իշխող վարչակարգերու մեծ մասը, անխուսափելիօրէն կ՝ընթանան, կոշտ ըսած, դէպի փլուզում, փոփոխութիւն:
Տարակոյս կա՞ր որ Միջին Արեւելքի ցուցանիշները – քաղաքական, ապահովական, տնտեսական, բայց ամենէն աւելի՝ տիրող կամ իշխող վարչակարգերու մեծ մասը, անխուսափելիօրէն կ՝ընթանան, կոշտ ըսած, դէպի փլուզում, փոփոխութիւն:
Այսօր, Ամերիկա (եւ «պոչ»իկներ), ծանր կորուստներէ ետք, չի գիտեր թէ ինչպէ՞ս դուրս պիտի գայ իրաքեան (նաեւ աֆղանական) մաշեցնող աւազախրումէն, որ մեծապէս «նպաստած» է իր հեղինակութեան անկումին ու տնտեսութեան լճացումին:
Ժողովրդավարութեան հովանիով, բայց բռնատիրութեամբ ու մենատիրութեամբ գործող Ամերիկայի «բարեկամ» նկատուող երկու հզօր երկիրներ, յաջորդաբար, Թունուզ եւ Եգիպտոս, իրենց վարչախումբերով, պատմութեան անցած ըլլալու դատապարտուած են, իսկ ուրիշներ՝ «հերթագրուած»:
Ուաշինկթըն արդէն իսկ «ծախած» է իր երէկի դաշնակիցները, որոնց տարիներ շահագործեց ու խաբեց, այդ վարչակարգերու պետերը դարձնելով իր կամակորները, թշնամացնելով ժողովուրդին, խոր վիհ մը բանալով պետութեան ու հասարակութեան միջեւ:
Իսկ այդ պետերը, յատկապէս Թունուզի ու Եգիպտոսի նախագահները, անբարտաւանօրէն եւ անհեռատեսօրէն, ոչ միայն շահագործեցին իրենց դիրքերը, այլեւ պղծեցին զանոնք, իրենց երկիրները վերածելով սեփական «ագարակ»ներու, յարատեւօրէն վերանորոգելով իրենց պաշտօնաշրջանները, իբր թէ ժողովուրդին «ջախջախիչ» մեծամասնութեան ձայնով, մինչդեռ, իրականութիւնը, ջախջախիչ… զեղծարարութիւնն էր:
Դժբախտաբար, այսօրինակ պետութիւններու ղեկավարները, յատկապէս Եգիպտոսի նախագահ Հիւսնի Մուպարաքի չափանիշով, չուզեցին դառնալ իրենց հայրենիքին ու ժողովուրդին շահերուն կրողները, այլ՝ ընդհակառակը, իշխեցին իրենց իսկ երկիրներու սահմանադրութեան տրամադրութեան ներհակ միջամտութեամբ, ժողովրդավարութեան նուազագոյն նշոյլի բացակայութեամբ:
Այլապէս, ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել անոնց հիւանդագին կառչածութիւնը միաիշխանութեան կապանքներուն, նոյնիսկ, աւատապետական կարգով, իրենց հարազատները պարտադրելով որպէս իրենց յաջորդները, ոտնակոխելով ժողովրդավարութեան ու սահմանադրութեան ամենէն նուիրական սկզբունքները:
Եգիպտոսը, որ արաբական աշխարհի գերհզօր պետութիւններէն կը նկատուէր, արդեօ՞ք անցնող երեսնամեակին մնա՞ց այդ առաջնորդութեան վրայ, արդեօ՞ք վայելեց իր շահած համաժողովրդականութիւնը, արդեօ՞ք գործեց յանուն համարաբականութեան շահերուն:
Ո՛չ ոք կրնայ դրական պատասխան մը տալ այս հարցադրումներուն, որովհետեւ փառամոլական նախկին նախագահ Անուար Սատաթ, որ «զոհ»ը դարձաւ արուեստական «Քեմփ-Տէյվիտ»ի խաղաղութեան (՞) համաձայնագիրին (Եգիպտոսի եւ Իսրայէլի միջեւ) ու նաեւ «զոհ» դարձուց Եգիպտոսն ու եգիպտացիները, մինչ իրեն յաջորդող միահեծան Հիւսնի Մուպարաք, ոչինչ կրցաւ տալ իր ժողովուրդին, բացի զրկանքներէ ու հալածանքներէ, առաւել աժան ծառայութիւններէ Ուաշինկթընի վարչախումբերուն, ընդդէմ արաբական ինքնութիւնը, շահաւէտութիւնն ու բարեկեցիկութիւնը:
Մինչդեռ, Պրն. Մուպարաքը, եթէ իր ժողովուրդին խղճին եւ ոգիին ձայնը լսէր, նախ՝ իր նախորդին ձախաւեր քայլը (անձնատուութիւնը) սրբագրելու համար, ճիշդ կ՝ընէր Եգիպտոս-Իսրայէլ համաձայնագիրի յաջողութիւնը կամ ձախողութիւնը դնել ժողովուրդին ազատ ընտրանքին առջեւ, գէթ՝ հանրաքուէով:
Ապա, ինքզինք երբեք չէր դներ «յաւիտենական փարաւոն»ի տեղ, անսաստողները կամ անհամակերպողները ղրկելով զնտան կամ աքսոր, դառնալով «մարդկային-հրէշ» մը, որմէ կը խորշէր իր ժողովուրդը:
Ի՞նչ պէտք ունէր Մուպարաք «գժտուելու» Սուրիոյ հետ ու բրտօրէն հակադրուելու նախագահ Պաշշար Ասատին, պարզապէս հաճոյանալու համար ամերիկացի իր մեծաւորներուն, որոնք այսօր զինք… կ՝անգիտանան:
Ի՞նչ պէտք ունէր պաղեստինեան հարցերու մէջ դառնալու կողմ, «ֆաթըհ»ի ու «Համաս»ի տարակարծութեանց մէջ նախընտրելով առաջինը, իսկ Կազայի մէջ «խեղդել» փորձելով երկրորդը, որովհետեւ Ուաշինկթըն-Թել Աւիւ այդ կը պահանջէին, իսկ այսօր թողլքած են զինք:
Ի՞նչ պէտք ունէր լիբանանեան քաղաքական կեանքին միջամուխ ըլլալու, հակադրուելով ընդդիմադիրներուն (8 Մարտի ուժեր) կամ զօրավիգ կանգնելով իշխանամէտներուն (14 Մարտի ուժեր), մանաւանդ իր տխրահռչակ արտաքին գործոց նախարարով, մինչ այսօր Լիբանանի մէջ այդ նժարները փոխուած են:
Եթէ արագ դիտարկումով մը չափորոշենք այս սրընթաց (բայց ոչ անակնկալ) իրադարձութիւնները, որոնց ետին երբեք բացառուած չէ Ամերիկայի «մատ»ը, թափանցիկ ըլլալով իր դերակատարութիւններուն ոճը ու դիմակին ետին գտնուողները, առաջին մտահոգուողն ու տագնապողը ոչ ոք պիտի ըլլայ, եթէ ոչ նոյնինքն… Ուաշինկթընը:
Ինչո՞ւ, որովհետեւ չէր պատկերացներ այս գործընթացին «տրամաթիք» զարգացումներն ու հետեւանքները, իսկ ամենէն կարեւորը՝ չէր գիտեր թէ ո՞վ կրնայ յաջորդել, Եգիպտոսի պարաագային՝ Մուպարաքի, ըլլալու համար իր հաւատարիմը:
Ճիշդ է, տակաւին կրտսեր Պուշի ժամանակ, Մուպարաքէն կը պահանջուէր շուտափոյթ բարեկարգումներ ընել երկրէն ներս, սահմանադրական ճամբով, սակայն, անիկա կը խոստանար… ոչինչ ընելով, երկիրը պահելով խաւարամտութեան մէջ, իր տղան պատրաստելով զինք յաջորդելու:
Անշուշտ, Ուաշինկթըն այսօրուընէ՛ կը վախնար, հետեւաբար, երբ յայտնի դարձաւ ժողովրդային բռնկումը ու հետզհետէ պայթուցիկ վիճակը, ան, դիւանագիտական խորամանկութեամբ, երես դարձուց Մուպարաքէն, սակայն, խոր մղձաւանջը ապրելով որ, երկիրը կրնայ անցնիլ իրեն համար «անմատչելի» պարագլուխներու, որոնց առաջին գործը Իսրայէլի հետ կապերու խզումը եւ Իսրայէլի դէմ նոր սպառնլիք մը դառնալը պիտի ըլլայ:
Ժողովրդավարութիւնը անգամ մը «պէլա» եղած էր ամերիկացիներուն ու հրեաներուն, երբ պաղեստինեան խորհրդարանական ընտրութիւններուն, ընդդիմադիր «Համաս»ը յաղթանակ տարած էր, իսկ հիմա, յետ-Մուպարաքը, կրնայ նոյնը կրկնուիլ, ինչ-որ քաղաքական նոր ապտակ մը կրնայ ըլլալ ամերիկեան-սիոնականութեան, շատ հաւանաբար ունենալով իր շարունակականութիւնը, նորերու միացումով (Եմէ՞ն, Ալճերիա՞, Յորդանա՞ն, եւայլն) բայց, այս մասին պէտք է խօսիլ նոր տուեալներով, թէ՝ Ուաշինկթըն ի՞նչ դեր ունի եւ ո՞ւր կը գտնուի այս բոլորին մէջ:
Ահա այս պատճառով ալ, Ուաշինկթըն, իր շուար վիճակէն դուրս գալու համար, պիտի կողմնորոշուի թէ ի՞նչ ուղի պէտք է փնտռէ (կամ բռնէ) բռնատիրութեան ու ժողովրդավարութեան արանքին մէջ: