Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 6 Յունիս 2013
Համազգային թէ ազգային ցաւերո՞ւ մասին կը խօսուի, ահաւասի՛կ, հաստափոր թղթածրար մը եւս, որ պէտք է չարչրկէ (խենթենացնելու չափ) բոլոր անոնք, որոնք կը յաւակնին մեր այսօրուան տագնապներով ապրելու, հուսկ այդ մասին արտայայտուելու բեմերէն ու խորաններէն, ամպիոններէն ու մամուլէն, սակայն, ինչո՞ւ համար, ինչո՞վ արդարացնելու իրենց այդ անիմաստ շրթնամարզանքները։
Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 6 Յունիս 2013
Համազգային թէ ազգային ցաւերո՞ւ մասին կը խօսուի, ահաւասի՛կ, հաստափոր թղթածրար մը եւս, որ պէտք է չարչրկէ (խենթենացնելու չափ) բոլոր անոնք, որոնք կը յաւակնին մեր այսօրուան տագնապներով ապրելու, հուսկ այդ մասին արտայայտուելու բեմերէն ու խորաններէն, ամպիոններէն ու մամուլէն, սակայն, ինչո՞ւ համար, ինչո՞վ արդարացնելու իրենց այդ անիմաստ շրթնամարզանքները։
Տխուր, բայց դառն ճշմարտութիւն. ղեկավարներ կամ պատասխանատուներ, առաջնորդներ կամ պարագլուխներ, անոնք ըլլան ազգային, հասարակական, կուսակցական թէ եկեղեցական, տեղի-անտեղի կը խօսին մեր երիտասարդութեան, համալսարանական սերունդին մասին, բայց ի՞նչ ըսելու կամ ընելու համար, երբ ատոնց մեծ մասը խօսքի սահմաններէն անդին չանցնիր։
Երիտասարդութեան գովք կը հիւսուի, անփոխարինելիութիւն կը շեշտուի, սերնդափոխութիւն կը պահանջուի, պատասխանատուութիւն կը խոստացուի, ջահակրութիւն կ'ակնկալուի, սակայն, միշտ պղպջակային տրամաբանութեամբ, ցուցադրական իմաստակութեամբ։
Ո՞վ կրնայ ուրանալ այս անհերքելիութիւնները, երբ անոնք ամէն օր կը հնչեն այնպիսի ,վերադիրե կամ ,գերադաս շրջանակներէ, որոնք, մեղմ ըսած, լոկ շաղակրատութեան ախոյեաններ են ու կը փորձեն գաղութի, համայնքի ու հաւաքականութեան տէր դառնալ։
Դժբախտաբար, նորօրեայ ,պահպանիչները սփիւռքահայ արդի իրականութեան, ոչինչով կը յիշեցնեն մօտիկ անցեալի այն երախտաւորները, որոնք կրցան տեսիլքի ու միտքի հզօրութեամբ կազմակերպել հայ արտաշխարհը՝ իր բազմատեսակ ու բազմակողմ կարիքներով։
Այսօ՛ր, մանաւանդ վաղուան մտահոգութեամբ, սփիւռքահայութիւնը կ'եռեւեփի իր տագնապներուն մէջ, ազգային-ընկերային, կրթական-մշակութային, երիտասարդական-միութենական մարզերով, որոնք բարելաւուելու քիչ հաւանականութիւններ ունին, այնքան ատեն որ՝ ոչ թէ լուծումները կամ դարմանումները չկան անոնց, այլ՝ գերազանցապէ՛ս, լուծող կամ դարմանող հեղինակութիւնները չկան, համապատասխան կողմերը կամ կառոյցները անշքացած են։
Նորութի՞ւն են այս բոլորը, անշուշտ, ո՛չ, բայց, հետզհետէ կուտակուելով անոնք, սկսած են նոր բարդութիւններու պատճառ դառնալ, յատկապէս՝ երբ մեր երիտասարդութեան ուսումնառութեան կամ համալսարանականութեան գերխնդիրը կը յուզէ բոլորս։
Խնդիրը կը վերաբերի համալսարանական կրթաթոշակներուն, որոնք այնքան ուռած են, որոնք սկսած են ճնշել ու ճզմել ընտանիքներն ու ծնողները, իսկ անճրկել՝ համալսարանական թեկնածուները կամ համալսարանականները։
Կար ժամանակ (եւ ի՜նչ երանելի ժամանակ), երբ հայ համալսարանականը, կարօտեալ համալսարանականը, ի վիճակի էր կրթաթոշակ ապահովել կրթական հիմնարկութիւններէ, ուսումնական հաստատութիւններէ, համալսարանական հիմնադրամներէ, լաւագոյն պայմաններով կամ ընդունելի օժանդակութիւններով։
Օրհնաբեր էին անոնք, շնորհիւ անոնց գործնապաշտներուն, երախտաշատ հիմնադիրներուն, ազգապահպան բարերարներուն, որոնք բոլորն ալ, իւրաքանչիւրը, յատուկ նպատակով կամ ծրագիրով մը, համալսարանական կրթաթոշակ կամ կրթանպաստ հաստատած էր։
Գիտակցուած էին այդ նախաձեռնութիւնները, պարզապէս անոր համար որ՝ յետեղեռնը այլընտրանք չէր կրնար կտակել, բացի՝ իրերայաջորդ սերունդները դաստիարակելու եւ կրթելու, համալսարանական մակարդակով, Տարագիր Հայութեան գոյութիւնը հաստատելու ու պահելու վճռակամութեամբ։
Ինչո՞ւ այս արագ ընդգծումները կամ մատնանշումները։
Համալսարանական թեկնածուն, համալսարանականը, որ կը ձգտի բարձրագոյն ուսում ստանալ կամ մասնագիտանալ, ներկայիս (նաեւ՝ վաղը), լուրջ ու ծանր կացութեան մը մէջ կը գտնուի, ի լուր իր կրթաթոշակներու մագլցողական սղութեան ու զանոնք վճարելու դժուարութեանց, յատկապէս կրթաթոշակային հիմնարկներու չորացումին եւ ամլացումին պատճառով։
Ատենին, կրթաթոշակային այդ աղբիւրները փրկութեան աւետաբեր լաստեր էին, մասնակի թէ ամբողջական ապահովագիր մը, երաշխաւորագիր մը, համալսարան յաճախելու ու զայն աւարտելու։
Իսկ հիմա՞, ճոխ պատմութիւն ու օրինակելի աւանդութիւն ունեցող կրթաթոշակային այդ հաստատութիւնները, զանազան պատճառաբանութիւններով դադրեցուցած են իրենց յատկացումները, հայ երիտասարդութեան ձգելով անկարութեան մէջ, ուսումնատենչ սերունդը լքելով իր բախտին։
Ծանօթ է, թէ կրթաթոշակները աննախընթաց ոստումներ արձանագրած են (որոնք նոյն թափով կրնան շարունակուիլ նաեւ յառաջիկային), ուստի, հայ համալսարանականը ինչպէ՞ս կրնայ դիմանալ այդ բիրտ մարտահրաւէրին։
Ճիշդ է, ոմանք կը փորձեն այլ միջոցներով ,հոգալե իրենց համալսարանական ծախսերը, մաս մը հոն աշխատելով, ուրիշներ ալ՝ յետմիջօրէի կամ երեկոյեան սպասարկութիւններ կատարելով եւ կամ՝ անձնական դասեր տալով։
Բայց, ասոնք ո՞րքանով կրնան նպաստել իրենց կրթաթոշակներուն, բացի ,գրպանի համեստ գումարե մը ապահովելէն, մինչ ոմանց մօտ այդ ստիպողականութիւնը կը պատճառէ որոշ ֆիզիքական ուժասպառութիւն եւ յոգնագծութիւն, բնական է, վնասելով անոնց դասընթացքային յաճախելիութեան կամ ուսումնառութեան։
Տակաւին՝ ինչպէ՞ս կը պահանջուի հայ համալսարանականէն չլքել գաղութը, չգաղթել երկրէն, երբ անոր դիմաց փակ են կրթաթոշակային կարելիութիւնները, թէկուզ մասնակցութեան պատրաստակամութիւններով։
Անոնք որոնք կը շարունակեն հայ երիտասարդութենէն պահանջել կառչած մնալ իր համայնքին, շրջանակին կամ գաղութին, փոխանակ օդայինե այդ ասեկոսէներուն դիմելու, լաւ կ'ըլլայ աւելի ազդու, շինիչ ու պիտանի գործնական քայլեր առնեն, օժանդակելու հայ համալսարանականին կրթաթոշակային կարիքներուն։
Եթէ համալսարանական կրթաթոշակային աւանդական կողմեր, որոնք օրին անգնահատելի նպաստներ բերած են հայ համալսարանականներուն օժանդակութեան, այսօր հրաժարած ըլլալով իրենց այդ առաքելութենէն, անընդունելի եւ անհամոզիչ բացատրութիւններով, միթէ ժամանակը չէ՞ որ նոր հիմնադրամներ ստեղծուին, նոր բարերարութիւններ հաստատոււին։
Այլապէս՝ ի՞նչ իմաստ ունի քարոզ կարդալու, պատգամ փոխանցելու ,դաս տալու փորձերը՝ հայ համալսարանականը քաւութեան նոխազ նկատելով, երբ ան կը չուէ այլուր կամ կը դառնայ անտարբեր իր միջավայրէն։
Ի պատիւ Հայկազեան Համալսարանին, ինչպէս նաեւ կարգ մը հայրենակցականներու ու հաստատութիւններու, պէտք է ըսել, որ անոնք իրենց առաւելագոյնը կը նուիրաբերեն իրենց կարիքաւոր ուսանողներուն, խիստ շնորհակալ եւ երախտաշատ ներդրումներով, մինչ կրթաթոշակային դասական եւ արդիական կառոյցներ, հաւկուրութեան տրամաբանութեամբ, անտէր եւ անտիրական կը ձգեն հայ համալսարանականը, իսկ ազգային-եկեղեցական պատասխանատուներ, միայն կը խօսին ու կը դիտեն…։
******
Կը Հպարտանանք Անցեալով, Կը Տագնապինք Ներկայով,
Կը Սոսկանք… Ապագայէն
(Մենք Ենք՝ Մեր Ցաւերը Շարքէն)
Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 17 Յունիս 2013
Հայաստանի անկախութիւնը՝ իր բազմագործօններով, իսկ Սփիւռքը՝ իր բազմաշերտաւորութեամբ, ի՞նչ երաշխիքներ կու տան կամ յոյսեր կը ներշնչեն, որ առողջ ընթացքի մէջ կը գտնուին:
Առաջինին բազմագործօնները տարատեսակ են, որուն մէջ ամենէն սարսափելիներն են՝
ա. Հայաթափութեան անսանձելիութիւնը
բ.Ժողովուրդիմեծամասնութեան թաւալգլոր աղքատացումը եւ «առանձնաշնորհեալ»ներու անզսպելի հարստացումը
գ. Ժողովրդավարական սկզբունքներու յարատեւ ոտնակոխումը ու շահագործումը
դ. Կաշառակերութեան ու փտտածութեան անարգել տարածումը
ե. Մտաւորականութեան մեծամասնութեան աններելի կրաւորականութիւնը
զ. Սփիւռքի նկատմամբ մակերեսային եւ ոչ-արհեստավարժական վերաբերմունքի անհեթեթութիւնը
Երկրորդին բազմաշերտաւորումը, գրեթէ բոլոր մակարդակներու վրայ նշմարելի է, որուն մէջ ամենէն ահաւորներն են.
ա. Համակերպութեան ու յարմարելիութեան, անընդունելի փորձութիւնները, մեկնելով տեղական թէ միջավայրային պայմաններէն
բ. Հայոց լեզուի (իմա՝ Արեւմտահայերէնի) սրընթաց մտահոգիչ նահանջը, բանաւոր թէ գրաւոր տարբերակներով
գ. «Քատր»ային այպանելի անպատրաստութիւնը (ուսուցիչ, խմբագիր, գործիչ եւ այլն)
դ. Տեսլապաշտ ղեկավարներու կամ առաջնորդներու ահազանգող խամրութիւնը
ե. Գործող մտաւորականներու ու ստեղծագործող միտքերու յամեցող բացակայութիւնը
զ. Կուսակցական-միութենական գործունէութիւններու, եթէ ոչ ժամանակավրէպութիւնը, բայց, անպայմա՛ն, հնամենիութիւնը
Բնական է, այս թուումները «ամփոփում»ն են այն անվերջ շարքերուն, որոնք հայաստանայատուկ ու սփիւռքայատուկ տխուր իրականութիւններ են, ոչ միայն անբարեկարգելի, այլ աւելին՝ նորանոր բացթողումներու հաւանական զարգացումներով:
Ո՛չ ոք յաւակնութիւնը ունենալու է վիճելու, առարկելու կամ հերքելու վերոյիշեալները, իրենց առաւել կամ նուազ թերացումներով, որովհետեւ այդ բոլորը մեր շուրջն են, կ’ապրինք ու կը զգանք զանոնք, իրենց ամենէն ցաւալի եւ ողբալի հետեւանքներով:
Ուղղակի զարմանալի է, որ ոմանք ինքզինքնին հաւկոյր կը ձեւացնեն, ուրիշներ՝ տգէտ, իսկ շատեր ալ կը փայլին իրենց աժան հայրենասիրական մունետիկութեամբ եւ հաշուենկատ ազգասիրական քարոզչութեամբ:
Հայաստանի ու Սփիւռքին եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդին ի՞նչ կու տան շատ-շատերու«օդային» փուչիկները, երբ հայրենիքէն ներս թէ դուրս, կա՛ն, սկսած են ձեւաւորուիլ հոգիի սնանկումներ. – հողը լքողներ, հայապահպանումի գործօնները թուլացնողներ, իսկ տակաւին կան երազայիններ, որոնք կը բարբառեն հայաստանապահպանումէն ու սփիւռքապահպանումէն:
Ի՜նչ հեգնանք եւ անարգանք:
Ինչո՞ւ՝ որովհետեւ՝
Հայաստանը կը շարունակէ իր դիտանկիւնով ու ոճով «շփացնել» Սփիւռքի այն հատուածները կամ կողմերը, որոնք կ’ախորժին այդ փայփայանքներէն ու գգուանքներէն, քաջ գիտնալով անոնց մեծ մասին սնափառութիւնները, հետեւաբար, մերթ հրաւէր մը դասաւորելով, մերթ գնահատագիր մը ղրկելով, մերթ շքանշան մը կախելով եւ եղե՜ւ… սփիւռքասիրութիւն:
Սփիւռքը կը շարունակէ իր տեսանկիւնով եւ եղանակով «ծառայել» Հայաստանի այն իշխանաւորներուն, որոնցմէ կրնան օգտուիլ կամ մեծարուիլ, մերթ շեփորահարելով, մերթ դարպասելով, մերթ ալ շողոմելով եւ եղե՜ւ… հայրենասիրութիւն:
*****
Այս հրապարակային կայծակնային խորհրդածութիւնը կը միտի տալ ընդհանուր պատկեր մը, որ կը վերաբերի մեր ժողովուրդի երթուղիին, իր անցեալով, ներկայով եւ ապագայով:
Արդարեւ, հայ ժողովուրդը միշտ հպարտացած է իր հեռաւոր ու մօտաւոր պատմութեամբ, նուաճումներով եւ իրագործումներով, որոնք իր գոյութեան տուած են ապրելու իրաւունք, իր լեզուով եւ ինքնութեամբ, մշակոյթով ու գրականութեամբ, արուեստով ու գիտութեամբ:
Շա՜տ են, անթի՜ւ, հպարտանալու երեւոյթներն ու գործօնները:
Հեռու չերթանք եւ յիշենք անցեալ դարու որոշ հանգրուանները, երբ Խորհրդային Հայաստանը դարձաւ ԼՈՅՍի փարոս, իր բազմագոյն ու բազմասեռ յառաջդիմութիւններով ու ստեղծագործութիւններով, ատոնք ըլլան միտքի թէ ձեռքի փայլատակումներ:
Նոյն հետեւողութեամբ, յետ-եղեռնեան շրջանին, երբ Սփիւռքը սկսաւ հետզհետէ կազմաւորուիլ եւ ուռճանալ, հայ ղեկավարութիւն ու մտաւորականութիւն միայն կոփեցին, դաստիարակեցին եւ ուղղորդեցին մեր սերունդները, կառուցեցին, իրականացուցին ու շէնցուցին ծրագիրներ:
Զոյգ պարագաներուն ալ, շահողը ո՞վքեր էին, ո՞վքեր եղան, եթէ ոչ հայրենի ժողովուրդը ու գաղութահայ կեանքը, որոնք Հայաստան կերտեցին ու Սփիւռք պահեցին, իրենց պատմական արմատներով, աւանդական դաստիարակութեամբ, հայկական պատկանելիութեամբ, մշակութային վերածնունդով, ազգային վերազարթօնքով:
Այսօր, կրնա՞նք ըսել, թէ Հայաստանը եւ Սփիւռքը կը գտնուին նոյն հորիզոնականներու վրայ, երբ ամէն ինչ նահանջ կ’արձանագրէ, աղաւաղում կ’առաջացնէ, բաժանում կը պարտադրէ, ուր հայը հայ պահող ազդակները կամ լծակները սկսած են թուլնալ, թերեւս ալ՝ տժգունիլ :
Ի դիմաց այս գահավիժութեան, երբ հպարտանալիք քիչ բան կայ – կամ մնաց, ուր նորակառոյց ռազմավարութեան նուազագոյն նշոյլ իսկ չկայ, բացի հատուկենտ լուսարձակներէ, որոնք բնաւ ալ բաւարար կամ գոհացուցիչ չեն, ի՞նչ բանը կրնայ սփոփել հայութիւնը եւ յուսադրօրէն նայիլ ապագային, այնքան ատեն որ՝
Հայաստանը կը լքեն:
Հայաստանը կը լքուի:
Հայաստանցիք կը չարչրկուին:
Հայաստանցիք կ’ենթարկուին «չարչի»ութեան:
Սփիւռքը կը տիրանայ:
Սփիւռքը կը տկարացուի:
Սփիւռքահայութիւնը կը խորթանայ:
Սփիւռքահայութիւնը կը խորթացուի:
Մինչ՝ հոն թէ հոս, տակաւին մեծխօսիկներ, փառատենչիկներ ու փչաբաններ, չեն ուզեր տեսնել կամ ընդունիլ այն դասալքութիւնները, որոնք ամէն օր կը կրծեն հայու նուիրականութիւնները, Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ, փորձելով… փոշի ցանել ժողովուրդի երեսին:
Սակայն, պէտք է յանդուգն եւ անկեղծ ըլլալ եւ ոչ թէ ոմանց նման խնկարկու ու բախտապաշտ, յայտարարելու թէ՝ փառաւոր անցեալը փոխարինուած է աւազախրուող ներկայով, իսկ այս վերջինը՝ անորոշապտոյտ ուղիով, հետեւաբար՝
ԿԸ ՍՈՍԿԱՆՔ ԱՊԱԳԱՅԷՆ…: