Հայաստանի Անկախութիւն
Յարութ Տէր Դաւիթեան, Լոս Անճելըս, 23 Սեպտեմբեր 2014
Հայաստանի անկախութեան տարեդարձին նուիրուած այս յօդուածի միտքն ու խորագիրը երբ բարեկամի մը յայտնեցի, ան կասկածանքով հարց տուաւ թէ արդեօք ձեռքս պիտի երթա՞ր զայն գրելու: Ինչպէս կը տեսնէք՝ գնաց: Գնաց, որովհետեւ խորն է ցաւը, ի տես այն հիասթափ վիճակին, զոր կ'ապրինք ազգովին: Գնաց, որովհետեւ մեր անփոյթ աչքերուն առջեւ մեր անկախութիւնը տակաւ կը հիւծի: Գնաց, որովհետեւ գալիք հաւանական աղէտի սպառնալիքը եւ զայն կանխելու անհրաժեշտութիւնը պարտաւորեցուց զայն:
Յուլիս ամսուն, երկու շաբաթով այցելեցինք Պատմական Հայաստանի ու Կիլիկիոյ զանազան շրջանները: Զգացական ու խորհրդածական ալեկոծումներու շարան մը ապրեցանք, որոնք յաճախ զիրար կը հակասէին: Կորսուած հողերու զգացմունքային վիշտը բախեցաւ կորուստի պատասխանատուներու փնտռտուքին հետ: Ապրուած ցաւը բախեցաւ անոր առաջքը առնելու, զայն կանխելու անփութութեան հետ: Լքուած ապարանքներու եւ աւերուած աղքատիկ տուներու տխուր պատկերը եկաւ հաստատելու այն չոր իրականութիւնը, որ աղէտը կը տանի հարուստն ու աղքատը, երբ անոնց կը պակսի հասարակաց ճակատագրի ենթակայ ըլլալու եւ հետեւաբար հաւաքական ուժ դառնալու գիտակցութիւնը:
Հայաստանի Անկախութիւն
Յարութ Տէր Դաւիթեան, Լոս Անճելըս, 23 Սեպտեմբեր 2014
Հայաստանի անկախութեան տարեդարձին նուիրուած այս յօդուածի միտքն ու խորագիրը երբ բարեկամի մը յայտնեցի, ան կասկածանքով հարց տուաւ թէ արդեօք ձեռքս պիտի երթա՞ր զայն գրելու: Ինչպէս կը տեսնէք՝ գնաց: Գնաց, որովհետեւ խորն է ցաւը, ի տես այն հիասթափ վիճակին, զոր կ'ապրինք ազգովին: Գնաց, որովհետեւ մեր անփոյթ աչքերուն առջեւ մեր անկախութիւնը տակաւ կը հիւծի: Գնաց, որովհետեւ գալիք հաւանական աղէտի սպառնալիքը եւ զայն կանխելու անհրաժեշտութիւնը պարտաւորեցուց զայն:
Յուլիս ամսուն, երկու շաբաթով այցելեցինք Պատմական Հայաստանի ու Կիլիկիոյ զանազան շրջանները: Զգացական ու խորհրդածական ալեկոծումներու շարան մը ապրեցանք, որոնք յաճախ զիրար կը հակասէին: Կորսուած հողերու զգացմունքային վիշտը բախեցաւ կորուստի պատասխանատուներու փնտռտուքին հետ: Ապրուած ցաւը բախեցաւ անոր առաջքը առնելու, զայն կանխելու անփութութեան հետ: Լքուած ապարանքներու եւ աւերուած աղքատիկ տուներու տխուր պատկերը եկաւ հաստատելու այն չոր իրականութիւնը, որ աղէտը կը տանի հարուստն ու աղքատը, երբ անոնց կը պակսի հասարակաց ճակատագրի ենթակայ ըլլալու եւ հետեւաբար հաւաքական ուժ դառնալու գիտակցութիւնը:
Հասարակաց ճակատագրի եւ հաւաքական ուժի գիտակցութիւն: Ասոնք անհրաժեշտ հիմնաքարեր են որեւէ անկախ պետականութեան կերտման:
Երբ ակնարկ մը կը նետենք Թուրքիոյ Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Ա. եւ Գ. Հանրապետութեանց ստեղծման նպաստող իրադարձութեանց վրայ, բացայայտ կը դառնայ թէ ի՞նչպէս Համաշխարհային Ա. պատերազմին ջախջախուած Օսմանեան Կայսրութիւնէն ծնաւ յաղթական Թուրքիան, մինչ Յաղթական Դաշնակիցներու «փոքր դաշնակից» Հայաստանը վրայ տուաւ իր նորակերտ անկախութիւնը եւ Արցախի համար ազատամարտ կերտած ներկայ Հայաստանին մնացած է միայն անուանական անկախութիւն մը: Թէ ի՞նչպէս հակառակ սկզբնական անյաջողութեանց եւ օտար մեծ ու փոքր պետութեանց բանակներուն ենթակայ ըլլալով հանդերձ, Մուսթաֆա Քեմալ մը կրցաւ իր շուրջ համախմբել ժողովուրդը եւ ազատագրական պայքար մղելով բոլորին դուրս շպրտել, մինչ մենք հակառակ ռազմի, պարէնի, դիրքի եւ այլ առաւելութեանց, առանց փամփուշտ արձակելու անառիկ Կարսի բերդաքաղաքը եւ այլ հողեր յանձնեցինք թշնամիին: Թէ ի՞նչպէս Յաղթական Դաշնակիցներու ենթակայ եւ անոնց կողմէ հրահրուող Սուլթանի պատուիրակութիւնը գիտակցեցաւ զիջիլ իր ներկայացուցչութիւնը յօգուտ Քեմալի ազգային պատուիրակութեան, որ մէկ ճակատով ազդեցիկ ներկայութիւն ունենան բանակցութեանց սեղանին, մինչ մենք զոյգ պատուիրակութիւններով ու չհամակարգուած ծրագրով ներկայացանք: Թէ ի՞նչպէս Քեմալ յաջողեցաւ երկրին այբուբէնը հիմնովին փոխելով, նոր ուղղութիւն տալ երկրին ու ապագայ սերունդներուն, մինչ մենք օտարի ազդեցութեան տակ, երկճիւղեցինք մեր դարաւոր ուղղագրութիւնը, իսկ անկախութեան վերատիրացումէն ետք ալ, զանազան պատճառաբանութիւններ առաջ քաշելով չկրցանք գէթ միասնականացնել զայն: Թէ ի՞նչպէս Եւրոպայի «հիւանդ մարդը» նկատուող Օսմանցի Թուրքը, դարձած է աշխարհի 17-րդ ամենահարուստ պետութիւնը, մինչ Հայաստանը կը գտնուի աղքատ պետութիւններու շարքին: Թէ ի՞նչպէս անկախ Թուրքիան իր 13 միլիոն բնակչութիւնը բազմացուց 77 միլիոնի, մինչ անկախ Հայաստանի բնակչութեան կէսը լքեց երկիրը:
Հարկ կա՞յ նշելու, որ երբ երկրի մը առաջնորդը խաբեբայութեամբ տիրացած է այդ պաշտօնին ու հետեւաբար չունի ժողովուրդի թիկունքը ու չի վայելեր անոր վստահութիւնը, այդ երկիրը խոցելի կը դառնայ օտարի շահատակութեանց ու չի կրնար յառաջդիմել: «Մասիս»ի Յունուար 2, 1999 թիւով հրատարակած էինք յօդուած մը՝ «Կը Փնտռուի Առաջնորդ» խորագրով, կարեւորելով յստակատեսիլ առաջնորդի դերը ազգի մը յառաջխաղացքին մէջ: Հոն կը նշէինք, թէ «Այսօր, յոյժ կարիքը կը զգանք առաջնորդներու, որոնք գիտակից են իրենց առաքելութեանց՝ որպէս պահապանը մեր ազգի աւանդութեանց եւ իտէալներուն, փայփայիչը անոր յոյսերուն եւ խթանիչը անոր հաւատքին, մտքի ու բազկի ուժին: Առաջնորդը գլխաւոր դեր կը խաղայ ժողովուրդի հոգեվիճակի աշխուժութեան մէջ: Ան տեսիլք ունեցող մարդ է եւ պարտի ժողովուրդը առաջնորդել այդ տեսիլքի ճամբով»:
Դժբախտաբար տասնհինգ տարիներ առաջ հնչեցուած այդ փնտռտուքը տակաւին կը շարունակուի ու վեհ տեսլական ունեցող արժանի առաջնորդի մը բացակայութեան պատճառաւ Հայաստանի վայրէջքն ալ կը շարունակուի:
Վայրէջքի մէջ ենք, որովհետեւ փոխանակ հաւաքական ուժի գիտակցութիւնը սնուցանելու, բաժանարար գիծեր կը ստեղծենք հատուածական փառամոլութեանց գոհացում տալու: Վայրէջքի մէջ ենք, որովհետեւ անհատական եսասիրութիւնն ու փառասիրութիւնը «տղամարդկութեան» չափանիշ դարձուցած ենք, ոտնակոխելով «մենք»ի արժանիքները: Վայրէջքի մէջ ենք, որովհետեւ անմիջական ու առտնին շահերը կը գերադասենք հեռակայ մնայուն ու գերագոյն շահերէն: Վայրէջքի մէջ ենք, որովհետեւ փոխանակ պատասխանատուութիւն վերցնելու մեր սխալներուն համար ու սրբագրելու զանոնք, օտարը կ'այպանենք մեր բացթողումներուն համար, Լենինէն ու Քեմալէն, բոլշեւիկեան մուրճէն եւ թրքական սալէն, Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն, Անգլիայէն մինչեւ Պուտին ու Էրտողան, Մաքսային Միութիւն եւ շրջափակում, Եւրոմիութիւն, Ատլանտեան Ուխտ, եւայլն, եւայլն:
Բայց ո՞ւր է ՄԵՐ պատասխանատուութիւնը այս բոլորին մէջ: Ի՞նչ արդարացում կարելի է գտնել, երբ քանի մը ամիրաներու եւ աղաներու շահերը կը խեղդեն գաւառներէն աղաղակող տառապող ժողովուրդի ճիչը. երբ քանի մը երեսփոխանական աթոռներու տիրացման տենչը կը շիջեցնէ Ատանայի կոտորածի կրակն ու գալիք նման աղէտներու առաջքը առնելու զգաստութիւնը. երբ կուսակցական մոլեռանդութիւնը կը պառակտէ Հայաստանեայց եկեղեցին ու կը տանի եղբայրասպան կռիւներու. երբ ոսկիի ընչաքաղցութիւնը ագահ օլիկարխներուն, կը տանի թունաւորելու երկրի ընդերքը եւ սպառնալու ապագայ սերունդներու առողջութեան: Ինչո՞ւ համար կը հանդուրժենք իշխանութիւնը առաջնորդներու, որոնք պարզապէս գործիքներ են օտարի ձեռքին ու վնասակար՝ մեր ազգային շահերուն: Չէ՞ որ իրականութիւն է, որ ամէն մէկ ժողովուրդ իր ապագան կը կերտէ իր իտէալներու պատկերացումով: Ուրեմն ասո՞նք են մեր իտէալները: Բռնանալ սեպհական ժողովուրդի վրայ, ստորադասել զայն, անտեսել ազգային արժէքները, անձնական շահի համար կողոպտել երկրի եւ ապագայ սերունդներու հարստութիւնը: Դժբախտաբար այս է մեր նորօրեայ իրականութիւնը, զոր պէտք է հասկնալ ու … ընդվզիլ:
Հարիւրամեակ մը առաջ, մենք «վերէն» կը նայէինք Թուրքին, որպէս անկէ աւելի բարձր մշակոյթի ու քաղաքակրթութեան տէր ազգ: Այսօր դժբախտաբար դերերը շրջուած են: Իրենք յառաջացան, իսկ մենք նահանջեցինք: Միջին Ասիայի տափաստաններէն եկած վաչկատուն եւ բարբարոս Թուրքերը ունեցան իրենց առաջնորդ «Աթաթիւրքը», այսինքն՝ թուրքերու հայրը: Քաղաքակրթութեան օրրանի յաւակնորդ հայերս տակաւին կը սպասենք մեր առաջնորդ «հօր»:
1 comment
Ուր է Հայոց Moustapha Kemale?
Սիրելի Յարութ,
Հիացմունքով կարդացի քու սքանչելի, բացարձակապէս Ճիշտ եւ իրապաշտ հոդուածդ: կը շնորհաւորեմ քեզ: Մեր պատմութիւնը Հայկ եւ Բէլով սկսաւ, կերեւի այդպէս ալ պիտի շարունակուի՛:
Comments are closed.