Ասալայի Նահատակի Օրուան Առիթով
Աւետիս Ռազմիկ, Պէյրութ, «ԱՐԱՐԱՏ» Օրաթերթ, 7 Օգոստոս 2013
Սոյն գրութիւնը իր շահեկանութեան համար կը հրատարակուի «Գեղարդ»ի մէջ, բայց այդ անպայման չի նշանակեր թէ մենք ամբողջովին ՀԱՀԳԲ-ի (ԱՍԱԼԱ) գործելակերպը կամ անոր գաղափարախօսութիւնը կը բաժնենք : Այնուամենայնիւ պէտք է ընդունիլ թէ կազմակերպութեան հաւատարմագրուած երիտասարդները տարուած էին հայրենասիրական ազնիւ մղումներէ՝ ի տես դարուս առաջին ցեղասպանութեան փաստին հանդէպ խուլ, կոյր ու յամր աշխարհի ցուցաբերած գիտակցուած անտարբերութեան եւ ուրացման: Խմբ.
Օգոստոս 7-ը յոյժ յիշարժան թուական մըն է մեր օրացոյցին մէջ. բայց… շատե֊րու կողմէ անտեսուած, ոմանք անիրազեկ, ուրիշներ դիտաւորեալ անտարբեր, իսկ կան նաեւ չարախինդ քննադատներ:
Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս այդ թուականը իւրայատուկ նշանակութիւն ունեցաւ մեր նորա֊գոյն պատմութեան մէջ:
Ասալայի Նահատակի Օրուան Առիթով
Աւետիս Ռազմիկ, Պէյրութ, «ԱՐԱՐԱՏ» Օրաթերթ, 7 Օգոստոս 2013
Օգոստոս 7-ը յոյժ յիշարժան թուական մըն է մեր օրացոյցին մէջ. բայց… շատե֊րու կողմէ անտեսուած, ոմանք անիրազեկ, ուրիշներ դիտաւորեալ անտարբեր, իսկ կան նաեւ չարախինդ քննադատներ:
Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս այդ թուականը իւրայատուկ նշանակութիւն ունեցաւ մեր նորա֊գոյն պատմութեան մէջ:
1982-ի Օգոստոսին, իսրայէլեան բանակը շրջափակած էր Արեւմտեան Պէյրութը. սիոնական օդուժը կատաղի ռմբակոծութեան կ'ենթարկէր Լիբանանի մայրաքա֊ղաքը. կացութիւնը ահաւոր վատթարացած էր ռազմաքաղաքական զարգացում֊ներու հետեւանքով, երբ Իսրայէլ-պաղեստինցիներ ճակատումը հասած էր իր ամենաարիւնալի հանգրուանին: Պաղեստինցի ղեկավարներէն Ժորժ Հապաշ կը խոստանար Պէյրութը վերածել նոր Սթալինկրատի` ակնարկելով պաղեստինեան պաշտպանութեան` ընդդէմ նախայարձակ սիոնական բանակին: Կենցաղային եւ ընկերային պայմանները դարձած էին հեղձուցիչ` երբ մահու կենաց գօտեմարտը Պէյրութի դարպասներուն դարձած էր անխուսափելի ճակատագիր: Միջազգային ուշադրութեան կեդրոնը հերոսական Պէյրութն էր, որ վերջին ճիգը կը թափէր գոյատեւելու, տոկալու եւ դիմադրելու համար: Արեւելեան Պէյրութ կը գաղթէին երամ-երամ անտուն եւ անօթեւան ընտանիքներ. հացի եւ ջուրի կարօտ ժողովուրդը խելակորոյս կը վազէր աջ ու ահեակ:
Մենք մեր շէնքի ապաստարանի նկուղին մէկ անկիւնը կուչ եկած դողահար կը լսէինք հրէական անագորոյն հարուածներուն ահեղագոռ դղրդիւնները, կ'ապրէինք անոր քանդիչ ցնցումները եւ տեղատարափ ականներուն կործանիչ սարսափները: Բնականաբար, այդ օրերու սովորութեան համաձայն, կը հետեւէինք ձայնասփիւռի իւրաքանչիւր լուրին, անակնկալ հաղորդումին կամ մէկ նորութեան` միշտ դրական յայտնութեան մը ակնկալիքով. աւետիսի մը յուսահատ ապասումով: Օգոստոս 7-ի լուրերու հաղորդումներուն մէջ, յանկարծ Պէյրութի իրադարձութիւններուն կը կանխէ «Ժէյշ ալ Սըրրի ալ Էրմենի» անունը. ուրեմն` Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակը (ԱՍԱԼԱ) անգամ մը եւս պատժիչ գործողութիւն կատարած է. կը պարզուի` այս անգամ Թուրքիոյ որջը` Անգարայի Էսենպողա օդակայանին մէջ:
Երկու մարտիկներ` Զօհրապ Սարգիսեան եւ Լեւոն Էքմեքճեան հերոսական խոյանքով մը մահացու հարուած տուած են թրքական իշխանութիւններուն` զգետնելով 9 ոստիկաններ եւ վիրաւորելով 82 ուրիշներ:
Մեր շէնքի ապաստարանը թաքնուած արաբ դրացիներ դժգոհութեամբ կը մռմռան.- հիմա Իսրայէլ
Էսենպողայի Կարին-Էրզրում գործողութիւնը, կատարուած «Խրիմեան Հայրիկ» եւ նահատակ «Փիեռ Կիւլիւմեան» քոմանտոներուն կողմէ (Զօհրապ Սարգիսեան եւ Լեւոն Էքմեքճեան), 1975-1984 թուականներուն ԱՍԱԼԱ-ի իրագործած ամենադի֊պուկ եւ թիրախային գործողութիւնը հանդիսացաւ «Վան» գործողութեան՝ Իսթան֊պուլի Փակ Շուկայի յարձակման եւ բազմաթիւ թուրք դիւանագէտներու զգետնումի շարքին: Թրքական իշխանութիւններուն համար անսպասելի եւ ջղագրգիռ դարձնող սխրանք մը, որ ապացուցեց թէ Թուրքիա անխոցելի չէ հայ բազուկին դիմաց, որ ծարաւի է արդարութեան, վրէժի եւ տէրն է իր դատին ու պահանջատէրը իր բռնա֊խլեալ իրաւունքներուն:
Անգարայի գործողութեան ընթացքին թուրք զինուորներու գնդակներով կը նահատակուի Զ. Սարգիսեան, իսկ Լ. Էքմեքճեան կը ձերբակալուի, կը տարուի բանտ եւ 1983 Յունուար 29-ին բանտին մէջ դատական վճիռէ ետք կը բարձրանայ կախաղան: «Կարին» գործողութիւնը կը քանդակուի հայ ազատագրական պայքարի պատմութեան տարեգրութեան մէջ, որ 19-րդ դարու վերջէն սկսած ցայսօր կը շա֊րունակուի տարբեր տարողութեամբ եւ տարբեր վայրերու մէջ:
Այսպիսով, ԱՍԱԼԱ Օգոստոս 7-ը կը յայտարարէ Հայ Նորագոյն Զինեալ Ազա֊տագրական Պայքարի Նահատակի Օր: Մեր օրացոյցին վրայ կ'աւելնայ օր մը յիշատակելի, նշելի եւ խորհրդածելի: Տեղին է նշել, որ այդ ճամբուն վրայ ինկան տասնեակ մը երիտասարդներ` երբեմն թրքական փամփուշտներով, յաճախ անոնց գործակալներուն կողմէ եւ ցաւ ի սիրտ` նաեւ եղբայրասպան գնդակներով:
1975-1984 թուականներու սփիւռքահայ երիտասարդութեան զինեալ պոռթկումը լռութեան, անտարբերութեան եւ թրքական ժխտողականութեան դէմ տրամաբա֊նական շարունակութիւնն էր հայրենի հողէն սկսած ազատագրական պայքարին. անոնք շարունակեցին հայ պայքարին լաւագոյն աւանդոյթները, որ կը սերի Սասնոյ եւ Զէյթունի ապստամբութիւններէն մինչեւ Մուշի Առաքելոց վանքի կռիւ եւ Վանի ինքնապաշտպանութիւն: Ան եղաւ օղակը պատմական անցեալէն դէպի արցախեան ազատամարտ երկարող շղթային. ոգին, մղումը եւ հերոսականութիւնը նոյնն են. ան օրինաչափ հանգրուան մըն էր հայ պահանջատիրութեան երթին: Անոնց ստեղծած միջազգային աղմուկը, հայ երիտասարդութեան թմբիրէն զարթնումը, հայ դատին ծանօթացումը, քարոզչական արձագանգները եւ քաջասիրտ ու զգետնիչ հարուած֊ները յարգանք եւ պատկառանք պարտադրեցին շատերու. համակրական մթնոլորտ ալ ստեղծուեցաւ: Իսկ ամենակարեւորը թրքական կողմը իմացաւ, որ Թալաաթնե֊րու երազը իրականացած չէ, Լոզանի դաշնագիրով թաղուած հայկական հարցը լուծուած չէ, հայ տարրը չքացած չէ: Աւելին, Թուրքիոյ արտաքին դիւանագիտու֊թեան բարձր պաշտօնեայ մը կը խոստովանէր, որ Թուրքիա լուրջ տագնապ ունի դիւանագէտ քատրեր պատրաստելու, քանի շատեր կը վախնան միանալու դիւա֊նագիտական անձնակազմին` ԱՍԱԼԱ-ի հարուածներուն պատճառով: Թուրք երի֊տասարդ դիւանագէտներ արդէն կը հրաժարէին ծառայելու իրենց երկրին դեսպա֊նատուներուն եւ հիւպատոսարաններուն մէջ: ԱՍԱԼԱ-ն շառաչուն հարուած տուած էր Անգարայի իշխանութիւններուն:
Այս օրերուն, ի՜նչ խրտչեցուցիչ խռպոտ ձայներ կը լսուին ԱՍԱԼԱ-ի տղաքը «ա֊հաբեկիչ», «տեռորիստ» անուանողներու կողմէ (Վահէ Աւետեան, Սուրէն Սուրէն֊եանց, Ռիչըրտ Կիրակոսեան): Անոնք որ իրենց կեանքը նուիրաբերեցին հայրենիքին ու ազգին, երկրորդ անգամ կը նահատակուին իրենց պահպանողական, թուլամորթ եւ շիլ հաշիւներ ունեցող ազգակիցներուն կողմէ: «Կեանքի կարուսել»ը մեր հերոս֊ները կը դարձնէ անտեղի թիրախներ. քննադատութեան եւ մեղադրանքի նշաւակ֊ներ: Ո՞ր ժողովուրդը իր հերոսները այդպիսի՜ մոռացութեան եւ դատապարտումի կ'ենթարկէ արդեօք: «Կեանքի կարուսել»ը եթէ արդար է, ԱՍԱԼԱ-ի նահատակի օրը կը դարձնէ համազգային նշանակութիւն ունեցող օրուան, բայց արեւմտասէր եւ քծնապաշտ մեր շրջապատին մէջ հերոսները տեղ չունին. զէնքի եւ պայքարի տղաքը դիրք ու շքանշան չունին: Իրօք, ամօթալի փաստ է, որ կեանքը հեգնած, վայելքը արհամարհած, փափուկ սալոնները անտեսած եւ նահատակութեան ճանապարհը բռնած մեր յաւերժի ճամբորդ ԱՍԱԼԱ-ի նահատակները դարձեալ կ'իյնան… այս անգամ հարազատ արիւնակիցներու եւ իրենց սիրելի ժողովուրդին կարգ մը վաճառուած կաչաղակներու ձեռամբ: Անոնք թող չմոռնան որ ԱՍԱԼԱ-ն մէկ մասնիկն է մեր ժամանակակից պատմութեան. անոր նահատակները` բաղկացուցիչ տարրերը մեր հերոսականութեան. աւելին` գօտեպնդիչ եւ սրտապնդիչ տիպարները հայրենասէր երիտասարդութեան:
Մինչ` ԱՍԱԼԱ-ի նահատակի օրուան առիթով, զիրենք յիշող հայ պահանջատէր ոգիին հաւատացողները կը գոռան`
Ո՞ւր էք տղաներ, որ ելաք մարտի…:
Նկար 1.- Նահատակներու անկիւնը Եռաբլուրի մէջ
Նկար 2.- ՀԱՀԳԲ-ի Խորհրդանիշը