Ոսկան Մխիթարեան, Լոս Անճելըս, 5 Օգոստոս 2014
«Ո՞ւր են Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Ղեկավարները, Հայ Պետականութիւնը, Սփիւռքը, Վատիկանը…»
Ահաւասիկ այս տողերով կը փորձէ արտայայտել Համօ Մոսկոֆեան իր ցասումը, այցելելէ ետք Իրաքեան Քիւրտիստանի Էրպիլ քաղաքը, ընկերակցութեամբ Գանատահայ ազգային գործիչ՝ Տոքթ. Տիգրան Աբրահամեանի, մօտէն ծանօթանալու համար Մուսուլէն (Նինուէ) բռնի արտաքսուած հայերու դժբախտ եւ սրտաճմլիկ վիճակին:
Պիքֆայայի ամարանոց, միաբանական նոր շէնքը
Ծանօթանալէ ետք տեղահանուած գաղթական հայ ընտանիքներու, հետեւեալ եզրակացութիւնը կ'ընէ. «Մեր եղբայրներն ու քոյրերը զգում են իրենց լքուած Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնից, Սփիւռքի հայ գաղթօճախներից, Մայր Հայրենիքից, որոնք զբաղուած են ...»
Ոսկան Մխիթարեան, Լոս Անճելըս, 5 Օգոստոս 2014
«Ո՞ւր են Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Ղեկավարները, Հայ Պետականութիւնը, Սփիւռքը, Վատիկանը…»
Ահաւասիկ այս տողերով կը փորձէ արտայայտել Համօ Մոսկոֆեան իր ցասումը, այցելելէ ետք Իրաքեան Քիւրտիստանի Էրպիլ քաղաքը, ընկերակցութեամբ Գանատահայ ազգային գործիչ՝ Տոքթ. Տիգրան Աբրահամեանի, մօտէն ծանօթանալու համար Մուսուլէն (Նինուէ) բռնի արտաքսուած հայերու դժբախտ եւ սրտաճմլիկ վիճակին:
Պիքֆայայի ամարանոց, միաբանական նոր շէնքը
Ծանօթանալէ ետք տեղահանուած գաղթական հայ ընտանիքներու, հետեւեալ եզրակացութիւնը կ'ընէ. «Մեր եղբայրներն ու քոյրերը զգում են իրենց լքուած Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնից, Սփիւռքի հայ գաղթօճախներից, Մայր Հայրենիքից, որոնք զբաղուած են ...»
Առաջին անգամ չէ որ հայը լքուած եւ անտէր կը զգայ: Մեր պատմութիւնը լեցուն է նման արհաւրալից պատմութիւններով եւ սակայն այս դարուն՝ երբ քիչ թէ շատ վերականգնած ենք մեր հասարակական ընկերային կեանքը Սփիւռքի տարածքին, երբ ունինք ազատ, անկախ Մայր Հայրենիք եւ Պետականութիւն, երբ ունինք համայնավարութեան ճիրաններէն ազատ՝ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին, ներելի չէ մեզի որ մնանք անտարբեր մեր կարօտեալ եղբայրներուն նկատմամբ, ըլլան անոնք Մուսուլի, Պաղտատի, Հալէպի եւ Սուրիոյ ամբողջական տարածքին մէջ գտնուող եւ մահուան դէմ կռուող հարազատ հայորդիներ:
Ժողովրդային մեր անտարբերութիւնն ու անհոգութիւնը հասած է իր գագաթնակէտին: Բացարձակ ճշմարտութիւն է երբ կ'ըսեն, թէ «կրակը ինկած տեղը կ'այրէ»: Ու՞ր են մեր Նուիրապետական Աթոռները: Հո՞ս ալ խտրութիւն պիտի դնենք, երբ թշնամիին սուրը կը ճօճուի մեր գլխուն վերեւ ամբողջ Արեւելքի տարածքին:
Իրաքի Առաջնորդական Թեմը կը պատկանի Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի, եւ հետեւաբար ակնկալելի է որ Մայր Աթոռը բարոյական պարտաւորութիւն ունենայ,- եւ ունի՛, – հոգալու իր հօտը: Բայց ո՞ւր է ան, երբ հայորդիներ կը յօշոտուին արիւնարբու բարբարոսներուն կողմէ, եւ այդ՝ Իսլամութեան անունով: Պահ մը դադրեցուցէք ձեր եսը շոյող շինարարութիւնները եւ հասէք հոն ուր ժողովուրդը ձեր կարիքը ունի:
Ո՞ւր է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, որ այդքան մօտ է Իրաքին աշխարհագրականօրէն: Շատեր անմիջապէս պիտի առարկեն որ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը սուրիահայ տագնապը ունի իր ձեռքին եւ չի կրնար հասնիլ այլ գաղութներու: Նման մտածողներ չարաչար կը սխալին. պէտք է հասնիլ ամէն տեղ, ուր սուրը կը սպառնայ մեր գոյութեան: Պէտք կա՞յ յիշեցնելու որ տակաւին երէկ էր, երբ միլիոններ ծախսուեցան Պիքֆայայի ամարանոցին մէջ, միաբանական նոր շէնքի մը կառուցման համար, այն ալ՝ մի քանի միաբանի համար, երբ քաջ գիտենք որ ամբողջ Միջին Արեւելքը հայաթափումի օրհասական օրեր կ'ապրի: Որո՞ւ համար կը շինէք այդ շէնքերը, երբ նոր ցեղասպանութեան մը արհաւիրքը կ'ապրի հայութիւնը ամբողջ Միջին Արեւելքի տարածքին:
Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց Զինուորեալ Միաբանութիւնը իր տառապանքները ունի պաղեստինեան-իսրայէլեան ճակատամարտներով: Արդեօ՞ք պիտի կարենայ ձեռք երկարել իր եղբայրներուն եւ քոյրերուն, ինչպէս անցեալին՝ 1946-47 թուականներուն, իսրայէլեան-արաբական պատերազմին տէր կանգնեցաւ տեղահան տարագրեալ հայերուն:
Դժբախտաբար Պոլսոյ Պատրիարքարանն ալ ունի իր խոչընդոտները, որովհետեւ այս բոլոր քաղաքական ալիքներուն եւ փոթորիկներուն ետին կը կանգնի նաեւ Թուրքիան, Արեւմտեան աշխարհի իր պատմական «դաշնակիցներուն» հետ: Հակառակ այս քաղաքական դժուարին կացութեան, պատրիարքարանը աշխուժօրէն իր ձեռքը երկարեց, Քեսապէն ազատագրուած եւ Թուրքիա հասած հայորդիներուն եւ զանոնք պահեց ու խնամեց Վագըֆլըի մէջ, մինչեւ ցնոր տնօրինութիւն:
Կը սիրենք յուսալ, որ մեր զոյգ պատրիարքութիւնները տիրող պայմաններու շրջանակին մէջ պիտի կարենան իրենց բարոյական եւ նիւթական գէթ խորհրդանշական զօրակցութիւնը բերել ընդհանուր ճիգին:
Եւ վերջապէս ո՞ւր է Հայոց Պետականութիւնը: Ո՞վ տէր պիտի կանգնի համասփիւռ հայութեան, եթէ ոչ նոյն ինք Մայր Հայրենիքի Պետականութիւնը: Եթէ այսպիսի օրհասական օրերուն պիտի չկարենաք ձեռք երկարել եւ փրկել արաբական աշխարհին մէջ օրէ օր ընկղմող հայութեան նաւաբեկեալ բեկորները, հապա ե՞րբ ձեռք պիտի երկարէք: Ո՞ւր մնաց ձեր «Արի՛ տուն» լօզունգը…:
Եթէ Հայաստանի Պետութիւնը կը յաւակնի ըլլալ Ամենայն Հայոց Պետութիւն, եւ կառավարութիւնը Ամենայն Հայոց Կառավարութիւն՝ ահաւասի՛կ առիթ մը՝ գործով փաստելու ատիկա: Պետութիւնը իր բովանդակ կշիռքովն ու հմայքովը պարտաւոր է զօրաշարժի ենթարկել համայն հայութեան հոգեւոր, հասարակական կազմակերպութիւնները եւ ունեւոր դասակարգը: Վերջին հաշուով այս խնդրին մէջ նախաձեռնութիւն վերցնելը՝ պետութեան գերագոյն պարտաւորութիւնը պէտք է ըլլայ:
Գալով Վատիկանին, տակաւին մի քանի օրեր առաջ արատայայտուելով Համաշխարհային Առաջին Պատերազմի հարիւրամեակին առթիւ, Ֆրանսիս Պապ մասնաւորեց իր խօսքը երեխաներու մասին եւ կոչ ուղղելով ըսաւ. « Երեխաներ, որոնք կը յուսային եւ կ'երազէին ունենալ պատուաբեր ապագայ մը՝ փշրուեցան ամբողջութեամբ: Ամէնուրեք կան մեռած երեխաներ, անդամահատուած եւ որբացած երեխաներ, երեխաներ որ չեն գիտեր ժպտալ: Կը խնդրեմ, կ'աղաչեմ ամբողջ սրտով, դադրեցուցէ՛ք սպանդը»: Եւ խնդրեց որ ներկայ բազմութիւնը իրեն հետ աղօթէ, որպէսզի Միջին Արեւելքի ղեկավարները իմաստութիւնը ունենան հետապնդելու խաղաղութիւնը երկխօսութեամբ: Եւ աւարտեց իր խօսքը ըսելով. «ամէն ինչ կորսուած է պատերազմով եւ ոչինչ կորսուած է խաղաղութեամբ»:
Ու՞ր են մեր կամակերպութիւնները, մասնաւորաբար Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը իր հսկայական նիւթական եւ մարդկային դրամագլուխով: Տակաւին շաբաթներ առաջ մամլոյ մէջ կարդացինք որ Հ.Բ.Ը.Մ-ի ընդհանուր նախագահ՝ Տիար Պերճ Սեդրակեանի մեկենասութեամբ նորոգուած է Էջմիածնի Կաթողիկոսարանի հին վեհարանը: Վեհափառի բառերով, «նրանք (տէր եւ տիկին Սեդրակեաններ) նոյնպէս ցանկացան բարի յիշատակ ունենալ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնում, որովհետեւ ապրել են Ս. Էջմիածնով եւ իրենց առաքելութեան մէջ միշտ կարեւոր տեղ է ունեցել Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը»: Ինչո՞ւ սակայն այս պերճանքը, երբ Էջմիածնէն քիչ մը անդին, Կիւմրիի մէջ, երկրաշարժէն 25 տարիներ ետք, հայ ընտանիքներ տակաւին կ'ապրին անմարդկային պայմաններու՝ թիթեղածածկ տնակներու մէջ: Անտունիներուն տուն շինեցէ՛ք, մարդ կերտեցէ՛ք…:
Տիա՛ր Սեդրակեան, Ձեր իշխանական նուիրատուութիւնը կատարէիք արտասահմանի նաւաբեկեալ գաղութներէն ներս, մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի մէջ, եւ ձեր անունը արձանագրուէր որպէս բարերար՝ իւրաքանչիւր երախտապարտ հայու հոգիին մէջ: Ահաւասիկ առիթ մը եւս որպէսզի արթննաք ձեր թմբիրէն, եւ լրջօրէն մտածէք վերաբանալ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը, ուր կարելի պիտի ըլլայ պատսպարել, պահպանել ու դաստիարակել ո'չ միայն Սուրիայէն, այլեւ Իրաքէն արտաքսուած հայորդիներ:
Այս օրերուն, երբ Հայրենիքէն ներս պետական «լուրջ» ծրագիրներ կը մշակուին եւ կը կազմակերպուին ոգեկոչելու հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը, երբ համասփիւռ հայութիւնը զօրաշարժի մէջ է կազմակերպելու հարիւրամեակի առիթով յատուկ միջոցառումներ, մոռցած ենք որ դէմ յանդիման կը գտնուինք նոր եղեռնի մը, արդիական բոլոր ձեւերով եւ միջոցներով:
Արթնցի՛ր, ո՜վ Հայ Ժողովուրդ. Ցեղասպանութեան հարիւրամեակներ իմաստ պիտի չունենան եթէ չկարենանք կանխել նորերը: Մեր գոյութիւնը կ'երաշխաւորուի միայն՝ մեր հաւաքական ոյժերով եւ մեր անշահախնդիր նուիրումով: Մեր Պետականութիւնը, Նուիրապետական Աթոռներն ու կազմակերպութիւնները, պարտաւոր են ունենալ յստակ ծրագիր, թէ ո՞ւր պէտք է առաջնորդեն եւ համախմբեն հայութիւնը, առ նուազն յաջորդ յիսնամեակին, եւ չթողուլ զայն բախտի յորձանուտին:
7 comments
Ո՞ւր Է Մեր Ղեկավարութիւնը
Ուրախությամբ ընթերցեցի Ոսկան Մխիթարյանի մտահոգությունները մեր ազգի ու ժողովրդի այսօրվա ապրելակերպի ու մտածելակերպի … առիթով: Առաջին հերթին կուզեի բղավել բարձրաձայն՝ ԲՌԱՎՈ ԲԱՐԵԿԱՄ, բռավո, որ Հայրենիքից հեռու գիտակցում եք մեր հոգսերը: Ցավ ենք ապրում, որ ազգը նմանվել է Անգլուխ ձիավորի, չգիտեն որ կողմ գնան, ինչ անեն, ինչպես անեն….
Գիտենք, շատերի համար շուտով ցուցադրվելու առիթ է ընձեռնվելու՝ եկող տարի 2015թ. ապրիլին մեր ժողովուրդը պատրաստվելու է ոգեկոչելու Հայոց ցեղասպանության հարյուր ամյակը, կորուստներ, որ մեզ հավերժ ցավ է պատճառելու: Բայց չէ որ միայն ապրիլի 24-ով չէ, միայն ֆիզիկական ցուցադրմամբ չէ, որ պիտի հիշվի այդ ցավը, ցավը հավերժ հիշելով է ու ցասումով պատասխանելը թշնամուն, թոթափելու վախի մթնոլորտը, տեր ունենալը, երկիրն ու ժողովրդին սիրող , նրանց անմնացորդ նվիրված տեր ունենալը այլ ոչ թե սեփական բարեկեցության նվիրված ղեկավար…
Մնում ենք մեր գիտակցված կարծիքին, Հայրենիքը մեկն է ու Հայրենիքի ամենաթանկ հարստությունը ժողովուրդը, մի ազգ ու մի բռունցք լինենք ու հավատացեք ամեն ինչ լավ է լինելու…
Ամբողջությամբ համաձայն եմ
Ամբողջությամբ համաձայն եմ հեղինակի հետ, այս պարագայում ինչպես Հայաստան պետությունը այնպես էլ աշխարասփյուր հայ ժողովուրդը հայտնվել են անտեր վիճակում:
Պետության ղեկավարները և հոգևոր առաջնորդները զբաղված են իրենց անձնական կարիգները հոգալով, մոռանալով իրենց անմիջական պարտակնությունները և առաքելությունը:
Ավաղ ճիշտ է այն պնդումը, որ ցեղասպանության 100 ամյակին կունենանք մի նոր առավել ծանր ցեղասպանություն, որի հեղինակները ցավոք մեր ներկայիս պետական և հոգևոր այրերն են:
Մեր կառոյցները
Միշտ աւելի դիւրին եղած է քննադատութիւնը քան թէ ինքնաքննադատութիւնը:
Չեմ կրնար հաւատալ որ Միաբաններուն համար կառուցուած շէնքը որուն նկարը հոս զետեղուած է որպէս պերճանք կամ մսխումի մը օրինակը՝ շռայլութիւն մըն է պարզապէս «մի քանի միաբանի» համար: Հաւանաբար քանի մը հատ ալ չմնան եթէ այս է տիրող հոգեբանութիւնը՝ իրենց արժանի չի գտնել առօրեայ յարմարութիւններով շէնքի մը մէջ բնակութիւնը: Չեմ կրնար հաւատալ որ Ոսկան Մխիթարեանին բնակած տունը նուազ յարմարութիւններով օժտուած տուն մըն է, ինչպէս է Ամերիկահայերու պարագային ընդհանրապէս: Ամենայն հաւանականութեամբ Ոսկանն ալ շատ աւելի համեստ տան մը մէջ կրնայ ապրիլ:
Բայց հարցը հոն է ըստ ինծի: Անձնականացնելով իմ պարագաս, կրնա՞մ աւելիով նիւթապէս օգտակար ըլլալ սփիւռքահայու օրէ օր բարդուող կարինքներուն համար: Այո, կրնամ ըլլալ բայց իմ կարելիիս տարողութեանբ չեմ ըներ: Կրնա՞մ իմ ներկայ տունս ծախելով շատ աւելի համեստ տան մէջ ապրիլ եւ տակաւին անտուն մնացած հայերէն շատ աւելի ապահով մնալ: Կրնամ ընել, բայց չեմ ըներ: Կարելի է նման այլ օրինակներ տալ իմ կեանքէս որ կրնամ ընել բայց չեմ ընէր: Հիմա, հարց տամ Ոսկանին, արդեօք իր ապրլեակերպը համեստացուցա՞ծ է այն տարողութեանբ որն է պարագան իր տունը կորսնցուցած Մուսուլի հայ ընտանիքինը: Հապա՞ Յակոբը եւ Ժագը, Արփին եւ Րոզիթը եւ նմանօրիկան շուրջ մէկ միլիոն Ամերիկահայեր: Հիմա հարց տամ անոնց, արդեօք որքա՞ն փոխած են իրենց ապրելակերպը զգալու համար իրենց տուները կորսնցուցած ազգակիցներու վիճակները՝ ըլլան անոնք Քէսապի, Հալէպի, Համայի, Հոմսի, Մուսուլի եւ այլ տեղ ապրող հայերուն:
Հարցը արտաքին մեր կառոյցները չեն որոնք ըստ ինծի շատ հեռու են շռայլութիւններ եւ պերճանքներ ըլլալէ, այլ մեր ներքին կառոյցները: Հոն ուղղենք մեր մտասեւեռումը:
Ու՞ր Է մԵր Ղեկավարությունը
Շատ սիրելի եւ շատ Յարգելի Հայրենակիցներ,
Անցեալին, շատ քաղաքավար միջոցներով, կարճ, կտրուկ եւ իմաստալից բառերով ես ալ փորձեցի այս տեսակ հարցումներուն պատասխան մը տալ, գրելով թէ, մեր նախահայրերը արդէն շատ վաղուց այսպիսի հարցումներուն պատասխանը եւ լուծումը տուեր են մեզի, այդ պատասխանը եւ կամ այդ լուծումը եկեր է մեր նախահայրերուն փորձառութենէն:
Մեր նախահայրերը ըսեր են, «Ըսողին լսող է պէտք»: Եթէ մենք մեր նախահայրերուն լսէինք, նախ եւ առաջ արդէն այս օրին չէինք հասնիր եւ այս նոյն հարցումները կրկնելու կարիքը չէինք զգար:
Անցեալին գրեցի որ մեր ղեկավարութիւնը կը տապլտկի բազմատեսակ աղանդներու ցեխերուն մէջ, ուր նոյնիսկ իրենք իրենց օձիքը չեն կրար ազատել. ինչպէ՞ս կը սպասենք որ այս խեղճ ղեկավարները մեր ազգը փրկեն. չէ՞ որ «Ձուկը գլուխէն է հոտած»:
Չէ՞ որ մեծ Հայ մտաւորական Եղիշէ Չարենցը ըսաւ, «Ով հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հավաքական ուժի մէջ է»:
Վստահ եմ որ Չարենցին թոռնիկը պիտի ըսէ, «Ով խեղճ Հայ արարածներ, ե՞րբ մեծ հայրիկիս պիտի լսէք:»
Նիքօլա Րօմաշուք Հայրապետեան
Bravo, ays shinich krutyan hamar
Chapazants iravounkee mech ek entvzelou mer ghegavaroutian tem payts ov guh lsse gam gntouni eer skhale? Tjpkhdapar voch vok. Teerkee vra kdnevoghnere amen inchi guh timen irents teerkuh chi vdankelou. Meeyayn yerp eerents hamar tramahavak bedk ounenan joghovourtin guh ganchen payts joghovourtin gariknery guh mornan, Tjpaghtoutouneh. Ashkharee ghegavarneruh aysbess gashkhadeen.
Paree or guh maghtem.
Montreal, Canada
Մեր հաստատութիւնները մենք ենք եւ ոչ մէկ ուրիշ բան
Սալփի,
Նախ եւ առաջ կը հաւատամ որ կ'ակնարկես սփիւռքահայ կազմակերպութիւններուն եւ ոչ թէ Հայաստանի ղեկաւարութեան: Հետեւաբար զարմանքով կարդացի որ մարդուժի դատարկուած մեր կազմակերպութիւնները այլամերժ են եւ անոր այսպէս կոչուած ղեկաւարները առիթ չեն ընծայէր ուրիշին եւ ամէն գինով կը պահեն իրենց դիրքերը կամ աթոռները:
Ո՞ր ղեկաւարներուն համար է խօսքը. անո՞նց մասին որ իրենց ժամանակէն կը տրամադրեն վառ պահելու համար մահուան սեմին հասած մեր կազմակերպութիւնները, ըլլան անոնք մշակութային, քաղաքական, եկեղեցական կամ մարզական: Անո՞նք է որ առիթը չեն տուած քեզի:
Ոսկանը կ'ակնարկէ որ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը այս կամ այն պէտք է ընէ: Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ինչպէս որեւէ այլ կազմակերութիւն արդիւնք է իր նպաստողներուն ըլլայ այդ ֆիզիքապէս եւ նիւթապէս: Ան ոչ դրամ կը տպէ եւ ոչ ալ մարդուժ կ'արտադրէ. միւս մեր կազմակերպութիւններն ալ այդ բաները չեն կրնար ընել: Եթէ մենք իրենց նիւթապէս օժանդակ պիտի չըլլանք եւ աւելիով սիրայօժար մասնակից եւ նեցուկ պիտի չըլլանք հապա ո՞վ պիտի ըլլայ: Կաթողիկոսարանը եւ կամ որեւէ այլ կազմակերպութիւն ի՞նչպէս պիտի հասնի մեր բարդացող հարցերուն եւ կարիքներուն:
Հիմա 1.5 միլիոն Հրայր Սողոնոնեանի նուիրատութեան շէնքը անտեղի պատճառաբանութեան առարկայ չընենք: Անոր նկարը հոս զետեղելը Ոսկանին կողմէ կը ծառայէ որպէս պատրուակ մեր անտարբերութիւնը քողարկելու. շինիչ տրամադրութիւններ ստեղծելու եւ իրար աւելիով մասնակից դարձնելու մեր հարցերուն բացառձակապէս չի ծառայէր: Քանի մը հարիւր հազար սփիւռքահայեր եթէ տարին յիսուն տոլար նուիրեն Կաթողիկոսարանին անոր պիւտճէն տարեկան քսան հինգ միլիոնը շատ դիւրութեանբ կ'անցնի: Տակաւին մեր առօրեայ cake-էն զրկուելու պատրաստ չենք: Հակառակ այս ահաւոր պատահարներուն ռչ թէ միայն չենք ուզէր վազ անցնիլ մեր քէյքէն (cake) այլ նաեւ անոր վրայի շաքարապատումներէն (icing): Not only we still want to have our cake, we want to have it with its icing as well!
Մեր հաստատութիւնները մենք ենք եւ ոչ մէկ ուրիշ բան: We are our institutions and no one and nothing else.
Human Face Behind the Building
The picture placement of the newly-erected building on the Catholicosate of Cilicia property in Bikfaya, Lebanon is an example of waste. It is highly unjustified and unfair. It is also hurtful to Hrair Soghomonian whose generous donation of $1.5 million made the building possible.
Just to give a human face of the person behind the building, I have forwarded a group picture to Keghart.com to attach to this comment. How civic minded, as Hrair has remained, is shown in the picture when he volunteered, while a student at the American University of Beirut, to teach at an evening school run by the Kessab Educational Association in the early 1970s.
Many of our Armenian youth left school after a preliminary education to learn a trade. The school was held at the Khanamirian School classrooms and gave these fine young men and women an opportunity to learn their favorite subject English, along with math. They proved to be punctual and attentive students hurrying to school after a day of hard work. It was veritable school that was founded in the mid- '50s by Gabriel Injejikian.
(L-R) standing is Hrair Soghomonian, a Kessabtsi. Next to him is Vahe Apelian . Fourth is Haig Tilbian, the late director of Jinishian Foundation. Standing in the middle is Vicken Hovsepian of Montreal. Second from right (sitting) is Rev. Hovhannes Sarmazian of Canada. He was a student at the Near East School of Theology.
N.B.
Comments are closed.