ՈՂՋՈՅՆ…

Սիմոն Սիմոնեանի Մահուան Երեսնամեակին Առիթով

 Ասատուր Կիւզելեան, Լոնտոն, 11 Մայիս 2016

Ողջոյն…

Դարերու խորքէն եկող բարեւելու այս եղանակին վրայ կայ՝ Սիմոն Սիմոնեանի անհատական կնիքը։

Ուրեմն՝ ողջոյն յաւէտ երախտապարտ աշակերտէդ, մահուանդ երեսնամեակին առիթով։ Երեք տասնմեակ առաջ հեռացար այս անցաւոր աշխարհէն, երթալու համար ճակտիդ քրտինքով վաստակած յաւերժական հանգստավայրդ։ Գիտակցաբար գործածեցի «հեռացար» բառը «մահացար»ի փոխարէն, քանի որ մեծերը չեն մահանար, այլ՝ պարզապէս կը հեռանան այս աշխարհէն…։

Սիմոն Սիմոնեանի Մահուան Երեսնամեակին Առիթով

 Ասատուր Կիւզելեան, Լոնտոն, 11 Մայիս 2016

Ողջոյն…

Դարերու խորքէն եկող բարեւելու այս եղանակին վրայ կայ՝ Սիմոն Սիմոնեանի անհատական կնիքը։

Ուրեմն՝ ողջոյն յաւէտ երախտապարտ աշակերտէդ, մահուանդ երեսնամեակին առիթով։ Երեք տասնմեակ առաջ հեռացար այս անցաւոր աշխարհէն, երթալու համար ճակտիդ քրտինքով վաստակած յաւերժական հանգստավայրդ։ Գիտակցաբար գործածեցի «հեռացար» բառը «մահացար»ի փոխարէն, քանի որ մեծերը չեն մահանար, այլ՝ պարզապէս կը հեռանան այս աշխարհէն…։

Ինչպէս կրնայ յաւիտենականութեան քաղաքացի Սիմոն Սիմոնեանը մահանալ. մարդ մը, որուն ամբողջ գիտակցական կեանքը եղաւ ստեղծագործական թռիչք. մարդ մը, որ բազմաթիւ մնայուն արժէքներով հարստացուց իր ժողովուրդին յաւերժութեան թանգարանը. մարդ մը, որուն անունն իր մէջ կը խտացնէ ուսուցիչը, դասագիրքերու հեղինակը, հրապարակագիրը, խմբագիրը, պատմաբանը, բանասէրը, հայագէտը, գեղարուեստական արձակի վարպետը, երգիծաբանը, հրատարակիչը եւ մասամբք նորին…։ Կրնայինք Սիմոն Սիմոնեանին հասցէագրուած իւրաքանչիւր բնութագրութեան առջեւ դնել ՄԵԾ ածականը։ Չդրինք՝ պարզապէս անոր համար, որ մեծութիւնները ածականներով չեն չափուիր, այլ ժամանակի նժարին վրայ դրած իրենց իրագործումներուն ծանրութեամբ։ Իսկ Սիմոնեանին իրագործումները չափազանց ծանր են քանակով, յատկապէս՛ որակով…։
 
Թանկագին ուսուցիչ, սրտակից բարեկամ, հոգեհարազատ աւագ եղբայր, որքա՜ն երազ ու իղձ տարիր հետդ գերեզման, երազներու դուն մեծ սերմնացան…։ Քու մարգարէաշունչ պատգամներուդ հունտերը, զորս ժառանգ ձգեցիր աշակերտներուդ եւ գաղափարներուդ «առաքեալներուն», պտղաւորուեցան անոնցմէ շատերու մտքին ու հոգիին մէջ։ Եւ անոնք՝ իրենց հերթին, որպէս թանկագին աւանդ, նոյն այդ հունտերը փոխանցեցին հետագայ սերունդներուն։
 
“Ծառ ի պտղոյ իւրմէ ճանաչի", կ՚ըսէ Աւետարանը։ (Ծառը իր տուած պտուղով կը ճանչցուի)։ Իսկ դուն, սիրելի ուսուցիչ, քու ծառդ ժառանգեցիր Մեսրոպէն եւ այդ է պատճառը որ պտուղներդ եղան միշտ մեսրոպահամ…։
 
Այսօրուան պէս կը յիշեմ, լուսահոգի Գարեգին Յովսէփեանց Կաթողիկոսի թաղման (1952) առթիւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Եղիշէ Արք. Տէրտէրեանը իր յուզիչ դամբանականը սկսաւ հետևեալ խօսքերով.
 
"Կաղնի մըն ալ տապալեցաւ հայ մշակոյթի անդաստանէն. դարերը միայն կը ծնին Գարեգին կաթողիկոսներ…։"
 
Դժբախտաբար ես չկրցայ ներկայ գտնուիլ սիրելի ուսուցիչիս թաղումին։ Եթէ ներկայ եղած ըլլայի՝ անպայման Եղիշէ Պատրիարքի նոյն գնահատական կշռադատումը պիտի հասցէագրէի Սիմոն Սիմոնեանին։
 
Այս գրութիւնը նպատակ չունի հանգամանօրէն ներկայացնելու Սիմոն Սիմոնեանի կեանքն ու թողած գրական ժառանգութիւնը։ Փափաքս է, սիրելի ուսուցիչիս մահուան երեսնամեակին առիթով երախտապարտ աշակերտի մը և սրտակից բարեկամի մը մտորումներուն հաղորդակից դարձնել ընթերցողը և միաժամանակ՝ անդրադառնալ՝ բառին ամենէն ճիշդ իմաստով մտաւորական եւ անբիծ հայրենասէր Սիմոն Սիմոնեանի հանդէպ Սովետական Հայաստանի կառավարութեան և  կարգ մը սփիւռքահայ կազմակերպութիւններուն որդեգրած անարդար՝ հետեւաբար նաեւ՝ դատապարտելի կեցուածքին։   
 
Ինչո՞ւ Սիմոն Սիմոնեանին հանդէպ այս բացասական դիրքորոշումը։
 
Նախքան յիշեալ հարցումին պատասխանելը, միջանկեալ կ'ուզեմ ընդգծել որ Սիմոն Սիմոնեան, բացի Սասնոյ Հայրենակցական Միութենէն՝ որեւէ այլ կազմակերպութեան կամ կուսակցութեան անդամ չէ եղած։ Իր մահէն առաջ եւ յետոյ, գտնուեցան՝ մինչեւ այսօր ալ կան մարդիկ, որոնք կը փորձեն “սեպհականաշնորհել” զինք յանուն իրենց կազմակերպութեան, բայց՝ իզուր…։ Ամբողջ կեանք մը միութիւն ու միասնականութիւն քարոզող անձ մը, մանաւանդ հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերը հետապնդող Սիմոն Սիմոնեան մը կրնար ՄԻԱՅՆ Սասնոյ Հայրենակցական Միութեան անդամ ըլլալ…։ Ան միշտ թելադրած է իր աշակերտներուն, որոնց կարգին նաեւ ինծի, մնալ անկախ եւ հետապնդել միմիայն  հայ ժողովուրդի միասնականութիւնն ու գերագոյն շահերը։
 
Անցեալ դարու յիսունականներու վերջը և վաթսունականներու սկիզբը Սիմոն Սիմոնեան՝ բացի Ս. Հայաստանի կարգ մը թերութիւնները քննադատելէ, քաջութիւնը ունեցաւ նաեւՂարաբաղը, Նախիջևանն ու Ախալքալաքը Հայաստանին վերադարձնելու հարցը յարուցելու։ Սփիւռքահայութեան այսպէս կոչուած «յառաջդիմական» կամ “հայաստանեան ճակատ”ը, փոխանակ զօրակցելու Սիմոն Սիմոնեանին, քննադատեց «Սփիւռք»ի խմբագիրը եւ զինք հանրութեան ներկայացուց, որպէս հայրենիքի եւ հայ ժողովուրդի շահերուն դաւաճան։
   
Սփիւռքահայ այդ կազմակերպութիւններէն մէկը, վաթսունականներու սկիզբը, իր անդամներուն յղած գաղտնի շրջաբերականին մէջ կը նշէ.
 
«Մեր ակումբներու վարչութիւնները և ընկերները պարտին գիտնալ որ ատենէ մը ի վեր «Սփիւռք» շաբաթաթերթը և անոր Տէր և Տնօրէնը, մեր կուսակցութեան ազգային քաղաքական ուղղութեան ծիրէն դուրս ելած են և գրեթէ յարած մեր ընդիմադիր հոսանքներուն տեսակէտներուն կողմը։ Հարկ եղած գործնական եզրակացութիւնները հանելը կը թողունք մեր վարչութեանց իմաստութեան…։»
 
Անհրաժեշտ կը նկատեմ անդրադառնալ նաեւ Լիբանանի Սովետական Դեսպանութեան եւ Սիմոն Սիմոնեանի յարաբերութիւններուն։   
           
Լիբանանի Սովետական Դեսպանութեան հայկական բաժինը բնական է ունէր իր հայ «խորհրդատուները», չըսելու համար գործակալները, որոնց թելադրութեամբ՝ "սև ցանկ"ի մէջ մտած էր նաև՝ «Սփիւռք» շաբաթաթերթի խմբագրապետը։
           
Վաթսունական թուականներուն Լիբանանի Սովետական Դեսպանութեան հայկական հարցերու պատասխանատուն գնդապետ Պետրոս Պետրոսեանն էր, որ 2009 թ.ին  հրատարակեց «Յուշեր Հետախոյզի Կեանքից» գիրքը, որուն մէջ կայ բաժին մը նուիրուած Սիմոն Սիմոնեանին, «Յովհաննէս Շիրազի Անտիպ Բանաստեղծութիւնների Պատմութիւնը» խորագրով։ Պետրոսեան կը պատմէ թէ ինչպէս 1962-ին հեռագիր մը կը ստանայ Յովհաննէս Շիրազէն, ըստ որում՝ «Սիմոն Սիմոնեանը, վերջերս լինելով Հայաստանում, իրեն [Շիրազին] անյայտ ճանապարհով կարողացել էր Երեւանից իր հետ տանել իր գրչին պատկանող մի քանի անտիպ բանաստեղծութիւններ»։  
 
Պետրոսեանի գրքին մէջ նշուած է.  
 
Շիրազ "խնդրում էր ինձ անմիջապէս կանխել անտիպ բանաստեղծութիւնների հրատարակումը Պէյրութի «Սփիւռք» թերթում”։
 
Դարձեալ ըստ Պետրոսեանի, «Սիմոնեանը կտրականապէս ժխտեց իր մօտ Շիրազի անտիպ բանաստեղծութիւններ լինելու մասին տեղեկութիւնը և բացառեց դրանց տպագրումը։»   
 
Յուշագրող հետախոյզը կը շարունակէ.
 
«Մեր հանդիպումից երկու օր անց՝ Սիմոն Սիմոնեանի խմբագրած նոյն «Սփիւռք» թերթում լոյս տեսան Յովհաննէս Շիրազի հայրենասէր ոգով գրուած երեք անտիպ բանաստեղծութիւնները (այն տարիներին, մեղմ ասած, խորհուրդ չէր տրուում տպագրել
այդպիսի բանաստեղծութիւններ, աւելի ճիշդ՝ չէր թոյլատրուում)"։
 
Այդ դէպքէն յետոյ, Պետրոսեան կ՚որոշէ այլեւս չհեռաձայնել Սիմոնեանին եւ “այլ կերպ պատժել նրան"։  
 
"Այդ օրուանից սկսած՝ դադարեցրի նրա հետ որևէ ուղղակի կամ անուղղակի շփում ունենալուց, և, ինչպէս ասում են, նրա անունը եւ թերթը ընդգրկուեցին «սև» ցանկում։"
 
Ըստ Պ. Պետրոսեանի, Սիմոն Սիմոնեան քանի մը «հանրածանօթ պէյրութահայ ազդեցիկ գործիչներ” կը ղրկէ իր քով բարեխօսելու, բայց հետախոյզը կը յամառի եւ չի փոխեր իր որոշումն ու վերաբերմունքը։  
 
Բնական է «Սփիւռք»ի խմբագրապետը մօտէն ճանչցողները գիտեն որ Պետրոս Պետրոսեանի կողմէ մեզի ներկայացուածը մեր ճանչցած Սինոն Սիմոնեանին հետ բացարձակ առնչութիւն չունի։ Սիմոն Սիմոնեանի խառնուածքի հիւրասենեակին մէջ ստախօսութիւնն ու խոստումնադրուժութիւնը ո՛չ միայն աթոռ՝ այլ կանգնելու տեղ անգամ չունին…։ Սիմոն Սիմոնեանը նման անպարկեշտ թելերով կարուած վերարկու ԵՐԲԵՔ չէ հագած…։
 
Իմ կարծիքով, Սիմոն Սիմոնեան հաստատած պէտք է ըլլայ Շիրազի անտիպ բանաստեղծութիւններուն գոյութիւնը իր մօտ և մերժած՝ զանոնք չհրատարակելու Պետրոսեանին խնդրանքը. իսկ վերջինը՝ իր վարկն ու հեղինակութիւնը չկորսնցնելու համար յաչս իր ղեկավարներուն, որոշած է Սիմոն Սիմոնեանը ստախօս, խոստումնադրուժ և անվստահելի անձ ներկայացնել եւ զայն "ընդգրկել սև ցանկի" մէջ..

Պետրոսեանի գրքէն ընենք  մէջբերում մը եւս.
 
«1962 թուականի խոր աշնանը երբ գտնուում էի Երևանում, հանդիպեցի մեծ պոետին, որի հետ անձամբ վաղուց արդէն ծանօթ էի։ Ընդհանուր խօսակցութեան ժամանակ յիշեցրի իր հեռագրի մասին, որով նա արգելում էր Սիմոն Սիմոնեանին իր որոշ անտիպ բանաստեղծութիւնների տպագրումը «Սփիւռք» թերթում։ Վարպետն այդ կապակցութեամբ ասաց."Ծօ, ըդիկ ըշտը ճիշդ է, որոշ ընկերներ ընձի ըսեցին այդ հեռագրի մասին, չնայած տուի իմ համաձայնութիւնը, բայց հոգուս խորքում ուզում էի, որ ըդոնք տպուեն»։ Երբ հայ ժողովրդի սիրելի պոետին ասացի թէ ինչ զրկանքներ կրեց Սիմոնեանը այդ տպագրութեան պատճառով, նա յանդիմանեց ինձ այս խօսքերով. «Ծօ, խիստ ես վարուել, չպիտի ըդպէս վարուէիր»։
 
Այնուհետև Պետրոսեան կը յայտարարէ.
 
«Կէս դար անց նորից կարծում եմ, որ ես ճիշդ եմ վարուել»։
 
Պ. Պետրոսեանի գիրքէն ստորեւ մէջբերուած նախադասութիւնը, վստահ եմ ինչպէս իմ՝ այնպէս ալ ուրիշ շատ մը ընթերցողներու մտքին մէջ առաջացուցած է շփոթ. "Սիմոն Սիմոնեանը, վերջերս լինելով Հայաստանում”։
 
Ի գիտութիւն բոլոր անոնց, որոնք հարցին էութեան ծանօթ չեն, յայտնեմ որ Սիմոն Սիմոնեան առաջին եւ վեջին անգամ ըլլալով եղած է “Հայաստանում” 1954-ին, մասնակցելու Գէորգ Զ. Կաթողիկոսի թաղման, որպէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատուիրակութեան անդամ։ “Վերջերս” բառով ես կը հասկնամ քանի մը օրուան՝ առաւելագոյն քանի մը ամսուան՝ բայց ոչ ութ տարուան ժամանակամիջոց…։ Անհասկնալի է ինծի համար, թէ ի՞նչ հաշիւներէ մղուած Պետրոս Պետրոսեան ընթերցողին կ’ուզէ տալ այն տպաւորութիւնը, որ Սիմոն Սիմոնեան 1962-ին այցելած է Հայաստան…։ Պետրոսեանի գիրքը կարդացողը կրնայ միայն այն եզրակացութեան յանգիլ որ  Սիմոն Սիմոնեան յիշեալ թուականին այցելած է Հայաստան, “անյայտ ճանապարհով” Շիրազի բանաստեղծութիւնները ձեռք ձգած եւ զանոնք ապօրինի միջոցներով բերած՝ Լիբանան։ Այլ խօսքով՝ Սիմոն Սիմոնեան կը մեղադրուէր նաեւ “մաքսանենգութեան” յանցանքով…։  
 
«Յուշեր Հետախոյզի Կեանքից» գրքի ընթերցողները պարտին գիտնալ որ իր իսկ խոստովանութեամբ, Պետրոս Պետրոսեան «Սփիւռք» շաբաթաթերթի խմբագրին անունը դրած էր “սեւ ցանկի մէջ”, որուն իբրեւ հետեւանք Սիմոն Սիմոնեանին Հայաստան մուտքը արգիլուած էր։ Այնպէս որ Պետրոսեանի "Սիմոն Սիմոնեանը, վերջերս լինելով Հայաստանում” նախադասութիւնը դիտումնաւոր կերպով ընթերցողի մտքին մէջ շփոթ առաջացնելու ճիգ մըն է։
 
Հոս տեղին է միջանկեալ նշել որ Սիմոն Սիմոնեանի դէմ ծաւալած հակամարտութիւնը յաճախ վերածուեցաւ հալածանքի եւ երբեմն ալ՝ ֆիզիքական սպառնալիքի «Սփիւռք»ի խմբագրին եւ անոր ընտանիքի անդամներուն դէմ, որ տգեղ էր ու դատապարտելի։   
 
Վերադառնանք Պրն. Պետրոսեանին, որ իր առած որոշումէն «Կէս դար անց» կը շարունակէ ինքզինք համոզել որ ճիշդ վարուած է Սիմոն Սիմոնեանին հանդէպ։
 
Ո՛չ, Պրն. Պետրոսեան, ո՛չ,  Սիմոն Սիմոնեանին հանդէպ բացարցակապէս ճիշդ ՉԷՔ վարուած։ Ոչ միայն ճիշտ ՉԷՔ վարուած, այլ ձեր կամայական դիրքորոշմամբ՝ բացի Սիմոնեանի նման բազմատաղանդ մտաւորականին ու մաքրամաքուր հայրենասէրին հայրենիք մուտքը արգիլելէ՝ մեծ վնաս հասցուցած էք նաեւ հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման։  
          
«Զի ունիցի ականջս լսելոյ՝ լուիցէ…։» (Այն որ ականջ ունի լսելու՝ կը լսէ)։  
 
Հիմա որ սովետական կարգեր գոյութիւն չունին, ձեզի կը մնայ ըլլալ պարկեշտ և ունենալ քաջութիւնը ներողութիւն խնդրելու մեծ հայրենասէր Սիմոն Սիմոնեանի նկատմամբ ձեր որդեգրած անարդար վերաբերմունքին համար։ Ձեր «ներողութիւնը» բան մը պիտի չաւելցնէ Սիմոն Սիմոնեանի մեծութեան վրայ, բայց որոշ չափով ձեզի պիտի պարգեւէ կէս դար առաջ ձեր կողմէ գործուած սխալ մը սրբագրուած տեսնելու հոգեկան գոհունակութիւն։  
 
Ձեր և խումբ մը անանուն զրպարտիչներու պատճառաւ, 1983-ին Սիմոնեանի մանկավարժական, բանասիրական, հրատարակչական, խմբագրական ու գրական գործունէութեան յոբելեանը Ամերիկահայ Գրական Շրջանակի կազակերպութեամբ նշուեցաւ Հայաստանէն վեց հազար մղոն հեռու, Լոս Անճելոսի մէջ, փոխանակ տեղի ունենալու իր պաշտած հայրենիքի երկնակամարին տակ, նախաձեռնութեամբ Հայաստանի Գրողներու Միութեան… ։  
 
Սիմոն Սիմոնեանին «մեղքը» միայն Շիրազի հայրենասիրական բանաստեղծութիւնները տպելը չէր, այլ նաեւ մերժելն էր սևը ներկայացնել որպէս սպիտակ՝ իսկ կապոյտը որակել՝ կարմիր։  
 
Սիմոն Սիմոնեանի “հակահայրենասիրական” մեծագոյն “մեղքը” անշուշտ եղած էր պահանջել, որպէսզի Ղարաբաղը, Նախիջևանն ու Ախալքալաքը վերադարձուին Ս. Հայաստանին։  
 
Արդարեւ՝ 1959 Օգոստոսէն մինչև 1962 Յուլիս, Սիմոն Սիմոնեան «Սփիւռք»ի մէջ մօտ 30 խմբագրական գրած է և պահանջած Ղարաբաղի, Նախիջևանի և Ախալքալաքի վերամիացումը Ս. Հայաստանին։ Այդ տարիներուն, այսպէս կոչուած «յառաջդիմական» կամ «հայաստանեան ճակատ»ին պատկանող կազմակերպութիւններն ու մտաւորականները, քիչ բացառութեամբ, հետևելուվ Մոսկուայի կողմէ Հայաստանին պարտադրուած քաղաքականութեան, հողային հարց  յարուցելը Սովետ Միութեան որդեգրած քաղաքական ուղղութեան հակառակ արարք կը համարէին։ Այդ էր պատճառը որ Պետրոս Պետրոսեանն ու իր սփիւռքահայ մանկլաւիկները, Սիմոն Սիմոնեանի Հայաստանի բացասական կողմերը քննադատելու եւ Շիրազի բանաստեղծութիւնները տպելու “մեղք"ին վրայ, աւելցուցին նաև հայկական հողերը պահանջելու “յանցանք”ը, որուն իբրև հետեւանք՝ ան համարուեցաւ Խորհրդային Միութեան եւ Ս. Հայաստանի թշնամի։ Քիչ բացառութեամբ ըսինք, որովհետև 1959-ի կէսերուն, Հնչակեան կուսակցութեան վեթերան ղեկավարներէն Արսէն Կիտուրը, Պէյրութի «Արարատ» օրաթերթին մէջ յօդուածաշարք մը հրատարակեց՝ պահանջելով հայկական հողերուն վերամիացումը Հայաստանին։  
           
Ահա թէ ինչ կը գրէ Սիմոն Սիմոնեան այդ մասին «Սփիւռք»ի 1959 Օգոստոս 8 թիւին մէջ. «Արդարև կրկնապէս ուշագրաւ էր այդ յօդուածաշարքը, ուր առաջին անգամ ըլլալով Ս. Հայաստանի բարեկամ կազմակերպութեան մը պաշտօնաթերթին մէջ, Սովետական Հայաստանի դատին համար տասնամեակներ մարտնչող մտաւորական մը, կը պահանջէր Ս. Հայաստանին կցել հայկական այն հողերը, որոնք անկէ բաժնուած կը մնան դժբախտ բերմունքներու պատճառաւ»։
 
Ըստ Սիմոն Սիմոնեանի՝ Հնչակեան կուսակցութիւնը "քանդեց սխալ աւանդութիւն մը, լռելու աւանդութիւնը, որ ներկայ Հայաստանի բարեկամներուն պարտադրուած էր 40 տարիներէ ի վեր՝ անշուշտ Հայաստանի և հայ ժողովուրդի ոխերիմ թշնամի բերիականներու կողմէ"։
 
«Սփիւռք» շաբաթաթերթի 15-08-1959 թիւով լոյս տեսած «Հայկական հողերու հարցը, մեր պահանջքը» յօդուածին մէջ, Սիմոն Սիմոնեան կը գրէ. «Կը պահանջենք Սովետական Հայաստանի սահմանակից երեք գաւառները -ՂԱՐԱԲԱՂԸ, ՆԱԽԻՋԵՒԱՆՆ ու ԱԽԱԼՔԱԼԱՔԸ–, Հայաստանի վաղեմի ու հարազատ այդ շրջանները, որոնք՝ պէտք է խոստովանիլ և ընդգծել, որ սովետական իշխանութենէն առաջ, անարդար կարգերու և դաժան ժամանակներու բերմունքով ու պատճառով բաժնուած էին մեր Մայր Հայրենիքէն և այդպէս ներկայացած իշխանութեան սկզբնաւորութեան իսկ, հակառակ Հայաստանի Հանրապետութեան տարած գերմարդկային ճիգերուն։»  
 
Սիմոն Սիմոնեան չի բացայայտեր թէ որո՞նք են այդ “անարդար կարգեր”ը։
 
Այս առիթով կ՚ուզեմ անդրադառնալ այդ «անարդար կարգեր»էն գլխաւորին, Մեծն Բրիտանիոյ, որ թելադրուած իր տնտեսական ու քաղաքական շահերէն, որոնց մասին կարելի է խօսիլ ուրիշ առիթով, Ղարաբաղն ու Նախիջեւանը “նուիրեց"՝ թերեւս աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել՝ "վաճառեց" Ազրպէյճանին։   
 
Որպէսզի չմեղադրուիմ կողմնակալութեան յանցանքով, խօսքը կու տամ բրիտանացի պատմաբան Christopher J. Walker-ին։
 
«Մեծն Բրիտանիոյ Ղարաբաղի հանդէպ որդեգրած քաղաքականութիւնը գրեթէ բացայայտօրէն Մուսավաթական Ազրպէյճանի հետ դաշնակցիլն էր, որ կը համապատասխանէր նաեւ ֆրանսայի Կիլիկիոյ հանդէպ որդեգրած  ժամանակակից նոր քաղաքականութեան, որուն նպատակն էր աւելի սերտ յարաբերութիւններ մշակել քեմալական թուրքերուն հետ։ Երկու պարագաներուն ալ՝ «դաշնակիցները» կը նպաստէին հայերը [յիշեալ] շրջաններէն դուրս վտարելու աշխատանքին։ Այդ առաջադրութիւնը իրագործուեցաւ Կիլիկիոյ մէջ, բայց ո՛չ Ղարաբաղի՝ ուր հակառակ անոր որ [Ղարաբաղը] որևէ արտաքին օժանդակութին չստացաւ՝ ժողովուրդը կրցաւ դիմադրել զինք երկրէն արտաքսելու ճիգերուն»։  
 
Անդրադառնալով 1991-ին առաջացած ղարաբաղեան խնդիրներուն, Walker կը գրէ. «Չափազանցած չենք ըլլար, եթէ ըսենք որ Ղարաբաղի հետ առնչուած ներկայ խնդիրը (1991) հետևանք է, մեծաւ մասամբ, 1919-ի առաջին կիսուն Մեծն Բրիտանիոյ որդեգրած քաղաքականութեան, որուն նպատակն էր աշխատիլ, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղը մնայուն կերպով Հայաստանին մաս չկազմէ։ Այսպէս՝ Colonel J.C.Plowden, Երևանի մէջ Բրիտանիոյ զինուորական ներկայացուցիչը, 1919 Օգոստոսի վերջաւորութեան յայտարարեց. «Ղարաբաղը Ազրպէյճանին յանձնելը, իմ կարծիքով, հարուածներուն մեծագոյնն էր…Ան եղած է իրենց [հայ] ժողովուրդի բնօրրանն ու վերջին աւանդական ապաստանարանը, վերջին ապաւէնը, երբ երկիրը  ենթարկուած է յարձակումներու։ [Ղարաբաղը] հայկական է և Հայաստանի զօրաւորագոյն մէկ մասը եղած է ամէն իմաստով՝ թէ՛ ֆինանսական, թէ՛ ռազմական և թէ՛ ըենկերային »։  (Christopher J. Walker "Armenia and Karabagh", London 1991 էջ 97)
 
Իմ կարծիքով, վերջին երկու հարիւր տարիներու ընթացքին Մեծն Բրիտանիոյ քաղաքական շահերը երբեք Հայաստանի և հայ ժողովուրդի շահերուն չեն համապատասխանած։ Պերլինի Վեհաժողովը վկայ…։ Գաղտնի դաշնագրով մը Բրիտանիոյ վարչապետ Տիզրայելին Օսմանեան Թուրքիայէն Կիպրոս կղզին ստացաւ, որուն դիմաց, փոխանակ դրամ վճարելու՝ յանձն առաւ Սան Ստեֆանոյի դաշնագրի 16-րդ յօդուածը «մկրտել» 61-րդ յօդուած..։ Վեհաժողովը նոյնիսկ ժամանակ չունեցաւ 61-րդ յօդուածը քննարկելու…։ Տեղին է հոս յիշել Խրիմեան Հայրիկի յայտնի թուղթէ շերեփի պատմութիւնը։
 
Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին Բրիտանական կառավարութիւնը հրատարակեց ՝"The Treatment of Armenians Under the Ottoman Empire" հատորը, որ ծանօթ է նաեւ «The Blue Book» խորագրով։ Գիրքին մէջ ներառնուած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը հաստատող ականատեսի վկայութիններ եւ վաւերաթուղթեր։ Աւելին՝ հակառակ անոր որ Մեծն Բրիտանիան 1915-ի հայկական ջարդերը "մարդկութեան դէմ գործուած ոճիր" որակեց Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ հետ համատեղ՝ ան մինչև այսօր կը մերժէ ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը…։  
 
Անշուշտ Մեծն Բրիտանիան հայ ժողովուրդի մեծագոյն բարեկամը եղած պիտի ըլլար և մեր ժողովուրդին ճակատագիրը բոլորովին տարբեր՝ եթէ Բաբելոնը հանդերձ ընտանեօք լքած մեր նախահայրը, Հայկ Նահապետը, փոխանակ Հայաստանի քարքարոտ լեռներուն վրայ բնակութիւն հաստատելու, չորս հարիւր քիլոմեթր ևս ճամբորդէր և Կասպից Ծովու նաւթահորերուն շրջակայքը լարեր իր վրանը…։ Վերադառնանք Սիմոն Սիմոնեանի պահանջքին։
 
Այս հայրենասէր հայուն հիմնական պահանջքը ի՞նչ էր խորհրդային իշխանութիւններէն։  
Մեծն Բրիտանիոյ կողմէ Ազրպէյճանին «վաճառուած» մեր պապենական հողերուն՝ Ղարաբաղի եւ Նախիջեւանի վերադարձը իրենց իրաւատիրոջ, Ս. Հայաստանին։ Սիմոն Սիմոնեան երբեք չէ մեղադրած Ս. Միութիւնը Ղարաբաղն ու Նախիջևանը  Ազրպէյճանին «նուիրած» ըլլալու յանցանքով, այլ պարզապէս պահանջած՝ որ Մեծն Բրիտանիոյ հեղինակած անարդարութիւնը, զոր սովետական կարգերու հաստատումէն քանի մը տարի ետք վաւերացուց Ստալինը՝ չեղեալ համարուէր, կատարուած անիրաւութիւնը սրբագրուէր եւ արդարութիւնը վերահասատուէր ձեռամբ վարչաձևի մը, որ աշխարհին կը ներկայանար որպէս իրաւազուրկ ժողովուրդներու պաշտպան, արդարութեան, հաւասարութեան, եղբայրութեան և խաղաղութեան ախոյան…։
 
Սիմոն Սիմոնեանի պարագային, դժբախտաբար գողը չէ որ կը պատժուէր, այլ՝ գողօնին (գողցուած ապրանքին) տէրը…։

Հասկնալի պատճառներով, Սովետ Միութիւնը մեծ կարևորութիւն կու տար հայ Սփիւռքին, յատկապէս անոր այսպէս կոչուած՝ «յառաջդիմական» ճակատին։ Խորհրդային հանրապետութիւններէն որևէ մէկը նման աշխարհացրիւ ու զօրաւոր սփիւռք չունէր, ինչպէս Հայաստանը։ Դժբախտաբար չկրցանք օգտագործել այդ հանգամանքը, ինչպէս հայաստանցին պիտի ըսէր՝ մեր «զաւթուած» հողերը Հայաստանին վերադարձնելու աշխատանքին մէջ։
 
Սփիւռքի յառաջդիմական ճակատը իր բոլոր կազմակերպութիւններով, քաղաքական գործիչներով, մտաւորականներով, մամուլով և մասամբք նորին, պէտք էր բարձրակոչ Մոսկուայէն պահանջէր հայկական հողերու վերամիացումը Հայաստանին, իսկ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը, որ հակասովետ կազմակերպութիւն նկատուելով՝ մտած էր "սև ցանկ"ի մէջ՝ պէտք էր գիտնար քաղաքական լռութիւն պահել։ Դժբախտաբար, յառաջդիմական ճակատը չպոռաց, իսկ դաշնակցութիւնը՝ չլռեց…։                                                                                          

Այսօր, Սիմոն Սիմոնեանի մահէն երեսուն տարի ետք, ի՞նչ կը սպասենք Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններէն։  
 
Ժամանակն է որ անոնք, յանուն հայ ժողովուրդի, արժանավայել կերպով մեծարեն այս ՄԵԾ մտաւորականը,  ՄԵԾ հայն ու մեծ ՄԱՐԴԸ։ Մեծ են այն ժաղովուրդները, որոնք գիտեն մեծարել իրենց մեծութիւնները։
 
Մեր փափաքն է որ մօտ ապագային Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տեղադրուի Սիմոն Սիմոնեանի արձանը եւ անուանակոչուի դպրոց եւ փողոց մեծ գրողին ու դաստիարակին անունով։ Մեր ուզածը շատ չէ մարդու մը համար, որ իր ամբողջ գիտակցական կեանքը նուիրեց իր ժողովուրդին, որպէս ուսուցիչ, հայերէն լեզուի եւ հայոց պատմութեան դասագիրքերու հեղինակ, անուանի արձակագիր, բանասէր, պատմաբան, խմբագիր, հրապարակագիր, հրապարակախօս եւ հրատարակիչ։ Եթէ ասոնց վրայ աւելցնենք նաեւ մեծ ՀԱՅ ու մեծ ՄԱՐԴ որակումները՝ այն ատեն  կ’ունենանք Սիմոն Սիմոնեանի ամբողջական ու հարազատ պատկերը։
 
Պէյրութի մէջ, 2014 թ.ի Դեկտեմբերին հրատարակեցի «Կը խօսին Նամակները-Նամակագրութիւն Ասատուր Կիւզելեան-Սիմոն Սիմոնեան և Ասատուր Կիւզելեան-Վահրամ Մավեան» խորագրով հատորը, նուիրուած՝ «Սիմոն Սիմոնեանի անմեռ յիշատակին, իր ծննդեան 100ամեակին առիթով»։
 
Յօդուածս կ'ուզեմ աւարտել վերոգրեալ գրքի  նախաբանէն մէջբերելով հետևալ պարբերութիւնը.
 
«Սիմոն Սիմոնեան եղած է Անթիլիասի դպրեվանքին մէջ (1948-1955) հայագիտական նիւթերու իմ աննման, պաշտելու աստիճան սիրելի ուսուցիչս, մարդկային ազնուագոյն զգացումներով և բարձր սկզբունքներով հարուստ անձ մը, հայ ժողովուրդի պատմութեան, մատենագրութեան, գրականութեան, արուեստներուն, մէկ խօսքով՝ մեր մշակութային արժէքներուն խորիմաց գիտնական մը (հայաստանեան առումով), բառին
ամենէն ճիշդ իմաստով հայրենասէր հայ մը, իր ուսանողները ներշնչելու հազուագիւտ տաղանդով օժտուած ուսուցիչ մը և ամենէն կարևորը՝ մեծատառով ՄԱՐԴ մը։ Վերոգրեալ որակումները դեռ քիչ են Սիմոն Սիմոնեանը ճիշդ տարազաւորելու համար»։
 

3 comments
  1. Ձեր Ճակտին Համբոյր

    Սիրելի Պրն. Կիւզելեան,

    Որպէս որդին եւ անդրանիկ զաւակը, Սիմոն Սիմոնեանի մտերիմներէն Արմէն Դարեանի (Ալֆոնս Ադդարեան) որուն լուսանկարը հրատարակած էք աննման մեծ սասունցիին կողքին եւ որպէս քաջածանօթ այն բոլոր մանրամասնութիւններուն որոնց մասին կը գրէք ձեր յօդուածին մէջ այսու կ'ուզեմ հանրօրէն յայտարարել թէ՝
     
    ա. Ձեր բոլոր որակումները, պատմական նշած մանրամասնութիւնները, անձին արժեւորումն ու ձեր մէջբերումները հարիւր առ հարիւր տեղին են եւ ճիշդ եւ որոնք կրնամ հաստատել  իմ անձնական վկայութեամբս եւ թէ քաջատեղեակ եմ անոնցմէ շատերուն:
     
    բ. Սիմոն Սիմոնեանը մեր յետԵղեռնեան Սփիւռքի պատմութեան մէջ անզուգական ներդրում ունեցող մեծ հայրենասէր եւ մշակութային տիտան մըն է որուն բերած դրական ազդեցութիւնը 
    ամբողջ մեր քսաներորդ դարու պատմութեան վրայ տակաւին չէ արժեւորուած:
     
    գ. Կը զօրակցիմ ձեր կոչին Հայաստանի եւ Արցախի մէջ յաւերժացնելու համար Սիմոն Սիմոնեանի պատմական յիշատակը եւ պատրաստ եմ այդ նպատակաւ աշխատանքի մը լծուելու որեւէ համահայկական եւ ապակուսակցական յանձնախումբի մը մէջ:
     
    դ. Կը շնորհաւորեմ ձեզ, ձեր ճշմարտօրէն հայրենասէր ուղեգիծին համար եւ կը յայտարարեմ թէ այդպիսով իսկ հաստատեցիք ձեր՝ Սիմոն Սիմոնեանի աշակերտը եղած ըլլալու իսկականութիւնը:
     
    Ուրեմն համբոյր ձեր պայծառ ճակատին եւ ձեզի կ'ըսեմ, Պարոյր Սեւակեան ԲԱՐԵ'Ւին նման եւ նոյնքան ուժգին
     
    «Սիմոն Սիմոնեանական ՈՂՋՈ'ՒՅՆ»
     
    Բարեկամօրէն՝
     
    Վիգէն Լ. Ադդարեան
    Մոնթրէալ, Գանատա

     

    1. Ողջոյն

      Սիմոնեանական "Ողջոյն", Սիրելի Վիգէն,

      Կը ներես ուշ պատասխանելուս։

      Խորապէս զգացուած եմ  ազնիւ խօսքերուդ համար։ Ուրախ եմ  որ քու եւ իմ միտքերն ու զգացումները կը բաժնեն նաեւ բազմաթիւ ուրիշ ընթերցողներ, որոնք իրենց գրաւոր հիացմունքն ու գնահատանքը յայտնած են ՄԵԾՆ Սիմոնեանի անձին ու վաստակին հանդէպ "Ողջոյնընթերցումէն յետոյ։

      Այս առիթով կ'ուզեմ նշել նաեւ որ (Մուհամէտի արդէն իսկ պատմութեան անցած  առասպելական սուրճը վկայ) բազմիցս զրուցելու առիթ ունեցած եմ  հօրդ հետ տպարան "Սեւանմէջ։ 

      Կար նաեւ ուրիշ հանգամանք մը, որ  Սիմոնեան-Դարեան անկեղծ բարեկամութեան խորհրդանիշն էր.  անոնք օրը կը սկսէին հեռախօսային "բարի լոյս"ով մը, որուն ականջալուր եղած եմ մէկէ աւելի անգամ։

      Բարեկամական ջերմ զգացումներով եւ լաւագոյն մաղթանքներով քոյդ՝

      Ասատուր

      Յ. Գ.  Եթէ "Կը Խօսին Նամակները" չունիս, հաճիս հասցէդ ղրկէ, որպէսզի օրինակ մը առաքեմ քեզի։ 

      Նոյն

  2. Note to Guzelian re Simonian

    Dear Baron Guzelian,

    Being one of your former Armenian students at the Armenian College of Kolkata, I do thank you for all your efforts in spreading the Armenian cause and your commitment in remembering our past intellectuals as well as those in the present. You have been true to our heritage and have never failed to recognize those who truly deserve recognition through their accomplishments. Through your teachings and writings you were/are able to link the past with the present thereby keeping the legacy alive.

    Daniel Janoyan

Comments are closed.

You May Also Like