Ոճիր

Ահմեթ Ալթան,  «Թարաֆ», 21 Յունուար 2011
Հայացուց՝ Գրիգոր Կէօքճեան, Պէյրութ

Հրանդ Տինքի սպաննութեան չորս տարի եղաւ:
 

Այս չորս տարուան ընթացքին կատարուած ուսումնասիրութիւններէն, խոստովանութիւններէն, բացայայտուած փաստաթուղթերէն եւ հրապարակուած գիրքերէն ի յայտ եկած է, որ այս ոճիրը իրականացած է մեծ ծրագիրի մը շնորհիւ, որուն մէջ դեր վերցուցած են պետական կառոյցին գրեթէ բոլոր հատուածները:
 

Ահմեթ Ալթան,  «Թարաֆ», 21 Յունուար 2011
Հայացուց՝ Գրիգոր Կէօքճեան, Պէյրութ

Հրանդ Տինքի սպաննութեան չորս տարի եղաւ:
 

Այս չորս տարուան ընթացքին կատարուած ուսումնասիրութիւններէն, խոստովանութիւններէն, բացայայտուած փաստաթուղթերէն եւ հրապարակուած գիրքերէն ի յայտ եկած է, որ այս ոճիրը իրականացած է մեծ ծրագիրի մը շնորհիւ, որուն մէջ դեր վերցուցած են պետական կառոյցին գրեթէ բոլոր հատուածները:
 

Սպանութեան հոլովոյթը կը սկսի Ազգային ապահովութեան խորհուրդին (ԱԱԽ) կողմէ պատրաստուած տեղեկագիրով, որ լուսարձակի տակ կ՝առնէ Թուրքիան մասնատելու միսիոնարական շարժումները:
 
Այս տեղեկագիրները, իրականութեան մէջ, շատ անհեթեթ կը թուին, որովհետեւ ԱԱԽին կողմէ պատրաստուած այս ուսումնասիրութիւններուն մէջ Թուրքիան մասնատելու միտող միսիոնարներուն թիւը 54 է միայն
 
Պարզապէս ապուշ պէտք է ըլլալ հաւատալու համար, որ 54 միսիոնար կարողանար մասնատել եօթանասուն միլիոննոց իսլամ Թուրքիան:
 
Անշուշտ, որ ԱԱԽի երկու իրերայաջորդ զօրավարի աստիճան կրող ընդհանուր քարտուղարները այնքան անմիտ չեն (այս երկուքը ամբաստանուած են մէկը Էրկենեքոնի եւ միւսը Լախտի պետական հարուածներով):
 
Այս տեղեկագիրներուն բուն նպատակն է «պաշտօնական ենթահող» պատրաստել այն ծրագիրին, որով «ոչ իսլամներ պիտի սպաննուէին», եւ յանցանքը պիտի բեռցուէր Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան (ԱԲԿ) ուսերուն:
Արդարեւ, Հրանդ Տինքի ոճրագործութեան մէջ բացայայտուած իրականութիւնները ցոյց կու տան, որ պետական կառոյցի բոլոր հատւածներէն (գագաթէն մինչեւ ստորոտը) մարդիկ ձեւով մը դեր ունեցած են անոր մէջ:
 
Ասիկա, իր ամբողջութեան մէջ, պետութեան կողմէ պատրաստուած եւ գործադրուած մահափորձ է:
 
Երբ այս ոճրագործութեան նայիք, պիտի տեսնէք պետութեան մէջ գտնուող «պետական հարուածին կմախքը» կազմող գրեթէ բոլոր կտորները:
 
Հոն պիտի գտնէք ԱԱԽին տեղեկագիրները, Ազգային անվտանգութեան կազմակերպութիւնը, ժանտարմը, ոստիկանութիւնը, արդարադատութիւնը (որ բոլորովին անարդար կերպով դատապարտած էր Հրանդ Տինքը) եւ, վերջապէս, պետական մամուլը, որ պատրաստեց դէպքին ենթահողը:
 
Ինչո՞ւ այսպիսի մեծ կազմակերպութիւն մը պատրաստուեցաւ Տինքը սպաննելու համար:
 
Որովհետեւ ասիկա մեծ նպատակակէտ ունեցող ոճիր մըն էր:
 
Նպատակներէն առաջինն էր՝ ԱԲ կուսակցութիւնը ցոյց տալ իբրեւ ծայրայեղականներ, որոնք կրնան նոյնիսկ ոճիր գործել, այսպիսով ներսի աշխարհիկները պիտի լարուէին այս կուսակցութեան դէմ:
 
Երկրորդ նպատակն էր՝ աւելի մեծ ծրագիրի մը ենթահողը պատրաստել:
 
Հրանդ Տինքի սպանութեամբ կը մտածէին, որ աշխարհ շատ բուռն հակազդեցութիւն մը ցուցաբերելով՝ պիտի դատապարտէր թուրքերն ու իսլամները. ծրագիրին համաձայն, այս հակազդեցութիւնը, մամուլի միջոցով ժողովուրդին փոխանցելով, պիտի ստեղծուէր «ազգայնական» ալիք մը, որպէսզի Թուրքիան մեկուսացուէր աշխարհէն:
 
Ըստ իրենց հաշիւներուն, ազգայնական շարժում մը ստեղծելով՝ զայն պիտի օգտագործէին «Արեւմուտքի դէմ թշնամութեան», որպէսզի Թուրքիան մեկուսացնէին աշխարհէն, այսպիսով պիտի կարենային խեղդել ԱԲ կուսակցութիւնը եւ անոր այդ շրջաններուն յառաջ տարած ժողովրդավարացման աշխատանքները:
 
Հաւատացած էին, որ Թուրքիոյ մէջ պետական հարուած մը կրնար յաջողիլ այն պարագային, երբ ան մեկուսացած ըլլար աշխարհէն:
 
Սակայն այս ծրագիրը ձախողեցաւ, երբ ժողովուրդը աննախընթաց մասնակցութիւն բերաւ Հրանդին յուղարկաւորութեան՝ պոռալով «Բոլորս Հրանդ ենք»:
 
Աշխարհ այս սպանութեան պատճառով չդատապարտեց իսլամները, ընդհակառա՛կը, իր հիացումը արտայայտեց, երբ տեսաւ, թէ Թուրքիան ինչպէ՛ս տէր կը կանգնէր իր «մէկ հայ զաւակին»:
 
Այսպիսով խաղը խանգարուեցաւ:
 
Խաղը խանգարուեցաւ, սակայն Հրանդը սպաննած ոճրային ցանցը մնացած է այնպէս, ինչպէս որ էր:
 
Այս սպանութեան առնչուած շատ մը անուններ ամբաստանուած են տարբեր անունով «պետական հարուածներու» իրենց մասնակցութեամբ, սակայն Հրանդ Տինքի սպանութեան ամբաստանութեամբ դատուող երեք երիտասարդ կայ միայն:
Անոնցմէ մէկը արդէն ժանտարմի գործակալ է:
 
Ինչպէս որ Նետիմ Շենէր իր գիրքին մէջ նշած է, այդ գործակալը պետութիւնը տեղեակ պահած է, թէ սպանութիւնը ո՛ւր եւ որո՛ւ կողմէ պիտի գործադրուէր, դէպքէն նոյնիսկ տարի մը առաջ:
 
Ո՛չ մէկ նախազգուշութիւն կ՝առնուի: Ընդհակառա՛կը, դժուարութիւնները կը հարթուին:
 
Այս մեծ ծրագիրէն անտեղեակ «տեղեկագիրներ պատրաստող», նախազգուշութեան ահազանգ հնչեցնող պետական պաշտօնեաներուն տեղեկագիրները կ՝ոչնչացուին:
 
Ծրագիրը ամբողջութեամբ՝ զայն պատրաստողները, մարդասպանները դրդողները, օգնողները եւ միջավայր պատրաստողները անուն առ անուն բացայայտուած են:
 
Սակայն սարսափելի իրականութիւնը հետեւեալն է. սովորական ընթերցողին իսկ, անուն առ անուն յայտնի դարձած այս ցանցին վերաբերեալ ո՛չ մէկ բան կատարուած է չորս տարիներէ ի վեր:
 
Այս մարդիկը չեն ձերբակալուիր, չեն դատապարտուիր:
 
Պետութեան մէջ ուռի մը նման տեղաւորուած այդ ցանցը եթէ այդ տեղէն չհանուի, ամէն վայրկեան նոր փորձանքի մը հետ դէմ յանդիման կրնանք գտնուիլ:
 
Հակառակ որ բոլորին անունները յայտնի դարձած են, հակառակ որ ամէն բան բացայայտուած է, այս մարդիկը ինչո՞ւ տակաւին անձեռնմխելի կը մնան:
 
Ահաւասիկ, եթէ կարենանք այս հարցումին պատասխան մը գտնել, պիտի բացայայտենք այն մեծ կառոյցը, որուն մէջ ժանտարմը, ոստիկանութիւնը, գաղտնի սպասարկութիւնը, քաղաքականութիւնն ու մամուլը իրարու խառնուած են խիւսի մը նման:
 
Ըստ իս, այս ցանցին ձերբակալման համար ոչ մէկուն շարժիլը յառաջ կու գայ այն վախէն, որ իրե՛նք ալ պիտի ձերբակալուին ի վերջոյ, քաղաքագէտէն մինչեւ ժանտարմն ու ոստիկանը:
 
Մարդասպանները հոն, այդպէս կեցած են:
 
Այնքան ատեն, որ այս ժողովուրդը հաշիւ չպահանջէ եւ մարդասպաններուն համար շարժման չանցնի, պիտի շարունակեն այդպէս մնալ:
 
 
 
You May Also Like