Մեթր Պարգեւ Դաւիթեան, Թորոնթօ, Յունուար 2020
Օրէնքին վրայէն ցատկելու եւ անոր շուրջ դառնալու Տանըլտ Թրամփի ոտնձգութիւնները բազմաթիւ են իր նախագահ դառնալէն առաջ եւ ետք։ Անոր հմուտ եւ վարպետորդի առեւտրականի (businessman) գործարքները, յաճախ շրջանցելով կանոններ եւ օրէնքներ, յաջողութեամբ պսակուած են եւ զինք հասցուցած Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան բարձր պաշտօնին։
Ամերիկա իր առաջին սեւամաշկ նախագահը՝ Պարաք Օպաման ընտրելէն ետք, Տանըլտ Թրամփի աչքէն չվրիպեցաւ ամերիկացի ճերմակամաշկներու (rednecks) զայրոյթը, եւ գտաւ զայն շահագործելու կամ օգտագործելու առիթը՝ նախագահ դառնալու համար։ Հիլըրի Քլինթընի փառասէր ու անհաճելի նկատուող նկարագիրը ժողովրդային կարգ մը խաւերու կողմէ պատճառ դարձաւ նաեւ, որ Տանըլտ Թրամփ յաջողի այդ մարդոց դժգոհութիւնը իր օգտին լծելով՝ նախագահ դառնալ։
Որպէս նախագահ զինք «բուրվառող» մարդոցմով շրջապատելով եւ երեք տարուան մէջ երեք հազար սուտ խօսելով՝ Տանըլտ Թրամփ հասած կը թուի վայրէջքի մը առջեւ, որ, ժողովրդային խօսքով ըսուած, իր «վերջը պիտի բերէ»։ Զինք այդ վայրէջքին առջեւ դնող դերակատարներէն երեքը Ամերիկա գաղթած մանուկներ էին, որոնք բարձր ուսումի տէր դառնալով՝ հասած են բարձր պաշտօններու եւ իրենց դիրքերէն կը հարուածեն Տանըլտ Թրամփի դիրքը, որուն գաղթականներու նկատմամբ նենգամիտ, զեղծարար ու անհանդուրժելի քաղաքականութիւնը աննախընթաց եղաւ իր նախագահութեան շրջանին։
Հայաստանի, ապա Ուքրաինայի մէջ նախկին դեսպան Մերի Եովանովիչ, ԱՄՆ-ի Ազգային ապահովութեան խորհուրդի խորհրդատու գնդապետ Վինտմըն եւ Սպիտակ Տան ռուսական հարցերու նախկին խորհրդատու դոկտ. Հիլ, երեքը Ամերիկա գաղթած ընտանիքներու զաւակներ, «պապէն աւելի պապական» ամերիկացիի մը հայրենասիրութեամբ եւ պատրաստակամութեամբ Քոնկրէսին առջեւ իրենց վկայութիւնները տալով՝ նախընտրեցին հաւատարիմ մնալ Ամերիկայի եւ ճշմարտութեան, քան Թրամփին ու անոր զեղծարարութեան։ Թէ որքա՜ն զինք ընտրող պահպանողականները – որոնք գաղթականներու աւելցող թիւին մէջ կը տեսնեն կորուստը «իրենց» Ամերիկային – պատրաստ կ’ըլլան դուրս գալ կուրօրէն Թրամփը պաշտպանելու ճերմակամաշկային իրենց հոգեբանութենէն, պատասխանը պէտք է գտնել անոնց անկողմնակալ արդարամտութեան մէջ, որ զիրենք պիտի մղէ կուսակցական շապիկը հանելով՝ հագնիլ ամերիկացիի շապիկը եւ իրենց ոյժը ծառայեցնել խոնարհելու օրէնքին առջեւ։
Արեւմուտքը յաճախ կը յոխորտայ, թէ որեւէ մէկը օրէնքէն վեր չի կրնար ըլլալ եւ թէ օրէնքին առջեւ ամէն մարդ հաւասար է։ Եթէ իսկապէս այդպէս է, Ամերիկան փորձաքարի առջեւ կանգնած է, եւ աշխարհի ամենէն զօրաւորը կոչուող անձը՝ նախագահ Թրամփ, պէտք չէ իր ոյժը գործածելով՝ անգամ մը եւս օրէնքը շրջանցէ ու անոր վրայէն ցատկի։ Միջին Արեւելքէն անցած անձի մը համար կասկածելի է տեսնել զօրաւորին խոնարհիլը օրէնքին առջեւ։ Սակայն Ամերիկայի պէս երկրի մը մէջ – որուն նախահայրերը, մերժելով հին աշխարհի անօրէնութիւնները, կերտեցին ժողովրդավարութեան լաւագոյն օրէնքներով օժտուած օրինակելի նոր աշխարհ մը եւ որոնք ժամանակի պահանջներուն անսալով՝ վերջ դրին ստրկութեան ու պաշտպան մարդկային հաւասարութեան դարձան – պէտք է, որ ոյժը խոնարհի օրէնքին առջեւ։
Թրամփի իշխանութիւնը կասկածի տակ դնելով Ամերիկա գաղթողներու հաւատարմութիւնը՝ ժամանակի սլաքը կ’ուզէ ետ տանիլ։ Նախագահ Օպամայի ամերիկածին ըլլալը կասկածի տակ դնող այս նախագահն ու իր հետեւորդները (entourage) այժմ կասկածի տակ կը դնեն Քոնկրէսին առջեւ վկայութիւն տուող ոչ-ամերիկածին Եովանովիչի, դոկտ. Հիլի եւ գնդապետ Վինտմընի հաւատարմութիւնը Ամերիկայի հանդէպ։ Ամերիկան եղած է գաղթականներով կազմուած երկիր, եւ որեւէ գաղթականի ոչ-ամերիկածին ըլլալը նիւթ դարձնող Ամերիկայի պահպանողականները վախի ետեւէն քալող յետադիմականներ են (reactionaries), որոնք ամերիկեան իսկական բարքերու դէմ կը գործեն։
Շատ խօսուած է, թէ արդարութիւնը ոյժին կ’ենթարկուի հոն, ուր կան միապետական իշխանութիններ կամ բռնապետութիւններ։ Սա հին եւ ծեր աշխարհին բներեւոյթն է (phenomenon)։ Նոր աշխարհը՝ Ամերիկան, պարտի օրինակ ղառնալ մարդկութեան՝ իր ամենազօր նախագահը ենթարկելով օրէնքին, որպէսզի այն երկիրը, որ «of the people, by the people, for the people» դաւանանքով կ’ապրի ու կը շնչէ, չկորսնցնէ օրէնքներով հարստացած իր կարգավիճակը եւ չունենայ «թագաւոր» մը, որ ամէն ինչ իրեն ենթարկելու ու ծառայեցնելու ինքնասիրութեամբ կ’իշխէ:
Յաջորդ ամիսները ցոյց պիտի տան, թէ Ամերիկայի մէջ ոյժը օրէնքին առջեւ կը խոնարհի՞ արդեօք, թէ՞ կարգ մը շահատէրեր այդ ոյժով օրէնքը կը խորտակեն։