Ոսկեղինիկը Մաքուր Պահենք

Օհան Պոտրումեան, Պէյրութ, 5 Յունուար 2012

Մայրենի լեզուի մաքրութեան եւ հարստացման համար մղուող պայքարը լեզուի բազում մասնագէտներու ուսումնասիրութեան եւ զանոնք յուզող հիմնական հարցերէն մէկը եղած է:

Անցեալէն մինչեւ մեր օրերու լեզուաբաններ, Աճառեանէն մինչեւ Ջահուկեան, Աղայեան, Բարսեղեան, եւ ուրիշներ, գիշերներ լուսցուցած են մեր հնադարեան մեսրոպաշունչ լեզուն հասցնելու համար լեզուական հարուստ եւ նախանձելի մակարդակի մը:

Օհան Պոտրումեան, Պէյրութ, 5 Յունուար 2012

Մայրենի լեզուի մաքրութեան եւ հարստացման համար մղուող պայքարը լեզուի բազում մասնագէտներու ուսումնասիրութեան եւ զանոնք յուզող հիմնական հարցերէն մէկը եղած է:

Անցեալէն մինչեւ մեր օրերու լեզուաբաններ, Աճառեանէն մինչեւ Ջահուկեան, Աղայեան, Բարսեղեան, եւ ուրիշներ, գիշերներ լուսցուցած են մեր հնադարեան մեսրոպաշունչ լեզուն հասցնելու համար լեզուական հարուստ եւ նախանձելի մակարդակի մը:

Բացի լեզուագէտներէ, յօդուածագիրներ, բազմաթիւ գրութիւններով, ի սէր մայրենի լեզուին, ճգնած են սրբագրել թերիները, չափաւորել չափազանցութիւնները, մաքրազտել օտարաբանութիւնները, մէկ խօսքով՝ առաջքը առնել ամէն բանի, որ կը խաթարէ մայրենի լեզուի պարզ եւ յստակ դիմագիծը: Նման մտադրութիւններ անշուշտ կ’ուրախացնեն ընթերցողը:

Սակայն, եկէք ու տեսէք, որ մայրենի լեզուի սիրոյն անաչառ լեզուաբանին եւ յօդուածագիրներուն կատարած աշխատանքը արժանացած է արհամարհանքի եւ անտարբերութեան՝ կարգ մը գրոց-բրոցներու եւ մանաւանդ որոշ ցուցամոլ մարդոց կողմէ, որոնց խօսակցական «հայերէնը» խառնարան մըն է:

Միթէ այդ օտարամոլներուն օգտագործած օտար բառերը անհրաժե՞շտ են իրենց միտքը արտայայտելու համար: Միթէ օտար բառերը կը հարստացնե՞ն մեր լեզուն: Որքանո՞վ կը տուժէ հայոց լեզուն, որքանո՞վ անհասկնալի կը դառնայ անիկա ժողովուրդին համար եւ կամ որքանո՞վ է սխալ, եթէ այս օտարամոլը իր գրութեան կամ խօսակցութեան նկատմամբ քիչ մը զգուշանար օտար բառերէ եւ օգտագործէր անոնց համարժէք հայերէն բառերը:

Հաւանաբար անոնք պիտի ըսեն, թէ օտար բառերը կը հարստացնեն մեր լեզուն, ուստի պէտք չէ անոնցմէ հրաժարիլ, կամ պիտի արդարացնեն իրենք զիրենք՝ ըսելով, թէ մեր լսողութիւնը վարժուած է այդ բառերուն:

Եթէ խմբաւորենք այդ օտարամոլներուն պատճառաբանութիւնները, օտար բառերու պաշտպանութեան օգտին անոնց տուած հիմնաւորումները, կը ստանանք հետեւեալ պատկերը:

1-Եզրերը միջազգային են, պէտք չէ թարգմանել:
2-Բառեր կան, որոնք հարազատ են մեր լսողութեան, կամ մեր լեզուին մէջ թափանցելով՝ արմատացած են արդէն:
3-Հետեւելով տարբեր ժողովուրդներու՝ պէտք է իւրացնել միջազգային իրաւունք ստացած կարգ մը եզրեր:

Բայց ի՞նչ հիմնաւորում պէտք է ունենան անոնցպատճառաբանութիւնները:  Օտարամոլները չե՞ն մտահոգուած, որ այդ տրամաբանութեամբ կ’իյնան չափազանցութիւններու մէջ:

Անոնք երբեմն զիջումներ կատարելով՝ կ’առաջարկեն զուգահեռներ՝ լիրիկ-քնարերգ, իդիալոգ-գաղափարախօս, եւ այլն:

Լաւ, ի՛նչ պատճառաբանութեամբ օգտագործենք զուգահեռներ եւ յանուն ի՞նչ բանի: Ընդհանրապէս լեզուն փոխառութեան կը դիմէ այն պարագային, երբ պէտք զգայ: Հայոց լեզուն ունի համարժէքներ, որոնք աւելի հասկնալի են, հետեւաբար պէտք չունի զուգահեռներու: Միթէ հայոց լեզուն այդքան ագա՞հ է, որ ցանկայ իր ունեցածին դիմաց օտար բառերու տիրանալու:

Օտարամոլներ կ’ըսեն, թէ հարկ չկայ հայկականով փոխարինել հինէն ի վեր մեր լեզուին մէջ մուտք գործած շարք մը օտար, քաղաքական, գիտական, մասնագիտական, մշակութային եւ կենցաղային բառեր, որովհետեւ անոնց հայերէն հնչիւնները դադրած են հասկնալի ըլլալէ:
 

Առնենք, օրինակ, կենցաղային բառ մը՝ ճաշակելիքներու վերաբերեալ:Առանց որեւէ ճիշդ հիմնաւորման՝ անոնք պիտի պաշտպանեն «հաթ-տակ» բառը եւ պիտի պարսաւեն նրբերշիկը: Վերոյիշեալ բառը պէտք չունինք նոյնիսկ պատճէնաւորումով փոխ առնելու:

Պիտի ըսենք, թէ պէտք չէ միշտ տարբեր լեզուներէ պատճէնաւորումով թարգմանել: Եթէ ունինք բառը, պէտք է օգտագործենք:

Եւ գլխաւորը այն է, որ եթէ այդ բառը կ’արտայայտէ տուեալ առարկայի մը կամ երեւոյթի մը իմաստը, ուրեմն ճիշդ է եւ օգտագործելի: Տուեալ պարագային «նրբերշիկ» ըսելով՝ միթէ տարբե՞ր բան կը պատկերացնենք, կամ անիկա ուտելիքին իմաստը չ’արտայայտե՞ր: Ի՞նչ է նրբերշիկը, արդեօք երշիկի տեսակ չէ՞:

Նման բառեր շատ կան՝ սուփ-արգանակ, փիւրէ-խիւս, մենիւ-ճաշացանկ եւ այլն:

Միթէ թոյլատրելի՞ է հիմնուիլ առօրեայ գործածական բառերու վրայ եւ գրաւոր խօսքի վկայական տալ անոնց: Ի հարկէ այդ չի նշանակեր, որ պէտք է ձերբազատուիլ կենդանի խօսքերէ: Այդ պարագային պէտք է հայկական բազմաթիւ բառերու հրաժեշտ տանք: Այստեղ կայ հարցին երկրորդ երեսը. Յաճախ որոշ մարդիկ կ’ամչնան մաքուր հայերէնով խօսելու, հետզհետէ ալ կ’ամչնան մաքուր հայերէնով գրելու: Իսկ մաքուր հայերէնով խօսիլն ու գրելը ոչ միայն ամօթ չէ, այլեւ անհրաժեշտ է ու պարտադիր: Չէ՞ որ մենք հետագայ սերունդներուն հետ գրաւոր խօսքի միջոցով կապուած ենք: Անոնք հետագային կրնան մեղադրել մեզ՝ անհարկի բառերու օգտագործման համար:

Պատճառաբանութիւններէն մէկն ալ այն է, որ նախկին հասկնալի հայերէն բառերը իրենց դիրքերը զիջած ու տեղի տուած են «միջազգային գործնական բառերուն» դիմաց, որոնք աւելի հասկնալի են, յարմար են կամ՝ արտայայտիչ:

Կը զարմանանք, թէ օտարամոլը ի՛նչ տրամաբանութեամբ օտար բառերը աւելի հասկնալի նկատած է:

Ինչո՞վ անհասկնալի են, անյարմար եւ անարտայայտիչ՝ վեհաժողով, գաղափարախօսութիւն, քնարերգութիւն, մտաւորականութիւն բառերը: Օատարամոլին համար այստեղ պատճառաբանութիւն չկայ վստահաբար: Թերեւս միակ պատճառաբանութիւնը այն է, որ այս պարագային ամէն ոք այդ բառերուն կը դիմէ, հետեւաբար միջազգային բառերը աւելի լայն հասկացողութիւններ են: Նախ երբեք չեն խորացած այդ միջազգային բառերուն մէջ, եւ այնպէս կը յայտարարեն, թէ «լայն է» , հետեւաբար սեփականն ալ նեղ է ու չի կրնար արտայայտել այն, ինչ որ կ’ընէ միջազգայինը:

Կան այնպիսիներ, որոնք կ’ըսեն, թէ մեր հին սեփական բառերը հիւանդութիւններով վարակած են մեր լեզուն, եթէ մեր ժողովուրդը աւելի քիչ օտար բառեր օգտագործէ, աւելի նուազ «մշակոյթ»-ի տէր կ’ըլլայ:

Միթէ արեւմտահայ գրական լեզուն սխա՞լ վարուեր է՝ հրաժարելով անցեալին մեր լեզուին մէջ մուտք գործած բազմաթիւ օտար անհարկի բառերէ:

Այս կարգի մարդիկ իրենց արդարացումը հիմնաւորած են այն պատճառաբանութեամբ, իբր թէ անհիմն է օգտագործել հայկական հին բառերը, քանի այդ ձեւով դէմ եղած պիտի ըլլանք լեզուական մաքրութեան, որուն համար պայքարիլը յետադիմութիւն կը նկատեն անոնք: Այստեղ պէտք է խոտովանինք, թէ անոնք անգիտակցաբար եւ առանց հիմնաւորման կը վիրաւորեն, օրինակ Մխիթարեանները, որոնք մեր հնադարեան լեզուն բառաստեղծումներով հարստացուցած եւ հասցուցած են նախանձելի մակարդակի մը:

Ահա թէ այս մասին ինչ ըսած է հունգարացի արեւելագէտ Էոմոնտ Շուցը.

«Բառային հարստութեան նախանձելի առանձնայատկութիւններէն մէկը այն է, որ հայերէնի իւրաքանչիւր նոր հասկացողութիւն միշտ կրցած է ստեղծել նոր ու դիպուկ բառ, երբեմն նոյնիսկ ոչ միայն մէկ, այլ՝ շարք մը բառեր»:

Օտարամոլներ պէտք է գիտնան նաեւ այն, թէ լեզուն կը զարգանայ սեփական միջոցով:

Վերջացնելէ առաջ, օտարախօս-օտարամոլներու համար պիտի թուեմ քանի մը խորհուրդներ, որպէսզի քիչ մը աւելի զգուշանան եւ իրենց խօսակցութեան կամ գրութեան ընթացքին օգտագործեն մաքուր հայերէն.

Ա. Հրաժարիլ այն բոլոր օտար բառերէն, որոնք ունին իրենց հայերէն համարժէքները:

 Բ. Հրաժարիլ այն բոլոր օտար բառերէն, որոնք սկզբնական շրջանին չեն ունեցած հայերէն զուգահեռներ, եւ որոնք ստեղծուած են հետագային, մեր լեզուի բառակազմական միջոցներով:

 Գ. Թոյլ չտալ օտարաբան-հայերէն զուգահեռներու գործածութեան:

 Դ. Չհիմնուիլ այն բանին վրայ, թէ օտար բառերը աւելի «լայն» հասկացողութիւն գտած են ու հարազատ են մեր լսողութեան:

 Ե. Անհրաժեշտ պարագաներուն՝ դիմել փոխառութեան:

 Այս յօդուածը կ’ուզեմ վերջացնել Էտմոնտ Շուցի հետեւեալ խօսքերով. «Հայոց լեզուն իր լեզուաստեղծական ուժով ընդունակ է խոյանալու մինչեւ Մասիսի բարձրունքները եւ միաժամանակ բիւրեղեայ է, ինչպէս՝ Սեւանայ լիճին ջուրերը»…



You May Also Like
Read More

Նողկանք

Ռուբէն Յովակիմեան, Սեն Ռաֆայել, 14 Մայիս 2022 «Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ հայ առաքելական եկեղեցին մե՛ր օրերում, մե՛ր աչքի առաջ…
Read More