Ոսկերիչներու Միջազգային Հաւաքոյթ

Ռուսիոյ Ոսկերիչներու Միութեան 100 Ամեակի Եւ Ոսկերիչներու «Կելտ»-ին 15 Ամեակի Զոյգ Առիթներով՝

Միջազգային ֆորում եւ փառաւոր ճաշկերոյթ-պարահանդէս՝ «Հայկական ԷՍԹԵԹ» ոսկերչական հաստատութեան մէջ

Համօ Մոսկոֆեան, Մոսկուա-Պէյրութ, 24 Սեպտեմբեր 2013

Հայաստանի, Ռուսիոյ, ԱՊՀ երկիրներու, Լիբանանի, Ֆրանսայի, ԱՄՆ-ի եւ այլ երկիրներու ոսկերիչներու, գոհարավաճառներու, ֆինանսիստներու, դրամատնային ղեկավարներու, լրատուութեան ներկայացուցիչներու, պետական հիւրերու հոծ մասնակցութեամբ՝ Սեպտեմբեր 13-14-ին՝ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ ոսկերչութեան միջազգային «յոբելեանական» ֆորումը Մոսկուայի Իլինքա կեդրոնական պողոտային վրայ գտնուող, Քրեմլինի կողքին վեր բարձրացող Ռուսիոյ Առեւտուրի եւ Արդիւնաբերութեան Պալատին մէջ, 13 Սեպտեմբերի առաւօտեան:

Ձախէն Երրորդը՝ Գագիկ Գէորգեան

Ռուսիոյ ոսկերչական 15 ամեայ «Կիլտ»-ի նախագահ Գագիկ Գէորգեան, իր հայ եւ ռուս գործընկերներուն հետ ջերմօրէն կը դիմաւորէր մասնակիցները, որոնց մէջ էին նախկին պէյրութահայ, այժմ հռչակաւոր ոսկերիչ Պերճ Ապաճեան («Պերճիօ»), լիբանանահայ երիտասարդ ու տաղանդաշատ ոսկերիչ Սարգիս Պարսումեան, «Միացեալ Հայկական Ֆոնտ»-ի նախագահ Յարութ Սասունեան:

«Հայկական» հիւրասիրութենէն ետք, ներկաները հրաւիրուեցան սրահ, ուր տեղի ունեցան բացման եւ ողջոյնի խօսքեր, գլխաւոր կազմակերպիչ Գագիկ Գէորգեանի, Ռուսիոյ Առեւտուրի եւ Արդիւնաբերութեան Պալատի նախագահ Սերկէյ Քաթիրինի, Ռուսիոյ դրամատուներու միութեան նախագահ Գարեգին Թոսունեանի, «Ռուսիա-Պիզնես» ոչ-կառավարական կազմակերպութեան նախագահ Վ. Վ. Փութինի տնտեսական խորհրդական Սերկէյ Կլազիեւի, Սան Փեթերզպուրկի ոսկերիչներու միութեան նախագահ Ալեքսէյ Փամելնիքովի, «Պերճիօ» ոսկերչական հաստատութեան (ԱՄՆ) նախագահ Պերճ Ապաճեանի եւ այլոց կողմէ:

Մինչեւ երեկոյ տեւած համագումարը ընդհատուեցաւ հիւրասիրութեամբ եւ ճաշկերոյթով, որոնց ընթացքին մասնակիցները առիթը ունեցան գործնական կապեր հաստատել ու միտքեր փոխանակել:

Սեպտեմբեր 14-ի երեկոյեան ճաշկերոյթ-պարահանդէսը երկար ժամանակ պիտի մնայ ինչպէս Մոսկուայի եւ Ռուսիոյ ընտրանիին՝ այնպէս ալ արտասահմանէն յատուկ ժամանած բարձրաստիճան հիւրերու յիշողութեան մէջ, որոնց կարգին էին Ալեքսանտր 3-րդ Ցարին ծոռն ու ծոռնուհին, որովհետեւ այս իրադարձութիւնը նուիրուած էր նաեւ Ռոմանոֆներու հիմնադրութեան 400 ամեակին, որոնք հաստատած ու քաջալերած էին ոսկերչութեան զարգացումը եւ ոսկերչութեան միութեան հիմնադրութիւնը 100 տարի առաջ…:

«Էսթեթ» հաստատութեան 6-րդ յարկի հրաշալի դահլիճին մուտքին՝ նախագահ Գագիկ Գէորգեան եւ իր վաստակաշատ եղբայրները, «Էյ-Ճէյ»-ի գործադիր տնօրէն, խորհրդահայ նշանաւոր դիւանագէտ Կամօ Ուտումեանի որդին Արտակ Ուտումեան, զանգուածային լրատուութեան եւ ընկերային կապերու պատասխանատու Լուսիկ Ղուկասեան դիմաւորեցին հարիւրաւոր պատուարժան հրաւիրեալները, արքայական ժամանակները յիշեցնող սեղաններու շուրջ:

Բարի գալուստի խօսքերէ ետք, արհեստավարժ երաժիշտներով օժտուած նուագախումբը իր քայլերգներով եւ «Վալս» ու «Պալետային» երաժշտութեամբ՝ անմահ Չայքովսքիէն եւ Շթրաուսէն՝ հարթակ հրաւիրեցին չքնաղ պարուհիներ եւ պարողներ, որոնք ներկաները փոխադրեցին արքայական երանելի օրերը:

Միւս կողմէն Լատին Ամերիկեան պարերու բազմիցս ախոյեան-ախոյեանուհիներ «Ռոք–Էնտ-Ռոլ»-ով, «Թանկօ»-յով ու «Քոմփարսիթա»-ով հմայեցին ներկաները, բուռն ծափողջոյններու տարափի ներքոյ:

Խօսք առին նաեւ Ռոմանոֆներու շառաւիղները, պետական գործիչները եւ Ռուս Օրթոտոքս եկեղեցւոյ ներկայացուցիչը: Ապա, տեղի ունեցաւ բարեգործական վիճակահանութիւն, գործօն մասնակցութեամբ աշխարհի գեղեցկութեան թագուհիին, որուն հասոյթը տրամադրուեցաւ ազգօգուտ ծրագիրներու:

Մինչեւ ուշ գիշեր շարունակուող անմոռանալի երեկոն, կազմակերպուած Ռուս-Հայկական դարաւոր եղբայրութեան հովանիին ներքոյ, ակամայ վերջ գտաւ, նորանոր յաջողութիւններու ու նուաճումներու մաղթանքով:

You May Also Like