Ոտնահարելով պարկեշտութեան բոլոր սահմանները, ՌԱԿ-ը եւ անոր թղթային ու էլեկտրոնային մամուլը վերջին օրերուն սկսած են կեանքիս մէջ չլսած ու չկարդացած ստոր արշաւ մը Գարեգին Բ.ի գահընկեցութիւնը պահանջողներուն, այդ թիւին` իմ հասցէին: Կը բաւէ յիշատակել ՌԱԿ-ի անունէն 21 յուլիս 2018 թուական կրող յայտարարութեան այս հատուածը.
– Այս շարժումի պարագլուխներուն իսկ խոստովանութեամբ, այս նախաձեռնութիւնները կը թելադրուին, կը ղեկավարուին եւ կը ֆինանսաւորուին օտար կառոյցներու կողմէ…

Այդ շարժումի պարագլուխներէն մէկն ըլլալով, ի լուր ձեզի եւ աշխարհի կը յայտարարեմ, թէ նման հաստատումը ամբողջովին մտացածին է, ստորագոյն յերիւրանք, եւ ցոյց կու տայ զայն մոգոնողներուն անբարոյականութեան մակարդակը (եթէ քանի մը կտոր եղած ու զիրար յօշոտող ՌԱԿ-ի թեւերուն համար դեռ կարելի է խօսիլ բարոյականութեան մակարդակի մասին): ՌԱԿ-ի պատմութիւնը լեցուն է օտար կառոյցներու թելադրանքով, ղեկավարումով ու ֆինանսաւորումով բազմաթի~ւ դրուագներով, արձանագրուած` պետական գաղտնի փաստաթուղթերու եւ այլ նիւթերու մէջ, որոնցմէ ոմանք աստիճանաբար կը ներկայացնեմ աշխարհասփիւռ հայութեան, որպէսզի բոլորն ալ գիտնան թէ ով ով է, ինչը` ինչ: Նաեւ` ինծի կը վերապահեմ Հ. Հ.ի դատարաններուն մէջ արժանապատուութիւնս պաշտպանելու եւ սուտեր ու յերիւրանքներ տարածողները պատասխանատուութեան կանչելու իրաւունքը:
Նկատի ունենալով ՌԱԿ-ի եւ անոր խoսափողներուն այս` մեղմագոյն արտայայտութեամբ` անվայել ընթացքը, կը դադրեցնեմ ամէն աշխատակցութիւն ՌԱԿ-ի մամուլին, նաեւ` ամէն յարաբերութիւն ՌԱԿ կոչեցեալ գարշահոտած կառոյցին ու անոր անդամներուն հետ:
Առանց որեւէ յարգանքի`
Գէորգ Եազըճեան
Երեւան, 23 յուլիս 2018