Ոտքդ Պագնեմ, Հայ Զինուոր

 Մեթր Պարգեւ Դաւիթեան, Թորոնթօ, 11 Ապրիլ 2016

Բարեկամէ մը ստացայ Իսրայէլի The Jerusalem Post օրաթերթին մէջ լոյս տեսած յօդուած մը` Azerbaijan under Siege: A Friend of Israel in Need of Our Support, որ կը կրէ Ապրիլ 6 թուականը եւ գրուած է Իսրայէլ Պարուք անունով մէկու մը կողմէ։ Յօդուածը լեցուն է գաղափարներով ու միտքերով, որոնք կը գնուին քարիւղի տոլարներով եւ որ ամօթի պատին կը գամէ հօլօքոսթի զոհ կոչուող ժողովուրդին պատկանող այդ անձը։

Գրիչս պիտի չաղտոտեմ յիշելով այն ինչ որ ըսուած է հոն։ Անցեալին երբ այդպիսի բան կարդայի, կ’ընդվզէի, կը ջղայնանայի ու կը բորբոքէի եւ գրիչս վերցնելով անպայման բողոքի նամակով մը թերթին եւ գրողին սխալ միտքը շտկելու կամ ճշմարտութիւնը իմացնելու փորձ կը կատարէի։ Այլեւս այդ բանը չեմ ըներ, որովհետեւ համոզուած եմ որ ուրիշին խօսք հասկցնելը անօգուտ է, երբ այդ ուրիշը շահի եւ դրամի շուկային վրայ ծախու դրուած է։

Համոզուած եմ նաեւ ճշմարտութեան որ իմաստութիւն կը խրատէ խօսքով անոր որ կ’ըսէ.

          «Թէ որ կանգնես ամէն անգամ՝ պատասխանես վատ մարդկանց,
           Ետ կը մնաս իմ բարեկամ, չես ստեղծի ոչ մի գանձ։
           Ականջ մի դիր բամբասանքին, գնա՛ ճամբով անսխալ,
          Եւ թող գործը քո թանկագին, նրանց լինի պատասխան»։

Այո՛, թող մեր գործը ըլլայ պատասխան մեզի չարամտօրէն վնաս հասցնողներուն։ Եւ այդ պատասխանը տուաւ մեր ժողովուրդը վերջին քանի մը շաբթուան ընթացքին, երբ ան իր բոլոր ուժերով եւ կողմերով, Հայաստանով ու Սփիւռքով, կանգնեցաւ կողքին Արցախի, ուր նորօրեայ սարդարապատեան ոգի կը սաւառնի եւ աշխարհին քաջութիւն կը ցուցադրուի։ Հայրենիքի եւ պետութեան կողքին կանգնիլը դարձած է ամենասրբազան առաքելութիւն եւ շրջանցած է իշխանութեան դէմ ըլլալու քաղաքական դիրքորոշումը։ Այս առնչութեամբ, նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի յայտարարութիւնը, թէ նախագահ Սարգսեան պէտք է վայելէ մեր ժողովուրդի անվերապահ նեցուկը երբ նստի դիւանագիտական բանակցութիւններ վարելու Արցախի հարցը կարգաւորելու համար, ճիշդ է, տեղին է եւ խոհեմ ու ազգավայել դիրքորոշում է։ Առաւել, հայրենի իշխանութիւնն ալ գիտակցած ըլլալ կ’երեւի մեր ժողովուրդին հետ խրամատներու մէջ նստելու, անոր հետ կռուելու եւ թշնամի ու բարեկամ աշխարհին առջեւ հայու անխորտակ կամքը ցոյց տալու։

Կ’ըսուի թէ անմահանուն բանաստեղծ Աւետիք Իսահակեան ատենօք ըսած է թէ «հայը դժոխքի յատակը երկրի վրայ տեսած է», երբ կը խօսէր մեր մէկուկէս միլիոն նահատակաց, մեր հրկիզուած ու ամայի դարձած հայրենի գիւղերու եւ քաղաքներու մասին։ Իսահակեանի նկարագրած կրակին ծանօթ մեր ժողովուրդը, որ անցեալի դժոխքէն վեր կանգնելով կերտեց իր պայծառ ու յուսադրիչ ներկան, երբեք տրամադրութիւն չունի դժոխքի յատակը նորէն դրուելու։ Ահա թէ ինչո՞ւ հաճելի է տեսնել Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ փափաքն ու վճռակամութիւնը ամէն հայու` դառնալու զինուոր ճակատի վրայ կամ ճակատէն հեռու, յօգուտ Արցախի եւ Հայաստանի։ Իր պատիւն ու արժանապատուութիւնը Արցախի ազատագրումով վերագտած մեր ժողովուրդը գիտէ թէ իր սեփական ուժերուն եւ մարտական ոգիին վրայ վստահելով երէկուայ անկարելին կը դառնայ կարելի այսօր, եւ դարաւոր երազը կը դառնայ գործադրելի՝ ուշ կամ կանուխ։

Այսպիսի ոգիով գրելու եւ արտայայտուելու կարելիութիւն պիտի չընծայուէր մեզի, եթէ վերջին անակնկալ հարուածին տակ իր դիրքերը լքէր կամ անձնատուր ըլլար Արցախի ճակատին վրայ պաշտպան կանգնած հայ զինուորը։ Եւ եթէ ականջ տանք նախագահ Սարգսեանի յայտարարութեան, թէ հայ զինուորը կը կռուէր 1980-ական թուականներու զէնքով ընդդէմ թշնամիի մը որ կը գործածէր քարիւղի միլիառներով գնուած արդիական առաջատար թանկեր, հրթիռներ ու օդանաւեր, եւ նկատի առնելով թշնամիին կասեցումն ու հեռացումը մեր սահմաններէն հակառակ անոր ռազմական սարքերու մէջ ունեցած առաւելութեան, ապա քիչ է հիանալ եւ պարծենալ հայ զինուորի անզուգական կարողութեան եւ քաջութեան վրայ։ Ան կը դառնայ առասպելական Սասունցի Դաւիթի արժանի զաւակը, արժանի` դասուելու մեր սուրբերու շարքին, որուն համար ամէն հայ պարտի խոնարհիլ իր առջեւ եւ երկիւղածութեամբ գոչել. «ՈՏՔԴ ՊԱԳՆԵՄ, ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐ»։

You May Also Like
Read More

ՀՀ-ի իրավահաջորդության խնդիրը կամ Հայոց պետական այրերի մեղքերի սրբագրման նոր միջոց

Վահե ՍԱՐԳՍՅԱՆ, «Միտք» վերլուծական կենտրոն , 25.10.2009թ . Հայ-թուրքական արձանագրությունների նախաստորագրմամբ հասարակական լայն քննարկումների մեկնարկից հետո մեջտեղ եկան…
Read More