Երան Գույումճեան, Նիկոսիա, 22 Հոկտեմբեր 1913
22 տարի է արդէն, որ մեր երկիրը անկախ է՝ իր եռագոյն դրօշով, զինանշանով, քայլերգով, դրամական միաւորով եւ այլ ստորոգելիներով, իր սեփական բանակով, Սահմանադրութեամբ, իր լիիրաւ անդամակցութեամբը Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան: Տակաւին՝ իր դեսպանութիւններովը աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ: Այս բոլորը վստահաբար կարեւոր են անկախ պետականութեան մը գոյառումին եւ կայացումին համար, բայց բաւարա՞ր են արդեօք….պետական կեանքը ձեռնհասօրէն ղեկավարելու համար:
Երան Գույումճեան, Նիկոսիա, 22 Հոկտեմբեր 1913
22 տարի է արդէն, որ մեր երկիրը անկախ է՝ իր եռագոյն դրօշով, զինանշանով, քայլերգով, դրամական միաւորով եւ
Յայտնի փաստ է, որ մեր երկիրը անկախացաւ շատ ծանր պայմաններու տակ՝ հայրենաւեր մեծ երկրաշարժէն քարուքանդ գիւղեր ու քաղաքներ, հարիւր հազարաւոր անօթեւան փախստականներ Ատրպէյճանէն, պատերազմական իրավիճակ Արցախի մէջ, շրջափակում, ընկերային-տնտեսական փլուզուող համակարգ եւ դրութիւն….: Բայց կը թուէր որ 1988-ի ոգեղէն հրայրքի ժայթքումը, ազգային ինքնագիտակցութեան հրեղէն զարթօնքը, ամիսներ տեւած միլիոնանոց ցոյցերու միասնական բռունցքաւորումը՝ Երեւանի «Ազատութիւն» հրապարակին վրայ, պիտի կարենային անկախութեան մեր արժանապատիւ երթը երաշխաւորել եւ ամուր հիմքերու վրայ դնել ազգային մեր պետականութիւնը: Իրականութիւնը, սակայն, այլ հունով ընթացաւ: Իրականութիւն՝ որուն ամէնէն ցաւոտ, ողբերգական, Հայ լինելութեան սպառնացող արտայայտութիւնը՝ ահագնացող թափով արտագաղթն է մեր երկրէն, Հայաստան աշխարհի հայաթափումը: Իսկ բոլոր այն գոծօնները, որոնք անմիջական պատճառն են մարդկային այս արիւնահոսութեան՝ տնտեսական-ընկերային, բարոյա-հոգեբանական եւ այլ, գուցէ կը բխին առաւել խոր արմատներ ունեցող հիմնական ախտէ մը:
1923-ին, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան ականաւոր դէմքերէն Յովհաննէս Քաջազնունի՝ ցաւագին ապրումներով, այլեւ յանդուգն ինքնաքննադատութեամբ եւ համարձակախօսութեամբ, պիտի գրէր. «Մենք չենք ունեցել որոշ ու յստակ գիտակցութիւն մեր անելիքի մասին, չենք ունեցել մի ղեկավարող սկզբունք ու տեւողական, հետեւողական սիստեմ, գործել ենք կարծես յանկարծակի ու պատահական ներշնչումների տակ, տատանուել ենք, պատից-պատ ընկել, կէսկուրօրէն շօշափելով ոտներիս տակի հողը:…..Կտրուկ ենք եղել այնտեղ, ուր պէտք էր ծայրայեղ զգուշութիւն, ու անվճռական այնտեղ, ուր պէտք է կտրուկ լինէինք: Չենք կարողացել տարբերել պետութիւնը կուսակցութիւնից ու կուսակցական մտայնութիւն ենք մտցրել պետական կեանքի մէջ: Պետական մարդիկ չէինք մենք»:
Իսկ հիմա՞: Ունի՞նք պետական մտածողութիւն: Ունի՞նք ազգային-պետական անվտանգութեան, լինելութեան, զարգացման ռազմավարական ծրագիր, «մի ղեկավարող սկզբունք», հիմնուած մեր ազգային-մշակութային-բարոյական արժեհամակարգին ու ազգային գաղափարախօսութեան վրայ: Թէ՞՝ կը տատանուինք դարձեալ աջ ու ձախ, համահայկական գաղափարախօսութենէ զուրկ էապէս: Այն գաղափարախօսութենէն՝ որ պիտի արհամարհուէր Գ. Հանրապետութեան նոյնինքն հիմնադիր առաջին նախագահին կողմէ, եւ հռչակուէր որպէս «քաղաքական կեղծ կատեգորիա»: Ունի՞նք պետական մտածողութիւն, ազգային-պետական հաւաքական շահերու եւ հիմնախնդիրներու ինքնագիտակցութիւն, անոնց լուծումին նուիրուելու պատասխանատուութի՞ւն ու յանձնառութի՞ւն, թէ՞ կը շարունակենք վերը նշուած գործելակերպը՝ կուսակցական-հատուածական մտայնութիւնը շփոթելով պետականին հետ:
Ասոր ցայտուն մէկ օրինակն էր գուցէ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցութեան խնդիրը՝ Եւրոպական Միութեան Ընկերակցութեան (Ասոցացման) կամ/եւ Ռուսաստանի Դաշնութեամբ գլխաւորուած Մաքսային Միութեան: Խնդիր մը՝ շատ հրատապ, որուն շուրջ այնքան մելան հոսեցաւ ամիսներ շարունակ, եւ որուն մասին հայ քաղաքական միտքը չկրցաւ յստակ դիրքորոշում ցուցաբերել: Մեր պետական այրերն ալ երկու լարի վրայ խաղալու գործելակերպի տպաւորութիւն դրսեւորեցին, իրենք ալ կարծէք չգիտնալով բուն ընելիքը եւ դարձեալ տատանուելով երկու բեւեռներու միջեւ, առանց լուրջ քննարկումի առարկայ դարձնելու, թէ՝ անդամակցելով վերպետական այս կամ այն հզօր կառոյցին, ի՞նչ պիտի շահէր Հայաստանը եւ ի՞նչ պիտի զիջէր ան: Ի՞նչ պիտի ըլլար յաջորդական քայլը, ի՞նչ կը նախատեսուէր նման ծանրակշիռ քայլ մը առնելու պարագային: Ի՞նչ կը թելադրէր ազգային Ռազմավարական Միտքը. ի՞նչ կը թելադրէր Ղարաբաղի ինքնորոշուած, բայց դեռեւս միջազգայնօրէն չընդունուած հանրապետութեան Անվտանգութիւնը: Հայ Դատի, մեր պատմական իրաւունքներու Պահանջատիրութիւնը: Յետոյ, ինչպէս յայտնի է, մետասաներորդ ժամուն, հրապարակուեցաւ ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի յանկարծական որոշումը՝ միանալու Ռուսաստանի Դաշնութեան գլխաւորած Մաքսային Միութեան: Կարճ, կտրուկ, առանց բացատրութեան:
Արդարեւ, կա՛յ տարրական ճշմարտութիւն մը քաղաքական-տնտեսական-ռազմական կեանքին մէջ: Ատիկա շահի հետապնդումն է: Որեւէ մէկ այլ պետութիւն կամ թէ վերպետական կառոյց չի մօտենար մեզի «Մեր սեւ աչքերուն սիրոյն», այլ միայն ու միայն՝ իր սեփական շահերէն ելլելով: Նոյնն է պարագան վերպետական կառոյցներուն՝ Եւրոպական Միութեան Ընկերակցութեան, թէ Մաքսային Միութեան անդամակցութեան: Երկուքն ալ կը միտին մեզ ներգրաւելու իրենց ազդեցութեան գօտիին, քաղաքա-տնտեսական հակակշիռին, սեփական շահերու ոլորտէն ներս: Ներգրաւուիլ այդ կառոյցներուն մէջ կը նշանակէ էապէս զիջիլ ազգային-պետական մեր ճակատագրին տէրը ըլլալու ազատութենէն եւ պատասխանատուութենէն, մեր ճակատագրի, ներառեալ Հայ Դատի, մեր պատմական իրաւունքներու հետապնդման տնօրինումը յանձնել ուրիշին: Որպէս ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ, արդեօ՞ք այս է մեր ուզածը: Զիջի՞լ մեր ինքնիշխանութիւնը եւ մեր փրկութիւնը փնտռել օտարէն, թէ՞՝ ստանձնել մեր ճակատագրի պատասխանատուութիւնը, ինչպէս վայել պիտի ըլլար ՊԵՏԱԿԱՆ ՄՏԱԾՈՂՈՒԹԵԱՄԲ առաջնորդուող պետութեան մը:
Ունի՞նք սակայն այդ պետական մտածողութիւնը, ազգային-հաւաքական շահերու, իրաւունքներու, արժեհամակարգին վրայ հիմնուած ռազմավարական մտածողութիւն ու ծրագիր, անով առաջնորդուելու յանձնառութիւն: Եթէ ոչ, ապա մենք դիւրաւ կը դառնանք վերպետական կառոյցներու կամ գերհզօր պետութեանց աշխարհակալական ախորժակներուն ծառայող գործիք, որոնք վայրկեան իսկ չեն վարանիր տրորելու եւ ոտքի կոխան ընելու մեզ, եթէ ա՛յդ կը պահանջէ իրենց շահը: Վկայ՝ մեր բազմադարեան պատմութիւնը: Սխալ չհասկցուինք: Խօսքը՝ հովանաւոր-ապաւէն փնտռելու մեր աւանդական ապաւինողականութեան մասին է, ոչ թէ՝ փոխ-շահաւէտ գործակցութեան միտող դաշնակիցներ ունենալու կարեւոր հանգամանքին: Այս երկուքը էապէս կը տարբերին իրարմէ, քանզի դաշնակիցին հետ փոխօգնութեան, փոխգործակցութեան ծրագիրներ կը մշակեն պետութիւններ, սակայն չեն ապաւինիր ստրկամտօրէն անոր հովանաւոր ոյժին՝ իրենց ազգային ծրագիրները մշակելու համար: Սա չէ՞ պետական մտածողութեան հիմնատարրերէն մէկը:
Նոյն այդ պետական մտածողութեան բացակայութիւնը չէ՞ պատճառը, որ ցարդ չունինք կառավարման այնպիսի համակարգ, որ համահունչ ըլլայ մեր ժողովուրդի իղձերուն ու տագնապներուն, յոյզերուն եւ յոյսերուն, մեր ազգային տեսլականին հետ: Համակարգ՝ որ արդար, արժանավայել, օրինակարգ կեանք մը ապահովէ հայրենի համայն ժողովուրդին եւ չըլլայ սոսկ խումբ մը մարդկանց՝ բացառիկ առանձնաշնորհումներ ընձեռող համակարգ՝ ի հաշիւ երկրին ու ժողովուրդին անխնայ կեղեքումին ու հարստահարումին: Համակարգ, վերջապէս, որ հիմնուած ըլլայ էապէս հայ մշակութային-հոգեւոր արժէքներուն եւ համահայկական գաղափարախօսութեան վրայ…:
Ե՞րբ վերջապէս պիտի կարենանք պետական մտածողութեամբ պետական ազգ դառնալ եւ ապրիլ ազատ, արժանապատիւ, կանոնաւոր ազգային-հասարակական-պետական կեանքով: Վստահաբար կը կարենանք, եթէ ունենանք ճշմարիտ ճանաչումը մեր արժէքներուն եւ արժանապատւութիւնը զանոնք ապրելու եւ ապրեցնելու լիարժէք կերպով: Կը կարենանք, եթէ խիզախ ինքնաքննութեամբ ճանչնանք նաեւ մեր արատները, զանոնք՝ ըստ կարելւոյն, բուժելու նախանձախնդրութեամբ, թօթափելով մեր հաւաքական մարմնէն անձնական թէ խմբակային շահամոլութիւնը, ախտագին գաւառամտութիւնը, հատուածականութիւնը, եղբայրամերժ կուսակցամոլութիւնը, օտարին ապաւինելու ստրկամտութիւնը….: Եթէ կարենանք ի մի բերել մեր բոլոր ոյժերը՝ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք, մշակել ու յստակեցնել մեր համազգային տեսլականը, ռազմավարական ծրագիրը եւ անով առաջնորդուած՝ պետական աչալրջութեամբ ու հեռատեսութեամբ գլուխ հանել այն աշխարհաքաղաքական բարդագոյն խաղերէն ու դաւերէն, որոնք կը հիւսուին մեր շուրջ: Յայնժամ վստահաբար կը կարենանք նոր յառաջընթաց ուղի հարթել մեր պետական, ազգային-հաւաքական նաւին, որ նոյն ճահիճին մէջ կը մնայ խրուած՝ ահա քանի դարերէ ի վեր: ՈՒՆԻ՞ՆՔ ԱԶԳԱՅԻՆ-ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԱՅԴ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԿԱՄՔԸ….