Փոխան Խմբագրականի
Ինչպէս յայտնի է, շուրջ չորս տարի տեւած Ղարաբաղի ազատագրական, հայրենատիրական հերոսական պատերազմը, որ հպարտութեամբ լեցուց ողջ հայութեան սրտերը, վերջ գտաւ 1994 թուականի Մայիսին կնքուած հրադադարի համաձայնութեան ստորագրութեամբ:
Փոխան Խմբագրականի
Սակայն, այդպէս ալ, այդ զինադադարի կնքումը չի կրցաւ ամրագրել հայկական կողմի յաղթանակը, չի կրցաւ ամրագրել Լեռնային Ղարաբաղի 12,000 քմ.-նոց ազատագրուած տարածքի վերջնական կարգավիճակը, որ տեսակ մը ձգուեցաւ պատահականութեան…:
Արդեօ՞ք ասիկա պիտի ըլլար նախաքայլը՝ դիւանագիտական յետագայ նահանջներու, թէ պարտութեանց…:
Այնուհետեւ, մենք ունեցանք նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի 1997-ի լուծման փուլային տարբերակը, որ նկատուեցաւ անոր պարտուողական դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի կարգաւորման գծով եւ պատճառ դարձաւ իր հրաժարումին:
Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի օրով ալ, յառաջ քաշուեցաւ 1998-ի «ընդհանուր պետութիւն» տարբերակը, ուր յստակօրէն կը նշուէր.« Լեռնային Ղարաբաղը հանդիսանում է հանրապետութեան ձեւի պետական եւ տարածքային կազմաւորում եւ Ատրպէյճանի հետ միասին կազմաւորում է ընդհանուր պետութիւն՝ նրա միջազգայնօրէն ճանաչուած սահմաններում»:
Բայց ուշագրաւը այն է, որ Ատրպէյճանը չբաւարարուեցաւ այսքանով, մերժեց «ընդհանուր պետութեան» առաջարկը եւ քննարկման առարկայ դարձուց՝ Մեղրիով Նախիջեւանը Ատրպէյճանին կապող միջանցքի ստեղծումը, կամ՝ «Մեղրիի տարբերակը»: 2001-ի Ապրիլին՝ անգլիական հեղինակաւոր « The Economist» ամսագրին մէջ, մասնաւորապէս կը նշուէր, թէ Ղարաբաղեան ապագայ կարգաւորման ուրուագիծերը արդէն յայտնի դարձեր էին: Հայերը պիտի վերադարձնէին ատրպէյճանցիներուն իրենց «գրաւած» 7 շրջաններէն 6-ը:
Լեռնային Ղարաբաղը եւ անոր կից Լաչինի շրջանը պիտի ստանային ինքնակառավարման կարգավիճակ: Եւ, որպէս փոխհատուցում, Ատրպէյճանը պիտի ստանար միջազգայնօրէն վերահսկուող ճանապարհ, որ Ատրպէյճանը պիտի կապէր Նախիջեւանի հետ (այսինքն, պիտի անցնէր ՀՀ Մեղրիի տարածքով):
Մեղրիի տարբերակի լաւագոյն գնահատականը պիտի տար Հայոց սպարապետ Վազգէն Սարգսեանը, որ դեռ 1999-ի Սեպտեմբերին, նախքան իր եղերական սպանութիւնը, պիտի զգուշացնէր.« Եթէ տաք Մեղրին, ձեր արեան խառնում էք այն պենզինը, որը չի թունաւորելու, պայթեցնելու է ձեր գանկը»:
Այնուհետեւ, Լեռնային Ղարաբաղի կարգաւորման ուղղուած դիւանագիտական պարտուողական գործընթացը քայլ առ քայլ պիտի ուղղուէր Մատրիտեան հայակործան սկզբունքներու քննարկումին, որոնց նորացուած տարբերակը պիտի հրապարակուէր Յունիս 2009-ին:
Մատրիտեան 6 հիմնարար սկզբունքները կը բաղկանան հետեւեալ կէտերէ.- 1/ Լեռնային Ղարաբաղը շրջապատող տարածքներու վերադարձ Ատրպէյճանի հսկողութեան, 2/ Լեռնային Ղարաբաղի միջանկեալ կարգավիճակի տրամադրում, որ պիտի ընդգրկէ անվտանգութեան եւ ինքնակառավարման երաշխիքներ, 3/ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ միջանցքի ապահովում, 4/ Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական իրաւական կարգավիճակի յետագայ որոշում, իրաւականօրէն պարտաւորեցնող կամարտայայտութեան միջոցով, 5/ Ներքին տեղահանուած անձանց եւ փախստականներու իրենց նախկին մշտական բնակութեան վայրերը վերադառնալու իրաւունք, 6/ Անվտանգութեան միջազգային երաշխիքներ, որոնք պիտի ներառնեն խաղաղապահ գործողութիւն:
Մատրիտեան այս հայակործան սկզբունքները մեկնաբանելով, Շուշիի առանձնակի գումարտակի հրամանատար Ժիրայր Սեֆիլեանը պիտի նկատէր արդարացիօրէն.«…Եթէ հայերը չեն վերահսկելու այդ տարածքները, ապա նշանակում է, որ մօտ ապագայում ո՛չ Արցախ կը լինի, ո՛չ էլ՝ Հայաստան»:
Վերջերս ալ, 2011-ի Յունիս 24-ին՝ կայացաւ Քազանի հանդիպումը՝ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի նախագահներուն միջեւ, որուն աւարտին ընդունուեր է համատեղ, տեսակ մը ոչինչ ըսող, կամ թաքնիմաստ յայտարարութիւն…:
Պաշտօնական յայտարարութիւններէն բացի, կարեւորութեամբ պէտք է ընդգծենք, որ՝ Հայաստանի քաղաքացիներուն համար բացարձակ գաղտնիք է, թէ ի՞նչ կը քննարկեն միջնորդները, Հայաստանը, Ատրպէյճանը նման հանդիպումներուն, կամ՝ անոնց աւարտին, ի՞նչ կը յայտնեն Ղարաբաղի իշխանութեան, որուն ճակատագիրը կ’առաջադրեն տնօրինել առանց անոր մասնակցութեան…: Ո՛չ ալ հրապարակային բանավէճ տեղի կ’ունենայ այս կարեւոր հիմնախնդրին մասին: Ամէն ինչ կարծէք խորհրդաւորութեան քօղին տակ է թաքնուած…:
Յամենայնդէպս, այսօր, երբ կը դիտարկենք Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացը, զարմանալ ու ընդվզիլ միայն կրնանք, որ՝ ինչպէ՞ս Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանաւորները կրնան արտօնել, որ պարտուող կողմը իր կամքը թելադրէ յաղթող կողմին, եւ՝ «փոխզիջումնային» քաղաքականութեան անուան տակ, պատրաստակամութիւն յայտնել՝ երթալու միակողմանի զիջումներու, քննարկել ազատագրուած հայրենի տարածք վերադարձնելու առաջարկներ, անտեսելով Հայաստանի հանրապետութեան եւ ի մասնաւորի Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին կամքը…:
Պիտի կարենա՞նք վերջապէս շրջադարձ կատարել անձնատուական եւ պարտուողական այս քաղաքականութենէն եւ լիարժէք Տէրը դառնալ մեր յաղթանակին՝ ազատագրուած հայրենական հողին: Պիտի կարենա՞նք զգօն ու հեռատես դիւանագիտութեամբ ամրագրել մեր նորագոյն պատմութեան այն դարակազմիկ յաղթանակը, զոր նուաճեցինք շնորհիւ հայ ազատամարտիկներու մարտունակ, հերոսական ոգիին, շնորհիւ անոնց թափած սուրբ արեան: Թէ՞՝ դիւանագիտական սեղաններու շուրջ, պիտի զիջինք հայրենեաց հողը եւ անփառունակ վախճանի դատապարտենք մեր յաղթանակը, զայն վերածելով պարտութեան, անգամ՝ ազգային դաւաճանութեան…:
Երան Գույումճեան Խմբագրին Մասին
Երան Գույումճեան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան, ազգային ու մարդկային բարձր արժէքներով ապրող, բնիկ Կիլիկեցի՝ Գրիգոր եւ Պերճուհի Կերթմէնեաններու յարկին տակ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Հայ Կաթողիկէներու «Ս. Ընտանիք» կամ «St. Famille» (այժմ՝ Ս. Հռիփսիմեանց) վարժարանին մէջ: Ապա յաճախած է Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Դարուհի Յակոբեան աղջկանց երկրորդական վարժարանը եւ զայն աւարտած Պատուոյ յիշատակութեամբ վկայականով: Համալսարանական կրթութիւնը ստացած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ (A.U.B.), հետեւելով ուսողութեան ճիւղին (Mathematics):
Այնուհետեւ, ամուսնութեան բերումով, տեղափոխուած է Կիպրոս: Հեռակայ կարգով, իր ուսումնառութիւնը շարունակած է, հետեւելով Լոնտոնի համալսարանի Փիլիսոփայութեան դասընթացքներուն՝ հինգ տարի անընդմէջ, որուն աւարտին՝ յաջողութեամբ յանձնած է համապատասխան քննութիւններ, արժանանալով՝ Փիլիսոփայութեան Պսակաւոր Արուեստից (BA Honours in Philosophy) տիտղոսին: Իր հետաքրքրութիւնները ուսման այս բնագաւառէն ներս զինք մղած են թարգմանութիւններ կատարելու եւ պատրաստելու Արեւմտեան մտածողութեան հատընտիր մը՝ հայերէնով, որ ցարդ կը մնայ անտիպ:
Իր միութենական, մշակութային, կրթական եւ հրապարակագրական-խմբագրական գործունէութիւնը կ’ընդգրկէ հետեւեալ պաշտօնները.-
1979-1982՝ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Նիկոսիոյ Մասնաժողովի Գործադիր վարչութեան Ատենադպիր:
1982-1992՝ Նոյն Մասնաժողովի Մշակութային Մարմնի Ատենապետ:
1986-1996 եւ 2006-2010՝ Նարեկ Վարժարաններու Հոգաբարձութեան Ատենադպիր:
2010-էն մինչեւ օրս՝ Նարեկ Վարժարաններու Հոգաբարձութեան Խորհրդական:
1989-1999՝ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան Հոգաբարձութեան Ատենադպիր:
1997-2003՝ «Փարոս» ամսաթերթի Գլխաւոր Խմբագիր:
2003-2011՝ «Ազատ Ձայն» ամսաթերթի Գլխաւոր Խմբագիր:
Իր հրապարակախօսական եւ այլ յօդուածները լոյս տեսած են, մեծաւ մասամբ, վերոնշեալ թերթերուն մէջ: Իր գործօն եւ պատասխանատու մասնակցութիւնը բերած է՝ «Ղարաբաղի օգնութեան Կիպրոսի Յանձնախումբ»ի, «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Յանձնախումբի, Հայաստանի Պետական Քրիստոնէացման 1700-ամեակի Յանձնախումբի աշխատանքներուն: Նմանապէս՝ Մելգոնեանի կազմակերպած տարեկան «Հայ Մշակոյթի Շաբաթ»ներուն եւ այլ գրական-գեղարուեստական ձեռնարկներուն, ինչպէս նաեւ Յոբելենական Հանդիսութիւններուն: Հրապարակախօսական ելոյթներ ունեցած է տարբեր առիթներով Կիպրոսի մէջ թէ այլուր:
Մասնակցած է եւ իր խօսքը ներկայացուցած է հետեւեալ Խորհրդաժողովներուն.-
-Կանանց Խորհրդաժողովին՝ 1987-ին, Երեւան:
-Հայաստան-Սփիւռք Ա. Խորհրդաժողովին՝ 1999-ին, Երեւան:
-Հայաստան-Սփիւռք Բ. Խորհրդաժողովին՝ 2002-ին, Երեւան:
-Լրագրողներու Համաժողովին՝ 2003-ին, Սլովաքիա:
-Լրատուամիջոցներու Ղեկավարներու Համաժողովին՝ 2008-ին, Ծաղկաձոր:
1 comment
Լեզուն ոսկոր չունի
Այո, լեզուն ոսկոր չունի:
Ոչ ըսող քաղաքան գործիչը քաղաքագէտ չէ:
Կարեւորը ժամանակ շահիլն է, եւ ընթացքին կարենալ մեր պետութիւնը զորացնել եւ տնտեսական հաւասարակշռութիւն ապահովել:
Երբ Ստալին Կարս-Արտահանի վերադարձի խօսքը ըրած է, Չրչիլ ըսած է, «Հիմա քանի՞ հայ կայ այդ հողերուն վրայ»:
Քսան տարի մը եւս, նոյն հարցը կրնանք տալ մենք ալ Խաղաղութեան Միջնորդներուն:
Մեր պետութեան կարելի է վստահիլ, այնքան ատեն որ Դաւիթ Բեկի Հողէն կու գան մեր ղեկավարները:
Comments are closed.