Լսո՞ւմ էք մարդիկ, լսո՞ւմ էք, ազգեր,
Այս ողբագիրքս դասագիրքն է ձեր…
Թող անցեալ վէրքը դասագիրք դառնայ
Մանուկ ներկայի սեղանի վրայ:
(Յովհաննէս Շիրազ)
Ոսկան Մխիթարեան, Լոս Անճելըս, 25 Մայիս 2015
Հարցականի տակ դրինք 100-ամեակը, որովհետեւ տօնախմբութիւնները անցան, բայց ո’չ ցաւը: Անգամ մը եւս մեր յարգանքի համազգային արտայայտութեամբ, փառաշուք հանդիսութիւններով, գրական եւ գեղարուեստական աննախընթաց երեկոներով, համազգային լայնատարած ցոյցերով, արժանաւորապէս յարգեցինք յիշատակը մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն: Համայն քաղաքակիրթ աշխարհի առաջ անգամ մը եւս մերկացնելով թուրքը իր քաղաքական սնանկութեան մէջ, վերարժեւորեցինք մեր պահանջատիրութեան դատը, վերանորոգելով մեր ուխտը յանուն մեր նահատակներուն:
ին՞չ է պահանջատիրութիւնը որուն մասին կը խօսինք. դրա՞մ, տո՞ւն, վաճառատո՞ւն, եկեղեցի՞, վա՞նք: Ո'չ ոք այլեւս ետ կրնայ բերել մեր մշակութային գանձերը եւ ո'չ ալ մեր մարդկային կորուստի ահաւորութեան առթած ծանրակշիռ հետեւանքները: Կը կարծեմ որ իւրաքանչիւր տարագիր հայորդիի համար պէտք է յստակ ըլլայ պահանջատիրութիւնը՝ ՀՈՂ, ՀՈՂ, ՀՈՂ — բռնագրաւուած Արեւմտեան Հայաստան եւ Հայկական Կիլիկիա:
Հայրենիքի, եւ Սփիւռքի, ինչպէս նաեւ օտար մամուլը՝ բացառիկներ յատկացուց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով: Ողբի ու կոծի էջը փակեցինք եւ նոր էջ մը բացինք Հայ Ժողովուրդի վերածնունդի եւ վերանորոգումի սրբազան առաքելութեան դաշտին մէջ, որովհետեւ վերապրեցաւ հայութիւնը, ստեղծելով սեփական պետութիւն որ այսօր իր կարգին լծուած եւ հետամուտ է ամբողջացնելու պատմական իր առաքելութիւնը՝ որ պահանջատիրութիւնն է:
Լսո՞ւմ էք մարդիկ, լսո՞ւմ էք, ազգեր,
Այս ողբագիրքս դասագիրքն է ձեր…
Թող անցեալ վէրքը դասագիրք դառնայ
Մանուկ ներկայի սեղանի վրայ:
(Յովհաննէս Շիրազ)
Ոսկան Մխիթարեան, Լոս Անճելըս, 25 Մայիս 2015
Հարցականի տակ դրինք 100-ամեակը, որովհետեւ տօնախմբութիւնները անցան, բայց ո’չ ցաւը: Անգամ մը եւս մեր յարգանքի համազգային արտայայտութեամբ, փառաշուք հանդիսութիւններով, գրական եւ գեղարուեստական աննախընթաց երեկոներով, համազգային լայնատարած ցոյցերով, արժանաւորապէս յարգեցինք յիշատակը մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն: Համայն քաղաքակիրթ աշխարհի առաջ անգամ մը եւս մերկացնելով թուրքը իր քաղաքական սնանկութեան մէջ, վերարժեւորեցինք մեր պահանջատիրութեան դատը, վերանորոգելով մեր ուխտը յանուն մեր նահատակներուն:
ին՞չ է պահանջատիրութիւնը որուն մասին կը խօսինք. դրա՞մ, տո՞ւն, վաճառատո՞ւն, եկեղեցի՞, վա՞նք: Ո'չ ոք այլեւս ետ կրնայ բերել մեր մշակութային գանձերը եւ ո'չ ալ մեր մարդկային կորուստի ահաւորութեան առթած ծանրակշիռ հետեւանքները: Կը կարծեմ որ իւրաքանչիւր տարագիր հայորդիի համար պէտք է յստակ ըլլայ պահանջատիրութիւնը՝ ՀՈՂ, ՀՈՂ, ՀՈՂ — բռնագրաւուած Արեւմտեան Հայաստան եւ Հայկական Կիլիկիա:
Հայրենիքի, եւ Սփիւռքի, ինչպէս նաեւ օտար մամուլը՝ բացառիկներ յատկացուց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով: Ողբի ու կոծի էջը փակեցինք եւ նոր էջ մը բացինք Հայ Ժողովուրդի վերածնունդի եւ վերանորոգումի սրբազան առաքելութեան դաշտին մէջ, որովհետեւ վերապրեցաւ հայութիւնը, ստեղծելով սեփական պետութիւն որ այսօր իր կարգին լծուած եւ հետամուտ է ամբողջացնելու պատմական իր առաքելութիւնը՝ որ պահանջատիրութիւնն է:
Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, աշխարհասփիւռ հայութիւնը անգամ մը եւս փաստեց անվիճելի, անվեհեր ճշմարտութիւն մը. հակառակ այն իրողութեան որ դարերու ընթացքին աշխարհակալներ եկան ու անցան՝ մեր հազարամեայ երկիրը նուաճելով, կոտորելով, կործանելով ու թալանելով՝ որոնց վերջին արիւնարբու դաժան ոճրագործները եղան Սուլթան Համիտներն ու Երիտ-Թուրքերը, եւ սակայն չկարողացան տապալել հայուն ապրելու կամքը, ստեղծագործելու կենսախայտ տենչը եւ գոյատեւելու աննահանջ եւ աննկուն խիզախութիւնը:
1915-ի ցեղասպանութիւնը ուրիշ բան չէր եթէ ոչ մարդկային պատմութեան ամէնէն ահռելի եւ սարսափազդու ոճիրներէն մին, որ գազանային վայրագութեամբ եւ մոլեգնութեամբ իրագործուեցաւ արիւնարբու Օսմանեան պետութեան կողմէ: Ու դժբախտաբար անհերքելի իրողութիւն է, թէ տակաւին քսանմէկերորդ դարու յառաջդիմութեան այս դարուն՝ վարձկան պատմաբաններ եւ ծախուած քաղաքագէտներ կ’ուրանան ճշմարտութիւնը, կը ներբողեն բռնակալներու յաղթանակները, եւ կ’անտեսեն ժողովուրդներու սպանդն ու կոտորածը, որ տակաւին կը շարունակուի այսօր զանազան ցամաքամասերու վրայ, անպաշտպան եւ անօգնական ժողովուրդներու հանդէպ:
Հարիւր տարի անդադար, անմխիթար սուգով լացինք եւ ողբացինք մեր անմեղ նահատակներուն յիշատակը: Չկրցանք եւ պիտի չկարենանք ըմբռնել թէ արդեօ՞ք նման ոճիր մը կրնայ գործել մարդ արարածը հանդէպ իր նմանին: Ապրիլ 24ի արհաւիրքը այնքան խոր է, որ տակաւին չենք կրնար մեր մտապատկերէն հեռացնել մեր բիւրաւոր նահատակները, որոնք անօթի-ծարաւ, ուժասպառ ինկան ճամբաներու երկայնքին: Շատեր բզկտուեցան դահիճներու մագիլներու մէջ: Բիւրաւորներ հրկիզուեցան եկեղեցիներու եւ քարայրներու մէջ, թափուեցան հորերու մէջ կամ նետուեցան վիհերէ վար: Հազարաւոր մանուկներ ծովամոյն խեղդուեցան թուրք դահիճներու կողմէ: Մէկ խօսքով՝ խաղաղասէր հայ ժողովուրդի զաւակներ անշիրիմ բնաջնջուեցան արիւնարբու գազանին՝ թուրք պետութեան կողմէ կանխամտածուած եղեռնի միջոցաւ, կրելով տանջանքին եւ թշուառութեան ամենէն դժոխայինը– Հայկական Գողգոթան….
Այս բոլորէն ետք, տակաւին ներկայ թուրք կառավարութիւնը կը մեծարէ յիշատակը հայաջինջ ոճիրին դահիճներուն որպէս հերոսներ ու ապա կը փորձէ մեր ցաւը ամոքե՜լ իր «անկե՜ղծ» ցաւակցական եւ մխիթարական խօսքերով: Ի՜նչ մարդկային ողբերգական կատակերգութիւն:
Հետեւաբար՝ մեր ժողովուրդին համար ամէնէն կենսական հարցը կը թանձրանայ ա՛յն իրողութեան մէջ, որ այս 100-ամեակին ի՞նչ հանգրուանի հասանք եւ ո՞ւր կը մտադրենք հասնիլ: Արդարեւ, ոչնչացումի անդունդէն Նախախնամութեան հրաշքով, ինչպէս Ինք խորտակեց իր տապանաքարը իր Յարութեան աւետիսով, նոյն ձեւով տապալեցաւ նաեւ թուրքին կնքած տապանաքարը: Վկայ՝ մեր վերանկախացած հայրինիքն ու առասպելական վերակենդանացող պահանջատէր Սփիռքը:
Այսօր փոքրիկ Հայաստանով, որուն գոյութիւնն ու անկախացումը կը պարտինք մեր ժողովուրդի ազատագրական պայքարի հերոսական մարտունակութեան, թուրք պետութեան ախորժակները սահմանափակեցինք անգամ մը եւս, եւ ընդմիշտ թաղեցինք անոր՝ թուրանական կայսրութիւն մը վերականգնելու բոլոր ցնորքները:
Այսուհետեւ՝ ցեղասպանութեան 100-ամեակը պիտի չկարենայ մեզ համակել անցեալի տառապանքներու յուզումով եւ սուգով: Ան արդէն եղած է մեր Նոր Ուխտի տապանակը, որուն վրայ կատարեցինք մեր ուխտը՝ մեր մարտիրոսներուն յիշատակը յաւերժացնելու եւ պահանջելու անոնց արեան գինը: Ցեղասպանութեան 100-ամեակը լուսաւոր նոր հանգրուան մըն է ազգային վերածնունդի, վերազարթօնքի ճամբուն վրայ, եւ այդ վերազարթօնքը խարսխուած է Հայաստանի անկախ պետականութեան ապառաժեայ կենարար պատուանդանին վրայ:
Յուշարձաններ կանգնեցինք ամէն տեղ՝ մեր անմեղ նահատակներուն յիշատակը յաւերժացնելու համար, բայց ամենէն շքեղ ու փառաւոր փոխվրէժի յուշարձանը պիտի ըլլայ մեր Ուխտը, որ պիտի կարենայ հակակշռել անոնց մարտիրոսաբար կորստեան ահագնութիւնը – պայքարիլ, մաքառիլ ու սատարել հայ ժողովուրդի եւ հայրենիքի բարգաւաճման, ազատ գոյատեւման եւ յաւերժացման գործընթացին:
Սակայն մեր գլխաւոր նպատակին հասնելու համար անհրաժեշտ է որ լրացնենք կարգ մը նախապայմաններ: Անոնցմէ կարեւոր կը նկատենք, Սփիւռքի վերապրող հայութեան ազգային ծրագիրներուն եւ նպատակներու գործադրութեան բիւրեղացումը, նամանաւանդ քաղաքական գործելակերպին մէջ, ստեղծելով ճիգերու ամբողջական սերտ միութիւն մը: Ձեւական միութենէն անդին անցնինք, կերտելու իրակա՛ն, եւ ո՛չ թէ մակերեսային միասնութիւն մը:
Հաւատարիմ մնալ եւ ուխտել, որ հայ ժողովուրդի անկապտելի իրաւունքն է, եւ իր նահատակներուն արիւնաթաթախ պատգամը՝ որ մենք մեր ազգային վերականգնումը հետապնդենք ու իրագործենք պատմական Հայաստանի ազատագրուած միացեալ հողերուն վրայ: Չխանդավառուինք պատահական խոստումներէ եւ ո’չ ալ յուսահատինք վաղանցիկ ժխտումներէ: Չյուսալքուինք ժամանակաւոր ձախողութիւններէ, անկեղծ հաւատքով եւ տեսիլքով զրահաւորուած առաջ տանինք մեր պահանջատիրութեան արդար դատը, միշտ մնալով պատնէշի վրայ արթուն եւ շրջահայեաց:
Հայ Ժողովուրդի ազգային պանծալի վերածնունդը երաշխաւորուած է իր անկախ հայրենիքով: Մեզի կը մնայ թօթափել ամէն հատուածական կիրք, եղբայրասպան հին հաշիւներ, ամէն նախապաշարում իրարու հանդէպ, կուսակցական թէ անհատական, եւ դառնալ մի բոունցք իրականացնելու հայ ժողովուրդի բոլոր ձգտումներն ու երազները:
Ցեղասպանութեան 100-ամեակը նոր սկիզբ մըն է՝ նոր մղում տալու Հայկական Դատին: Միամիտ ինքնախաբէութիւն է, այլ խօսքով մանկամիտ պատրանք, կարծել որ կրնանք միայն մեր սեփական ոյժերով իրագործել հայ ժողովուրդի հողային պահանջները: Ներկայ հիւլէական դարուն, հրաշքի համազօր նուաճումներ կատարած ենք թէ՛ Հայրենիքի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ, մասնաւորապէս մշակոյթի, գիտութեան եւ ճարտարարուեստի բնագաւառներէն ներս. բայց՝ միջազգային քաղաքական ասպարէզին վրայ, հազիւ նշմարելի ենք գերպետութեանց քաղաքական եւ շահադիտական հաշիւներու խաղադաշտին վրայ: Տարակոյս չունինք որ Հայկական Դատը ենթակայ է միջազգային պայմաններու եւ քաղաքական կամքերու եւ սակարկութեանց. մեզի կը մնայ իմաստութեամբ շարժիլ եւ շահիլ բարեկամ պետութիւններ որոնց հիմնական նպատակներուն ուղին զուգահեռ է մեր պահանջատիրական դատին:
Կասկած չկայ երբեք մեր մտքին մէջ, որ պէտք է դիմենք ամէն բանաւոր միջոցի, օրինականութեան եւ արդարութեան ամէն սկզբունքի ու քաղաքական ամէն ճնշումի, Հայ ժողովուրդի արդար դատի հատուցման համար: Եւ պիտի գայ այդ անխուսափելի օրը երբ պատմութեան ու աշխարհաքաղաքական (geopolitical) նոր փոփոխութիւններու բերումով՝ հայ եւ թուրք ժողովուրդները պիտի կանգնին իրարու դէմ յանդիման, եւ պիտի առերեսուին իրենց դառն պատմութեան հետ ու պիտի փորձեն լուծել հողային պահանջներու եւ իրաւունքներու հատուցման հարցը: Ի՞նչ պէտք է ընենք այս հանգրուանին՝ պատրաստ ըլլալու համար գալիքին, որպէսզի անակնկալի առջեւ չգտնուինք երբ առիթը ներկայանայ: Յաջորդաբար պիտի ներկայացնենք եւ վերլուծենք ներքեւ առաջադրուած մեր մտահոգութիւնները, որոնք կը բխին համազգային այժմէական մեր մտահոգութիւններէն:
- Հողային Պահանջ
- Վերաբնակեցում
- Արտագաղթ
- Ժամանակավրէպ Կուսակցութիւններ
- Արտասահմանեան Ազգային Ժողով
- Եկեղեցւոյ Միութիւն
- Քրտական Հարց
- Թուական Աճ
- Իսլամացած Հայեր
Միջազգային ժողովներու եւ օտար ցեղասպանագէտ հեղինակութիւններու կողմէ անառարկելի կերպով հաստատուած ու պատմութեան էջերուն մէջ արձանագրուած անժխտելի իրողութիւն է Օսմանեան պետութեան գործադրած ցեղասպանութիւնը, որուն ժառանգորդն է այսօրուան թուրք պետութիւնը, եւ ինչ որ ալ ըլլան Թուրքիոյ կողմէ յառաջ քշուած չքմեղանքը՝ որպէս թէ հայութեան տեղահանութիւնըպատերազմական գործողութիւններու անհրաժեշտութենէն կը բխէր, եւ զանազան ա՛յլ յերիւրածոյ ու բռնազբօսիկ բացատրութիւններ, ատոնք չե՛ն կրնար արդարացնել հայոց նկատմամբ կանխամտածուած, ծրագրուած եւ գործադրուած ցեղասպանութիւնը:
Կարեւորը այն է որ ո’չ մէկ միջազգային մարմին կամ ժողով կամ իրաւական ատեան ուրացած է մեր արդար իրաւունքները, թէկուզ քաղաքական նոր բարդութիւններու հետեւանքով մեծ պետութիւններ անցեալին դաւաճանեցին Հայ Ժողովուրդին եւ ձախողութեան մատնեցին Սեւրի խոստումները ու նոյնպէս վարուեցան նաեւ Լօզանի դաշնագրի պարագային: Հակառակ այս բոլորին, մեր եւ գալիք սերունդներուն վիճակուած է սրբազան պարտականութիւն մը -– տէր կանգնիլ մեր իրաւունքներուն, անդադրում հետապնդել մեր ժողովուրդի հողային արդար դատը եւ իրագործել մեր ազգին երազը:
Որպէս հողեղէն մարդ արարած, չենք կրնար երբե՛ք մոռնալ անցեալը եւ մեր անմեղ ժողովուրդին նահատակութիւնը, նոյնիսկ եթէ մեր հայրենական հողերն ու հարստութիւնները վերադարձուին մեզի: Այսօր՝ աւելի քան հազար հինգ հարիւր տարիներ անցած են Վարդանանց պատերազմէն եւ տակաւին երկիւղածութեամբ կը յիշենք զանոնք եւ կը խոնարհինք անոնց նահատակութեան ու յիշատակին առջեւ. հետեւաբար կասկածէ վեր է որ յաջորդ հազարամեակին անպայման պիտի յիշենք մեր մէկուկէս միլիոն նահատակները եւ պիտի չմոռնանք անոնց քաղաքական կտակը:
Մեր աւագ պարտականութիւնն է աշխարհի պետութիւններուն ընդունիլ տալ, ճանչցնել ցեղասպանութիւնը եւ իրենց գործակցութեամբ գործադրել տալ ՄԱԿ-ի Ուխտին մէջ սահմանուած պատիժները: Բայց այս բոլորէն վեր կը մնայ բացարձակ ճշմարտութիւն մը -– ահաւասիկ հարիւր տարի անցած է արիւնարբու Թուրք մարդասպանի յոխորտանքէն ու մենք տակաւին կ’ապրինք, կը ստեղծագործենք, կը կերտենք ու կը բարգաւաճինք:
Թուրք դահիճները, Թալէաթները, սխալեցան եւ պարտուեցան իրենց յոխորտանքին մէջ. մենք կա՛նք, կ’ապրինք ու պիտի ապրինք, որովհետեւ մեր ժողովուրդը ցեղասպանութեան մոխիրներէն յարութիւն առնելով վերսկսած է իր յաղթարշաւին, եւ ո’չ մէկ ոյժ կրնայ դադաղեցնել կամ կասեցնել մեր յառաջընթացը: Ի վերջոյ հայ ժողովուրդը պիտի կարողանայ ամբողջացնել իր սրբազան առաքելութիւնը եւ պիտի վերատիրանայ իր պապենական հողերուն, հոն համախմբուելու եւ ստեղծագործելու համար անկաշկանդ կերպով:
ՀՈՂԱՅԻՆ ՊԱՀԱՆՋ
Մի հող, որ թէկուզ երկինք համբառնայ՝
Հայոց եղել է… Հայոց կը դառնայ:
(Յովհաննէս Շիրազ)
Հաւանաբար մեզմէ շատեր առարկեն որ ներկայիս Թուրք պետութեան քաղաքական դիրքը ամուր կռուաններու վրայ է, եւ հետեւաբար մեր դատի բարւոք լուծման համար նպաստաւոր պայմաններ չկան քաղաքական հարթակին վրայ: Այդպիսիներուն մենք ա՛յո պիտի ըսենք, նկատի ունենալով ներկայ քաղաքական պայմանները եւ Թուրքիոյ աշխարհաքաղաքական դիրքը որուն կարիքը ունին Եւրոպական պետութիւնները, ելլելով իրենց քաղաքական շահերէն: Անկասկած որ ներկայ պայմաններու տակ չենք կրնար առաջնորդուիլ մակերեսային լաւատեսութեամբ եւ ակնկալել վարդագոյն արշալոյսներ մեր ժողովուրդին համար, հետեւաբար անհրաժեշտ է ըլլալ իրապաշտ եւ չառաջնորդուիլ զգացումներով, ինչ որ յատուկ է մեր ժողովուրդին: Չմոռնանք երբեք որ այսօրուան քաղաքական իրականութիւնը չի' կրնար այսպէս շարունակել եւ անփոփոխ մնալ, նկատի ունենալով հիւլէական դարաշրջանի նոր իրողութիւններն ու փոփոխութիւնները:
Եթէ այսօր թուրքական ռազմակայանները անհրաժեշտ են ամերիկեան կառավարութեան քաղաքական, ռազմավարական ծրագիրներու իրագործման համար, վաղը անոնք կրնան փոխուիլ նոր պայմաններու բերումով: Հետեւաբար՝ անհարկի յոռետեսութեամբ անշարժութեան չմատնուինք եւ մեր բախտը չանիծենք:
Շա՛տ հետաքրքրական է նաեւ հոգեբանական այն երեւոյթը կամ իրողութիւնը որ լայնատարած թուրք հասարակութիւնը,–ընդհանրապէս Արեւելեան Նահանգներուն մէջ ապրող ժողովուրդը,– կը մերժէ կայք հաստատել, տուն շինել հայկական հողերու վրայ, այն ակնկալութեամբ որ անոնց տէրերը օր մը պիտի գան եւ պահանջեն իրենց կալուածները: Այս իրողութեան վկայութիւններէն մէկն է նաեւ Հայաստանի սահմանամերձ տարածքներու պարապութիւնը:
Կասկածէ վեր է այն իրողութիւնը որ թուրք պետութիւնը ինքզինք զօրաւոր կը զգայ միջազգային իրադարձութեանց մէջ այսօր, եւ հետեւաբար կարելի է ըսել որ ներկայ քաղաքական պայմանները աննպաստ են հայ ժողովուրդի արդար դատի բարւոք լուծման համար, եւ դժուար է ակնկալել որեւէ շօշափելի յաջողութիւն: Մեզի կը մնայ դաս առնել մեր մօտիկ եւ հեռաւոր անցեալէն, թէ ինչպէս ենթարկուեցանք միջազգային բազմապիսի եւ բազմերանգ դաւաճանութիւններու: Ուրեմն՝ պէտք չէ առաջնորդուինք ծանծաղ եւ մակերեսային լաւատեսութեամբ, անհրաժեշտ է ըլլալ իրապաշտ եւ երբեք չառաջնորդուիլ զգացումներով եւ սպանական դղեակներ կառուցանելով:
Ա՛յո, ճիշդ է որ ներկայի միջազգային քաղաքական պայմանները աննպաստ են մեր դատին համար, սակայն պէտք չէ պարուրուինք յոռետեսութեամբ եւ մեր պահանջատիրութեան արդար աշխատանքը անշարժութեան մատնենք. ընդհակառակը, որքան որ ալ աննպաստ ըլլան պայմանները ներկայիս, պէտք է առաւել եւս աշխուժացնենք մեր աշխատանքները, որովհետեւ՝ ոչինչ յաւերժական է քաղաքական բեմին վրայ եւ անպայման պիտի գայ հատուցման օրը:
Հետեւաբար լծուինք աշխատանքի եւ միջազգային կարծիք ստեղծենք ի նպաստ մեր դատին՝ կեդրոնացեալ արդիւնաւէտ աշխատանքով: Մեր այս յարատեւ աշխատանքին մէջ իրենց կեդրոնական տեղը պիտի ունենան մեր հայրենի իշխանութիւնները, եւ սփիւռքահայութիւնը իր կարգին պիտի լծուի բոլորանուէր աշխատանքի, համազգային զօրաշարժով: Այո՛, դիւրին եւ արագ լուծումներ չկան մեր դատին, բայց անհրաժեշտ է ըլլալ վճռական եւ միշտ յարձակողական: Անկասկած որ պիտի հանդիպինք խոչընդոտներու՝ մեր աննկուն աշխատանքին մէջ, բայց պարտաւոր ենք ազգովին մնալ պայքարի դաշտին վրայ եւ պայքարիլ մոլեռանդօրէն մինչեւ յաղթանակ, մինչեւ իրականացում մեր մեծ երազին – Ազատագրում բռնագրաւուած հողերու եւ միացում-ամբողջացում հայրենի ազատ պետականութեան սահմաններուն:
Արդարութիւնն ու իրաւունքը մեր կողմն են անկասկած: Այնու ամենայնիւ անոնք բաւարար չեն, նամանաւանդ քսանմէկերորդ դարու քաղաքական վերիվայրումներուն եւ հաշիւներուն մէջ, մեր դատը իր լրումին եւ արդար լուծումի մը հասցնելու համար: Այսօր՝ բիրտ ուժը եւ նիւթական շահերն են առաջնահերթ բոլոր գերպետութիւններու համար:
Հետեւաբար նկատի ունենալով վերեւ յիշատակուած քաղաքական մթնոլորտը, անխուսափելիօրէն ուշ կամ կանուխ պիտի կազմալուծուի Թուրքիան եւ պարարտ հող եւ պատեհ առիթ պիտի ստեղծէ մեր դատի յաջողութեան համար: Հայ ժռղովուրդը երբեք պիտի չմոռնայ իր դատը մինչեւ որ արդար հատուցում չստանայ, եւ ո'չ ալ Թուրքը պիտի կարենայ մաքրուիլ իր ոճրապարտ ժառանգութենէն, տխո՜ւր անցեալէն, մինչեւ որ գոհացում չտայ հայկական պահանջներուն:
Անհրաժեշտ է որ «քաղաքակիրթ» գերպետութիւններ իմանան, թէ հայկական հողերուն վրայ թուրքերուն տիրապետութիւնը պահելը՝ բացայայտօրէն կը նշանակէ վարձատրել դահիճը իր ցեղասպանութեան համար: Ուշագրաւ է այն իրողութիւնը, որ ցեղասպանը պատասխանատուութեան կանչելու բոլոր իրաւական հիմքերը կային 1918 թուականէն սկսած, երբ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմէն եւ Օսմանեան Կայսրութեան տապալումէն ետք, 4 Նոյեմբերին եւ 12 Դեկտեմբերին տեղի ունեցած Երեսփոխանական Ժողովի (Meclisi Mebusan) նիստերու ընթացքին, Երիտ-Թուրքերը մեղադրուեցան երկիրը պարտութեան մատնելու յանցանքով, ինչպէս նաեւ երկրի սահմանադրութեան հիմնական յօդուածները (մարդկային կեանքի եւ սեփականութեան ապահովութեան մասին) խախտելու օրինազանցութեամբ:
Ահաւասիկ այս Ժողովի հիման վրայ, 8 Յունուար 1919 թուականին, Պոլսոյ մէջ կազմուեցան ռազմական ատեաններ: Սուլթան Մէհմէտ Զ. Վահտէտինի [الدين وحيد] հրամանով Երիտ-Թուրքերու պարագլուխները յանձնուեցան ռազմական ատեանի քննութեան եւ երկու տարուան երկարաշունչ դատավարութենէ ետք՝ դահիճները դատապարտուեցան զանազան պատիժներու, մահապատիժէն սկսելով մինչեւ վարչական եւ նիւթական տուգանքներու: Հետաքրքրուողներ այս մասին ընդարձակօրէն կրնան կարդալ պրոֆ. Աւետիս Փափազեանի «Հայերի Ցեծասպանութիւնը ըստ Երիտթուրքերի Դատավարութեան Փաստաթղթերի- Երեւան, 1989» աշխատութիւնը:
Ցեղասպանութեան հարցի կարեւորութիւնը եւ անոր պատմական անհերքելիութիւնը նոր լուսարձակի տակ առնելով պիտի տեսնենք որ իրաւական, քաղաքական եւ դիւանագիտական լուսաբանութիւններու կը կարօտի ան: Ցեղասպանութեան ու պահանջատիրութեան հարցերու քննարկումը եւ անոնց լուծման հնարաւորութիւնը կապուած են ռուս-արեւմտեան եւ ռուս-թուրքական քաղաքական յարաբերութիւններուն եւ խմորումներուն:
Նկատի ունենալով ներկայի քաղաքական դաշտը, մեզի կը մնայ վարպետօրէն նաւարկել հայ-ռուսական, հայ-արեւմտեան, հայ-ատրպէյճանական, հայ-վրացական, հայ-քրտական, հայեւթուրք եւ հայ-իրանական յարաբերութիւններու լաբիւրինթոսին մէջ: Բոլորիս ծանօթ է որ մեծ պետութիւններու թուրքանպաստ կեցուածքը պայմանաւորուած է թուրքերու՝ անոնց մատուցած զանազան ծառայութիւններուն վրայ. իրողութիւն մը որ թուրք պետութեան «իրաւունք» կու տայ դրօշակակիր ըլլալու Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման — բայց մինչեւ եր՞բ: Եւ որքան որ մօտեցանք Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչումներուն՝ ա՛յնքան նորանոր դժուարութիւններ յարոյց թուրք պետութիւնը:
Թուրքական պետութեան ղեկավարութեան աճպարարութիւններէն մէկն է նաեւ առաջարկուած հայ եւ թուրք մասնագէտներէ բաղկանալիք յանձնաժողով մը գոյացնելու առաջարկը, ստեղծելու համար ա՛յն պատրանքը, որ իբր թէ գոյութիւն ունի հակագիտական եւ հակապատմական ցեղասպանագիտութիւն: Փաստօրէն կը փորձեն այդ յանձնաժողովի միջոցաւ աշխարհին ցոյց տալ որ օտար երկիրներու դիւանագէտներուն, բարեսիրական կազմակերպութեանց միսիոնարներու եւ ականատեսներու տուած տեղեկութիւններն ու տեսակէտները սխալ եւ կեղծ են:
Միջազգային փորձառութիւնը ցոյց կու տայ թէ ինչպիսի կորուստներու կ'ենթարկուին ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդները, որուն մէջ իր առանձնայատուկ տեղը ունի հայ ժողովուրդի ցեղասպանութիւնը, որ մինչեւ այսօր իր արդար լուծումը չէ ստացած:
1. Անշարժ եւ շարժուն գոյքեր, դրամ, ոսկի եւ այլ իրեղէններ:
2. Սպաննուած անհամար քաղաքացիներ:
3. Մշակութային կորուստ:
4. Հողային կորուստ
Օսմանեան Թուրքիան բնաջնջել փորձեց, բռնագաղթի ենթարկեց Հայ ժողովուրդը եւ բռնի իւրացնելով Հայոց Աշխարհը՝ ստեղծեց Հայ Սփիւռքը, որ այսօր իր ամբողջական կարողականութեամբ կը պահանջէ իր հայրենի հողը, ուր անգամ եւս պիտի համախմբուի ան ստեղծագործելու եւ շէնցնելու իր աւերեալ երկիրը:
1944 թուականին, Ռաֆայէլ Լեմքին (Raphael Lemkin, 1900-1959) որպէս իրաւաբան եւ որպէս ցեղասպանութիւն տեսած ժողովուրդի զաւակ, առաջին անգամ իրաւական եւ գիտական գետնի վրայ շրջանառութեան մէջ դրաւ իր կողմէ ստեղծուած «ցեղասպանութիւն» (genocide) եզրը, որ ճշմարիտ կերպով կ'արտայայտէր մարդկութեան դէմ կատարուած ոճրագործութեան գերագոյն աստիճանը: Հետեւաբար՝ ցեղասպանութեան ոճիրը միջազգային իրաւաբանութեան համաձայն դարձաւ օրէնք, որ ենթակայ է հետապնդումի, խափանումի եւ պատիժի:
Թէեւ Օսմանեան Պետութեան ժառանգորդ թուրք պետութիւնը կ'ընդունի թէ Համաշխարհային Առաջին Պատերազմի ընթացքին հայրենաբնակ հայութիւնը մարդկային կեանքի կորուստներ ունեցաւ, բայց ան կը մերժէ ցեղասպանութիւն գործած ըլլալու իրողութիւնը, խուսափելու համար անոր իրաւաբանական, օրինական հետեւանքներէն: Հետեւաբար մեզի կը մնայ ներկայացնել աշխարհին՝ թէ հայութեան դէմ կատարուածը միայն ու միայն կանխամտածուած ցեղասպանութիւն էր:
Ինչպէս անցեալին հրաժարեցան ցեղասպանը դատապարտելէ եւ պատժելէ, նոյնպէս եւ այսօր՝ Թուրքիոյ բարեկամ եւ դաշնակից պետութիւններ կը մերժեն տակաւին առնել գործնական պատժական քայլեր, հակառակ այն իրողութեան որ «ցեղասպանութիւն» եզրը շրջանառութեան մէջ դրուելէ ետք՝ իրաւական գետնի վրայ բազմիզս փաստուեցաւ եւ հաստատուեցաւ թէ' իրաւաբաններու եւ թէ' ցեղասպանագէտներու կողմէ, թէ հայութեան դէմ գործուած ոճիրը ուրիշ բան չէր եթէ ոչ ցեղասպանութիւն:
Մեզի կը մնայ զինուիլ եւ յարատեւ պայքարիլ մինչեւ վերջնական յաղթանակ: Սփիւռքահայութեան ճնշող մեծամասնութիւնը շատ զգայուն է այս հարցով քան իր Հայաստանի մէջ ապրող եղբայրներն ու քոյրերը, որովհետեւ քաջատեղեակ է եւ ամէնօրեայ ապրում է իրեն համար այն իրողութիւնը որ ինք ՀԱՅՐԵՆԱԶՈՒՐԿ է, եւ չի կրնար իր գոյութիւնը պաշտպանել եւ պահպանել առանց հողի: Գերմանացի գոյութենապաշտ (existentialist) իմաստասէր՝ Մարթին Հայտեկկըր (Martin Heidegger 1889-1976) իր «Գոյութիւն եւ Ժամանակ» (Sein und Zeit) գիրքին մէջ շատ յստակ կերպով կը վերլուծէ եւ կը շեշտէ թէ մարդ չի՛ կրնար իր գոյութիւնը (ինքնութիւնը) պահպանել առանց հողի: Հայ ժողովուրդն ալ իր պատմութեան դառն փորձառութենէն գիտէ, որ կարելի չէ ինքնութիւն ստեղծել օտար հողի վրայ: Հայրենական հողի բացակայութեան հետեւանքով՝ պատմութեան ընթացքին կազմալուծուեցան եւ առ յաւէտ կորսուեցան մեր սփիւռքեան բոլոր մեծ եւ փոքր գաղութները:
Ցաւալին հոն է որ մեր սփիւռքեան ջանքերը կ'իրականանան առանձին կազմակերպութիւններու կամ հաստատութիւններու միջոցաւ, եւ ահաւասիկ այս իրողութեան ամենէն նոր փաստը Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կալուածային դատն է, ուր այս վերջինը կը պահանջէ կաթողիկոսանիստ Սիս մայրաքաղաքի իր սեփական կալուածները թուրքական եւ միջազգային դատարաններու միջոցաւ, որուն հակադարձ պատասխան տուաւ անմիջապէս Քոզան-ի (Սիս) քաղաքապետ՝ Մուսա Էօզթիւրք, ըսելով որ խնդրոյ առարկայ վանքը կը պատկանի Քոզանի Քաղաքապետարանին եւ ոչ ոքի տալիք տարածք ունի: Ըստ քաղաքապետին, Լոզանի համաձայնագիրին մէջ նշուած է. «Ոչ իսլամները պէտք է վեց ամսուան ընթացքին գային եւ իրենց ունեցուածքին տէր կանգնէին: Այդ օրէն ի վեր, այն բոլոր կալուածները, որոնք անտէր մնացած են, անցած են գանձարանին, իսկ այնտեղէն ալ՝ մեզի» :
Ահաւասիկ քաղաքական պոռնկութեան լաւագոյն ցուցանիշներէն մին: Մուսա Էօզթիւրք (որ թարգմանի՝ հարազատ թիւրք) կ'ակնկալէր որ ցեղասպանութեան ենթարկուած, անապատներու մէջ անօթի-ծարաւ ջախջախուած հայեր իրենց գերեզմաններէն ելլելով գային եւ տէր կանգնէին իրենց հայրենի հողերուն: Կարելի՞ է նման արիւնարբու օսմանցիի հարազատ զաւկին հետ սեղան նստիլ եւ հասկցուիլ:
Թուրքական քաղաքական մտածողութեան այս դրսեւորումը առիթ պէտք է ըլլայ մեզի անդրադառնալու՝ որ մեր համազգային կեդրոնացած միասնական ուժերով, այլ խօսքով՝ լիարժէք ներկայացուցչական մարմնով յառաջ տարուելիք իրաւական պահանջատիրութիւնը շատ աւելի գործնական յաջողութեան կրնայ հասնիլ, քան անձնական նախաձեռնութիւնները: Այս ըսելով՝ երբեք չենք փափաքիր ստորագնահատել կամ թերագնահատել կատարուած աշխատանքները, որոնք ժամանակի ընթացքին կրնան նաեւ իրենց դրական բաժինը բերել մեր Արեւմտեան Հայաստանի եւ Հայկական Կիլիկիոյ պահանջատիրութեան աշխատանքին մէջ:
Իրաւական հեղինակութեան պակասը զգալի է՝ որովհետեւ ներկայ պայմաններու տակ բազմագլուխ պահանջատիրութեան եւ անկազմակերպ աշխատանքի մը առջեւ կը գտնենք մենք զմեզ: Դժբախտաբար չունինք եւ չկրցանք ստեղծել կեդրոնական մարմին մը կազմուած դիւանագէտներէ, քաղաքաքէտներէ, իրաւաբաններէ եւ ցեղասպանագէտներէ, որ լիազօրուած ըլլայ ներկայացնելու մեր հողային պահանջը միջազգային ատեաններու առջեւ պետական մակարդակով: Այնքան ատեն որ չենք կրնար համախմբուիլ որպէս պահանջատէր մէկ ձայն, մեր բոլոր աշխատանքները կրնան հարցականի տակ մնալ եւ ամլութեան դատապարտուիլ:
Չենք կրնար երբեք ուրանալ այն կարեւոր դերը զոր Հայաստանի պետութիւնը պիտի ունենայ մեր պահանջատիրութեան աշխատանքին մէջ, նամանաւանդ նկատի ունենալով անոր պետական կառոյց լինելու հանգամանքը միջազգային քաղաքական յարաբերութեանց մէջ, որպէս լիազօր մէկ անդամը պետութիւններու միջազգային ընտանիքին: Նոյն ատեն պէտք է նկատի ունենալ ա'յն իրողութիւնը՝ որ Հայաստան, մեկնելով իր պետական շահերէն, մինչեւ այսօր ո'չ մէկ յայտարարութիւն կատարած է Արեւմտեան Հայաստանի եւ Հայկական Կիլիկիոյ հողային պահանջատիրութեան մասին:
Տակաւին ամիս մը առաջ, Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Տիար Սերժ Սարգսեան, թուրքական «Հիւրրիյէթ» թերթի խմբագրին հետ ունեցած իր հարցազրոյցի ընթացքին, բացայայտօրէն յայտարարեց որ Հայաստան միայն կը հետապնդէ եւ կը պահանջէ ցեղասպանութեան ճանաչում եւ հետեւաբար ո'չ մէկ հողային պահանջ ունի Թուրքիայէն: Նոյն մօտեցումը ցուցաբերեցին նաեւ իր նախորդները, դիւանագիտական լռութեամբ ըսելու որ յետագային կը ներկայացնենք նաեւ մեր հողային պահանջատիրութիւնը. քաղաքական տհասութիւ՞ն թէ ինքնախաբէութիւն: Մենք կը փորձենք հասկնալ այդ քաղաքական ճարպիկութիւնը, սակայն եւ այնպէս նոյն ատեն կը փորձենք նաեւ զսպել մեր խոր վրդովմունքն ու ցասումը, որովհետեւ որպէս տարագիր հայութեան ժառանգորդները չենք փափաքիր որ մեր հողային պահանջը քաղաքական սակարկութեան դրուի՝ արատաւորելով մեր արիւնաթաթախ նահատակներու սրբազան կտակը:
Բայց ին՞չ է պահանջատիրութիւնը որուն մասին կը խօսինք. դրա՞մ, տո՞ւն, վաճառատո՞ւն, եկեղեցի՞, վա՞նք: Ո'չ ոք այլեւս ետ կրնայ բերել մեր մշակութային գանձերը եւ ո'չ ալ մեր մարդկային կորուստի ահաւորութեան առթած ծանրակշիռ հետեւանքները: Կը կարծեմ որ իւրաքանչիւր տարագիր հայորդիի համար պէտք է յստակ ըլլայ պահանջատիրութիւնը՝ ՀՈՂ, ՀՈՂ, ՀՈՂ — բռնագրաւուած Արեւմտեան Հայաստան եւ Հայկական Կիլիկիա:
Ժամանակն է որ զգացական ելոյթներէն, հադիսութիւններէն եւ ոգեկոչումներէն անդին անցնինք, եւ որպէս իրաւազրկուած ժողովուրդ՝ հասարակական կամք արտայայտող մէ՛կ կառոյցով հրապարակ իջնենք եւ միջազգայնացնենք մեր հարցը, եւ եթէ կարելի ըլլայ՝ նոյնիսկ համամարդկային տեսիլքի վերածենք ցեղասպանութեանց ի սպառ վերացման խնդիրը մեր մոլորակի երեսէն, որպէսզի աշխարհ զերծ մնայ նորանոր ցեղասպանութիւններէ, որոնք դժբախտաբար կը շարունակուին այսօր «քաղաքակիրթ» պետութիւններու աչքին առջեւ:
Մեր պահանջատիրութեան անհրաժեշտութենէն ելլելով, պէտք է չէզոքացնենք թուրքերու հակահայ քարոզչութիւնը, որուն նպատակն է աղաւաղել հայուն դիմագիծն ու պատմութիւնը եւ իւրացնել անոր ազգային արժէքները:
Հերթը մի պահ քոնն է հիմա, ո՜վ Հայ Ժողովուրդ: