Չալղարա

“Tomorrow you will see your grandfathers’ village…”

Արա Տէմպէքճեան, Կլենտէյլ, 5 Ապրիլ 2015

Միթէ ճակատագրական հարկադրանք էր, կամ երկար տարիներու խեղդուած պահանջ որ առաջին, եւ թերեւս, վերջին անգամ ըլլալով երթայի եւ տեսնայի՝ Չալղարան:

Երազ մըն էր որ իրականացաւ։

Շատ պատմութիւններ պատկերացուած էին մտքիս ժապաւէնին վրայ, այդ ժապաւէնը, որ տարիներու ընթացքին, եւ հակառակ բնագիտական օրէնքներու բարդ հաշիւներուն, միշտ թարմ կը մնար եւ չէր հիննար…ու երբեք չէր փճանար:

“Tomorrow you will see your grandfathers’ village…”

Արա Տէմպէքճեան, Կլենտէյլ, 5 Ապրիլ 2015

Միթէ ճակատագրական հարկադրանք էր, կամ երկար տարիներու խեղդուած պահանջ որ առաջին, եւ թերեւս, վերջին անգամ ըլլալով երթայի եւ տեսնայի՝ Չալղարան:

Երազ մըն էր որ իրականացաւ։

Շատ պատմութիւններ պատկերացուած էին մտքիս ժապաւէնին վրայ, այդ ժապաւէնը, որ տարիներու ընթացքին, եւ հակառակ բնագիտական օրէնքներու բարդ հաշիւներուն, միշտ թարմ կը մնար եւ չէր հիննար…ու երբեք չէր փճանար:

Տարիներու ընթացքին կուտակուած պատմութիւնները ենթագիտակցութեանս անդունդէն կը հանեմ նորէ՛ն ծամծմելու եւ նոյնքան կը յիշեմ մօրս պատմութիւնները Չալղարային մասին, թէեւ ան Պաղտատ էր ծնած, բայց լսած էր անոնք ջարդէ ազատած իր հօրմէն եւ մեծմօրմէն։

Կը պատմէր թէ ինչպէս գիւղին կիները մօտակայ գիւղէն եկած թուրք մը կը բռնեն եւ պորտին վրայ եռացած իւղ կը լեցնեն: Խեղճը -եւ մի՞թէ խեղճ էր- հայ աղջկայ մը հետապնդած էր մինչեւ գիւղ:

Կը պատմէր թէ ինչպէս գիւղին կիները կ'ապսպրէին քաղաք գացող իրենց էրիկ մարդոց որ վերադառնալուն  թուրքին պատրաստած փախլաւան եւ լօխումը չբերեն: Չէ՞ որ թուրքին պատրաստած ուտելիքները իր նման…«փիս» էին:

Ո՞րքան անարդար էր ջարդուածներուն ճակատագիրը, երբ այսօր, հարիւր տարիներ ետք այդ արիւնալի օրերէն, այսօր, Ամերիկայի Քալիֆորնիա նահանգին քաղաքներուն մէջ հայ կոչուած վաճառականները, Թուրքիայէն տուփերով ուտեստեղէն կը բերեն, հայ կոչուած նպարավաճառներուն կը բաժնեն, որ հազարաւոր հայ կոչուած քաջ հայորդիները վաճառեն եւ ուրախութեամբ ուտեն ու կուլ տան: Ազգային հոգուով  ներշնչուած՝ Ապրիլ 24-ին իրենց խանութները գոցելով, Մեծ Եղեռնի սգատօնը Լաս Վէկաս կը տօնեն… Երբ կը հարցնեմ նպարավաճառներուն թէ ինչո՞ւ թրքական ապրանք կը ծախեն…միշտ նոյն պատասխանը կը կրկնուի ՝՝ապէր ճան, քանի մը կօպէկ էժան ի՝՝: Վայ այդ կօպէկներով թաղուիք թրքասէր վաճառականներ…

Մի՞թէ ըսենք թէ մեռնողը իր «քէսէյէն» (քսակ) վնասեց…մէկուկէս միլիոն միայն…

Բայց չէ՞ որ business is business նշանաբանը բոլոր սկզբունքները կուլ կու տայ:

Եթէ մենք հայերս չենք ճանչնար մեր ազգին դէմ կատարուած Ցեղասպանութիւնը, ի՞նչ երեսով կը պահանջենք որ եօթն օտարը ճանչնայ…

՝՝Դէ եկ վարդապետ ու մի՛ խելագարիր:'' Այ, սիրելիս իմ Պարոյր Սեւակ…

Ճամբաս ակամայ շեղեցի:

—————————-

Պոլիս հասայ 2006-ի Սեմտեմբեր 26-ին:

Առաջին անգամն էր որ ֆիզիքապէս հոն կը գտնուէի:

Օդակայանէն դէպի պանդոկ երթալու ժամանակ զգացի որ հոգեպէս այդ տեղուանքը եղած եմ: Ներկայ գիտակցութիւնէն առաջ ես արդէն այդ շրջանները պտտած էի:

Օդակայանէն դէպի Թաքսիմ Մէյտանը ինծի թուաց որ շարուած են դիմացս Զօհրապը, Զարդարեանը, Պէշիկթաշլեանը, Սիամանթօն եւ ուրիշներ…Մտքիս մէջ կայծի մը նման փայլեցան անոնց պատկերները: Մի՞թէ ան Կոմիտասը չէ՞ր խելահար եւ կիսամերկ փողոցները ինկած հայոց բախտը կու լար…

Ակամայ ուրիշ շեղում մըն ալ…

——————————

Ընկերութեան  Թուրք տնօրէնը՝ Պր. Իզզէթ Էրթուրք հարցուց, երբ  հանդիպեցանք Սեպտեմբեր 28-ին իր գրասենեակին մէջ, թէ այս առաջին անգա՞մն է որ Պոլիս կը գտնուիմ: Պատասխանեցի: ''Ֆիզիքապէս՝ այո:'' Աւելցուցի ըսելով թէ փողոցներուն եւ թաղամասերուն վրայի անունները կարդալով կարծես հոգեպէս ապրած ըլլայի Պոլսոյ մէջ:  Չէ՞ որ այդ անունները յիշուած են մեր պոլսահայ գրագէտներուն գործերուն մէջ,  որոնք կ'ապրէին նոյն այս թաղամասերուն մէջ հարիւր տարիներ առաջ:''

Մարդը քաղաքավարօրէն  ողջունեց ու ըսաւ: ''Tomorrow you will see your grandfathers’ village, Calkara:''  Ամերիկայէն արդէն ապսպրուած էր որ ինծի Չալղարա տանին:

Շնորհակալութիւն յայտնեցի նոյնքան քաղաքավարութեամբ եւ հեռացայ գրասենեակէն:

Tomorrow-ին գալը տանջանք էր…

1915-ին, Չալղարան մաս կը կազմեր Պուրսայի նահանգին:  Ջարդէն վերապրողները կ'ըսէին թէ իրենց պապերը գաղթած էին Ղարաբաղի շրջանէն 200-250 տարիներ առաջ սովի պատճառով:

———————————-

Այդ օր, Սեպտեմբեր 29-ի առտուն,  ճամբայ ելանք դէպի Չալղարա:  Մեզ տրամադրուած էր ընկերութեան ինքնաշարժներէն մին,  իր վառորդը եւ մեր թարգմանիչը՝  Օմէր:  Հասանք Պոզույուք, մեր ընկերութեան գործերը  կատարելէ ետք քանի մը գործարաններու մէջ, գիշերը անցուցինք Էսքիշէհիրին նորակառոյց պանթոկին մէջ:

Բաւականին մաքուր եւ հարթուած էր ճամբան Էսքիշէհիրէն դէպի վեր՝ լեռան գագաթը: Այդ հաճոյքը երկար չտեւեց, երբ ճամբան դարձաւ քարքարոտ ու ոլորապտոյտ եւ բարձրացաւ միշտ դէպի վեր,  անդունդը կողքին: Միւս կողմէն պտղաբեր ծառերը կ'ընկերանային մեզի, նռնենիներ, խնձորենիներ, տանձենիներ…

Գիւղին տուներուն կարմիր կտուրները սկսան երեւիլ լեռան գագաթին վրայ: Գիւղին մուտքը պարապ հողի ընդարձակութիւն մը դիմաւորեց մեզի: Ձախին՝ դեռ շինարարութեան տակ, նորակառոյց մզկիթ մը, անոր կողքին քանի մը հատ տուներ, Էրմէնի զամանլարը մնացած հսկայ ծառ մը։ Անոր կողքին քարաշէն բայց խղճալի վիճակի մէջ փոքր շէնք մը: Աջ կողմին գիւղին սրճարանը ու անոր կից մուխթարին գրասենեակը, որուն ճակտին գրուած էր տախտակի կտորի մը վրայ Calkara Koyu Muhtarligi:

Երկու ծերունիներ նստած էին սրճարանին դիմաց, մէկը՝ ինըսուննոց, միւսը՝ եօթանասուննոց: Երբ ինքնաշարժէն դուրս ելանք, եօթանասուննոց ծերունին հետաքրքրութեամբ մօտեցաւ մեզի, ողջունելու եւ ընկերանալու: Շատէն-քիչէն գիտցած թրքերէնովս ըսի որ մենք (տիկինս եւ ես) Էրմէնի ենք: Թարգմանիչն ալ ըսաւ որ եկած են իրենց պապերուն գիւղը տեսնալու:

Ծերուկը ըսաւ որ իր ծնողքը Պուլկարիոյ թուրքերէն են եւ եկած են այս գիւղը, երբ ինք վեց տարեկան էր 1942-ին, եւ  միւս կապոյտ աչքերով ու կարմիր երեսով ծերունին  Յունաստանէն գաղթած Թուրք էր, եւ  Թուրքիոյ կառավարութիւնը մօտակայ երկիրներէն գաղթական թուրքերը հաւաքելով Էրմէնիներուն  ձգած պարապ գիւղերը կը լեցներ:

Թերեւս ուզեց արդարացնել իրեն թէ ինք չէր որ գիւղը պարպեր էր հայերէն…

Հարցուցի մեր թարգմանիչին միթէ ծերուկը գիտէ՞ ինչու  Էրմէնիները  ձգած են իրենց գիւղերը եւ հեռացած: Երբ թարգմանիչը փոխանցեց հարցումը թրքերէնով, ծերուկը պահ մը լռեց, ապա փսփսաց անոր ականջին՝ գիտնալով որ թրքերէն կը հասկնամ:

Օմէրը չթարգմանեց անգլերենի… միայն ըսաւ ''ոչինչ'': Պատասխանեցի երկուքին ''սպասելի է'':

Ծերուկին անունը Շիթ էր:

Հարցուցի Շիթին թէ Էրմենիներէն  մնացած որեւէ կանգուն շէնք կա՞յ գիւղին մէջ: Շիթը ցոյց տուաւ վերը յիշած քարաշէն բայց խղճալի վիճակի մէջ փոքր շէնքը: Գիւղին երբեմնի Ս. Աստուածածին եկեղեզցին…առանց գմբէթի:

Ան, կմախքի վերածուած դուռը բացաւ ու ներս մտանք:

Խաչակնքեցի երեսս…Գոնէ 90 տարիներ ետք խաչը նորէն կնքեց հայու մը երեսը այդ սուրբ տեղը:

Ներսը՝ փլատակ, փայտէ եւ երկաթէ գոյքեր իրար վրայ լեցուած գետնէն մինչեւ առաստաղ: Բայց հայկական ոճով քարէ կամարները դեռ կ'երեւին սեւցած պատերուն վրայ:

Ո՜վ Տէր Աստուած…«մերին»ներէն միթէ ո՞վ չէր կնքուած կամ պսակուած այս եկեղեցւոյն մէջ…Սեւցած քարերն ու հինցած կամարներն են միայն ու միայն դեռ ողջ մնացած վկաները:

Փորձեցի խօսիլ պատերուն հետ, բայց խուլ էին անոնք: Ինտո՞ր խօսէին…

Ականջս մօտեցուցի պատի մը սեւ քարին, գոնէ «մերին»ներէն մէկուն ձայնին հալածուած արձագանքը լսեմ, կամ տէրտէրին բերնէն բախած կիսամեռ աղօթքի մը փսփսուքին կտորը…բայց ի զո՜ւր: Չէ՞ որ 90 տարուայ արձագանքները խուլ անկիւններուն մէջ հալածուելէ անհետացած էին:

Կեցած տեղս ուզեցի հաւաքել «մերին»ներէն լսած պատմութիւններուն կտորները, իրար զօդել ու վերապրիլ անոնց կեանքի վերջին վայրկեանները գիւղին մէջ: Ուզեցի արհամարհել անոնց ճակատագիրը եւ նոյնքան անոր ճղճիմ աշխարհը: Այդ պահուն վայրագ հովերէ հալածուած մտքերս սկսան եռալ ու ամպրոպել ձախ ու աջ երբ հոգուս մէջէն կանչեցի…«Ո՞ւր էիր Աստուած…»,

երբ թուրք խուժանը կու գար ջարդելու, գիւղին տէրտէրը Աւետարանը ձեռքին ''աջ երեսիդ ապտակողին, ձախն ալ դարձուր'' կը պատգամէր… Պատերազմներու քմահաճ Աստուածը խուլ էր եւ զորաւիգ կ'ըլլար անոր որ սուրը ձեռքին անմեղներուն կը ջարդեր:

Քրիստոնեացած ենք Քրիստոսէն աւելի շատ: Հայը միշտ ծայրայեղ է եղած, եւ է՛, իր ամէն կատարած գործին մէջ: Ծայրայեղ քրիստոնեայ է: Ծայրայեղ յեղափոխական է որեւէ դրօշի տակ: Ծայրայեղութեամբ կը սիրէ եւ նո՛յնչափ կ'ատէ:

Նիւթիս ուղիէն նորէն դուրս ելայ ակամայ:

Ինքնաշարժին մէջ կողքերնիս տեղաւորուելով, Շիթ տարաւ մեզի լերան միւս կողմը եւ ցոյց տուաւ հեռուն, իրարու վրայ կուտակուած քարեր, երկարած 20-30 մէթրի վրայ: Ան ըսաւ թէ Էրմէնիները մաքրած են լերան այդ լանջը քարերէն, եւ կուտակած զանոնք այս կողմ, խաղողի թուփեր տնկած այդ հողին վրայ: Այդ ծառերը մինջեւ այսօր կանանչ կը մնան:

Մի՞թէ Շիթ կը չարչարէր հոգիս իր այս պատմութիւններով…

Մեկնելէն առաջ ծունկի եկայ որ Չալղարայի հողէն քիչ մը վերցնեմ հետս, ան վրայ հասաւ ու ըսաւ որ գետնին մակերեսը աղտոտ է…փորեց իր ձեռքով եւ տակէն ''մաքուր'' հող լեցուց սրուակիս մէջ: Մտածեցի թէ գետնին տակի հողը հայկական էր, եւ մակերեսի հողը ինըսուն տարիներու ընթացքին…փիսցած

Կինս նուռ քաղեց ծառերէն, եւ Շիթ ընկոյզ բերաւ տան պահեստէն: Շնորհակալութիւն յայտնեցի անոր, գրկեցի, ողջունեցի, եւ լեռէն վար իջանք…նորէն դէպի Պոլիս:

Անձրեւեց այդ պահուն: Կարծես Չալղարայի երկինքը սկսաւ լալ իմ տեղս:

Երբ վերադարձանք Ամերիկա, լուր առինք Փարիզէն թէ ջարդէն վերապրող մեր Չալղարացի ամմօն, Յակոբ Ղազարեանը, մահացաւ 105 տարեկանին: Եղբայրներս պիտի երթային յուղարկաւորութիան, անմիջապէս, Չալղարայէն բերած մէկ հատ նուռ եւ մէկ հատ ալ ընկոյզ ու քիչ մըն ալ հող ղրկեցի որ զետեղէն իր դագաղին մէջ, ընկերանալու իր մարմնին, որ հող դառնայ իր ծննդավայրի հողին հետ խառնուելով յաւիտեանս յաւիտենից՝ Փարիզի իր գերեզմանին մէջ…

 

1 comment
  1. Չալղարա
    Շատ հետաքրքիր էր ինձ համար, քանի որ պապիկս նույնպես Չալղարայից էր: Շնորհակալություն: 

     

Comments are closed.

You May Also Like
Read More

Խաչակիրը

Ճորճ Ազատ Աբէլեան, (1945 – 2008) Վահէ Յ. Աբէլեան, 3 Դեկտեմբեր 2013 Շաբաթ 18 Հոկտեմբեր 2008: Աբէլեաններուն տոհմիկ գիւղէն …
Read More