Խփէք այստեղ ընթերցելու համար արեւելահյերէն բնագիրը
Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան, Ի տօնի սրբուհւոյ Աստուածածնի ծննդեան յԱննայէ, Ժընեւ, 8 Սեպտեմբեր 2018
Մինչեւ 27 Հոկտեմբեր 1999 թուականը, Ազգային-Եկեղեցական Ժողով հասկացութիւնը գոնէ մեր սերունդին վրայ կը թողուր խորհրդաւոր իրադարձութեան մը տպաւորութիւնը։ Պատմական կարեւոր նշանակութիւն ունեցող եւ սովորական ժողովներէն գերազանցապէս բարձր՝ արտակարգ երեւոյթ մը ըլլալու էր ան։ Յիրաւի՛, անոր գումարումով կարծէք կ’իրականանար ազգային-եկեղեցական մեծահանդէս տօնի մը նշումը, ուր տեսանելի եւ շօշափելի իրողութեամբ, նաեւ իմաստային լիարժէք տարողութեամբ իր ամբողջական արտայայտութիւնը կը գտնէր Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդի սրտառուչ միութիւնը։
«Սրբագումար» վերադիրը, որ վաղուց ի վեր սոյն ժողովի անուան որակական մէկ յատկանիշը կը կազմէր, զայն միանգամայն կը բարձրացնէր առօրեայ երեւոյթներու կարգավիճակէն ու կը կանգնէր հայու հաւաքական գիտակցութեան դիմաց պատկառանք պարտադրող, իսկ հոգիին մէջ երկիւղած զգացումներ առթող առանձնայատուկ մակարդակի մը վրայ։ Արդարեւ, իւրաքանչիւր հայ, ըլլայ ան հաւատացեալ կամ ոչ, թէկուզ այլախոհ կամ անաստուած մը, իր էութեան մէջ կ’ըմբռնէ, որ Հայց. Առաքելական մեր մայր եւ Ս. Եկեղեցին մեր ազգային գոյութեան հոգեւոր-բարոյական ոսկեձոյլ յենասիւներէն մին է։
Խփէք այստեղ ընթերցելու համար արեւելահյերէն բնագիրը
Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան, Ի տօնի սրբուհւոյ Աստուածածնի ծննդեան յԱննայէ, Ժընեւ, 8 Սեպտեմբեր 2018
Մինչեւ 27 Հոկտեմբեր 1999 թուականը, Ազգային-Եկեղեցական Ժողով հասկացութիւնը գոնէ մեր սերունդին վրայ կը թողուր խորհրդաւոր իրադարձութեան մը տպաւորութիւնը։ Պատմական կարեւոր նշանակութիւն ունեցող եւ սովորական ժողովներէն գերազանցապէս բարձր՝ արտակարգ երեւոյթ մը ըլլալու էր ան։ Յիրաւի՛, անոր գումարումով կարծէք կ’իրականանար ազգային-եկեղեցական մեծահանդէս տօնի մը նշումը, ուր տեսանելի եւ շօշափելի իրողութեամբ, նաեւ իմաստային լիարժէք տարողութեամբ իր ամբողջական արտայայտութիւնը կը գտնէր Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդի սրտառուչ միութիւնը։
«Սրբագումար» վերադիրը, որ վաղուց ի վեր սոյն ժողովի անուան որակական մէկ յատկանիշը կը կազմէր, զայն միանգամայն կը բարձրացնէր առօրեայ երեւոյթներու կարգավիճակէն ու կը կանգնէր հայու հաւաքական գիտակցութեան դիմաց պատկառանք պարտադրող, իսկ հոգիին մէջ երկիւղած զգացումներ առթող առանձնայատուկ մակարդակի մը վրայ։ Արդարեւ, իւրաքանչիւր հայ, ըլլայ ան հաւատացեալ կամ ոչ, թէկուզ այլախոհ կամ անաստուած մը, իր էութեան մէջ կ’ըմբռնէ, որ Հայց. Առաքելական մեր մայր եւ Ս. Եկեղեցին մեր ազգային գոյութեան հոգեւոր-բարոյական ոսկեձոյլ յենասիւներէն մին է։
Այս սրբագումար ժողովի պատմական նշանակութիւնը կը կայանար նաեւ այն իրողութեան մէջ, որ անոր կազմութիւնը կը գոյանար ոչ միայն Հայաստանի եւ Արցախի թեմերէն ընտրուած պատգամաւորներու, այլեւ գաղթաշխարի՝ այսինքն ամբողջ հայ սփիւռքով մէկ տարածուած Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներու եւ էջմիածնական թեմերու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ։
Այսպէս, Ազգային-Եկեղեցական սրբագումար Ժողովին առնուած որոշումներուն եւ բանաձեւերուն մէջ ճշմարտապէս կը դրսեւորուէր Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ միասնութեան եւ հայ հաւատացեալ ժողովուրդի բացարձակ կամքի եւ միասնականութեան սկզբունքը՝ ազգովին դիմագրաւել կարենալու համար ժամանակի նոր մարտահրաւէրները, միաժամանակ՝ իրագործելու համազգային գերագոյն նպատակներու հետապնդումը, ի խնդիր Հայ Եկեղեցւոյ զօրացման, կենսունակութեան եւ պայծառութեան։
Բայց, եղո՜ւկ, վերոյիշեալ 27 Հոկտեմբեր 1999 թուականը իր բիրտ եւ արիւնալի հարուածով խորտակեց մեր հոգեւոր ընկալումներու խորհրդանոցին մէջ պահպանուած Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Ազգային-Եկեղեցական սրբագումար Ժողովի մը այդ դիւթիչ եւ միւռոնաբոյր անօթը։ Հուսկ, հետզհետէ վերահասու դարձանք, թէ ինչքան փխրուն եւ դիւրաբեկ է եղեր մեր «սրբագումար» յորջորջուած ժողովը՝ իշխանութեանց ձեռքով հեշտութեամբ չարափոխելի եւ գորշ վարագոյրներու ետին անոր կանխորոշուած արդիւնքը ընդամէնը «երեսուն արծաթով» վաճառելի։
Այս առնչութեամբ ինչքան պատկերաւոր, արդարեւ, երբեմն նոյնքան ներկայի մեր եկեղեցական տխուր իրականութեան համապատասխանող խօսք մըն է ըսելը. «Ժողովրդավարութիւնը համակարգ մըն է, որ մեզի առիթ կու տայ ընտրելու մեր սեփական բռնակալը»։ Եւ ճիշդ այդպէս, ազգովին խաբուեցանք, ենթարկուեցանք կազմակերպուած չարափոխումներու՝ հարկադրուելով կամայ թէ ակամայ մեր անձին, մեր եկեղեցիին եւ ազգին վրայ ընտրելու մեզ կաշկանդող, սպառնացող, բարոյապէս լլկող, մեր ազգին հոգեւոր պաշարը սնանկացնող ու զայն անհագօրէն կեղեքող իշխանաւորը։
Ահաւասիկ այս պրիսմակին տակ ի յայտ եկաւ մեր համընդհանուր անզօրութիւնը, անկարողութիւնը, անտարբերութիւնը, տխրահռչակ իրողութիւններու հետ ծոյլ դաշինք կնքելու պատրաստակամութիւնը, քաղաքացիական արիութիւն եւ նախանձախնդրութիւն ցուցաբերոլու պակասը, դիւրաւ դաւաճանելու հակումը, շատերուս մէջ նկարագրային կարծր նստուածք դարձած ստրկահոգութիւնը, կորաքամակ ձեռք համբուրելու սովորութիւնը նաեւ անոնց, որոնք անարժան են ու յականէ յանուանէ անառակաբարոյ ու սրբապիղծ։ Գուցէ ազգովին անկարող էինք առաջքը առնելու պատուհասին, սակայն հիմա նոյնքան եւ աւելի անկարող ենք հեղ մը ուղղելու թոյլ տրուած սխալը, որ հետզհետէ ուժգնօրէն ցնցել սկսած է Հայ Եկեղեցւոյ սրբազան ուխտի եւ հաւատքի միաբանութեան հոգեւոր տաճարին կրանիտեայ հիմքերը։
Մեր եկեղեցւոյ վարչական կառոյցին մէջ նուիրագործուած ժողովրդավարական օրէնքին ամրագրումը կը նկատէինք հայ հոգեւոր ու աշխարհիկ դասի միասնական եւ գերազանց նուաճումներէն մին։ Բայց, ափսո՜ս, այդ համակարգին մէջ տեսանելի է մեծ բացթողում մը, որ վերջերս շատ աւելի ակներեւ ու զգալի դարձաւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններով եւ կաթողիկոսի հրաժարականը պահանջող «Նոր Հայաստան, նոր հայրապետ» բողոքի շարժումին ձեռնարկած գործողութիւններով։
Մեր ժողովուրդը Հայ Եկեղեցւոյ վարչական կեանքին մէջ իր գործօն մասնակցութիւնը, բայց նաեւ կղերին հանդէպ հակակշռող ներկայութիւնը ապահովելու համար՝ դարերու ընդմէջէն ստեղծած է ժողովրդավարական փառահեղ համակարգ մը, այլ խօսքով,– թող ներուի մեզի այստեղ օգտագործել փոխաբերական օրինակ մը,–ան կառուցած է շարժիչ հոյակերտ մեքենայ մը, որուն վրայ սակայն դժբախտաբար մոռցած է տեղադրելու արկածի ենթարկուելու վտանգը կանխարգիլող արգելակը։
Ազգային-Եկեղեցական Ժողովը կը հանդիսանայ մեր եղեղեցւոյ վարչական ամենահեղինակաւոր եւ օրէնսդիր մարմինը, որու կազմութեան մէջ ճնշող մեծամասնութիւն կը կազմէ աշխարհական դասը։ Կաթողիկոսը իրեն վստահուած հոգեւոր իշխանութեամբ ի պաշտօնէ պարզապէս գործող առաջին սպասաւորն է այս սրբագումար ժողովին, որ թերացումներու, հաւատքէ անկումներու, հերետիկոսութիւններու, հերձուածներ ստեղծելու, ազգային-եկեղեցական կանոններուն եւ շահերուն դէմ գործելու փաստերու պարագային` եզակի եւ ամբողջական իրաւասութիւնը ունի նոյնիսկ նախապէս իր իսկ ընտրած կաթողիկոսը աթոռազրկելու։
Բնականաբար, այսպէս պիտի սրբագրուէին այն ծանրակշիռ սխալները, աղիտալի պարագաները, ժամանակի վիժումները, որոնք կրնային յառաջանալ
Բայց ցաւալին այն է, թէ միակ անձը, որ իրաւասութիւնն ունի վերակոչելու Ազգային-Եկեղեցական Ժողովի մը կազմութիւնը՝ կաթողիկոսն է, կամ՝ կաթողիկոսի վախճանումի եւ, այս առթիւ, Աթոռի թափուր մնալու պարագային՝ եպիսկոպոսական ժողովին անունով՝ կաթողիկոսական տեղապահը։ Բնականաբար կաթողիկոս մը երբեք պիտի չհրաւիրէ իր հոգեւոր հեղինակութենէն առաւել հեղինակաւոր ժողով մը, ինչպիսին Ազգային-Եկեղեցական Ժողովն է, որ ըստ օրէնքի (de jure) եւ փաստացիօրէն (de facto) միանգամայն իրաւասու է սահմանափակելու իր իշխանութիւնը կամ, այս պարագային, զինք զրկելու իրեն վստահուած Աթոռէն։
Ահաւասիկ ճիշդ հոս կը գտնուի մեր եկեղեցւոյ ժողովրդավարական համակարգին մէջ արդէն այսօր յոռեգոյն հետեւանքներու հասնող չարաբաստիկ բացթողումը։
Արդարեւ, չարիքը վերացնելու մեր համազգային անզօրութիւնը, ի սկզբանէ (apriori) յանձնուած ըլլալու պարտուողական ճնշող զգացումը մեզ ազգովին առաւել եւս կը դարձնեն բութ, մեկուսի եւ անտարբեր…
Այսուհետեւ մեր աշխարհիկ եւ հոգեւոր ներկայացուցիչներու սեպուհ առաջադրանքներէն մին պէտք է ըլլայ անպայման ստեղծել հեղինակաւոր եւ մնայուն մարմին մը, որ, անկախ կաթողիկոսի հոգեւոր պարտականութիւններէն, ունենայ վարչական բացարձակ լիազօրութիւն, ի պահանջել հարկին հրաւիրելու Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Ազգային-Եկեղեցական Ժողովը՝ եկեղեցւոյ կեանքը լճացումէ դուրս բերելու, նոր ժամանակի մարտահրաւէրները դիմագրաւելու, Հայ Եկեղեցւոյ պատմական առաքելութիւնը ընկերային-հասարակական արդի կալուածին՝ նոր աշխարհընկալման, լեզուամտածողութեան եւ արժեհամակարգին մէջ հոգեւոր ծառայութեան ճամբով առաւել եւս արդիւնաւորելու, Ս. Աւետարանի կենսահաղորդ պատգամը ժամանակահունչ դարձնելու, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի հեղինակութիւնը եւ հայրենեաց ոգին սառնաշունչ հովերէ պաշտպանելու եւ զանոնք իրենց դարաւոր ու հնաւանդ, բայց միշտ թարմ ու հոգենորոգ ջերմութեամբ հայ երիտասարդ սերունդի սրտին մէջ բաբախուն եւ զգալի պահելու համար։
Այս առումով յոյժ կարեւոր, այսօր աւելի՛ քան երբեք, մեզի պէտք է հոգեկիր եւ սրբակրօն հայրապետ մը, որ ըլլայ մեր եկեղեցւոյ ամենաշնորհալի, հաւատաւոր եւ տեսլապաշտ հոգեւորականներէն մէկը՝ իր անկաշառ հայրենասիրութեամբ, ժողովրդանուէր գործունէութեամբ, առաքինազարդ եւ անբասիր կենցաղով, հեզահամբոյր եւ բարեմոյն բնաւորութեամբ, մեր հոգեւոր-մշակութային արժէքներու նկատմամբ ունեցած իր անսահման սիրով եւ նուիրումով, համալսարանական բարձրագոյն եւ վկայեալ կրթութեամբ, մեր պատմական եկեղեցականներու, հոգեւոր առաջնորդներու եւ առաջին լուսաւորիչներու՝ լուսապսակ հայրապետներու եւ եռամեծ վարդապետներու տեսիլքով ու կերպարով տոգորուած անձնաւորութիւն մը, որ շուտով նուաճէ բովանդակ հայ ժողովուրդի անմնացորդ սէրն ու յարգանքը, նաեւ ամենակարեւորը՝ պարտաւորեցնող վստահութիւնը։
Լուսաւորչի միածնաէջ Ս. Աթոռին վրայ աստուածարեալ եւ ազգընտիր արժանաւոր կաթողիկոս մը միայն պիտի կարենայ նոր ու խոստմնալից էջ մը բանալ մեր ազգային-եկեղեցական նորագոյն տարեգրութեան մէջ։ Ան իր խոհուն մտքով, համոզիչ խօսքով ու գործով վառ պիտի պահէ քրիստոնէական մաքուր հաւատքի, հայրենասիրութեան եւ ազգասիրութեան անշէջ հրայրքը մասնաւորաբար մեր նոր սերունդի՝ հրաշալի երիտասարդութեան հաւատաւոր սրտին մէջ, զայն ուղղորդէ ճիշդ արդիւնաւորելու եւ արժեցնելու իր գոյութիւնը ոչ միայն իր հայաշունչ տոհմիկ միաջավայրին, այլ նաեւ միջազգային հանրութեան մէջ։ Հայը ո՛ւր որ ալ գտնուի, մայր հայրենիքի թէ տարագիր աշխարհի հեռաւոր վայրերուն մէջ, Հայ Եկեղեցիին ճամբով պարտի ջերմ հաւատք եւ վստահութիւն ունենալ իր դարաւոր՝ պատմական ու ներկայ հայրենիքին, ազգին ու պետութեան ապագային վրայ. սիրէ զանոնք անհուն սիրով, եւ իր բովանդակ կարողութիւնները ի սպաս դնէ անոնց հզօրացման, բարգաւաճման, անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան գործին։ Անոր գիտակցութեան եւ ոգիին մէջ նաեւ խորաքանդակ դրոշմուած պէտք է մնայ հայոց պահանջատիրութեան անժամանցելի ուխտը՝ հասնելու միջազգային հանրութեան եւ յատկապէս Օսմանեան Կայսրութեան իրաւական ժառանգորդ թրքական հանրապետութեան կողմէ Ցեղասպանութեան ամբողջական ճանաչման եւ լիարժէք հատուցման արդար իրագործումին հասնելու։ Արդարեւ, սոյնը մեր համազգային գոյապայքարի բարձրագոյն եւ առաջնահերթ նպատակներէն մէկն է, որուն ոգեշնչող եւ յառաջամարտիկ ռահվիրաներէն մին պէտք է հանդիսանայ Հայոց հայրապետը։ Ան պէտք է կարենայ բարձր պահել Ս. Էջմիածնի դարաւոր ու պատմական Աթոռին հմայքը, ոչ թէ իբրեւ անկենդան յուշարձան մը, վաղնջական քարացած հաստատութիւն մը՝ զուրկ կեանքէ, հրապոյրէ եւ զօրութենէ, այլեւ ընդդիմամարտ՝ արտաքին բոլոր ուժերուն դէմ, մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ գործող ազդու եւ մնայուն առաքելութիւն մը՝ Աւետարանի լոյսը մութ սրտերէ ներս թափանցող, իր սրբութեամբ հոգիները ազնուացնող, մաքուր խիղճ եւ ամուր նկարագիր կերտող գերազանցօրէն ազգային-հոգեւոր ժառանգութիւն մը։
Երբ թղթատենք Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան էջերը, հոն կը հանդիպինք երկարաձիգ շարքի մը մեծ ու փառահեղ հայրապետներու, որոնց առաքելական կոչումին գերազանց խորհրդանիշը եւ գործին բազմարդիւն վաստակը Մեծի Տանն Թորգոմայ հաւատքի միութեան պահպանութեան արժանահաւատ երաշխիք տալը կազմած է։ Քաջարթուն եւ անձնուէր հովուապետի մը առաջին եւ ամենանուիրական յանձնառութիւնը իրեն վստահուած հօտին միութեան պահպանութիւնն է եւ, արդարեւ, այդ իսկ է իր կաթողիկոսական ուխտադրութեան կարգին առանձնայատուկ իմաստն ու նշանակութիւնը։ Միւս բոլոր բարեմասնութիւններն ու շնորհները, ըլլան անոնք շինարարական աշխուժութիւն կամ այլ առաւելութիւններ, որոնցմով օժտուած կրնայ ըլլալ ենթական, երկրորդական կը նկատուին, քանի որ ատոնք գուցէ ուրիշ ոեւէ մէկն ալ պիտի կարենար ունենալ։ Այլեւ զինք յատկանշող եւ ուրիշներէ տարբերող մեծութիւնը այն հզօր պատասխանատուութեան ընկալման եւ իրագործման մէջ կը կայանայ, որ իբրեւ հովուապետ Հայց. Առաք. Ս. Եկեղեցւոյ իրեն վստահուած հօտը իմաստութեամբ հովուէ եւ անոր անքակտելի միութիւնը պահէ ամբողջական եւ խաղաղութեան մէջ։ Հետեւաբար, ոչ թէ անհեռատես նկրտումներով, մենատիրութեան անզուսպ հակումներով եւ հեղինակութիւն պարտադրելու բռնազբօսիկ պոռթկումներով Հայ Եկեղեցւոյ ուխտի միաբանութեան անդաստանէն ներս բաժանումներու, հերձուածողական շարժումներու եւ տարատեսակ գայթակղութիւններու տեղիք պէտք է տայ, այլ հայրական գորովագութ մօտեցումով, քաւող սիրով եւ հաշտարար ոգիով պիտի ջանայ բուժել Հայ Եկեղեցւոյ մարմնոյն վրայ բացուած նորագոյն վէրքը, վերստին անոր մայրական գոգը առաջնորդէ յուսալքութենէ խոնջած եւ երբեմն իր անհաղորդ գաղջութեան դէմ ընդվզած իր սիրասուն զաւակները, եղբայրսիրութեան համակ եւ փոխադարձ ընդառաջումներով սերտացնէ Մայր Աթոռի եւ մեր նուիրապետական միւս Աթոռներու, նաեւ թեմական առաջնորդութիւններու միջեւ սրտագին փոխյարաբերութիւնները, անաղարտ պահէ մեր եկեղեցւոյ առաքելաւանդ կարգն ու կանոնը, մեր ազգային-եկեղեցական հինաւուրց աւանդութիւնները, մեր եկեղեցւոյ ինքնուրոյնութիւնը, ազգային նկարագիրը, ուղղափառութիւնը, ժողովրդավարական սկզբունքները, ազգանուէր ու հայրենանուէր ոգին։
Թող ամենաողորմածն Աստուած իր երկնապարգեւ օրնութիւններն ու շնորհները սփռէ հայ մտքին ու հոգիին վրայ, իսկ Հայց. Առաք. մեր մայր եւ Ս. Եկեղեցին Աստուծոյ թագաւորութեան բարիքներովը ճոխացած՝ մնայ միշտ իր կոչման բարձրութեան վրայ, ու ինչպէս անցեալին, նաեւ այսօր անվթար առաջնորդել կարենայ մեր ազգային գոյութեան հոգեւոր նաւը ժամանակի պահանջներու եւ արդի մարտահրաւէրներու ամեհի կոհակներուն դիմաց։
Չարաբաստիկ ՄԻ Բացթողում
Դոկտ. Աբել Քհն. Մանուկյան
Մինչև 1999 թվականի Հոկտեմբերի 27-ը, Ազգային-Եկեղեցական Ժողով հասկացությունը գոնե մեր սերնդի վրա թողնում էր խորհրդավոր իրադարձության տպավորություն։ Այն ընկալվում էր իբրև պատմական կարևոր նշանակություն ունեցող եւ սովորական ժողովներից գերազանցապես բարձր՝ արտակարգ մի երևույթ։ Հիրավի՛, այդ ժողովի գումարմամբ կարծես իրականանում էր ազգային-եկեղեցական մեծահանդես մի տոնակատարություն, ուր տեսանելի եւ շոշափելի իրողությամբ, նաեւ իմաստային լիարժեք բովանդակությամբ իր ամբողջական արտահայտությունն էր գտնում Հայաստանյայց Առաքելական Ս. Եկեղեցու եւ հայ ժողովրդի սրտառուչ միությունը։ «Սրբագումար» բնորոշումը, որ վաղուց ի վեր համարվում է սույն ժողովի անվան որակական մի հատկանիշը, միանգամայն բարձրացնում էր նրան առօրյա երևույթների կարգավիճակից ու կանգեցնում հայի հավաքական գիտակցության դիմաց պատկառանք պարտադրող, իսկ հոգու մեջ երկյուղալի զգացումներ առաջ բերող առանձնահատուկ մակարդակի վրա։ Արդարեւ, յուրաքանչյուր հայ, լինի հավատացյալ կամ ոչ, թեկուզ այլախոհ կամ անաստված, իր էության մեջ ըմբռնում է, որ Հայց. Առաքելական մեր մայր եւ Ս. Եկեղեցին մեր ազգային գոյության հոգեւոր-բարոյական ոսկեձույլ հենասյուներից մեկն է։
Այս սրբագումար ժողովի պատմական նշանակությունը պայմանավորված էր նաև այն իրողությամբ, որ այն կազմված էր ոչ միայն Հայաստանի եւ Արցախի թեմերից ընտրված պատգամավորներից, այլեւ գաղթաշխարի՝ այսինքն ամբողջ հայկական սփյուռքում տարածված Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցու նվիրապետական աթոռների եւ էջմիածնական թեմերի ներկայացուցիչներից։
Այսպես, Ազգային-Եկեղեցական Սրբագումար Ժողովի ընդունած որոշումների եւ բանաձեւերի մեջ ճշմարտապես դրսևորվում էր Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցու միասնության եւ հայ հավատացյալ ժողովրդի բացարձակ կամքի եւ միասնականության սկզբունքը՝ ազգովի դիմագրավել կարենալու համար ժամանակի նոր մարտահրավերներին, միաժամանակ՝ իրագործելու համազգային գերագույն նպատակների հետապնդումը, ի խնդիր Հայ Եկեղեցու զորացման, կենսունակության եւ պայծառության։
Բայց, ավա՜ղ, 1999 թվականի Հոկտեմբերի 27-ը իր բիրտ եւ արյունալի հարվածով խորտակեց մեր հոգեւոր ընկալումների խորհրդանոցի մեջ պահպանված Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցու Ազգային-Եկեղեցական սրբագումար Ժողովի այդ դյութիչ եւ մյուռոնաբույր անոթը։ Հուսկ, հետզհետե հասկացանք, թե ինչքան փխրուն եւ դյուրաբեկ է «սրբագումար» հորջորջված մեր ժողովը՝ իշխանությունների ձեռքով հեշտությամբ չարափոխելի եւ գորշ վարագույրների հետևում կանխորոշված արդյունքը ընդամենը «երեսուն արծաթով» վաճառելի։
Այս առումով եկեղեցու մերօրյա տխուր իրականությանը համապասխանում է պատկերավոր հետևյալ արտահայտությունը. «Ժողովրդավարությունը մի համակարգ է, որ հնարավորություն է տալիս մեզ ընտրելու մեր սեփական բռնակալին»։ Եւ ճիշտ այդպես, ազգովի խաբվեցինք, ենթարկվեցինք կազմակերպված չարափոխումների՝ հարկադրվելով կամա թե ակամա մեր անձի, մեր եկեղեցու եւ ազգի համար ընտրելու մեզ կաշկանդող, սպառնացող, բարոյապես լլկող, մեր ազգի հոգեւոր պաշարը սննկացնող ու այն անհագորեն կեղեքող իշխանավորին։
Ահավասիկ այս պրիզմայի տակ ի հայտ եկավ մեր համընդհանուր անզորությունը, անկարողությունը, անտարբերությունը, տխրահռչակ իրողությունների հետ ծույլ դաշինք կնքելու պատրաստակամությունը, քաղաքացիական արիություն եւ նախանձախնդրություն ցուցաբերելու պակասը, դյուրությամբ դավաճանելու հակումը, շատերիս մեջ նկարագրային կարծր նստվածք դարձած ստրկամտությունը, կորաքամակ ձեռք համբուրելու սովորությունը նաեւ նրանց հանդեպ, որոնք անարժան են ու հականե-հանվանե անառակաբարո ու սրբապիղծ։ Գուցե ազգովի անկարող էինք պատուհասի առաջն առնելու, սակայն հիմա առավել ևս անկարող ենք անգամ ուղղելու թույլ տված սխալը, որ հետզհետե ուժգնորեն սկսել է ցնցել Հայ Եկեղեցու սրբազան ուխտի եւ հավատքի միաբանության հոգևոր տաճարի հաստատուն հիմքերը։
Մեր եկեղեցու վարչական կառույցում նվիրագործված ժողովրդավարական օրենքի ամրագրումը համարում ենք հայ հոգեւոր ու աշխարհիկ դասի միասնական եւ գերազանց նվաճումներից մեկը։ Բայց, ափսո՜ս, այդ համակարգի մեջ տեսանելի է մի մեծ բացթողում, որ վերջերս շատ ավելի ակներև ու զգալի դարձավ՝ պայմանավորված Հայաստանում տեղի ունեցող իրադարձություններով եւ կաթողիկոսի հրաժարականը պահանջող «Նոր Հայաստան, նոր հայրապետ» բողոքի շարժման ձեռնարկած գործողություններով։
Մեր ժողովուրդը Հայ Եկեղեցու վարչական կյանքում իր գործուն մասնակցությունը, նաեւ կղերի հանդեպ հակակշռող ներկայությունը ապահովելու համար, դարերի ընթացքում ստեղծել է ժողովրդավարական ուրույն համակարգ: Այլ կերպ ասած (թող ներվի մեզ այստեղ օգտագործել փոխաբերական մի օրինակ)՝ կառուցել է շարժիչ հոյակերտ մի մեքենա, որի վրա, սակայն, դժբախտաբար մոռացել է տեղադրել վթարի ենթարկվելու վտանգը կանխարգելող արգելակը։
Ազգային-Եկեղեցական Ժողովը հանդիսանում է մեր եղեղեցու վարչական ամենահեղինակավոր, օրենսդիր մարմինը, որի կազմի մեջ ճնշող մեծամասնություն է կազմում աշխարհական դասը։ Կաթողիկոսն իրեն վստահված հոգեւոր իշխանությամբ ի պաշտոնե պարզապես գործող առաջին սպասավորն է այդ սրբագումար ժողովի, որ թերացումների, հավատքից անկումների, հերետիկոսությունների, հերձվածներ ստեղծելու, ազգային-եկեղեցական կանոնների եւ շահերի դեմ գործելու փաստերի պարագայում` եզակի եւ ամբողջական իրավասություն ունի աթոռազրկելու իր իսկ ընտրած կաթողիկոսին:
Բնականաբար, այսպես պիտի սրբագրվեին այն ծանրակշիռ սխալները, աղետալի պարագաները, ժամանակի վայրիվերումները, որոնք կարող էին առաջանալ Հայ Եկեղեցու հոգևոր ու վարչական կառույցի մեջ։ Սակայն, Հայ Եկեղեցու ավանդության եւ ցայսօր գործող կանոնադրության համաձայն, կաթողիկոսական պաշտոնը ցկյանս է, իսկ Ազգային-Եկեղեցական Ժողովի պատգամավորները կաթողիկոս ընտրելու իրենց պարտականությունը կատարելուց հետո, ինքնաբերաբար, լուծարվում են՝ նորաօծ ընտրյալին վստահելով հայոց հոգեւոր ածուն առաջնորդելու առաքելությունը։
Բայց ցավալին այն է, որ միակ անձը, որ իրավասություն ունի վերակոչելու Ազգային-Եկեղեցական Ժողովի կազմը՝ կաթողիկոսն է, կամ՝ կաթողիկոսի վախճանման եւ Աթոռի թափուր մնալու պարագայում՝ եպիսկոպոսական ժողովին անունից՝ կաթողիկոսական տեղապահը։ Բնականաբար, որևէ կաթողիկոս երբեք չպիտի հրավիրի իր հոգեւոր հեղինակությունից առավել հեղինակավոր ժողով, ինչպիսին Ազգային-Եկեղեցական Ժողովն է, որ ըստ օրենքի (de jure) եւ փաստացիորեն (de facto) միանգամայն իրավասու է սահմանափակելու իր իշխանությունը կամ, այս պարագայում, զրկելու իրեն վստահված Աթոռից։
Ահավասիկ ճիշտ այստեղ է գտնվում մեր եկեղեցու ժողովրդավարական համակարգում արդեն այսօր հոռեգույն հետեւանքների հասնող չարաբաստիկ բացթողումը։
Արդարեւ, չարիքը վերացնելու մեր համազգային անզորությունը, ի սկզբանե (apriori) հանձված լինելու պարտվողական ճնշող զգացումը ազգովի մեզ դարձնում են առավել տկար, մեկուսի եւ անտարբեր…
Այսուհետև մեր աշխարհիկ եւ հոգեւոր ներկայացուցիչների սեպուհ առաջադրանքներից մեկը պետք է լինի անպայման ստեղծել հեղինակավոր եւ մնայուն մի մարմին, որ, անկախ կաթողիկոսի հոգեւոր պարտականություններից, ունենա վարչական բացարձակ լիազորություն, հարկ եղած դեպքում հրավիրելու Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցու Ազգային-Եկեղեցական Ժողով՝ եկեղեցու կյանքը լճացումից դուրս բերելու, նոր ժամանակի մարտահրավերներին դիմագրավելու, Հայ Եկեղեցու պատմական առաքելությունն արդի սոցիալ-հասարակական տիրույթում՝ նոր աշխարհընկալման, լեզվամտածողության եւ արժեհամակարգի մեջ հոգեւոր ծառայության ճամփով առավել եւս արդյունավորելու, Ս. Ավետարանի կենսահաղորդ պատգամը ժամանակահունչ դարձնելու, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի հեղինակությունը եւ հայրենյաց ոգին սառնաշունչ հովերից պաշտպանելու, դրանք իրենց դարավոր ու հնավանդ, բայց միշտ թարմ ու հոգենորոգ ջերմությամբ հայ երիտասարդ սերնդի սրտի մեջ բաբախուն եւ զգալի պահելու համար։
Այս առումով հույժ կարեւոր, այսօր ավելի՛ քան երբևէ, մեզ պետք է հոգեկիր եւ սրբակրոն հայրապետ, ով կլինի մեր եկեղեցու ամենաշնորհալի, հավատավոր եւ տեսլապաշտ հոգեւորականներից մեկը՝ իր անկաշառ հայրենասիրությամբ, ժողովրդանվեր գործունեությամբ, առաքինազարդ եւ անբասիր կենցաղով, հեզահամբույր եւ բարեմույն բնավորությամբ, մեր հոգեւոր-մշակութային արժեքների նկատմամբ ունեցած անսահման սիրով եւ նվիրումով, համալսարանական բարձրագույն եւ վկայուած կրթությամբ, մեր պատմական եկեղեցականների, հոգեւոր առաջնորդների եւ առաջին լուսավորիչների՝ լուսապսակ հայրապետների եւ եռամեծ վարդապետների տեսիլքով ու կերպարով տոգորված մի անձնավորություն, որ կարողանա կարճ ժամանակում նվաճել ողջ հայ ժողովրդի անմնացորդ սերն ու հարգանքը, ու ամենակարեւորը՝ պարտավորեցնող վստահությունը։
Լուսավորչի միածնաէջ Ս. Աթոռի վրա միայն աստվածարյալ եւ ազգընտիր արժանավոր կաթողիկոսը կկարողանա նոր ու խոստումնալից էջ բանալ մեր ազգային-եկեղեցական նորագույն տարեգրության մեջ։ Այն իր խոհուն մտքով, համոզիչ խոսքով ու գործով վառ պիտի պահի քրիստոնեական մաքուր հավատքի, հայրենասիրության եւ ազգասիրության անշեջ հրայրքը մասնավորաբար մեր նոր սերնդի՝ հրաշալի երիտասարդության հավատավոր սրտի մեջ, այն ուղղորդի ճիշտ արդյունավորելու եւ արժևորելու իր գոյությունը ոչ միայն իր հայաշունչ տոհմիկ միջավայրի, այլ նաեւ միջազգային հանրության մեջ։ Հայը ո՛ւր էլ որ գտնվի, մայր հայրենիքի թե տարագիր աշխարհի հեռավոր վայրերի մեջ, Հայ Եկեղեցու միջոցով պարտավոր է ջերմ հավատք եւ վստահություն ունենալ իր դարավոր՝ պատմական ու ներկա հայրենիքի, ազգի ու պետության ապագայի հանդեպ, անհուն սիրով սիրի նրանց, եւ իր բովանդակ կարողությունները դնի ի նպաստ նրանց հզորացմանը, բարգավաճմանը, անվտանգությանը եւ պաշտպանությանը։ Հայի գիտակցության եւ ոգու մեջ նաեւ խորաքանդակ դրոշմված պետք է մնա հայոց պահանջատիրության անժամանցելի ուխտը՝ հասնելու միջազգային հանրության եւ հատկապէս Օսմանյան Կայսրության իրավական ժառանգորդ Թուրքիայի Հանրապետության կողմից Ցեղասպանության ամբողջական ճանաչման եւ լիարժեք հատուցման արդար իրագործմանը։ Արդարեւ, սույնը մեր համազգային գոյապայքարի բարձրագույն եւ առաջնահերթ նպատակներից մեկն է, որի ոգեշնչող եւ առաջամարտիկ ռահվիրաներից մեկը պետք է հանդիսանա Հայոց հայրապետը։ Նա պետք է կարողանա բարձր պահել Ս. Էջմիածնի դարավոր ու պատմական Աթոռի հմայքը, ոչ թե իբրեւ անկենդան մի հուշարձան, վաղնջական քարացած մի հաստատություն՝ զուրկ կյանքից, հրապույրից եւ զորությունից, այլ իբրև արտաքին բոլոր ուժերի դեմ մարտնչող, մեր ժողովրդի կյանքի մեջ գործող ազդու եւ մնայուն մի առաքելություն՝ Ավետարանի լույսը մութ սրտերից ներս թափանցող, իր սրբությամբ հոգիները ազնվացնող, մաքուր խիղճ եւ ամուր նկարագիր կերտող ազգային-հոգեւոր մի ժառանգություն։
Երբ թերթում ենք Հայ Եկեղեցու պատմության էջերը, հանդիպում ենք մեծ ու փառահեղ բազմաթիվ հայրապետների, որոնց առաքելական կոչման գերազանց խորհըրդանիշը եւ գործի բազմարդյուն վաստակը եղել է Մեծի Տանն Թորգոմայ հավատքի միության պահպանության արժանահավատ երաշխիք տալը։ Քաջարթուն եւ անձնվեր հովվապետի առաջին եւ ամենանվիրական հանձնառությունը իրեն վստահված հոտի միության պահպանությունն է եւ, արդարեւ, հենց այդ է իր կաթողիկոսական ուխտադրության կարգի առանձնահատուկ իմաստն ու նշանակությունը։ Մյուս բոլոր բարեմասնություններն ու շնորհները, լինեն դրանք շինարարական աշխուժություն կամ այլ առավելություններ, որոնցով նա կարող է օժտված լինել, երկրորդական են, քանի որ դրանք շատերը կարող են ունենալ: Առանձնահատուկ և ուրիշներից տարբերող մեծությունն այն հզոր պատասխանատվության ընկալումն ու իրագործումն է, որ, իբրև Հայց. Առաք. Ս. Եկեղեցու հովվապետ, իրեն վստահված հոտը հովվի իմաստությամբ եւ նրա անքակտելի միությունը պահի ամբողջական եւ խաղաղության մեջ։ Հետեւաբար, հայրապետը ոչ թե պետք է անհեռատես նկրտումներով, մենատիրության անզուսպ հակումներով եւ հեղինակություն պարտադրելու բռնազբոսիկ պոռթկումներով Հայ Եկեղեցու ուխտի միաբանության անդաստանից ներս բաժանումների, հերձվածողական շարժումների եւ տարատեսակ գայթակղությունների տեղիք տա, այլ հայրական գորովագութ մոտեցմամբ, քավող սիրով եւ հաշտարար ոգով պիտի ջանա բուժել Հայ Եկեղեցու մարմնի վրա բացված նորագույն վերքը, վերստին նրա մայրական գիրկն առաջնորդի հուսալքությունից խոնջած եւ երբեմն իր անհաղորդ գաղջության դեմ ընդվզած իր սիրասուն զավակներին, եղբայրասիրության համակ եւ փոխադարձ ընդառաջումներով սերտացնի Մայր Աթոռի եւ մեր նվիրապետական մյուս Աթոռների, նաեւ թեմական առաջնորդությունների միջեւ սրտագին փոխհարաբերությունները, անաղարտ պահի մեր եկեղեցու առաքելավանդ կարգն ու կանոնը, մեր ազգային-եկեղեցական հինավուրց ավանդությունները, մեր եկեղեցու ինքնուրույնությունը, ազգային նկարագիրը, ուղղափառությունը, ժողովրդավարական սկզբունքները, ազգանվեր ու հայրենանվեր ոգին։
Թող ամենաողորմած Աստուած իր երկնապարգև օրհնություններն ու շնորհները սփռի հայ մտքի ու հոգու վրա, իսկ Հայց. Առաք. մեր մայր եւ Ս. Եկեղեցին, Աստծու թագավորության բարիքներով ճոխացած, միշտ մնա իր կոչման բարձրության վրա ու, ինչպես անցյալում, նաեւ այսօր կարողանա ժամանակի պահանջների եւ արդի մարտահրավերների ամեհի կոհակների մեջ անվթար առաջնորդել մեր ազգային գոյության հոգեւոր նավը:
Դոկտ. Աբել Քհն. Մանուկյան
Ի տօնի սրբուհւոյ Աստուածածնի ծննդեան յԱննայէ
Ժնև, 8 Սեպտեմբեր 2018