«Չարչարուող» Արեւմտահայերէնը Եւ Զայն… «Չարչարողներ»ը

 Պարոյր Յ. Աղպաշեան, Պէյրութ, 18 Ապրիլ 2016

Արեւմտահայերէնը ո՞ր հորիզոնականին վրայ կարելի է զետեղել, այսօրուան իր տատանուող վիճակով ու վաղուան անորոշութեամբ:

Ինչո՞ւ Արեւմտահայերէնը յայտնուեցաւ տխուր ճակատագրի մը մէջ, իր շուրջ ստեղծելով միջազգային վերաբերմունք ու համահայկական ուշացած (՞) հետաքրքրութիւն:

Լրջամտական մօտեցումները, խորհրդաժողովական գումարումները կամ մասնագիտական քննարկումները կրնա՞ն նպաստել անոր պահպանումին:

Վերջին հաշուով, ո՞վ է “տէր”ը Արեւմտահայերէնին, որուն դալկութեան ու տժգունութեան, այլեւ՝ խամրումին ու թառամումին համար կարելի է “մեղաւոր” փնտռել կամ նկատուիլ:

 Պարոյր Յ. Աղպաշեան, Պէյրութ, 18 Ապրիլ 2016

Արեւմտահայերէնը ո՞ր հորիզոնականին վրայ կարելի է զետեղել, այսօրուան իր տատանուող վիճակով ու վաղուան անորոշութեամբ:

Ինչո՞ւ Արեւմտահայերէնը յայտնուեցաւ տխուր ճակատագրի մը մէջ, իր շուրջ ստեղծելով միջազգային վերաբերմունք ու համահայկական ուշացած (՞) հետաքրքրութիւն:

Լրջամտական մօտեցումները, խորհրդաժողովական գումարումները կամ մասնագիտական քննարկումները կրնա՞ն նպաստել անոր պահպանումին:

Վերջին հաշուով, ո՞վ է “տէր”ը Արեւմտահայերէնին, որուն դալկութեան ու տժգունութեան, այլեւ՝ խամրումին ու թառամումին համար կարելի է “մեղաւոր” փնտռել կամ նկատուիլ:

Պէտք է ընդունիլ ու հաստատել, որ Արեւմտահայերէնի ապրած մղձաւանջութիւնը, մէկ օրէն միւսը չառաջացաւ, ոչ ալ յանկարծ հասաւ այս կէտին, երբ անոր պատճառները բազմաթիւ ու բազմատեսակ են, որոնց անդրադառնալը այս գրութեան նիւթը չէ:

Ինչո՞ւ պոլսահայ իրականութեան մէջ, Արեւմտահայերէնը հասաւ իր “Ոսկեղնիկ”ային բարձունքին, գրաւոր թէ խօսակցական արտայայտութիւններով, ստեղծագործական թէ ուսումնասիրական բերքերով, կատարողական թէ հրապարակագրական ներկայացումներով:

Արեւմտահայ գրականութեան, հրապարակագրութեան, արուեստաբանութեան եւ թատերագրութեան ամբողջ ժառանգը, իր համապատասխան ստորաբաժանումներով, լեզուական անգերազանցելի գանձարան մըն էր, նոյնիսկ՝ որոշ շրջաններու ու գրողներու պարագային, գործածուած “գրաբախառն” լեզուի մը, որ անխուսափելիութիւն մըն էր:

Այդուհանդերձ, ձեւաւորուեցաւ ու բիւրեղացաւ վճիտ ու ջինջ Արեւմտահայերէն մը, որ կտակուեցաւ յետեղեռնեան Տարագիր հայութեան (իմա՝ Սփիւռքահայութեան), որ գուրգուրաց անոր վրայ, իրաւացիօրէ՛ն, զայն նկատելով Արեւմտահայութեան պահպանման ու գոյատեւման հիմնական կռուանը:

Այն ինչ որ ստեղծուեցաւ յետայնու, կը պարտինք այդ ոգիին ու գիտակցութեան, այդ դաստիարակութեան եւ յանձնառութեան, որոնց արդիւնաշատ “պտուղ”ները երկար ժամանակ շնչաւորեցին ու կենսաւորեցին յետագայ կարգ մը սերունդները:

Եկեղեցին ու դպրոցը, հայրենակցականն ու միութենականը, մամուլը եւ գիրքը, մշակոյթը եւ արուեստը, ուսուցիչն ու մտաւորականը, իւրաքանչիւրը իր ուրոյն դերակատարութեամբ, ազդեցութեամբ ու գործունէութեամբ, նպաստեց Տարագիր հայութեան պահպանման, գերազանցապէս շնորհիւ չքնաղագոյն լեզու՝ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻՆ:

Ժամանակի թաւալքին, պայմաններու փոփոխութեան, միջավայրերու այլասերման, շրջապատային անյարիրութեան, յարաբերային գործօններու եւ բազմաթիւ այլ ազդեցութիւններու խճաշխարհին մէջ, ակամայ թէ կամայ, բայց, աններելի անհեռատեսութեամբ, մոռցուեցաւ Տարագիր հայութեան պահող ու սնուցանող, թարմացնող ու կրթող ՄԱՐԴՈՒԺը, այլ խօսքով՝ չպատրաստուեցաւ, չկազմաւորուեցաւ կամ չհասունցաւ այդ “հրաբուխ”ը, Արեւմտահայերէնի կենդանութիւնը ապահովելու, հմայքը վարակելու ու գեղեցկութիւնը վայելելու գնով:

Մեղաւորներ փնտռելը կամ պատասխանատուներ ամբաստանելը, այսօր, ի՞նչ լուծում կամ դարման կրնայ տալ, երբ Արեւմտահայերէնը, դժբախտաբար, հիւանդկախ վիճակի մը մէջ կը գտնուի – մանկավարժական, հրատարակչական, հրապարակագրական, խօսակցական, հասարակական, ուսումնական եւ այլ ասպարէզներով ու փորձադաշտերով:

*****

Այս արագ հպումները կատարեցինք, տեսնելով ու հետեւելով Արեւմտահայերէնը պահպանելու ու կենդանացնելու, ինչպէս նաեւ՝ զայն աշխուժացնելու ու ներարկելու ճիգերուն ու փորձերուն:

Գնահատելի նախաձեռնութիւններ եւ, թերեւս ալ՝ օգտակար, պիտի մտածէինք, եթէ ականատես եւ ականջալուր չըլլայինք այն զիրար խաչաձեւող միջամտութիւններուն եւ հրմշտուկներուն, որոնք տեղի կʼունենան տարբեր վայրերու մէջ, Արեւմտահայերէնի վիճակը քննարկելու ու զայն փրկելու (՞) մտօք:

Գիտաժողով մը հոս, համագումար մը հոն, համահաւաք մը այստեղ, խորհրդակցութիւն մը այնտեղ, Պէյրութէն Երեւան, Լոս Անճելըսէն Փարիզ, Լոնտոնէն… ո՞ւր, չենք գիտեր, բայց, Արեւմտահայերէնը օրակարգի վրայ է, հրապարակի մամուլի նիւթ է, հրատապութիւն կը ներկայացնէ, տագնապի վերածուած է (”մոտայ”ի…):

Շատ բարի:

Անոնք որոնք Արեւմտահայերէնով կը զբաղին կամ կը յաւակնին “բժիշկ”ի ու “փրկարար”ի դեր վերցնել – եկեղեցի, ակադեմիա, հիմնարկութիւն, մասնագէտ, եւայլն, պահ մը մտածեցի՞ն (կամ մտածած են), թէ անհատական կամ կազմակերպական, սիրողական կամ հարեւանցիական, ցուցադրական կամ պատահական փորձերը չեն կրնար ծառայել այս նպատակին իրականացման կամ բարելաւման:

Միթէ ցարդ կատարուածները ցոյց չե՞ն տար, որ այս չէ ճանապարհը դէպի Արեւմտահայերէնի պահպանում:

Այդ մեկնարկով ո՞ւր կարելի է հասցնել Արեւմտահայերէնի ապագան:

Արեւմտահայերէնը չի կրնար հոս ու հոն տեղի ունեցող հանդիպումներով ու համախմբումներով, որոնք, որքան ալ օգտակար դառնալու միտին, կրնան անոր ընդհանրական ու համատարածական շահերուն նպաստել, ոչ ալ գործնական հեռանկարի մը հանգրուանիլ:

Ցարդ գործող կամ գոյութիւն ունեցող մարմինները կամ կողմերը, կրնա՞ն հրապարակաւ յայտնել, թէ ի՞նչ իրագործեցին (եւ ի՞նչը իրագործելի է տակաւին), ո՞ւր թերացան եւ ի՞նչ են պատճառները:

(Ի դէպ, խօսքը երբեք չի վերաբերիր ընթացիկ եւ ճապաղ լրատուութիւններուն):

Բայց, ինչպէ՞ս կարելի է խանդավառուիլ այս բոլորէն, երբ նախ՝ յուսադրիչ որեւէ նախանշաններ չկան, յետոյ՝ միամտութիւն է հաւատալ, որ նման բազմագոյն մասնակցութիւնները կրնան դրական արդիւնքներու հասցնել Արեւմտահայերէնի դիմագրաւած դժուարութիւնները:

Արեւմտահայերէնը “կենդանի” պահելու նուիրուածները, իրենց տարբեր պատկանելիութիւններով, հետաքրքրական է, իրարու հետ ի՞նչ առընչութիւններ ունին, յարաբերութիւններ, համագործակցութիւններ կամ ներդաշնակութիւններ:

Պատասխանը, միանշանակ… ոչի՛նչ, բացի “Արեւմտահայերէն” անուն-վերնագիրը օգտագործելէն, որ կʼենթարկուի խայտաբղէտ բնութագրումներու ու յեղյեղումներու:

Այս շրջագիծէն ներս, ուրիշ ուշագրաւ, այլապէս հարցադրելի պարագայ մըն է, մասնակիցներու, խորհրդատուներու կամ ժողովականներու հարցը, որոնցմէ քիչեր մասնագիտական, աւելի ճիշդ՝ լեզուագիտական պատրաստուածութիւն ու գիտակութիւն ունին, մինչդեռ, նման նիւթերու պարագային, արհեստավարժութիւնն ու փորձագիտութիւնը բացարձակ անհրաժեշտութիւններ են:

Իսկ ասոր համոզուելու ու զայն ճիշդ կիրարկելու համար, առնուա՛զն, ակադեմական շրջանակներ ինչպէ՞ս կը գնահատեն Արեւմտահայերէնի հետ վերաբերումը նման անլրջութեամբ եւ անփութութեամբ:

Կարելի՞ է այսպիսի կենսական ու հրամայական թղթածրարի մը հետ վերաբերուիլ անհեթեթութեամբ կամ կարճատեսութեամբ, կարծես թէ տեղի ունեցածը ( եւ ունենալիքը), Սփիւռք-Հայաստան հերթական… հանդիպում է:

Ճիշդ է թէ՝ Սփիւռքի մէջ, հայագէտ-լեզուագէտներու թիւը պակսած է (նորեր ունենալն ալ… տարակուսելի), բայց, այն քիչն ալ որ կայ, որոշապէս կրնայ իր գործօն մասնակցութիւնը բերել, եթէ՝ հաշուենկատութիւն, անձնականութիւն եւ պատեհապաշտութիւն բացառուին:

Արեւմտահայերէնը պէտք է պահուիպահպանուիգոյատեւուի:

Ո՛չ մէկ կասկած եւ՝ անպայմա՛ն:

Սակայն, ոչ այն հատուածականութեամբ, բեւեռականութեամբ, անգիտութեամբ եւ բազմագլխանիութեամբ, ոչ ալ ի հեճուկս անցողակի, հպանցիկ ու ժամանակաւոր տնօրինումներու:

Իսկ դարձնելու համար “առողջութիւն”ը կայուն ու հաստատուն, անհրաժեշտ է՝

  • Կազմել կեդրոնական համագաղութային վերին մարմին
  • Համախմբել զուտ մասնագէտներ
  • Որդեգրել ուսումնասիրուած ծրագիր
  • Գործունէութիւններէն տեղեակ պահել հանրութիւնը
  • Արդիւնաւէտութիւնը դարձնել զգալի ու գործնական

*****

Արեւմտահայերէնի քննարկում-պահպանումը չի կրնար ընթանալ ժամանակաւորութեան կամ կարկտանութեան (ան)սկզբունքներով, անիկա սրբութիւն մըն է, զոր պէտք է պահել ու մանաւանդ՝ գործածել:

Հայրենի պատկան իշխանութիւնները, որոնք կը հետամտին լուրջ ուշադրութիւն ցուցաբերել Արեւմտահայերէնի հանդէպ, թելադրելի է աւելի բծախնդիր ընտրութիւններ կատարեն մասնակիցներու նկատմամբ, զգուշաւոր ըլլան զայն պահելու մասնագիտական մակարդակի վրայ եւ, ամենէն կարեւորը, այս ուղղութեամբ, յարգեն Սփիւռքի տեսակաւոր-որակաւոր կշիռքի ներկայացուցիչները:

Արեւմտահայերէնը, ցաւալի է, վիրաւոր է, բայց, այդ չարչրկումները չեն արդարացներ անոր չարչարանքներուն յամեցումը եւ զայն չարչարողներուն… չափազանցութիւնը:

1 comment
  1. Արեւմտահայերէն

    Անկապակից մտքերով ու անճիշդ ախտաճանաչումներով խճողուած յօդուած մըն է, որ ոչ մէկ լուծում կ'առաջարկէ  կացութեան: Ան կը քննադատէ արեւմտահայերէնի փրկութեան համար տեղի ունեցող համագումարները,  սակայն ի վերջոյ համագումար մըն ալ ի՛նք կ'առաջարկէ: Կ'առաջարկէ կազմել արեւմտահայերէնի մասնագէտներէ բաղկացած համասփիւռքեան մարմին մը, սակայն նման մարմին մը 4-5 տարի առաջ կազմուեցաւ  Արամ Ա.-ի կողմէ, որուն անդամ  նշանակուեցաւ Աղպաշեան ին՛ք  եւ որմէ, սակայն, հրաժարեցաւ. եթէ  նման մարմին մը լուծում էր արեւմտահայերէնի վտանգուած կացութեան , ապա ինչո՞ւ հրաժարեցաւ, թող որ այդ մարմինը ոչ մէկ լուծում բերաւ կամ առաջարկեց  տարիներէ ի վեր: Եւ վերջապէս  յօդուածագիրը կ'ակնարկէ սփիւռքահայ մասնագէտ արեւմտահայերէնագէտներու.  այդպիսիք ո՞ւր կը գտնուին եւ ինչպէ՞ս կարելի է ճանչնալ զանոնք, ո՞ր չափանիշ(եր)ով:
     

Comments are closed.

You May Also Like