Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 7 Մայիս 2014
Քեսապին պատուհասած տխուր ճակատագիրը, իր արտաքին թէ ներքին գործօններով, կլանած է աշխարհը, բայց, մանաւանդ հայ ժողովուրդը, հայաստանեան, ղարաբաղեան թէ սփիւռքեան հատուածներով:
Շատ բնական երեւոյթ է ասիկա, բայց, անբնական է, երբ ոմանք իրենց երեւակայութեան կու տան թռիչքներ, մեկնաբանութեանց՝ ապատեղեկութիւններ, յաճախ քննարկումներու մակերեսայնութեամբ ու վերլուծումներու ալ՝ խակութիւններով:
Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 7 Մայիս 2014
Քեսապին պատուհասած տխուր ճակատագիրը, իր արտաքին թէ ներքին գործօններով, կլանած է աշխարհը, բայց, մանաւանդ հայ ժողովուրդը,
Շատ բնական երեւոյթ է ասիկա, բայց, անբնական է, երբ ոմանք իրենց երեւակայութեան կու տան թռիչքներ, մեկնաբանութեանց՝ ապատեղեկութիւններ, յաճախ քննարկումներու մակերեսայնութեամբ ու վերլուծումներու ալ՝ խակութիւններով:
Աւելի ահաւորը այն է, երբ ազգային-քաղաքական կամ ընկերային-հասարակական կեանքին մէջ կը յայտնուին դեղնակտուցներ, որոնք յորդոր ու քարոզ, դաս ու խելք տալու ցնորամտութեամբ, հրապարակը կ‘ողողեն իրենց աղմկարարութեամբ ու շաղակրատութեամբ:
Քեսապի ողբերգութեան ու տագնապի պարագային, օրինակ, շատ կը խօսուի «չէզոք»ութեան մասին, իր խայտաբղէտ որակումներով, տարբերակներով ու թարգմանութիւններով:
Մինչեւ այս հարցին աւելի խոր անդրադարձումը, անհրաժեշտ է յստակացնել հետեւեալը, գոնէ, անգամի մը համար, հրապարակելի թափանցիկութեամբ.
Մեծ Եղեռնէն ետք, տարասփռուած հայութիւնը կայք հաստատած երկիրներուն մէջ ապրեցաւ արժանապատիւ կեանք, իր աշխատասիրական, ստեղծագործական, շինարարական ու քաղաքացիական պարտականութիւններով, պարկեշտ ու նուիրեալ համայնքի անուն շահելով:
Ասպնջական այդ հիւրընկալ երկիրներէն առաջինը եղաւ Սուրիան, որ իր թեւերը եւ դռները լայն բացաւ, թէ՛ մարդասիրական, թէ՛ բարեկամական առումներով, որոնց նկատմամբ սուրիահայութիւնը եւ ընդհանրապէս հայութիւնը մեծապէս երախտապարտ են:
Այսօր, աւելի քան երեք տարիէ ի վեր, Սուրիան մխրճուած է (մխրճա՛ծ են) անագորոյն քաոսի մը մէջ, սկիզբը ընդունելի լուրջ ընդդիմութեամբ, ապա՝ անընդունելի արկածախնդիր ահաբեկչութեամբ, որոնց տխուր հետեւանքները տակաւ կը շարունակուին:
Այս պարագային, ինքնին հարցադրելի չէ՞, «չէզոք»ութիւնը ինչպէ՞ս եւ ո՞ւր կրնայ ըլլալ, կիրարկուիլ կամ խորաչափուիլ:
Անտարբերութեա՞մբ՝ ո՛չ:
Կողմնակալութեա՞մբ՝ ո՛չ:
Դիտողականութեա՞մբ՝ ո՛չ:
Դասալքութեա՞մբ՝ ո՛չ:
Ծայրայեղութեա՞մբ՝ ո՛չ:
Չէզոքութեա՞մբ՝ ԲԱՑԱՐՁԱԿԱՊԷՍ ո՛չ:
Ահաւասիկ այս «չէզոք»ութիւնն է, որուն մասին շատ կը խօսուի, առանց խորանալու անոր քաղաքական-քաղաքացիական լայնահունչ բովանդակութեան մէջ:
Երբ Սուրիան կը փորձեն արմատախիլ ընել իր էութենէն, յայտնի չարագործներու դաւադրութեամբ ու մարզուած վարձկաններու ձեռամբ, կրնա՞յ ըլլալ որ պետութիւն հասկացողութիւնը եւ ահաբեկչութիւնը դրուին նոյն նժարին վրայ ու չարտայայտուիլ մէկուն կամ միւսին մասին:
Ո՞վ պիտի արգիլէ ասպնջականութեան երախտագիտութեան մասին արտայայտուելէն կամ պիտի խուսափի զայն յիշելէն:
Եթէ նախազգուշութիւնն ու վնասազերծութիւնը կը պահանջէին (՞) այդ մօտեցումներու որդեգրումը, ապա, ինչպէ՞ս բացատրել բարի, ազնիւ եւ օրինակելի Քեսապցի քաղաքացիին ու հայապատկան աւանին վրայ կատարուած հրոսակային արշաւանքները, չէ՞ որ անոնք «չէզոք» էին, իսկ ատիկա ինչո՞վ օգտակար եղաւ անոնց, ի դէմս թրքաբարոյ ասպատակութիւններուն ու բարբարոսութիւններուն:
Աւելին՝ եթէ Սուրիոյ բարեխնամութեան ու հիւրընկալութեան բարեմասնութիւնները պիտի բարձրաձայնուին, պետական մակարդակով, յանցա՞նք գործուած կ‘ըլլայ, թէ՞՝ դիմացի կողմը վարկաբեկուած կ‘ըլլայ, մնաց որ՝ սուրիահայութիւնը, առանց այդ ալ թիրախ է, իր զոհերով, կրած աւերներով ու թալաններով:
Հետեւաբար, անոնք որոնք՝ տեղի-անտեղի, մունետիկութիւն կը խաղան, կոչ ընելով՝ «խոհեմութեան, զգուշութեան, հեռատեսութեան կամ տրամաբանութեան», այդքան տափակնալու պէտք չունին, քանի սուրիահայութիւնը՝ ի՛նք ամենէն լաւ գիտէ թէ ինչպէս պիտի շարժի ու գործէ:
Ուրիշ «չակերտ»աւորներ, տգէտօրէն, Սուրիոյ մէջ պատահածները կ‘առընչեն կամ կը համեմատեն Լիբանանի մէջ կատարուածին, երբ լիբանանահայութիւնը որդեգրեց «դրական » չէզոքութեան վարքագիծ»ը:
Ողորմելիները կ‘անգիտանան որ լիբանանեան պատերազմը, ո՛չ մօտէն, ո՛չ ալ հեռուէն կապ կամ նմանութիւն ունի սուրիական իրադարձութիւններուն հետ, պարզապէս անոր համար, որ նախ՝ անիկա ներհամայնքային կռիւ էր (թէկուզեւ հրահրուած դուրսէն), ապա՝ պաղեստինցիները հաշուեյարդարի ենթարկելու դաւ, հուսկ՝ երկիրը մասնատելու փորձ:
Տխուր փաստ է, սակայն, որ Սուրիոյ պարագային, բարեկարգչային պահանջքները մոռացութեան գիրկը նետուեցան, մինչ արաբական աշխարհը, Եւրոպան, Ամերիկան «սրբազան պատերազմ» յայտարարեցին անոր դէմ, իբր թէ սուրիացի ժողովուրդը փրկելու ու՝ տեսէ՛ք, թէ ի՜նչ գնով երկիրը քանդուեցաւ, բզկտուեցաւ, ցնցուեցաւ, պարպուեցաւ:
Հոս՝ ո՞ւր պէտք է փնտռել «չէզոք»ութիւնը – լռելով, դիտելով ու համակերպելո՞վ, թէ՞ դիւանագիտական ճկունութեամբ ու ձեռնհասութեամբ, որոնցմէ զուրկ չէ սուրիահայութիւնը:
Մարդիկ ինչո՞ւ կը մոռնան (կամ կ‘ուզեն մոռնալ), որ հոն կայ պետութիւն ու բանակ, իսկ անոնք համալրուած են նաեւ հայերով, որոնք բազմաթիւ պարտաւորութիւններով օղակուած են անոնց եւ այլ կառոյցներու հետ:
Կը նշանակէ թէ՝ ա՛յս պարագային մանաւանդ, «չէզոք» մնալը ոչ փրկութիւն է, ոչ ալ առաքինութիւն, ինչպէս «խելք» կու տան շատեր, շա՜տ պարզ տրամաբանութեամբ մը, որ մեր ապրած երկիրներուն հետ չենք կրնար վարուիլ «պանդոկ»ային չափանիշերով:
Վերջին հաշուով, հայերը ո՛չ զէնք բռնեցին, ո՛չ սպանդ կազմակերպեցին, ո՛չ ալ առեւանգեցին, ուրեմն, ինչո՞ւ «չէզոք» ութիւնը, կ‘որձեւէգուի, սխալ կը բացատրուի կամ կը մեկնաբանուի, երբ պետութեան զօրավիգութեան մասին կը խօսուի, ա՛յն պետութեան, որ սկիզբէն ի վեր բարեպատեհ պահեր ստեղծեց ու ձեռնտու պայմաններ պարգեւեց:
Այս ուղղութեամբ ուշագրաւ դիտարկում մը եւս.
Ամերիկայի նախագահ Պարաք Օպաման, «ռամպօ»ական ոճով մը, երբ սպառնաց ներխուժել Սուրիա (նոյնհետայն սմքելով ու հրաժարելով այդ նուաճողական արկածախնդրութենէն), Լիբանանի մարոնիներու պատրիարքը, յանդուգն յայտարարութեամբ մը դատապարտեց այդ մէկը, զայն նկատելով անհանդուրժողական արարք, միաժամանակ խօսելով քրիստոնեաներու անվտանգութեան մասին:
Հայութենէն՝ որեւէ՛ կողմ, եկեղեցական թէ քաղաքական, ի՞նչ ըրաւ, ինչպէ՞ս հակազդեց կամ ինչո՞ւ լռեց: Միայն «չէզոք»ութիւն պահեց ու խաղաց, բայց, տեսանք թէ քրիստոնեաները ինչպիսի՜ ճիւաղներու բռնութիւններուն ենթարկուեցան, որոնց վերջինը (թերեւս ո՞չ վերջնագոյնը)՝ Քեսապն ու քեսապահայութիւնը:
«Չէզոք»ութիւնը լաւ բան է, նայած թէ՝ ո՛ւր եւ ինչպէ՛ս, որո՛ւն հետ ու դէմ, որովհետեւ կան անոր պարտուողական եւ ենթակայական, նաեւ՝ յաղթական ու խաղաղասիրական տեսակները:
Զգուշանալ առաջինէն, հետեւի՛լ՝ երկրորդին, եթէ դարձեալ ուշ եւ ուշացած չենք: