Պարոյր Յ. Աղպաշեան , Պէյրութ, 15 Ապրիլ 2015
Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը, իր ծրագիրներով ու գործունէութիւններով, ձեռնարկներով ու պատրաստութիւններով, աւելի քան տարիէ մը ի վեր իր վրայ կեդրոնացուցած է համայն հայութեան ուշադրութիւնը, համապետական թէ համաժողովրդային մակարդակներով:
Մեր նպատակը երբեք չէ այդ նշումները՝ իրենց զանազան դրսեւորումներով եւ արտայայտամիջոցներով, քննարկել կամ արժեւորել, որովհետեւ օրը-օրին կամ առիթէ-առիթ արդէն կատարուած են ատոնք, համապատասխան արձագանգներով եւ անդրադարձներով:
Պարոյր Յ. Աղպաշեան , Պէյրութ, 15 Ապրիլ 2015
Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը, իր ծրագիրներով ու գործունէութիւններով, ձեռնարկներով ու պատրաստութիւններով, աւելի քան տարիէ մը ի վեր իր վրայ կեդրոնացուցած է համայն հայութեան ուշադրութիւնը, համապետական թէ համաժողովրդային մակարդակներով:
Մեր նպատակը երբեք չէ այդ նշումները՝ իրենց զանազան դրսեւորումներով եւ արտայայտամիջոցներով, քննարկել կամ արժեւորել, որովհետեւ օրը-օրին կամ առիթէ-առիթ արդէն կատարուած են ատոնք, համապատասխան արձագանգներով եւ անդրադարձներով:
Այս յօդուածին գլխաւոր նպատակը բարձրաձայն մտորում մըն է, հրապարակային խորհրդածութիւն մը Հայոց Ցեղասպանութեան Պահանջատիրութիւն հասկացողութեան մասին, որ ամենօրեայ յաճախականութեամբ դարձաւ օրակարգ, արծարծուեցաւ ու հնչեց կազմակերպիչ մարմիններու կողմէ, բեմերէն թէ մամուլէն:
Հարիւր տարի անցած է Հայոց Ցեղասպանութեան վրայ, մինչ ցեղասպանութեան հայ ժողովուրդին ժառանգորդները, վերապրողներու եւ անոնց յաջորդող սերունդներու հերթականութեամբ, ականջալուր եղան (ու կ’ըլլան), իրազեկ դարձան (ու կը դառնան) մարդկութեան ԱՌԱՋԻՆ հաւաքական սպանդին, ջարդին ու կոտորածին, որ յետագային կոչուեցաւ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ, քանի որ ատիկա կանխամտածուած ու նախածրագրուած քաղաքական արարք մըն էր, որով ամբողջ ժողովուրդ մը կ’ենթարկուէր բնաջնջումի, գիտակցուած ոճով, բռնագաղթի, բռնաբարումի ու բռնադատումի միջոցներով:
Հարիւր տարուան ընթացքին, Հայոց Ցեղասպանութեան գործընթացը, ներհայկական եւ արտհայկական առումներով, անցաւ տարբեր հանգրուաններէ ու զանազան փուլերէ, ուր՝
- Ճանաչումը
- Ընդունումը
- Հետապնդումը
- Ոգեկոչումը
- Դատապարտումը
- Հատուցումը
իւրաքանչիւրը, առանձին թէ միասնաբար, արժանացաւ խայտաբղէտ կարգախօսներու ու լոզունգներու, բազմաբղէտ ձեւակերպումներու ու խմբագրումներու, միշտ այն ակնկալութեամբ ու հեռանկարով, որ Հայ Դատը կը գտնէ իր արժանի տեղը, հուսկ՝ արդար լուծումը:
Ի դէմս, այս հետեւողական ու շարունակական ճիգերուն, նախաձեռնութիւններուն ու կազմակերպուածութիւններուն, արդեօք, հարիւր տարուան չափանիշով, գոհացուցի՞չ էին, արդիւնաւէ՞տ էին այդ բոլորը:
Եթէ ոմանք պիտի ըսեն՝ այո՛, չարաչար կը սխալին:
Եթէ ուրիշներ պիտի ըսեն՝ ո՛չ, այս ալ մտմտուքի տեղի տուող հարց մըն է:
Յամենայն դէպս, երկու պարագաներուն ալ կայ տագնապեցուցիչ խնդիր մը, որուն պատասխան(ներ)ը գտնելու համար, նախքան փնտռելը արտաքին ճակատներու վրայ, անհրաժեշտ է որոնել ներքին կողմերուն մօտ, այսինքն՝ հայկական կազմակերպութիւններուն, որոնք, որքան ալ շնորհակալ գործ կատարած ըլլային, չեն կրնար, իրաւո՛ւնք չունին, արդարացումի ու չքմեղանքի պատրուակներու դիմելու, որովհետեւ հարիւր տարուան երկարաժամկէտ ճամբան չի թոյլատրեր, ոչ ալ կ’արտօնէ զայն:
Այսպէս կը տարուինք մտածելու, նոյնիսկ համոզուելու, նկատի ունենալով որ՝ Հայ Դատը, իր պահանջատիրական բովանդակութեամբ, քայլ չկրցաւ պահել ինքնավերանորոգուելու, ինքնարժեւորուելու եւ ինքնաբարեկարգուելու ցեղասպանաճանաչման ուղիներու զարգացումներուն հետ:
Այլ խօսքով, գէթ անցնող յիսնամեակի սերունդները, Պահանջատիրութիւն հասկացողութիւնը ինչպէ՞ս ըմբռնեցին, մեկնաբանեցին, խորաչափեցին եւ կամ՝ ի՞նչ սորվեցան անկէ եւ ո՞ւր կը տեսնեն անոր ելքը:
Հարիւր տարի ետք, «կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ»ը ի՞նչ կու տայ նոր սերունդին, բայց, հարիւր տարի ի՞նչ ըրինք. չյիշեցի՞նք Հայոց Ցեղասպանութիւնը, չպահանջեցինք մեր իրաւունքները:
Բնական է, թէ՛ յիշեցինք եւ թէ՛ պահանջեցինք, եւ ամենէն շա՜տ յիշեցինք ու պահանջեցինք, երբ հարիւր տարի ետք, ատոնց զուգահեռ, պէտք էր աւելի ազդու իրագործումներ ու նուաճումներ արձանագրէինք, հիմնաւորէինք:
Անկեղծ ու թափանցիկ պէտք է ըլլալ. կարելի չեղաւ Հայոց Ցեղասպանութեան գործընթացի յառաջդիմութեան թափ տալ, մղումի ենթարկել, այնպիսի մագլցումով ու բարձունքով, որ իր «հարիւր տարուան կեանք»ին մէջ կարենար դառնալ, իրօ՛ք, նշանակալի եւ իմաստալի, միանգամա՛յն:
Վերջին կիսադարու սերունդները, անտարակոյս, երախտապարտ են իրենց նախորդներուն՝ Տարագրուածներուն, որոնք Մեծ Եղեռնը, իր ահաւորութեամբ եւ ահագնութեամբ, բարբարոսութեամբ ու վայրագութեամբ, չմոռցան ու չմոռցուցին, այդ բոլորը դրոշմելով եւ արմատաւորելով ժամանակակիցներու թէ յաջորդակիցներու հոգիներու եւ էութեան մէջ:
Այդուհանդերձ, պայմաններու եւ իրավիճակներու փոփոխութեամբ, աւելի քան տրամաբանական է, որ Պահանջատիրութիւնը եւս զգենուր նոր լիցք ու սլացք, որ հեռու ըլլար լոկ զգացական զեղումներէ, չմնար դասականութեան սահմաններուն մէջ, ինչ որ տասնեակ տարիներու «անցեալ»ով մը արդէն գերյագեցած էր:
Ժամանա՛կն՝ է Պահանջատիրութիւն սահմանումին տալ՝
- Քաղաքական
- Իրաւական
- Օրէնսգիտական
- Փորձագիտական
- Միջազգայնական
- Համամարդկայնական
ՆՈՐ խորք ու բացատրութիւն, ուր մասնագիտական ներկայութիւնը, փորձառական վաստակը, ճանաչողական դերը, պատմական գիտութիւնը, յարաբերական հեղինակութիւնը հիմնական տեղ գրաւեն եւ, ամենէն կարեւորը, հայկական կողմը ունենայ իր «պատկառելի կազմ»ը, բաղկացած՝
- Ցեղասպանագէտներէ
- Քաղաքագէտներէ
- Դիւանագէտներէ
- Օրէնսգէտներէ
- Իրաւագէտներէ
- Մարդագէտներէ
Ասիկա չի նշանակեր, թէ հայ ժողովուրդը չունի նման մասնագէտներ, ընդհակառակը, ան աշխարհով մէկ տարածուած ցամաքամասերուն մէջ, ունի այնպիսի անուանիներ, որոնք պատուաբեր դիրքերու վրայ կը գտնուին, պատասխանատու հանգամանքներով, կը մնայ միայն զանոնք համախմբել, յանձնարարել, լիազօրել, որպէսզի Պահանջատիրութեան գործընթացը համաշխարհային հող շահելու կարելիութիւններ ու հնարաւորութիւններ ունենայ:
Մինչ այդ, եւ զուգահեռաբար, նոյնքան առաջնահերթութիւն ու հրատապութիւն է նոր սերունդը լուսաբանել ու դաստիարակել Պահանջատիրութեան այն հրամայականներուն մասին, որոնք անոր կու տան առարկայապաշտ, իրապաշտ ու ճշմարտապաշտ ամբողջութիւն մը, այդ պարունակով զայն շրջանառութեան մէջ դնելու առաջադրութեամբ:
Խիստ կարեւոր եւ անյետաձգելի պարտաաւորութիւն մըն է ասիկա, թէեւ ուշացած, որովհետեւ երբ կը խօսուի, կը գրուի ու կը քարոզուի հողերու վերադարձին, ինչքերու վերատիրացումին, իրաւունքներու վերականգնման ու մանաւանդ՝ հատուցումներու վերապահանջարկման մասին, նոր սերունդը չմտածէ «ի՞նչ պիտի ընենք»ի, «ո՞վ պիտի տայ»ի, «ո՞վ պիտի երթայ»ի, «ի՞նչ պիտի ըլլայ»ի եւ այլ նմանօրինակ արտայայտութիւններու մասին:
Այս թերացումներուն կամ կաղացումներուն գլխաւոր պատճառը պէտք է նկատել Պահանջատիրութիւնը հետապնդելու կեդրոնախոյս ու կեդրոնաբաշխ դրուածքները, մինչդեռ ատոր կարճ ճամբան կեդրոնաձիգ ու կեդրոնամէտ ընտրանքն է, անշուշտ, ինչպէս վերը յիշեցինք, արհեստավարժներու գլխաւորութեամբ եւ արհեստավարժական գործունէութեամբ, ուր Պահանջատիրութիւնը դրուի իր իսկական ուղեգիծին վրայ, առանց շեղումներու ու թեքումներու:
Թէ ինչպէ՞ս Պահանջատիրութեան պահանջքները ինքզինքնին պիտի վերանորոգեն ու վերապարտաւորեցնեն, ատիկա լուրջ, ուսումնասիրուած ու գիտականացած հսկայական թղթածրար մըն է, մէկ կողմէն՝ մեր նոր սերունդը առողջ հունաւորումի մէջ դնելով, իսկ միւս կողմէն՝ աշխարհի պատկան շրջանակները ճշգրտօրէն ուղղադրելով:
Այլապէս, եթէ կրկնելու ու կրկնուելու թաւալքին մէջ պիտի մնանք, առանց Պահանջատիրութեան տալու «բաբախուն» զարկ, հայ թէ օտար իրականութիւններէ ներս, կը նշանակէ թէ՝ յիսնամեակը կը մնայ հարիւրամեակ, իսկ այս վերջինն ալ…- հարիւր յիսնամեա՞կ:
1 comment
Bahantchadiroutyoun
Haryur ar haryur hamagardzik em Baruyr Aghbashianin hed. Ampoghtch hayoutyoune, aysouhedev, bedk eh ulla miagam, yev ulla bahantchader ir iravounkneroun, aveli gazmagerbevadzoutyamp, haradevoren, yev votch, miayn , aysbisi patsarrig hankervannerou artiv.
Comments are closed.