Պահպանել Ազատատենչ Լեռնաշխարհը

Անցնող քսան եւ հինգ տարիներու ընթացքին հարիւրաւոր լիբանանահայեր նուիրուեցան Արցախի ազատագրման, պահպանման, այնուհետեւ անոր զարգացման  ազգաշինարար յոյժ կարեւոր եւ սրբազան գործին: Ստորեւ կը ներկայացնենք այս ազգանուէր անհատներէն փունջ մը իրենց խօսքերուն ընդմէջէն՝ յապաւումներով, կարելիութեան սամաններուն մէջ հարազատ մնալով իրենց արտայայտութիւններուն: Մեր ցանկութիւնն ու յոյսն է որ անոնց նուիրումը վարակիչ կը դառնայ՝ ընդգրկելով յատկապէս նորանոր երիտասարդներ:
Համօ Մոսկոֆեան, Պէյրութ, 11 Մարտ 2014

ԲԵՆԻԱՄԻՆ ՊՉԱՔՃԵԱՆ
– Բոլորին ծանօթ է Լիբանանի հայութեան կարեւոր ներդրումը արցախեան տագնապի եւ ազատագրական շարժման առաջին օրերէն իսկ։ Լիբանանի մէջ ստեղծուեցաւ Արցախի օժանդակութեան մարմին մը, որ պատերազմի հետեւանքով յառաջ եկած կարիքները սկսաւ հոգալ։ Դեղորայք, հագուստեղէն, ուտելիք, իր կարողութեան սահմաններուն մէջ իր օժանդակութիւնը բերաւ, սակայն, երբ զինադադարը եղաւ եւ պետական վերակառուցման գործընթացը սկսաւ, այդ տրամաբանութիւնը պէտք է փոխուէր։ Այդ արդէն օժանդակութիւն չէր այլեւս, այլ Արցախի վերաբնակեցումն ու վերաշինութիւնն էր։ Ճիշդ անոր համար մարմնին անունը փոխուեցաւ եւ 2006 թուականէն ի վեր կը կոչուի «Արցախ Ֆոնտ»։ Այսինքն՝ վերաշինութիւն եւ վերաբնակեցում, ուր ոչ միայն Լիբանանը կ’օժանդակէ, այլեւ մասնակից կը դառնայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կայունացման մեծ գործին։

Անցնող քսան եւ հինգ տարիներու ընթացքին հարիւրաւոր լիբանանահայեր նուիրուեցան Արցախի ազատագրման, պահպանման, այնուհետեւ անոր զարգացման  ազգաշինարար յոյժ կարեւոր եւ սրբազան գործին: Ստորեւ կը ներկայացնենք այս ազգանուէր անհատներէն փունջ մը իրենց խօսքերուն ընդմէջէն՝ յապաւումներով, կարելիութեան սամաններուն մէջ հարազատ մնալով իրենց արտայայտութիւններուն: Մեր ցանկութիւնն ու յոյսն է որ անոնց նուիրումը վարակիչ կը դառնայ՝ ընդգրկելով յատկապէս նորանոր երիտասարդներ:
Համօ Մոսկոֆեան, Պէյրութ, 11 Մարտ 2014

ԲԵՆԻԱՄԻՆ ՊՉԱՔՃԵԱՆ
– Բոլորին ծանօթ է Լիբանանի հայութեան կարեւոր ներդրումը արցախեան տագնապի եւ ազատագրական շարժման առաջին օրերէն իսկ։ Լիբանանի մէջ ստեղծուեցաւ Արցախի օժանդակութեան մարմին մը, որ պատերազմի հետեւանքով յառաջ եկած կարիքները սկսաւ հոգալ։ Դեղորայք, հագուստեղէն, ուտելիք, իր կարողութեան սահմաններուն մէջ իր օժանդակութիւնը բերաւ, սակայն, երբ զինադադարը եղաւ եւ պետական վերակառուցման գործընթացը սկսաւ, այդ տրամաբանութիւնը պէտք է փոխուէր։ Այդ արդէն օժանդակութիւն չէր այլեւս, այլ Արցախի վերաբնակեցումն ու վերաշինութիւնն էր։ Ճիշդ անոր համար մարմնին անունը փոխուեցաւ եւ 2006 թուականէն ի վեր կը կոչուի «Արցախ Ֆոնտ»։ Այսինքն՝ վերաշինութիւն եւ վերաբնակեցում, ուր ոչ միայն Լիբանանը կ’օժանդակէ, այլեւ մասնակից կը դառնայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կայունացման մեծ գործին։

Մեր բոլոր  աշխատանքները կը համակարգենք Արցախի պետական կառոյցներուն հետ։ Անիկա կը գործէ Լիբանանի մակարդակով՝ առանց կուսակցական եւ յարանուանական տարբերութիւններ դնելու եւ բոլորն ալ կը մասնակցին մեր աշխատանքներուն։

Իբրեւ սկզբունք, մենք որոշեցինք զարգացնել վերաբնակեցումը, որուն համար շատ մտածեցինք ձեւերուն մասին։ Իբրեւ մարմին, մեր ուժերէն վեր էր այստեղէն ընտանիքներ տանիլ Արցախ։ Աւելի ճիշդ կ’ըլլայ այդ ֆինանսական միջոցները ծախսել հոն բնակութիւն հաստատած ընտանիքներուն կեցութեան վրայ։ Պէտք է քաջալերենք անոնց, որոնք հողին վրայ են, որպէսզի բազմանան, կառչած մնան հողին եւ պայմաններ ստեղծուին, որ նորերը գան։

Քաջալերելու համար բազմազաւակութիւնը, 3-րդ զաւակ  ունեցողներուն՝ կով մը կը տրամադրենք ձրի՝ 3 տարուան պայմանագրով, որ նորածինին կարիքները հոգայ, իրաւունք չտրուելով մորթելու եւ ծախելու, իսկ կաթնամթերքէն ստացուած եկամուտը ամբողջութեամբ իրն է։

Այդ ծրագիրը սկսաւ 2007 թուականին եւ մինչեւ այսօր, 770 կով արդէն տրամադրուած են նորածին երեխաներու։ Այդ գումարները ինչպէ՞ս կը յառաջանան Լիբանանի մէջ։ Մենք մեծ նուիրատուներու չէ որ կը դիմենք, այլ մասնակից կը դարձնենք Լիբանանի հայութիւնը, ամսական դրութեամբ…: Մեր թիրախը եղած է 2000 լիբանանցիներ մասնակից դարձնել փոքր նուիրատուութիւններով «Նոր Կեանք, Նոր Յոյս» ծրագրով։ Քանի մը տարիէ ի վեր կ’ուղարկենք բուժ-քոյրեր Քաշաթաղի համայնքներուն. [նաեւ] առաջին օգնութեան կազմածներ՝ ճնշաչափեր, շաքարախտի գործիքներ, միաժամանակ բացատրելով օգտագործման եղանակը։ Ինչո՞ւ համար այս բոլորը։ Որովհետեւ Քաշաթաղի շրջանը 3500 քառ.քլմ. է եւ ամենամօտ հիւանդանոցը կը գտնուի Բերձորի մէջ, … այնտեղի ճանապարհներու պայմաններով՝ 4-5 ժամ կ’առնէ։

Առաջին տարին բուժ-օգնութեան պիտոյքներ բաժնեցինք, երկրորդ տարին բժշկական կանխորոշման դասախօսութիւններ կազմակերպեցինք։ 3-րդ տարին պայմանագիր մը ստորագրեցինք Երեւանի ամերիկեան համալսարանի առողջապահական բաժանմունքին հետ եւ ուսումնասիրութիւն մը կատարեցինք Քաշաթաղի շրջանին մէջ, որպէսզի գիտնանք թէ առողջապահական մակարդակը բարձրացնելու համար ի՞նչ են առիթները եւ ռազմավարական առումով նախագիծ մը պատրաստուեցաւ, առողջապահական իրավիճակը զարգացնելու համար։  Ծրագիրը պատրաստ է, սիրայօժար կերպով պատրաստուած ամերիկեան համալսարանի առողջապահական բաժանմունքին կողմէ։  Գործնականացնելու համար այժմ պէտք է ներդրողներ գտնենք, հանգրուան առ հանգրուան զայն իրականացնելու համար։ Պետութիւնը արդէն մաս մը իրագործած է։ Կեդրոնական հիւանդանոցը բարելաւուած է, Կովսականի հիւանդանոցը հիմնովին վերանորոգուած է։ Պատրաստ ենք դիմելու Հայաստանի շրջանաւարտներու եւ Հայ Բժիշկներու Միութեան, Լ.Օ.Խ.ին եւ այլոց, որպէսզի իրենց մասնակցութիւնը բերեն զանազան բաժիններու մէջ։

Մեր 3-րդ ծրագիրը՝ «Գոյք Արցախի Դպրոցին» ծրագիրն է։ … Մեծ եւ փոքր գումարներով յաջողած ենք 7 դպրոցներ օժտել համակարգիչներով եւ անհրաժեշտ գոյքով։ Այժմ պետութիւնը, շնորհիւ արժանթինահայ բարերար Էռնեսթօ Էրնեկեանի, արցախցի ամէն մէկ աշակերտ-աշակերտուհիի կը ծրագրէ օժտել ipad-ով մը…։

Կովսականի մէջ պարախումբ մը  հիմնած է Հայաստանի Թալին (Սասունցի) աւանէն Կարէնը։ Ան իր պարախումբով, մշակութային կեանքով օգտաշատ զբաղմունք կը ստեղծէ գիւղին թէ շրջանին երիտասարդութեան համար։ Մենք Կարէնին օգնեցինք առաջին տարին՝ ազգագրական տարազներով, ապա 2-րդ տարին՝ ձայնի սարքաւորման գործիքներ տալով։ Այս տարի տրամադրեցինք mini-van մը որ գիւղերէն երեխաները հաւաքէ եւ բերէ փորձի։

Մենք այլ ծրագիր ալ ունինք, որուն նախաձեռնութիւնը կը պատկանի Արցախի Կրթութեան նախարար Վլատիկ Խաչատուրեանին: Լիբանան եւ հայկական դպրոցներ այցելութեան ընթացքին նախարարը առաջարկեց աւարտական երկու դասարաններու աշակերտներուն համար կազմակերպել ռազմամարզական ճամբար մը Արցախի մէջ։ Սկիզբը՝ որոշ մտահոգութեամբ եւ ապա առաջին տարին 12 երիտասարդներ ուղարկեցինք, որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց եւ անոնք հայրենասիրութեամբ պատուաստուած վերադարձան։ Այսօր՝ 4-րդ տարին է արդէն որ 10-11-12-րդ դասարաններու հայ աշակերտներ կ’երթան որ արցախեան բանակի առօրեային հետ կապուին։ Բան մը որ իրենց համար դաստիարակիչ է։

2008 թուին, ԱՄՆ-ի «Թիւֆէնքեան» հիմնադրամը կազմակերպած էր խորհրդաժողով մը, նախագահութեամբ Լ.Ղ. Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի, որուն թեման՝ 3500 քառ. Քլմ. տարածքով Քաշաթաղի վերաբնակեցումն էր, որուն բնակչութիւնը 12 հազարը չ'անցնիր… բարեբեր հող եւ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող Հայաստանը Արցախին կապող ճանապարհները այստեղէն կ’անցնին։ 70 տարիներ շարունակ, ազերիներու ճիգերով լրիւ հայաթափուած է եւ կը սպառնար ենթարկուիլ Նախիջեւանի ճակատագրին։ Բարեբախտաբար, այսօր ազատագրուած եւ վերաբնակեցուած է Քաշաթաղը, սակայն այս շրջանները գրաւիչ դառնալու համար ներդրումներու կարիքը ունին։

«Թիւֆէնքեան»ի կազմակերպած խորհրդաժողովի մասակիցները Արցախի հետ առնչուող բոլոր կազմակերպութիւններն էին։ Ներկայ էին զոյգ կաթողիկոսական աթոռները (Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածինն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ), կուսակցութիւններ, կազմակերպութիւններ, պատգամաւորներ, նպատակ ունենալով բնակչութիւնը հասցնել 20 հազարի։ Մասնակից էր նաեւ «Արցախ Ֆոնտ»ը։ Միայն նուիրատուութիւններով չէինք կրնար իրագործել մեր նպատակները, այլեւ՝ վերաբնակողներուն մօտ նախաձեռնութեան ոգին զարգացնելով եւ միջոցները տալով, որ աշխատին ու զարգանան։ Անոր համար է որ ստեղծեցինք «ԱՐԻ» ծրագիրը, որուն մասին ուրիշ առիթով մանրամասն կը խօսինք։ Հայաստանը, այսօր 7-8 միլիոն տոլարի սննդամթերք կը ներածէ։ Եթէ կարողացանք Արցախը եւ Քաշաթաղը վերածել Հայաստանի “սնունդի զամփիւղ”ին (food basket), որուն համար պայմանները նպաստաւոր են, ապահովուած կ’ըլլայ Հայաստանը որեւէ ցնցումներէ։

ՄԵԼՔՈՆ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

– Ազգային մըն եմ. կը հաւատամ Արցախի անկախութեան եւ շնորհիւ անոր է որ ինքզինքս հայ կը զգամ։ Տարին մի քանի անգամ կ’այցելեմ. բացարձակ վստահութիւն ունիմ ղեկավարութեան վրայ։

Մեր գործունէութիւնը, ռազմավարական իմաստով, Լաչին-Բերձորի շրջանին մէջ է։ Մենք 3-րդ զաւակ ունեցողին կով մը կու տանք։ Արդէն 7-րդ տարին է եւ շուրջ 180 կով բաժնած ենք։ Բնակչութեան թիւն է մեզի կարեւորը։ Հողը մարդու կը կարօտի։ Եթէ հողը մարդ չունի, ապա ուրիշինն է։ Սփիւռքահայը եթէ ինքզինք պիտի արդարացնէ, եթէ Արցախի եւ Հայաստանի պետութեանց հետ չկապուի ոգի ի բռին, իր գոյութեան իմաստը այստեղ բան մը չ’ըսեր։ Այնտեղ մարդու կարիք կայ։ Պէտք է մեր կառոյցները աշխուժացնել եւ այնտեղ ամէն բնագաւառի մէջ եւ բոլոր մակարդակներով աշխատանքներ իրագործել։

Այս գործունէութեան առընթեր, «ԱՐԻ» ընկերութիւնը հիմնադրեցինք։ 2007 թուին՝ Բերձորի մէջ 80 կազմակերպութիւններու մասնակցութեամբ ստեղծուեցաւ Artsakh Investment (ARI) ներդրումային կառոյցը: 16 անձեր, գործարարներ եւ քաղաքապետներ Արցախ տարինք եւ 350 հազար տոլար հաւաքեցինք։

Արցախի մուտքին, Գորիսէն գալով, 150 տուն պարունակող գիւղ մը պիտի կառուցենք, որուն 50 տան համար համաձայնագիր եղած է. նաեւ Արցախի 800 ընտանիքներներուն համար ներդրում եղած է։ Իւրաքանչիւր 30 ընտանիքի, 100 հազար տոլար կ’ուղարկենք: Լ.Ղ. Հանրապետութեան վարչապետը նաեւ «ԱՐԻ»ի անդամ է։ Այսօր 750 ընտանիք օժանդակութիւն կը ստանայ։

Բոլոր կուսակցութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն եւ անդամներուն միացեալ ջանքերով է որ կ’իրագործենք Արցախի ծաղկումն ու բարգաւաճումը:»

ԶԱՔԱՐ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
– Արցախ երթալը դիւրին է սակայն վերադարձը՝ դժուար …։ Իսկապէս որ անոնք, որոնք անգամ մը Արցախ կ’երթան, եւ հաճոյքը կ’ապրին ընդրգկուելով այնտեղի կեանքէն ներս, չեն կրնար բաժնուիլ անկէ։ Ան որ պատերազմը յաղթած է, այնքան դժուար չէ որքան խաղաղութիւնը «յաղթէ»…։ Հիմա որ վաստակած ենք մեր յաղթանակը պատերազմի մէջ, այդ բոլորը նուիրագործելը այնքան կենսական է եւ պատասխանատուութիւն կ’ենթադրէ։ Երբ որ Արցախի մէջ պատերազմ է եւ տեղացին կը մոռնայ որ օժանդակութեան կարիքը ունի, զէնքը կ’առնէ եւ կը կռուի։ Սակայն երբ որ բնական պայմաններ ըլլան, մարդ առօրեայ կեանք մը պիտի ապրի եւ հոն է որ պիտի զգայ դժուարութիւնները, տառապանքը եւ կորսուած հարազատներուն բացակայութիւնը։ Հոս է որ պիտի սկսի մեր գործը։ Արցախը չձգել, տնտեսական աճին նպաստել, որպէսզի հզօրանայ ու երկրորդ պատերազմը եւս՝ խաղաղութիւն ապահովելը, յաղթանակով աւարտի։

ՄԱՐԱԼ ՄԱՀՍԵՐԵՃԵԱՆ
– 2010-էն ի վեր  «Արցախ Ֆոնտ»ի կազմին մէջ եմ մասնակցելով բուժ-օգնութեան աշխատանքներուն։  Քաշաթաղի 52 համայնքներուն մէջ նախնական բուժ-օգնութեան սարքեր տրամադրեցինք։ Ապա, կենցաղային եւ առողջապահական ծրագիրներու ծիրին մէջ դաստիարակչական աշխատանքներ  իրագործեցինք։

2012-13-էն ի վեր, Կովսական աւանին մէջ Օգոստոս ամսուն տեղի կ’ունենայ Կանանց Համագործակցականի ցուցահանդէսը, ուր կը ցուցադրուին ձեռային աշխատանքներ, որոնք Լիբանանի մէջ ստեղծուած են։ Կանայք  իրենց ամուսիններուն նիւթապէս նեցուկ կանգնած են, ապահովելու համար իրենց օրապահիկը։ Այսպիսի օրինակներ կան Հայաստանի տարբեր քաղաքներու մէջ, անոր համար ալ առաջին անգամ իրագործուեցաւ Կովսականի մէջ։ Հայը հայ է ուր որ ալ ըլլայ, եթէ եկած է Սուրիայէն կամ Հայաստանէն եւ երբեք տարբերութիւն չենք դներ ոեւէ Կովսականցիի միջեւ։


Կովսականի վերանորոգուած հիւանդանոցը

ԴՐՕ ՄՍԸՐԼԵԱՆ

– 2006 թուականէն ասդին, «Արցախ Ֆոնտ»ը ծրագիր մը ունէր.  նպատակը այն էր որ իւրաքանչիւր 3-րդ զաւակը ունեցող ընտանիքին կով մը տրամադրուի։ Այսինքն՝ զաւակը որ կը ծնի, իր հետ կը ծնի նաեւ ապրելու յոյսը:

Իմ աշխատանքս այն է, որ որ տեսակցիմ այն ընտանիքներուն հետ, որոնք իրենց 3-րդ նորածինը ունենալէ ետք դիմում ներկայացուցած էին որ անոնց կով մը նուիրենք, որպէսզի արտադրուած կաթն ու կաթնամթերքը նորածինին սնունդ դառնայ։ Անոնք տեղական կովեր են, վարժուած տեղական պայմաններուն։ Անոնց վաճառքի թղթաբանութիւնը մենք կը կատարենք, պետատան եւ օրինական ճամբով։

 

You May Also Like