Պայքար՝ Միացեալ Ուժերով

Վրէժ-Արմէն, Հորիզոն, Մոնթրէալ 12, 19, 26 Ապրիլ 2010
Ա.
ՅՈՅՍԻ ՆՇՈՅԼՆԵՐ
Այլընտրանք չկայ: Հայութիւնը իր գոյամարտը միացեա՛լ ուժերով պիտի յառաջ տանի ու ապահովէ իր յաղթանակը, կամ պիտի հրաժարի իբր ինքնուրոյն ազգ այս արեւին տակ գոյութիւն ունենալէ: Իսկ ընտրանքը՝ յստակ է:

Ասոր ապացոյցները հետզհետէ ի յայտ կու գան:
 

Վրէժ-Արմէն, Հորիզոն, Մոնթրէալ 12, 19, 26 Ապրիլ 2010
Ա.
ՅՈՅՍԻ ՆՇՈՅԼՆԵՐ
Այլընտրանք չկայ: Հայութիւնը իր գոյամարտը միացեա՛լ ուժերով պիտի յառաջ տանի ու ապահովէ իր յաղթանակը, կամ պիտի հրաժարի իբր ինքնուրոյն ազգ այս արեւին տակ գոյութիւն ունենալէ: Իսկ ընտրանքը՝ յստակ է:

Ասոր ապացոյցները հետզհետէ ի յայտ կու գան:
 

Երեք աւանդական կուսակցութիւններու կեդրոնական թէ շրջանային մարմիններու յայտարարութիւնները՝ Մեծ Եղեռնի 95-ամեակի նշման առնչութեամբ՝ խօսուն են:

Այդ ոգիով՝ տեղական մակարդակի վրայ նախաձեռնուած աշխատանքները յուսադրիչ են: Ոչ միայն կուսակցութիւնները, այլեւ իրենց յարակից կազմակերպութիւնները եւ անոնցմէ անկախ՝ այլ հայկական կազմակերպութիւնները, ու մանաւանդ՝ եկեղեցիները միացուցած են իրենց ուժերը՝ արժանի շուքով կատարելու համար ոգեկոչումները եւ առնչուող միջոցառումները:

Այդ միջոցառումներէն մէկը ահա Ցեղասպանութեան գիտակցման օրն էր, որ մեր բոլոր երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները միասնաբար կատարեցին՝ ի մեծ գոհունակութիւն երէց սերունդին:

Կ՚ակնկալենք, որ բոլոր այդ նախաձեռնութիւնները պիտի վայելեն ընդհանուրին զօրակցութիւնը, յաջողութեամբ պսակուին ու նոր շունչ տան մեր գաղութին, մեր ազգային կեանքին:

ՄՏԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ
Սակայն, հանդիսութիւններէն ու զանազան ձեռնարկներէն անդին, եւ 95-ամեակէն ալ անդին շատ աւելի կարեւոր է մտայնութեանց բարեփոխումը, յեղափոխումը, եթէ կ՛ուզէք:

Վերջ պէտք է տրուին այլեւս – եթէ չեն տրուած արդէն – «մենք»ի եւ «անոնք»ի հասկացութիւններուն: Այսինքն՝ կարծէք թէ իրարմէ տարբեր հայեր, տարբեր կենդանիներ ըլլանք: Բոլորս «մենք» ենք, եւ եթէ կայ «անոնք» մը, այդ մենք չենք, հայերս չենք:

Վերջ տրուի կուսակցական, թեմական, միութենական արժանապատուութեան՝ յաղագս ազգայի՛ն արժանապատուութեան:

Այսինքն, առաջնահերթը հայու արժանապատուութիւնն է՝ աշխարհին առջեւ եւ ոչ՝ դաշնակցականի, ռամկավարի կամ հնչակեանի արժանապատուութիւնը իրարու հանդէպ, օրինակի համար: Սա չի նշանակեր արժանապատիւ կերպով չգործել, ու նախանձախնդիր չըլլալ, որ իւրաքանչիւրս բարձր պահենք մեր ինքնութիւնը, այլ գործել այնպէս, որ այդ ինքնութիւնը արժանապատիւ ըլլայ ամենէն առաջ հայութեան ընդհանուր շահին, ընդհանո՛ւր պատիւին դէմ յանդիման:

Մրցակցութիւնը, որ դրական կրնայ ըլլալ իր վսեմագոյն ընբռնումին մէջ, պէտք չէ դառնայ թշնամանքի եւ հակադրութեան պատճառ: Մրցակցութիւնը պիտի կայանայ միշտ աւելի լաւին ձգտելու, լաւագոյնը տալու, մանաւանդ լաւագոյնս ծառայելու մէջ: Այսինքն՝ հպարտութիւնը, եթէ հպարտութիւն պիտի ըլլայ՝ ծառայութեա՛ն մէջ պիտի ըլլայ, այլ ոչ թէ ամենէն մեծը, ամենէն լաւը, այսինչ բանին մէջ առաջինը, այնինչ բանին մէջ գերագոյնը ըլլալուն մէջ:

ԱՌԱՋԻՆ ՔԱՅԼԸ՝ ՀԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ
Ներկայիս այն ինչ որուն ամենէն աւելի կարիքը ունի մեր գաղութը՝ համադրութի՛ւնն է:

Ուժերը միացնելու առաջին քայլը՝ ուժերը համադրելն է, եւ տարին ունի 365 օր: Ինչպէ՞ս ընել, որ մեր բոլորին ձեռնարկները, ժողովները եւ մասամբ նորին, որոնք այդ թիւին բազմապատիկն են՝ սեղմուին այդ սահմանափակ օրերուն մէջ: Մանաւանդ ինչպէ՞ս ընենք՝ որ կարեւոր նախաձեռնութիւններու պարագային զիրար չխաչաձեւենք:

Դժուար է, բայց անկարելի չէ, մանաւանդ ծրագրումի նորագոյն միջոցներով՝ իրականացնել այդ համադրութիւնը:

Այո, երբ պարահանդէսներ ունինք կազմակերպելիք, այդքան ալ կարեւոր չէ զանոնք իրարմէ հեռացնել, տօնական օր մը անոնցմէ երկուքը կամ երեքը կրնան նոյն օրը ըլլալ, եւ պատճառ չկայ, որ բոլորն ալ առնուազն 400-500 մասնակից չունենան:

Սակայն երբ անուանի հայ արուեստագէտ մը կամ արուեստի խումբ մը ելոյթ պիտի ունենայ, բոլորս ալ պիտի ջանանք, որ նոյն օրը այլ ձեռնարկ չըլլայ, ու յաջողինք 1000-1500 հոգի՛ լեցնել այդ օրուան սրահը:

Նման մօտեցում իրագործելու համար, սակայն, շատ կարեւոր է որ այդ տեսակի եւ չափի նախաձեռնութիւններու թուականները ի սկիզբանէ բոլորին հետ խորհրդակցաբար ճշդուին ու բոլորը յանձնառու ըլլան յարգել չխաչաձեւելու իրենց խոստումը:

Բայց սա կը նշանակէ արդէն, որ փոխած ենք մեր մտայնութիւնները, եւ մոռցած՝ «մեր» ձեռնարկին ներկայ ըլլալու եւ «անոնց» ձեռնարկին ներկայ չըլլալու հին աւանդոյթները…

Իւրաքանչիւր կազմակերպութիւն որ նման մեծ միջոցառման մը պիտի նախաձեռնէ, պէտք է կարենայ հաշիւ ընել ամբողջ գաղութին վրայ, եւ ոչ միայն իր առաւել կամ պակաս նեղ շրջանակին, մանաւանդ երբ հարցը մշակութային ձեռնարկներուն կը վերաբերի:

Այս գործելակերպը, սակայն, պէտք չէ բաւարարուի իրարու կրաւորական կերպով օգնելով, այսինքն պարզապէս չխաչաձեւելով:

Պէտք է անցնիլ յաջորդ քայլին:

Բ.
 
ԵՐԿՐՈՐԴ ՔԱՅԼԸ՝ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ
Միացեալ ուժերով դիմագրաւելու համար մեր ապագայ մարտահրաւէրները, համադրութենէն անդին պարտաւոր ենք առնել երկրորդ քայլը՝ գործակցի՛լ:

Այդ գործակցութիւնը կրնայ առնել տարբեր ձեւեր, ըլլալ տարբեր մակարդակներու վրայ: Ներկայիս նման գործակցութեան օրինակներու կը հանդիպինք յատկապէս զանազան միջոցառումներու՝ ձեռնարկներու պարագային, երբ մէկ կազմակերպութեան նախաձեռնութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ուրիշ կազմակերպութիւններ, ինչպէս եղաւ Րաֆֆի Արմէնեանի մեծարման հանդիսութեան՝ երբ երեք մշակութային միութիւններ գործակցեցան, կամ ա՛լ աւելի մեծ թիւով միութիւններու գործակցութեամբ տեղի ունեցաւ Յակոբ Խաչիկեանի վերջին գրքին շնորհահանդէսը, կամ ալ ինչպէս տեղի կ՚ունենայ այս օրերուն՝ Մեծ Եղեռնի 95-ամեակի որոշ ձեռնարկներուն պարագային:

Սա գործակցութեան աւանդական ձեւն է:

Գործակցութիւնը, սակայն, կրնայ աւելին ընդգրկել, ինչպէս օրինակ հայկական վարժարաններու միջեւ խորհրդակցութիւններ, ուսուցիչներու փոխանակումներ կամ մասնաժամ ուսուցիչներու կամ մասնագէտներու միասնաբար պաշտօնի կոչումներ, եւայլն, եւայլն: Նոյնը՝ երգի, պարի, թատրոնի ղեկավարներու պարագային:

Սահման չկայ գործակցութեան՝ եթէ կայ կա՛մքը գործակցելու:

ԵՐՐՈՐԴ ՔԱՅԼԸ՝ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Համադրութենէն եւ գործակցութենէն անդին անցնելու համար առնուելու է երրորդ քայլը՝ աշխատանքները միատեղ ծրագրել ու կազմակերպել:

Այսպէս, իրենց տարեկան ծրագիրը կազմելու ատեն, նոյն առաքելութիւնը ունեցող կազմակերպութիւնները, ըսենք մշակութային միութիւնները կրնան քով-քովի գալ եւ միասնաբար ծրագրել, օրինակ Կոմիտասի ծննդեան 140-ամեակը, որ անցաւ, եւ որ սքանչելի առիթ էր նման մօտեցում մը կիրարկելու, կամ հայրենի արուեստագէտի մը կամ խումբի մը շրջապտոյտը, եւայլն: Նոյնը՝ երիտասարդական, մարզական, ուսանողական միութիւններու պարագային։

Առաջարկս այն է, սակայն, որ չգոհանանք պարզապէս այդպիսի օգտակար, սակայն ժամանակաւոր լուծումներով: Կարեւոր հարցեր ունինք, որոնք միասնական ճիգով կրնան շատ աւելի արդիւնաւէտ կերպով լուծուիլ:

Անոնցմէ մէկը՝ մեր քարոզչական միջոցներու զարգացումն է: Ի հարկէ կան շաբաթաթերթերը, տպագիր կամ ելեկտրոնիկ միութենական կամ եկեղեցական պարբերաթերթերը, եւայլն: Կան նաեւ է-նամակներու ցանկերը: Ինչ որ կը պակսի՝ այդ բոլորը համադրուած ձեւով եւ փոխադարձաբար օգտագործելու կարելիութիւնն է:

Ինչո՞ւ չըլլայ համագաղութային համացանցային դրութիւն մը, ուր երեւին բոլոր նախաձեռնութիւնները անխտիր, առանց «իմս» ու «քուկդ» ըսելու: Կայ նման անհատական նախաձեռնութիւն մը, որ դիւրաւ կրնայ վերածուիլ համայնական աշխատանքի, վայելել բոլորիս աջակցութիւնը՝ բարոյապէս թէ նիւթապէս:

Ինչո՞ւ կարելի չըլլայ նաեւ ստեղծել տոմսի վաճառման համագաղութային սպասարկութիւն մը, ինչպիսին է «Admission»-ը, որով գաղութին մէջ տեղի ունեցող բոլոր ձեռնարկներուն տոմսերը նաեւ անկէ կարելի ըլլայ ունենալ, փոխան յաւելեալ փոքր սակի մը:

Սակայն քայլ մը եւս կրնանք յառաջ երթալ:
 

ՉՈՐՐՈՐԴ ՔԱՅԼԸ՝ ՀԱՄԱՏԵՂ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐԸ
Այո, վերոնշեալ շատ գործնական քայլերէն անդին ալ կարելի է անցնիլ ու մտածել համատեղ ստեղծուելիք կառոյցներու մասին, կառոյցներ՝ որ պատկանին ոչ այս կամ այն կազմակերպութեան, այլ ունենան համագաղութային պատկանելութիւն:

Ի՞նչ կը հասկնանք կառոյցներ ըսելով, սակայն:

Նկատի ունիմ թէ ֆիզիքակա՛ն կառոյցներ՝ շէնքեր, եւ թէ բարոյական կառոյցներ՝ կազմակերպութիւններ:

Խօսիմ օրինակներով:

Մշակութային կեդրոն մը, որ ընդգրկէ մեծ թատերասրահ մը՝ 500-1000 տեղանոց, գաղութին բոլոր թատրոններուն եւ համերգներուն ու այլ ներկայացումներուն համար, պատկերասրահ մը՝ բոլոր գեղարուեստական ցուցահանդէսներուն համար, թանգարան մը՝ հայութիւնը ներկայացնող մնայուն եւ մեր մշակոյթի կամ պատմութեան տարբեր երեսները ներկայացնող ժամանակաւոր ցուցադրութիւններով, մատենադարան մը՝ հայագիտական կարեւոր հաւաքածոներով: Տակաւին սրահներ ու դասարաններ՝ արուեստի դասընթացքներու, արուեստի դպրոցներու յարմարութիւններով:

Երիտասարդական կեդրոն մը՝ մշակութային կեդրոնին կից, իր մարզասրահներով, լողաւազաններով եւ բացօթեայ դաշտերով: Այլեւ, հրատարակչատուն մը՝ տպարանով, գրատունով եւ մասամբ նորին, դասախօսութեանց, գրքերու շնորհահանդէսներու յարմարութիւններով֥: Պարահանդէսներու, խրախճանքներու, հարսանիքներու եւ նման համախմբումներու պատշաճ սրահներ: Ծերանոց եւ դարմանատուն:

Եւ այսպէս՝ տարբեր-տարբեր կարիքներու գոհացման կառոյցներ:

Տակաւին՝ մասնագիտական խմբաւորումներ, արդէն երկար տարիներէ ի վեր գործող բժշկական կամ նոր կազմաւորուող ճարտարապետական-ճարտարագիտական միութիւններուն նման՝ նկարիչներու, երաժիշտներու, գրողներու, եւայլն, եւայլն։ Ինչո՞ւ ոչ՝ միացեալ երգչախումբ, միացեալ պարախումբ, միացեալ թատերախումբ։ Այլեւ՝ դպրոցներ արուեստի զանազան ճիւղերու, հիմնարկներ՝ ուսումնասիրութիւններու, Հայ դատի, կրթական, եւայլն։

Իսկ այս բոլորը վարելու համար՝ համագաղութային մարմիններ, պատասխանատու՝ գաղութին, այլեւ գաղութին ամբողջութեա՛ն առջեւ:

Վերջապէս, ի վերջոյ՝ գաղութին այդ ամբողջութիւնը ներկայացնող կազմակերպական պատշաճ կառոյցներ:

Երա՞զ կը տեսնեմ դարձեալ: Ամենեւին ոչ:

Այս բոլորը կ՚ըլլան՝ եթէ տեղէ մը սկսինք:

Առնենք առաջին քայլը եւ ցուցաբերենք յաջորդ քայլերը առնելու պատրաստակամութիւնը, բարի կամեցողութիւնը:

Գ.
 
ՀԱՅՐԵՆԻՔ-ՍՓԻՒՌՔ՝ ՁԵՌՔ-ՁԵՌՔԻ
Ուժերը համախմբելու, գործակցելու եւ միասնաբար աշխատելու մեր ճիգերը այնքան ալ չեն արդիւնաւորուիր, եթէ անոնք սահմանափակուին լոկ տեղական մակարդակի վրայ, չանցնին մեր բնակավայրերու սահմաններէն անդին, չստանան համասփիւռքեան ընդգրկում եւ ի վերջոյ` համահայկական:

Այո, անտարակոյս կարեւոր է որ մեր անմիջական շրջապատին մէջ մթնոլորտը պայծառանայ, համազգային մօտեցումները արմատ նետեն, կուսակցութիւնները, եկեղեցիները եւ միութիւնները զգան, որ բոլորը միասին նոյն կառքին լծուած են, նոյն պայքարը կը մղեն եւ նոյն նպատակին կը ձգտին, սակայն կարեւոր է նաեւ որ Սփիւռքի մեր բոլոր հաւաքականութիւնները, այսպէս կոչուած աւանդական Սփիւռքէն մինչեւ «ներքին» սփիւռք ու հայրենաթափութեան հետեւանքով ստեղծուած նոր գաղութները նոյնպէս զգան մէկ մեծ ամբողջութեան մը պատկանիլը, մէկ հայութեան մաս կազմելը:

Իսկ ատկէ անդին ամենէն կարեւորը` զգան Հայրենիքին առնչուիլը:

Հայութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը այդ Հայրենիքին` ՀՀ եւ ԼՂՀ տարածքներէն դուրս կ՚ապրի: Ան կը ներկայացնէ մեծ ներուժ` եւ ոչ միայն տնտեսական առումով, նոյնիսկ` աւելի բարոյական քան թէ նիւթական առումով:

Այդ հասկնալու են, հասկնալու նախանշաններ ցոյց կու տան հայրենի իշխանութիւնները, յատկապէս Սփիւռքի նախարարութիւնը: Ինչպէ՞ս պիտի ընդգրկուի այդ ներուժը Հայրենիքի առօրեայ կեանքին մէջ, ինչպէ՞ս պիտի նպաստէ մեր երկրի հզօրացման, իր կնճռոտ հարցերու լուծման, եւ փոխադարձաբար Հայաստանը ինչպէ՞ս պիտի աջակցի Սփիւռքին, սփիւռքներուն` իրենց ինքնութեան պահպանման, իրենց հայկական դիմագծին ու պատկանելութեան զգացումին ամրապնդման: Ահա մեզի ներկայացող հարցերը, որոնք համահայկական քննարկման դրուելու, համահայկական պատասխաններ ստանալու հրամայականին առջեւ կը գտնուին:
 

ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԱՌՈՅՑՆԵ՞Ր
Ո՞ւր, ի՞նչ պարունակի մէջ կրնան քննուիլ նման կենսական հարցեր: Ցարդ չէ գտնուած ճիշդ տարազը – Հայրենիք-Սփիւռք խորհրդաժողո՞վ, Սփիւռքի «խորհրդարա՞ն», համահայկական կառավարութի՞ւն…

Խնդիրը պարզապէս այն չէ, որ Սփիւռքի «ձայնը լսուի»:

Սփիւռքը ունի բազմապիսի խնդիրներ, որոնց լուծման մէջ Հայրենիքը կրնայ իրապէս մեծ ներդրում ունենալ. սակայն Հայրենիքն ալ ունի շատ աւելի մեծ խնդիրներ, որոնք հաւանական է, որ աւելի հեշտ կերպով լուծուին եթէ ապահովուի Սփիւռքի մասնակցութիւնը:

Ցարդ ձեռք առնուած միջոցներով նման փոխադարձ ներդրումի շատ կարելիութիւն չեղաւ: Հայրենիք-Սփիւռք խորհրդաժողովները խօսքէն անդին չանցան, եւ ահա արդէն քանի տարի է, որ տեղի չեն ունենար:

«Արեւմտահայոց խորհրդաժողով» կամ «համագումար», Սփիւռքի «խորհրդարան» կամ «Սփիւռքի կառավարութիւն» տարազներն ալ շատ տարտամ գաղափարներ մնացին ցարդ, եւ գործնականանալու համար պէտք են բիւրեղանալ:

Սակայն պէտք է տեղէ մը սկսիլ, եւ սկսելու համար ի մի պէտք է գան այն բոլոր առկայ կառոյցները, որոնք համահայկակա՛ն տարածքի վրայ կ՛աշխատին, եւ որոնք նշուեցան սոյն յօդուածաշարքին մէջ, այսինքն` աւանդական կուսակցութիւնները, եկեղեցիները, միութիւնները, անոնք եւ Հայաստանի-Արցախի-Ջաւախքի իշխանութիւնները, ընդդիմադիր եւ արտախորհրդարանական կուսակցութիւններն ու կազմակերպութիւնները, նոյնիսկ գլխաւոր կրթական հաստատութիւնները, հիմնարկները, ներառեալ բարեգործական հիմնարկները եւ հիմնադրամները:

Այս բոլորը քով-քովի պիտի գան ծրագրուած ձեւով, կանխապատրաստուած, ինչ որ կ՛ենթադրէ նախնական հանդիպում մը վերոնշեալներէն կազմուած բայց սահմանափակ խումբի մը կողմէ` օրակարգ մը որոշելու, առաջարկներ որոնելու եւ բոլորիս բաշխելու, եւ այլ նախապատրաստական աշխատանքներու համար:

Ի՞նչ պիտի քննարկեն այդ ներկայացուցիչները: Պարզ է. ձեւաւորեն այն համահայկական կառոյցը, որ ազգին ամբողջ ներուժը պիտի հունաւորէ դէպի`

– Հայ դատի հետապնդում,

– Սփիւռքի ազգային դիմագիծի պահպանում,

– Հայրենիքի հզօրացում` քաղաքական, ռազմական, տնտեսական, մշակոյթային, կրթական եւ ընկերային մարզերուն մէջ:

Անշուշտ թէ այդ կառոյցը մէկ օրէն միւսը ձեւ չ՚առներ, բայց այդ եւս պէտք է ծրագրուի` մի քանի տարուան վրայ զայն իրականացնելու համար:

Այդ կառոյցը նաեւ կրնայ հետզհետէ՛ ընդլայնող, տարածուող ձեւ ստանալ, սկսելով ամենէն համեստ աստիճաններէն – խորհրդաժողովներու մակարդակէն, օրինակի համար -, հասնելու համար համահայկական խորհրդարանի մը եւ համահայկական իշխանութեան մը, որ ներառէ համայն հայութիւնը` Հայաստանէն ներս թէ դուրս ապրող:

Սա կը նշանակէ ընդլայնել Հայաստանի սահմանները, ընդգրկելով ամբողջ աշխարհը… Հայկական կայսրութի՞ւն մը…

Կրնա՞նք թէ չենք կրնար ընել այս բոլորը:

Հարցը կարելի է դնել այլ բանաձեւումով`

Լինե՞լ թէ չլինել:

You May Also Like
Read More

Ամանորեայ Մեր Խօսքը

Խմբագրական, 24 Դեկտեմբեր 2013 Տարի մը եւս յանձնեցինք պատմութեան եւ ապագային կը նայինք զգուշաւոր լաւատեսութեամբ: Անցնող շրջանին «Գեղարդ»ի…
Read More