Պայծիկ Գալայճեան,Պոստոն, 9 Մայիս 2013
Եթէ յետադարձ ակնարկ մը նետենք մարդկութեան պատմութեան վրայ, պիտի նշմարենք թէ ան այլ բան չէ, եթէ ոչ անընդմէջ պայքարի ու մաքառումի գործընթաց մը: Պայքար հայրենի հողի պաշտպանութեան համար, պայքար՝ գաղափարի, պայքար արդարութեան եւ վերջապէս պայքար՝ յանուն մարդկային իրաւունքներու արդար հատուցման: Պիտի նշմարենք նաեւ, թէ հոն եթէ յաղթանակ տանողներ կան, անոնք յարատեւողներն ու զարգացում արձանագրողներն են ընդհանրապէս, որոնք իրենց իսկ մէջ կը գտնեն անբասիր աւիւն՝ դիմակայելու համար անխոնջ ու հանապազօրեայ կեանքի ու գաղափարի պայքարը: Պայքարի ձգտող անհատին համար անհոգութեան քաղաքականութիւն վարելը ներելի չէ. ոչ ալ ինքնահոսի ձգուած ճակատագիրը՝ ընդունելի երեւոյթ, այլ խրոխտ ու վճռակամ կեցուածք ցուցաբերելը՝ հայավայել ճակատաբաց արարք:
Պայծիկ Գալայճեան,Պոստոն, 9 Մայիս 2013
Եթէ յետադարձ ակնարկ մը նետենք մարդկութեան պատմութեան վրայ, պիտի նշմարենք թէ ան այլ բան չէ, եթէ ոչ անընդմէջ պայքարի ու մաքառումի գործընթաց մը: Պայքար
Եթէ բազմահազար տարիներու մեր ազգային պատմութեան ընթացքին մենք գոյատեւած ենք՝ ապա այդ յաջողած ենք շնորհիւ մահ ու կենաց ամենօրեայ պայքարի: Կ՛ընդունինք, որ մեր ազգի վերջին մէկ ու կէս հազարամեակին ընթացքին բարոյա-քաղաքական այլ հանգամանքներու բերումով, մեր ազգային դիմադրողականութիւնը այնքան տկարացաւ, որ հակառակ դիմադրողական հսկայական ճիգերուն, ի վիճակի չէինք պահպանելու մեր Հայրենիքի ամբողջական սահմանները: Մեզմէ բռնի կերպով խլուեցան հայրենի արեւու կիզիչ ճառագայթներուն տակ հասունցած մեր պատմական այգիներն ու անդաստանները եւ ամէն ճիգ ի գործ դրուեցաւ հայ մշակը իր տոհմերով իսկ ոչնչացնելու:
Հակառակ մեր ազգին նկատմամբ ցուցաբերուած ամենադաժան վերաբերումին՝ մենք գիտցանք վերականգնիլ եւ առաւել եւս զօրացած ու հաստատ քայլերով ուղղուեցանք առաջ: Սակայն մինչ մշակութային, գրական ու արուեստներու բնագաւառներուն մէջ կը նուաճէինք նորանոր բարձունքներ, անդին ստրկամտութեան հիւծախտը տակաւին բոյն դրած մեր հոգիներուն մէջ՝ չէինք ուզեր ականատեսը ըլլալ նորանոր արշալոյսներուն: Խորհրդային Հայաստանի եօթ տասնամեայ տարիներուն առթած շքեղութիւնը, արուեստներու, գրականութեան ու դիւանագիտութեան մարզերուն մէջ արձանագրուած յաջողութիւնները մեզի շնորհած էին միայն ազգային հպարտութիւն, սակայն միշտ ալ կը գտնուէին փաղանգներ, որոնք իրենց կեանքի հաճոյքը կը գտնէին միայն լաւն ու գեղեցիկը քննադատելու արարքներուն մէջ:
Չուշացաւ սակայն պատմականօրէն ու անակնկալօրէն մեզի շնորհուած «երազային» անկախութիւնը: Թէեւ ան ձեռք բերուեցաւ տքնանքով, արեամբ ու ցաւով, անոր պտուղները եղան նաեւ դառն, բայց անկախութիւնը շարունակեց մնալ քաղցր բոլորին համար: Երկու տասնամեակէ ի վեր, կը փորձենք բուժել դարաւոր թշնամիին պատճառած վէրքերը, կը վերականգնենք անոր աւերած գիւղերն ու քաղաքները, կը կառուցենք մեր տներն ու դպրոցները, եւ վերջապէս կը շէնցնենք մեր հայրենի հողը: Այսօր համայն աշխարհին մենք կը բարձրաձայնենք, թէ մեր Հանրապետութիւնը կայացած պետութիւն է՝ օրէ օր աւելի զարգացող և ժողովրդավար: Այս իրողութեան կամայ թէ ակամայ ականատեսը կը դառնայ ամբողջ աշխարհը: 1991-ին, երբ Արցախի ժողովուրդը իր պատմական որոշումով ընդունեց իր անկախութիւնը, մենք ազգովին մեր խօսքը ըսինք Ազրպէյճանին, որ հայ ժողովուրդին հետ միայն ճակատաբաց կարելի է խօսիլ: Մենք համայն աշխարհին յայտնեցինք, թէ հակառակ որ մենք խաղաղասէր ժողովուրդ էինք, սակայն նաեւ պատրաստ էինք արիաբար կռուելու յանուն հայրենի հողին:
Անկախութեան հրապոյրն ու խանդավառութիւնը տարբեր երանգ ստացած էին Սփիւռքի տարածքին: «Իւթոբիա» մըն էր ան մեզի համար. անհաս երազ մը, որ օրէ օր կը փայփայուէր ուսուցիչ-աշակերտ փոխյարաբերութեան մէջ: Մեզի համար ահաւոր էր այն երեւոյթը, որ յետ անկախութեան տարիները եկան ապացուցելու, թէ ազատութեան ճանապարհներուն նորանոր փորձութիւններ կը սպասէին մեզի: Թէեւ մենք հակահայ մարդասպաններուն նկատմամբ արի կեցուածք կը ցուցաբերէինք, սակայն թշնամին կը շարունակէր իրագործել իր յստակ հայատեաց քաղաքականութիւնը՝ բնաջնջելու հայութիւնը առնուազն Արցախի տարածքին բռնագաղթեցնելով արցախահայութիւնը, իսկ Հայաստանի տարածքին՝ ներքին, սակայն «եղբայրասպանութեան» պիտակին տակ ոճիրներ գործելով:
Մեծ ցասումով կը վերյիշեմ այն օրը երբ միջազգային լրատուամիջոցներ որպէս գլխաւոր լուր կը հեռարձակէին 27 Հոկտեմբեր 1999-ին, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովը թատերաբեմ դարձուցած էին քաղաքական արիւնալի հաշուեյարդարի մը: Աններելի ոճիր մը, որուն դաժանութիւնը աշակերտներուն պատմելու ու ներկայացնելու համար շատ տկար կը թուէին ըլլալ ուժերս: Ցասո՞ւմ, ափսոսա՞նք, ամօթխածութի՞ւն թէ անիծել պէտք էր անկախութեան գաղափարը ստեղծողին: Նայիրի Յունանեան անուն ոճրագործի մը գլխաւորութեամբ արձակազէն մարդասպաններ խուժած էին դահլիճ եւ օր ցերեկով, Հայաստանի Գ. անկախութեան ռահվիրաները գլխատման ենթարկելու ծանրագոյն ոճիրը գործած։
Միջազգային հանրային կարծիքի եւ յատկապէս բովանդակ հայութեան զարհուրած աչքերուն առջեւ գործուած եղբայրասպան արիւնահեղութիւնը խլած էր կեանքը մարտավարական ու դիւանագիտական ակնյայտ եօթ անհատներու, յատկապէս օրուան վարչապետ Վազգէն Սարգսեանի եւ Ազգային Ժողովի նախագահ Կարէն Դեմիրճեանի։ Այնուհետեւ, ոչ միայն մեծ կորուստ կրեցին Հայաստանն ու համայն հայութիւնը, այլեւ ծանրօրէն վարկաբեկուեցան վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան նորահաստատ ժողովրդավարութիւնն ու հայոց պետականութիւնը։ Սփիւռքի տարածքին գտնուող իւրաքանչիւր հայ կը սպասէր, որ շուտով երեւան գային այս ոճիրին ետին կանգնողները: Յետայնու, ամէն տարի Հոկտեմբեր ամսուն տակաւին ցասումով կը յիշենք ոչ միայն ոճրային այդ ահաւոր երեւոյթը, այլեւ կը դատապարտենք այն «լռութեան» քաղաքականութիւնը որ ցարդ կը շարունակուի հայրենի իրականութենէն ներս:
Յուզումով – եւ ինչու չէ, – նաե՛ւ նախանձով կը հետեւէի տեղւոյն իրադարձութիւններուն: Ակամայ կը մտաբերէի իմ ազգիս ու հայրենիքիս հետ առընչուող երեւոյթները: Բնականաբար ցասումով կը լեցուէի…: Ռաֆայէլ Լեմքին, երբ իր հանրայայտ «ցեղասպանութիւն» եզրին մասին գիտական մօտեցումները յայտնաբերեց, ան յայտնեց նաեւ որ եթէ Ա. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութիւնը իրագործողները պատժուէին՝ Բ. Համաշխարհային պատերազմին ոչ ոք պիտի համարձակէր իրագործել հրէական «հոլոքոստ»ը: Մի՞թէ իմ հայու իրաւունքս չէ նաեւ մտածել, որ եթէ հայրենիքիս մէջ 27 Հոկտեմբեր 1999-ին պատահածը իր արդար պատիժին արժանանար, կամ թէկուզ ձեւականօրէն մի քանի ժամ Ազգային Ժողովի շրջափակն ու տարածքը շրջապատելով, ոճրագործները բռնելու փորձ մը կատարուէր, ապա վստահաբար յաջորդող մարդասպանութիւնները պիտի չպատահէին, մանաւա՛նդ 1 Մարտ 2008-ի ամօթալի խռովութեանց խուժանային երեւոյթները պիտի պարզուէին, ՀՀ նախագահի թեկնածու Պարոյր Հայրիկեանի դէմ մահափորձ պիտի չկատարուէր, Գիւմրիի մէջ 28-ամեայ երիտասարդը ծեծի պիտի չենթարկէր շտապօգնութեան 65-ամեայ բժշկը, որ եկած էր փրկելու իր հայրը, «Հարսնաքար» ճաշարանին մէջ տեղի պիտի չունենար բանակի գլխաւոր բժիշկ՝ Աւետեանի եւ իր բժիշկ ընկերներուն դէմ գործադրուած բրտութիւնը, ոչ ալ Հրազդան քաղաքի գերեզմանատան մէջ պիտի յայտնաբերուէր Եղվարդի ոստիկանութեան գնդապետ Կորիւն Յարութիւնեանի անշնչացած մարմինը: Եւ վերջապէս այս բոլոր երեւոյթներուն առաջքը յաւուր պատշաճի եթէ առնուէր… անկասկած որ Ռաֆֆի Յովհաննէսեան նման տարողութեամբ հանրահաւաքներ պիտի չյանդգնէր կազմակերպել, ու իր սին խոստումներով Հայրենի մայրաքաղաքիս անդորրը պիտի չթունաւորէր ու ինքզինք երկրորդ նախագահ մը պիտի չհռչակէր:
Պոստոնի շրջափակման վերացման յայտարարութենէն անմիջապէս ետք երբ տեղն ու տեղին յաջողապէս կալանքի տակ առնուեցաւ չէչէն ծագումով ամերիկացին, լրատուական բոլոր միջոցները յայտարարութեամբ մը հանդէս եկան. «Մարդասպանութիւնը վերջ գտաւ, ոճրագործը կալանաւորուեցաւ, իսկ արդարութիւնը հատուցուեցաւ»: Ժողովուրդը հոծ բազմութեամբ փողոցներուն մէջ ծափահարութիւններով, ուրախութիւններով ու աղաղակներով ողջունեց իր հերոս զինծառայողներն ու պետական մարզի պատկանող անհամար պատասխանատուները, որոնք 20 ժամէ ի վեր Ուոթըրթաունի պողոտաներուն մէջ էին, տուն առ տուն խուզարկութեան կ՛ենթարկէին: Յուզումի եւ հրճուանքի տարօրինակ զգացումներ կլանած էին ներաշխարհս ի տես մարդկային արդարութեան: Յայտնաբերուած էր ոճրագործ մը, որ խլած էր չորս մարդկային անմեղ հոգիներու կեանքը…: Իսկ ես ակամայ կը մտածէի. ու՞ր էր ի՛մ ազգային արդարութիւնս: Ինչո՞ւ համար ինծի պիտի զլացուէր ունենալ ազգային այն հպարտութիւնը, որ ի՛մ երկրիս մէջ, ի՛մ հայրենի հողիս վրայ եւս գործադրուէին ճիգեր յանուն մարդկային արդարութեան: Չէ՞ որ ես մէկ մասնիկն եմ իմ հայրենիքիս, չէ՞ որ ես հաւատաւոր ջատագովն եմ իմ հայրենի հանրապետութեանս ու Մայր Եկեղեցիիս: Իմ արդար իրաւունքս պիտի համարէի յաւերժ փայփայել հոգիիս մէջ միայն ազգային հպարտութիւն առթող հայրենական երեւոյթները, որոնք իրենց պատմական արժեւորումներով յարգանքի պիտի արժանանային որեւէ ազգէ, պետութենէ նոյնիսկ դարաւոր թշնամիէն:
Կը հաւատա՛մ, որ հայոց դարաւոր երթը պիտի շարունակուի իր պատմական նորանոր երեւոյթներով: Կը գիտակցիմ նաեւ, որ նորանկախ Հայրենիքի մը համար այս հանգրուանը բարդ շրջափուլ է, ու դեռ պիտի բացուին նոր արշալոյսներ: Ժամանակակից աշխարհի գրեթէ բոլոր նորանկախ երկիրները, բնականաբար պիտի դիմակայեն նման մարտահրաւէրներ: Անկախութեան շնորհած պտուղները կ՛ընդունինք, որ երբեմն դառն են, երբեմն ալ` հաճելի: Սակայն կը հաւատանք նաեւ, որ միասնական անշահախնդիր ջանքերով ազգովին կրնանք ամուր հիմքերու վրայ դնել մեր պետութիւնը՝ Հայոց հայրենիքը եւ միասնաբար՝ Սփիւռքով ու հայրենիքով գալիք սերունդներուն փոխանցենք նոր յաղթանակներու աւետիսը: