Մեթր Պարգեւ Դաւիթեան, «Լուսաբաց», 2 Մայիս 2015
Քալեցինք ամէն տեղ աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդով։
Քալեցինք երկրագունդի հինգ ցամաքամասերուն վրայ գտնուող ճամբաներով եւ մեր թիւերու գումարումով յառաջացած միլիոններով։ Անցանք մեզ հասկցող եւ չհասկցող աշխարհի պողոտաներով եւ քալեցինք նոյնիսկ Պոլսոյ մայր ճամբաներով, ցոյց տալու համար որ «ԿԱՆՔ ՈՒ ԿԸ ՄՆԱՆՔ» եւ ըսելու թէ «ԿԸ ՅԻՇԵՆՔ ՈՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՆՔ»։
Այս ամէնը ըրինք բարձրորակ կատարողութեամբ եւ անթերի կարգապահութեամբ։
ՊՐԱՒՕ մեզի։
Ամէն հայ անկասկած լեցուեցաւ գոհունակութեամբ եւ արդար հպարտութեամբ ի տես յաջող հանդիսութիւններուն որոնք տեղի ունեցան Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ։ Թող այլեւս ոչ մէկ հայ իր ազգը չայպանէ, ըսելով թէ տկար ենք, անմիաբան ենք, եւ կամ չըսէ թէ «մենք զիրար կ’ուտենք»։

Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նշումը մեր ժողովուրդը կատարեց շատ լաւ։ Աշխարհի զօրակցութիւնն ալ եղաւ աննախընթաց։
Ապրիլ 24-ի օրը Լիբանանի կրթական նախարարութեան որոշումով դարձաւ արձակուրդի օր եւ Փարիզի Էյֆէլի Աշտարակին լոյսերն ալ մարեցան այդ օր` որպէս սուգի տուրք մեր ցեղասպանութեան. Google իր կայքին վրայ դրաւ սեւ ժապաւէն եւ Գանատայի խորհրդարանն ալ միաձայն սուգի օր հռչակեց զայն։
Ուրացումի եւ ճանաչումի մտահոգութիւններով պէտք չէ այլեւս օրօրուիլ եւ ոյժ վատնել։
Պայքարի նոր հանգրուան մը սկսած պէտք է համարել` նուաճելու համար նոր յաղթանակներ։
Պայքար պէտք է տարուի ներքին եւ արտաքին ճակատներու վրայ։ Ներելի չէ այլեւս որ անտեսուին պէտքերը մեր հայրենի ժողովուրդի խոնարհ եւ աղքատ զանգուածներուն, որոնց շարքերէն կ’ապահովուին հայրենիքի անվտանգութիւնն ու ապահով կեանքը։ Արտագաղթը պէտք է վերջ գտնէ, եւ գործակցութիւն ցոյց տալով այն ինչ որ կատարուեցաւ համազգային գետնի վրայ որ յաջողի յիշատակումը մեր զոհերուն, այդպէս ալ պէտք է զօրաշարժի ենթարկել մեր համազգային կարելիութիւնները, որպէսզի յաջողի տնտեսական զարգացումը մեր ողջ ժողովուրդին։ Ներելի չէ մեզի որ առիթ տանք Էրտողանի պէս մէկու մը, որ յոխորտայ թէ տասնեակ հազարաւոր հայաստանցիներու գործ կը հայթայթէ եւ զանոնք չարտաքսելու ազնուութիւնը կ’ունենայ` յանուն մեր երկու ժողովուրդներու «բարեկամութեան»…։
Եթէ հայը Սփիւռքի մէջ կրցած է մրցիլ եւ յաջողիլ օտար ափերու վրայ, հակառակ իր դէմ ցցուող անսահման դժուարութիւններուն, թող թոյլ տրուի իրեն որ իր նիւթական եւ միւս բոլոր տեսակի տնտեսական կարելիութիւնները օգտագործէ, որպէսզի հայրենի ժողովուրդը գործ ունենայ, եւ թող ազգային հարստութիւնը սեփականացուցած մենատէրերը Հայաստանի ու անոնց հետեւորդ ու պաշտպան «մարտականները» խոչընդոտ չհանդիսանան ու անօրէն շահաբաժին չպարտադրեն, որպէսզի այդպիսի ներդրումները իրականան եւ զարգանայ հայրենի տնտեսութիւնը։ Համազգային Հռչակագրի մակարդակով եւ ուժականութեամբ թող աշխատանք տարուի, որ Հայրենիք եւ Սփիւռք ձեռք-ձեռքի տուած ոտքի կանգնեցնեն հայրենի տնտեսական խղճալի վիճակը։ Մեր ժողովուրդը ունի տաղանդ եւ աշխատասիրութիւն, որոնք գրաւականն են ամէն տեսակի յաջողութեան։ Եթէ կարգ մը երկիրներ կը ճանչցուին որպէս աշխարհահռչակ կեդրոններ որոշ արտադրութիւններու, ի՞նչը կը պակսի մեզի, որ Հայաստանը դարձնենք աշխարհահռչակ կեդրոն, զոր օրինակ, ադամանդագործութեան կամ քոնեաքի արտադրութեան կամ համակարգչային ծրագրաւորումի արհեստագիտութեան։ Նոր պայքար է պէտք ներքին ճակատի վրայ, որպէսզի մեր համազգային ուժերով զօրացնենք մեր ազգային տնտեսական վիճակը ի գին ամէն զոհողութեան, յօգուտ` ճերմակ յեղափոխութիւններով ձեռք բերուած ընկերային ու տնտեսական բարգաւաճման եւ կենսամակարդակի բարելաւման։ Թող մետալներով եւ պատուոյ գիրերով կամ շքանշաններով չգոհանայ սփիւռքահայը որպէս մասնակից պետական մարդոց յաջողութիւններուն, այլ թող իր ներդրումի շքանշանները ան կրէ հպարտութեամբ` մեր հայրենի անգործ ժողովուրդին գործ հայթայթող ու ստեղծող կեդրոններուն մէջ։
Իսկ արտաքին ճակատի վրայ մեր պայքարի նոր հանգրուանը կը սկսի մեր ներքին ճակատին վրայ տարուած յաղթանակներով, երբ այսօրուայ հայ մանուկը իրաւունք կ’ունենայ երգելու եւ ըսելու. «Դեռ ճամբայ ունինք, պիտ’ հասնինք Սասուն, քաջերի հողը մեզ է սպասում»։