Պայքարի Վկայութիւններ

Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս,  15 Օգոստոս 2013

Ժողովրդավարութեան ու մարդասիրութեան ձայնը կարելի է ժամանակաւորապէս լռեցնել, բայց երբեք յաւիտենապէս: Մարդը ծնած է ապրելու իր նմանին հետ հաւասար իրաւունքներով ու փոխադարձ յարգանքով՝ կերտելու համար աւելի փայլուն եւ արդար ապագայ մը: Համօ Մոսկոֆեան իր գիտակցական ողջ կեանքը անցուց արդարութեան ու մարդկայնութեան փնտռտուքին մէջ: Այդ ընթացաւ քարքարոտ ու տատասկոտ ուղիներէ, բայց միաժամանակ տուաւ իմաստ իր նախընտրած կեանքի ուղիին: Իր երբեմնի պատանեկան երկչոտ քայլերը տասնամեակներու հոլովոյթով դարձան հաստատակամ: Իմացաւ ներել ու ներուիլ: Այդ ճամբուն վրայ է որ ան հանդիպեցաւ այլ ազգերու պատկանող եւ իր նման մտածող արդարամիտ ու անշահախնդիր երիտասարդներու, որոնք ամէն վայրկեան պատրաստ էին խոշտանգուելու, ընդհուպ ահաբեկութեան ենթարկուելու: Ստորեւ կը ներկայացուին հայերու հանդէպ մարդկային բարձր զգացումներով լեցուած թուրք եւ քիւրտ  յոյլ մը անկեղծ մտաւորականներ,  որոնց հետ առչուած է Համօ որպէս պայքարի ու գաղափարի ընկեր:- Խմբ.

Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս,  15 Օգոստոս 2013

Ժողովրդավարութեան ու մարդասիրութեան ձայնը կարելի է ժամանակաւորապէս լռեցնել, բայց երբեք յաւիտենապէս: Մարդը ծնած է ապրելու իր նմանին հետ հաւասար իրաւունքներով ու փոխադարձ յարգանքով՝ կերտելու համար աւելի փայլուն եւ արդար ապագայ մը: Համօ Մոսկոֆեան իր գիտակցական ողջ կեանքը անցուց արդարութեան ու մարդկայնութեան փնտռտուքին մէջ: Այդ ընթացաւ քարքարոտ ու տատասկոտ ուղիներէ, բայց միաժամանակ տուաւ իմաստ իր նախընտրած կեանքի ուղիին: Իր երբեմնի պատանեկան երկչոտ քայլերը տասնամեակներու հոլովոյթով դարձան հաստատակամ: Իմացաւ ներել ու ներուիլ: Այդ ճամբուն վրայ է որ ան հանդիպեցաւ այլ ազգերու պատկանող եւ իր նման մտածող արդարամիտ ու անշահախնդիր երիտասարդներու, որոնք ամէն վայրկեան պատրաստ էին խոշտանգուելու, ընդհուպ ահաբեկութեան ենթարկուելու: Ստորեւ կը ներկայացուին հայերու հանդէպ մարդկային բարձր զգացումներով լեցուած թուրք եւ քիւրտ  յոյլ մը անկեղծ մտաւորականներ,  որոնց հետ առչուած է Համօ որպէս պայքարի ու գաղափարի ընկեր:- Խմբ.

Ապրիլ 24, 2015. մնացած է ընդամէնը 18 ամիս: Ցարդ համաշխարհային տարողութեամբ շօշափելի բան չէ կատարուած մեր գերխնդիրը համաշխարհային հանրութեան ներկայացնելու ուղղութեամբ, մինչ թրքազերիութիւնը ոգի ի բռին կ'աշխատի ակադեմական թէ դիւանագիտութեան եւ քաղաքականութեան ասպարէզներու մէջ ջրելու հայկական եւ հայկական կողմի ջատագով դէմքերու արձանագրած յաջողութիւնները: Այլ խօսքով՝ մեզի հասած տեղեկութիւնները ցոյց կու տան թէ թրքազերիական քարոզչութիւնը ծրագրուած ու երկարաժամկէտ յայտագրով մը կը զօրացնէ ուրացման գործընթացը: Ցաւալին այն է որ թրքազերիական քարոզչութիւնը աւելի կատաղօրէն իր մեքենան ամբողջ ուժգնութեամբ գործի դրած է հայահոծ գաղութներու մէջ, մեր իսկ քիթին տակ: Եւ այս բոլորը ոչ թէ անպայման մեր հակառակորդին ունեցած կամ տրամադրած միլիոնաւոր տոլարներուն շնորհիւ, այլ մեր ապիկարութեան, անձեռնհասութեան, թափթփածութեան եւ յստակ ուղղութեան բացակայութեան պատճառով:

Այս ընթացքով, կը վախնամ ըսելու թէ 24 Ապրիլ 2015-ին մենք պիտի յայտնուինք նոյն կոտրած տաշտակին առջեւ ու պիտի սկսինք մէկս միւսին մէջ փնտռել մեր ձախողութեան պատճառները:

Թրքազերիական կողմէն գործի լծուած մեքենային դէմ պայքարելու համար մենք չկրցանք մտածել ամրոցը ներսէն գրաւելու ձեւերուն մասին, երբ այդ միջոցները մեզմէ անկախ արդէն իսկ գոյութիւն ունէին, եւ ունին, թէ՛ այսօրուան Թուրքիոյ եւ թէ՛ հետզհետէ կազմաւորուող թրքական սփիւռքի մէջ:  Օրինակ, Սթիվ Սփիլպըրկի «Շինտլերի Ցանկը» շարժապատկերը միլիոններու սիրտերը շարժեց՝ ցոյց տալով «ընտրեալ ժողովուրդին» քաշած անպատմելի ողջակիզումը, միաժամանակ ցոյց տալով որ գերմանացիներուն մէջ եղած են Շինտլերի պէս մարդիկ, որոնք հազարաւոր հրեաներու կեանքը փրկած են: Շինտլերի արարքին համաշխարհային բեմերու վրայ երեւալը ողջակիզումի մասին գրուած տասնեակ ուսումնասիրութիւններու հաւասար գործ տեսաւ:

Ի՞նչ ըրինք մենք անկէ ետք, բացի…նախանձողի աչքով նայելէ:

Այսօր մենք ունինք ոսկի առիթ մը մեր ուշացումին վնասը թէկուզ մեղմացնելու: Թուրքիոյ եւ արտերկրի մէջ պակաս չեն խիզախ թուրք, քիւրտ, ալեւի մտաւորականներ, պատմաբաններ, լրագրողներ, ակադեմականներ, որոնք օրը ցերեկով Հրանդ Տինքի յուղարկաւորութենէն առաջ տակաւին, յուղարկաւորութեան օրերուն ու անկէ ետք՝ Թաքսիմի հրապարակէն մինչեւ Պելկի համալսարան ու Սուլթան Պայազետի հրապարակ՝ իրենց զօրակցութիւնը կը շարունակեն ցոյց տալ հայ ժողովուրդին՝ «1915-ի դէպքերուն» (իմա՝ Ցեղասպանութեան) պատմական ճիշդ գնահատական տալու ուղղութեամբ: Ի հարկէ եղան անհատական եւ սա կամ նա կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ  իրենց չափերուն մէջ համեստ, թէեւ գովելի ձեռնարկներ զանոնք ծանօթացնելու հայութեան եւ ակադեմական աշխարհին :

Հիմնուելով Keghrt.com-ի մշտական ու անխոնջ աշխատակից Համօ Մոսկոֆեանի մեր ուշադրութեան յանձնած թուրքիացի մտաւորականներու վկայութիւններէն  (1980-2013), ոսկի առիթ մը կ'անցնի մեր ձեռքը Ցեղասպանութեան մասին խօսեցնելու հայութեան բարեկամ թուրք եւ այլ փոքրամասնութեանց պատկանող մտաւորականներ (որովհետեւ անոնք ժողովրդավարութեան ու մարդկութեան բարեկամ մտաւորականներ են միաժամանակ:)

Տակաւին Թուրքիոյ Հանրապետութեան վաղ շրջանին Նազըմ Հիքմէթ յառաջդիմական գրողը իր խօսքը ուղղելով Թուրքիոյ բանուորներուն, ուշադրութի՛ւն՝ ոչ թուրք բանուորին, կ'ըսէ .«Միջին Ասիայէն տարածուող այս երկրին տէրը դուք էք…»:

Շատ մը թուրքիացի մտաւորականներու ելոյթներուն մէջ կարմիր գիծի պէս կ'անցնի այն պնդումը թէ Թուրքիա պէտք է հաշուի նստի իր անցեալին հետ եւ արդարութիւնը վերականգնի: Այս առումով տիպական է հրատարակիչ, լրագրող ու խմբագիր, բազմիցս իր կողակցին հետ բանտ մտած ելած Ռագըպ Զարաքօլուն, որ հայ զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն ուղղած իր խօսքին մէջ կ'ըսէ. «Թուրքիան պէտք է հաշտուի իր պատմութեան հետ եւ բոլոր հայերը եւ տարագրուած ժողովուրդները իրաւունք պէտք է ունենան վերադառնալու իրենց պապենական հողերը»:

Պատմութիւնը իր շեղած հունէն ճիշդ հունին մէջ դնելու ջատագովները կոչ կ'ընեն սրբագրելու անցեալը եւ վերադարձի կոչ կ'ուղղեն բոլոր անիրաւուածներուն: Այդպիսիներու լաւագոյն ներկայացուցիչներէն մէկն է լրագրող, խմբագիր, նախկին քաղբանտարկեալ Օրալ Չարըշլար: Ան Յունիս 1999 թ. Միլլիյէթի մէջ կը գրէ. «1915թ.-ին Եօզկաթի հրապարակին ժամացոյցը կանգ առաւ: Եկէք զայն դարձեալ աշխատցնենք…» (Այդ հռչակաւոր աշտարակ ժամացոյցը կառուցուած էր  ֆրանսահայ նշանաւոր Քէպապճեան ընտանիքին կողմէ:)

Քիչ չեն այնպիսի արտայայտութիւններ ու կոչեր, որոնք կարծես ապտակ են՝ զգաստութեան եւ խիզախութեան հրաւիրելու թմբիրի մէջ գտնուող քաղքենիացած ու ինքնագոհ հայութիւնը: Անոնցմէ մէկն է բոլորիս քաջ յայտնի գրող, պատմաբան եւ լրագրող Թաներ Աքչամ, որ Ֆրանսայի Սենատի «Մէտիչի» դահլիճին մէջ հաւաքուած ֆրանսահայերուն կը պատգամէ Յունիս 1999-ին. «Մենք Թուրքիոյ մէջ չե՛նք վախնար հայերուն ոտնակոխուած իրաւունքները պաշտպանելու, դուք այսպիսի ժողովրդավար երկրի մը մէջ որմէ՞ կը սարասափիք…»:

Թուրքիոյ մտաւորականներէն շատեր իրենց ձեռքը իրենց խղճին վրայ դրած, անցեալին պատահած «տխուր իրադարձութիւններու» զոհ գացածներուն իրաւունքները պաշտպանելու կոչ կ'ընեն: Այսպէս, 1980-ին Լոնտոնի մէջ գործող եւ իրենց համանուն ամսագրին մէջ Ահմէտ Եէրիքօղլու (Թուրքիոյ Համայնավար Կուսակցութեան ղեկավար) կը գրէ. «Մենք կը ճանչնանք Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ հայ ժողովուրդին, Թուրքիոյ բոլոր տարագիր փոքրամասնութիւններուն իրաւունքը վերադառնալու հայրենիք եւ կերտելու նոր ապագան, արդար հատուցումով»:

 Թուրքիոյ յառաջադէմ մտաւորականութեան խիզախ եւ ցարդ Թուրքիոյ պատմութեան մէջ իր նախադէպը չունեցող 2008-ի ստորագրահաւաքը հայ-թուրք յարաբերութեան պատմութեան ամէնէն աչքառու ձեռնարկներէն մէկն է՝ արժանի գերազանց գնահատականի:  Գրող, մտաւորական եւ պատմաբան Ճենկիզ Աքթար 2008-ի հեռատեսիլի նշանաւոր քննարկման առթիւ սա արտայայտութիւնը ունեցաւ. «Մեր մարդկային խիղճն ու արժանապատուութիւնը կը պարտադրէ որ մենք ներողութիւն խնդրենք հայերէն այն ահաւոր ոճիրներուն, կոտորածներուն եւ տարագրութեանց համար, որոնց ենթարկուեցան: Մնացեալը ձեր հարցն է, պարոնայք դեսպաններ»:

80-ական թուականներուն Թուրքիոյ իշխանութիւնը զինուորական յեղաշրջմանբ անցաւ բռնատէր Քէնան Էվրէնի մականին տակ: Թուրքիոյ բանտերը լեցուեցան հազարաւոր քաղբանտարկեալներով, որոնք ենթարկուեցան անլուր խոշտանքումներու: Անոնցմէ մէկն էր աչազուրկ գրող, թատերագիր, Էչպեր Եաղմուրտերելի, որ Երեւանի Սունդուկեանի անուան Թատրոնի ղեկավար Վահէ Շահվերդեանին դիմելով կ'ըսէր. «Իմ երազս է, բռնատէր Քենան Էվրէնի ահաւոր նախճիրներուն եւ անոնց զոհերուն յիշատակին նուիրուած «Ախրապ» (կարիճ) թատերգութիւնս բեմադրել հայ հանդիսատեսին համար»: Բռնատիրութեան տարիներուն 1982-ին THKP – Acililer-ի ղեկավար, մտաւորական եւ գրող Էրքին Էրքիներ, Դամասկոսի օդակայանին մէջ կարճատեւ հանդիպման մը ընթացքին կ'ըսէր. «Հեռատեսիլէն լսեցի Լեւոն Էքմէքճեանին իբր թէ խոստովանութիւնները: Եղբայր, անոնց ի՜նչ ալ ըսէր, զինք պիտի կախէին…: Արիւնախում դահիճներ, որոնց դէմ պէտք է պայքարինք անվերջ»: Ափսոսանքի ու մշակոյթի անվերադարձ կորուստներու մասին խօսքեր յաճախ կը լսուին թուրքիացի մտաւորականներէ: Անոնց համար Թուրքիան կրնար ըլլալ մշակոյթի խճանկար մը, որ մարդկութեան կրնար ցոյց տալ քաղաքակրթութեան օրրանի թէ՛ ստեղծիչները եւ թէ՛ անոնց թողուցած հարուստ ժառանգութիւնը: Այս իմաստով հետաքրքրական է «Թարիհ»  («Պատմութիւն») ամսագրին մէջ պատմաբան Մեթէ Թունճայի հրատարակած գրութեան հետեւեալ հատուածը. «Արմաշի դպրեվանքը լոյսի ու մշակոյթի փարոս էր, որ կը ներկայացնէր մեր հայ եղբայրներուն անգին գանձերը, որոնք անվերադարձ թողուցին այս երկրին ժողովուրդներուն»:

Հրանդ Տինք.- Այո՛, այս հողերուն վրայ աչք ունինք, ոչ թէ գալու եւ տանելու, այլ մնալու եւ պահելու, ինչպէս 4000 տարիներէ ի վեր:

Թուրքոյ մտաւորականութեան մտատիպարը դարձած Հրանդ Տինք տակաւին իր ողջութեան եղած էր թուրքիոյ մտաւորականութեան ներշնչանքի աղբիւրներէն մէկը՝ վայելելով մեծ յարգանք: Այս առնչութեամբ դիպուկ է «Կիւնէշ» թատրոնի ղեկավար (Ֆրանքֆուրթ) Միւժտէթ Ալպաքի լիբանանահայ մամուլին շնորհուած հարցազրոյցին Հրանդին նուիրուած հետեւեալ միտքը.

Հրանդ Տինք հաշտութեան կամուրջ մըն էր, խաղաղութեան աղաւնի մը, զոր սպաննեցին: Պատմական առիթը վիժեցուցին: Բայց պիտի շարունակենք պայքարը, մինչեւ յաղթանակ։

Վկայութիւնները կը շարունակուին Թուրքիոյ խիզախ մտաւորականներուն, գործիչներուն, մարդու իրաւունքներու պաշտպաններուն եւ յեղափոխականներուն կողմէ, որոնց նահատակներու, քաղբանտարկեալներու, խեղուածներու շարանը կարծես թէ վերջ չունի: Անոնք ընդվզած են իրենց իսկ ֆաշիստ եւ յետադիմական պետութեան դէմ, որ հակառակ արտաքին երեւոյթներու, մինչեւ այսօր կ’ապրի միջնադարեան հոգեբանութեամբ, վարքով, հալածանքներով սպանութիւններով, ցեղասպանութիւններով:

«Միշտ հպարտ կը զգամ, որ 1980 թ.-էն մինչեւ այսօր, մեր երկրագունտի զանազան ոստաններուն մէջ ծանօթացայ անոնցմէ շատերուն եւ հիացած մնացի անոնց խիզախութեամբ, հայասիրութեամբ եւ մարդասիրութեամբ, անզիջում պայքարով ընդդէմ «խաւարի կայսրութեան», որ կը ներկայացնէ նախկին Օսմանեան կայսրութիւնը, այսօրուան Թուրքիան իր մանկլաւիկներով եւ հովանաւորներով հանդերձ:

Պայքարը Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչումով վերջ չէ գտած, այլ պիտի շարունակուի նոյնինքն` ժողովուրդներու կալանավայր Թուրքիոյ մէջ, ուր ունինք այսպիսի քաջարի դաշնակիցներ»,- կը գրէ Համօ Մոսկոֆեան:

Արթննալ եւ զգաստանալ է պէտք: Մեր ճղճիմ տարբերութիւնները պէտք չէ մեզ կլանեն մեր պզտիկ հաշիւներու եւ նեղ շահերու տիղմին մէջ եւ ամէնէն կարեւորը՝ մեր ուժերն ու ժամանակը չվատնենք աչքառու օգուտներ չբերող միջոցառումներու վրայ:

 

 

You May Also Like